26.6.12

Սփիւռքի հին համակարգի վերջաւորութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ

Հայկական Սփիւռքին վրայ արեւը մայր չի մտներ: Ան տարածուած է ամենահսկայ երկիրներէն մինչեւ անծայրածիր ովկիանոսներու մէջ կորսուած կղզիներու վրայ: Հայկական Սփիւռքը հազարամեակէ մը աւելի տեւած իր պատմութեան ընթացքին իր մշակութային, տնտեսական, քաղաքական եւ թուային մարդուժի կշիռքի կեդրոնը բազմաթիւ անգամներ փոխած է երկրէ երկիր, կամ տարածաշրջանէ տարածաշրջան: Այսպէս օրինակ՝ որոշ ժամանակ արեւելեան Եւրոպայի մէջ եղած է սփիւռքի կշիռքի կամ ուժի կեդրոնը, ուրիշ ժամանակ` Հնդկաստանի կամ Պարսկաստանի մէջ, իսկ Կիլիկիոյ մէջ հայերը անգամ կրցած են պետականութիւն հաստատել: Թէեւ երկար կարելի է վիճիլ Պոլսոյ եւ այլ օսմանական տարածքներու մէջ ապրող հայութեան սփիւռք ըլլալ կամ չըլլալու հարցին մասին, սակայն կարելի է ըսել, որ հայկական բարձրաւանդակէն դուրս եւ առանց հայկական պետականութեան ապրող հայութեան ամենաստուար զանգուածները որոշ ժամանակ նաեւ գտնուած են Պոլսոյ մէջ, որ եղած է նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեանհիմնական կեդրոններէն մէկը: 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք այդ դերը կատարած են զանազան քաղաքներ եւ երկիրներ, ինչպէս՝ Փարիզը, Հալէպը, Պէրութը, Ամերիկան եւայլն: Այնուամենայնիւ, այսօր, այս բոլորին մէջ պէտք է մատնանշել Հալէպի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ հայութեան դերը, որպէս դասական Հայկական Սփիւռքի հիմնական կեդրոններէն մէկը, ինչու չէ, նաեւ ամենակարեւորը:
Հալէպի հայկական համայնքը թէեւ դարերու պատմութիւն ունի, սակայն միայն ցեղասպանութենէն ետք է որ տուն դարձաւ տասնապատիկ անգամ աւելի շատ հայերու, քան երբեւէ եղած էր: Առաջին Աշխարհամարտէն ետք Հալէպը դարձաւ ցեղասպանութենէն փրկուած հայերու առաջին կայանը, ուր կազմաւորուեցան սփիւռքեան ներկայ համայնքային կեանքի առաջին բջիջները: Քսանականներու սկիզբըարդէն իսկգոյութիւն ունէին աշխուժութեամբ գործող հայրենակցական եւ մշակութային միութիւններ: Օսմանական Կայսրութեան տարածքէն դուրս մնացած Հալէպը ոչ թէ միայն օսմանեան հայութեան մնացորդացը ժառանգեց, այլ նաեւ՚ Պոլսոյ մէջ արդէն 1863 թուականին ծնունդ առած «Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը» եւ Պոլսոյ մէջ տիրող հայ ազգային կեանքի աւանդոյթները:
Օսմանեան Կայսրութիւնը չկայ այսօր, բայց օսմանեան օրերու հայ համայնքային կեանքի մանրապատկերը այսօր տակաւին կը գոյատեւէ Հալէպի մէջ: Հալէպի հայ համայնքը ներկայացուած է երեք յարանուանութիւններով՝ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական: Այս գրութեան մէջ աւելի շատ պիտի կեդրոնանանք Առաքելական համայնքին եւ անոր համակարգին վրայ, քանի որ ան կը ներկայացնէ հալէպահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Իսկ մշակութային կամ երիտասարդական զանազան կազմակերպութիւնները կը գործեն աւանդական երեք կուսակցութիւններու հովանաւորութեամբ, որոնք թուային քանակով եւ դերակատարութեան կարեւորութեան հերթականութեամբ հետեւեալներն են՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, Ս.Դ.Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը:
Հալէպի հայ համայնքի ներկայ առօրեան շատ դէպքերու կը յիշեցնէ նախկինին Պոլսոյ մէջ տիրող մթնոլորտը: Այսպէս օրինակ, «Հայկական կազմակերպութիւն եւ գաղափարաբանութիւն օսմանական իշխանութեան օրօք» գրքի հեղինակ ամերիկահայ պատմաբան Տիգրան Խալիկեանը Նոյեմբեր 5, 2009-ին Armenian Weekly թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ կը նշէ, թէ «Դաշնակցութիւնը Ազգային Գաւառական ժողովին մէջ կ'աշխատէր, որպէսզի քաղաքական նախաձեռնութիւնները հայ համայնքին մէջ ընդհանուրին համաձայնութեան արժանանան, ինչպիսիք են Առաջին Պալքանեան պատերազմէն ետք խաղաղութեան վեհաժողովի ժամանակ եւրոպական ուժերուն ներկայացուած հայ պահանջքներու ցանկը: Պատրիարքը Գաւառական Ժողովին հետ կ'աշխատէր այդպիսի համաձայնութիւններու գոյացման համար, սակայն բազմաթիւ անգամներ ան անտեսած է այդ ժողովը եւ ինքնագլուխ քայլեր առած է, որպէս հայ "միլլէթ"ին (ազգին) բարձրագոյն ուժը: Նման պարագաներու Դաշնակցութիւնն ու Պատրիարքը լուրջ բախումներ ունեցած են»:
Երրորդ հազարամեակի թեւակոխումէն ետք ալ նման երեւոյթներ բազմաթիւ անգամներ կրկնուած են Հալէպի մէջ եւս, եւ անգամ պատճառ դարձած են համայնքի առաջնորդի փոփոխութեան, իսկ երբեմն ալ ազգային եւ կուսակցական ղեկավար մարմիններու նահանջով: Թերեւս նման պարագաներու թերութիւնը անհատներու մէջ փնտռելէ աւելի պէտք է փնտռել համակարգին մէջ: 1800-ականներուն Պոլսոյ մէջ տարիներու պայքարի արդիւնքով ձեռք բերուած «Ազգային Սահմանադրութիւնը» արդէն իսկ շատ կարճ ժամանակուայ ընթացքին զանազան նկատառումներով կորսնցուցած էր իր իմաստը, իր իրաւաբանական վաւերականութիւնն ու անոր հանդէպ զգացուած վստահութիւնը: Ասոր ամենակարեւոր պատճառը թերեւս հայ հաւաքականութեան շահերու եւ Օսմանական Կայսրութեան իր ոչ-մուսուլմանական համայնքներու կառավարման քաղաքականութեան բախումն էր նաեւ:
Յ.Ճ.Սիրունի իր «Պոլիս եւ իր դերը» գիրքին մէջ կը նկարագրէ «Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան» առաջին տարեդարձին առթիւ տիրող տօնական մթնոլորտը: Այդ ժամանակ Սուլթան Ապտիւլ Մէճիտը կը զարմանայ այդ աղմուկէն եւ իր մօտ կը կանչէ իր առաջին նախարարը սատրաազամ Ալի փաշան ու զինք կը պախարակէ ըսելով, թէ «Ալի՛, ի՞նչ ըրիր, ինչո՞ւ տուիք իրենց (Ազգային Սահմանադրութիւն, Յ.Է.), վաղը անոնք գլխացաւ պիտի պատճառեն:» Իսկ սատրաազամ Ալի Փաշան կը պատասխանէ.
«Սուլթա՛ն, խնդրեմ, մի նեղանաք, մի վրդովիք: Ես անոնց քառանկիւնի եւ մէկ անիւ տուած եմ: Անոնք այդ անիւը պիտի փորձեն կլորել, սակայն պիտի չյաջողին: Այսպիսով իրարու հետ պիտի բախին եւ մեզ հանգիստ պիտի թողեն:»
Այս պատմութեան իրականութեան համապասխանելը որքան ալ կասկածելի թուի, սակայն ան շատ բան կը բացատրէ հայ ազգային կեանքի եւ համայնքային համակարգի իրավիճակին մասին Պոլսոյ մէջ «Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան» ծնունդէն մինչեւ այսօրուան Հալէպը:
Ներկայիս Հալէպի մէջ, ինչպէս նաեւ դասական Սփիւռքի բազմաթիւ այլ համայնքներու մէջ եւս, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ղեկավարէ ազգային եւ համայնքային կեանքը: Որոշումները կ'առնուին ո՛չ թէ «Հայոց Ազգային Սահմանադրութեան» համապատասխան համայնքային մարմիններու կողմէ, այլ՝ աւելի շատ կուսակցական ղեկավարութեան եւ ժողովներու, որոնք իրենց ֆրակցիայի անդամներով արդէն մեծամասնութիւն կը կազմեն համայնքային նշուած մարմիններուն մէջ: 20-րդ դարաշրջանի առաջին կէսին Սփիւռքի ձեւաւորուման օրերէն մինչեւ այսօր հանրութեան մեծ շերտերու համակրութիւնը վայելող Դաշնակցութիւնը շատ բան կը պարտի իր յարաճուն ազգայնական գաղափարախօսութեան եւ հակաթուրք տէմակոկիային [ամբոխավարութեան]: Այս մէկը զարգացուց այնպիսի իրավիճակ մը, ուր համայնքային իրականութեան մէջ, գոնէ Հալէպի մակարդակով, այդ ղեկավարութիւնը հարցաքննելը համազօր էր նոյնիսկ դաւաճանութեան: Այսպիսի նուրբ թելերու վրայ խաղալով հիմք նետեց այսօրուան Սփիւռքի քաղաքականօրէն փտած ապահովական համակարգը, որ յաճախ զուգորդուած է նաեւ ժառանգաբար փոխանցուող հատուածային պատկանելիութեամբ եւ տոհմային մենիշխանութեամբ:
Թէեւ այսօր Հալէպի մէջ չկան այդ ստուար զանգուածները, որոնք կային նախորդ դարասկիզբին, սակայն այսօր այս համակարգի ուսումնասիրումը կարեւոր է այն իմաստով, որ շատ յաճախ արեւմտեան եւ այլ գաղթօճախներու, անգամ շատ մօտիկ Պէյրութի համայնքային ղեկավարները եւ կազմակերպչական գործիչները ծագումով Հալէպէն կամ յարակից շրջաններէն գաղթած հայեր եղած են: Ըլլան անոնք ազգային կամ կուսակցական ղեկավարներ, ուսուցիչներ, կղերականներ եւ այլն: Հետեւաբար, կարելի է աշխարհի տարբեր կողմերու հայ համայնքներուն մէջ տեսնել այս համակարգի թափանցումները եւ ազդեցութիւնները, իրենց դրական եւ ժխտական կողմերով:
Այսօրուան Սուրիոյ դէպքերն ալ պէտք է դիտել նոյն դիտանկիւնէն: Այսինքն, եթէ այդտեղ հայ համայնքին կը սպառնայ որեւէ խնդիր կամ վտանգ, այդ ոչ թէ միայն այդ համայնքին հարցն է, այլ անոր հետ կապուած եւ երբեմն անոր մարդուժով եւ տարբեր կարողութիւններով սնուող աշխարհի տարբեր համայնքներուն հարցն է նաեւ:
Դժբախտաբար, Սուրիոյ վերջին դէպքերը անգամ մը եւս փաստեցին, որ Հալէպի մէջ մինչեւ այսօր գործող համայնքային համակարգը այլեւս ի վիճակի չէ հայութեան առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու:Այսօր կուսակցականացած համայնքային ղեկավարութիւնը ներկայ դէպքերուն հանդէպ որքան ալ չէզոք եւ ընդհանրապէս խաղաղութեան կողմնակից դիրքերով փորձէ հանդէս գալ, ան ի վիճակի չէ իր այդ կեցուածքն ու որոշումը պարտադրելու իր ժողովրդային զազնգուածներուն վրայ, որոնք մեծ մասամբ եւ ցայտուն կերպով կը պաշտպանեն երկրի իշխանական վարչակարգը ընդդիմադիրներուն դէմ: Այս մէկը կարելի է բացատրել երկու վարկածով, առաջինը այն է, թէ համայնքային համակարգի վերնախաւէն որոշում առնելու եւ դէպի ներքեւի ժողովրդային զանգուածներուն թելադրելու ձեւը արդէն ժամանակավրէպ է, եւ պէտք է անոր հակառակ տարբերակը որդեգրել: Իսկ երկրորդը կ'ըսէ, թէ այսքան տարիէ գործող համայնքային համակարգը երբ լուրջ քննութեան դրուեցաւ, ի յայտ եկաւ, որ ան աւելի յաջող է տեսականօրէն, քան գործնականօրէն: Նման քննութեան վերջին օրինակը կրնանք յիշել երբ համայնքը վերջին սուրիական խորհրդարանական ընտրութիւններուն չկրցաւ ապահովել հայ թեկնածուի մը յաջողութիւնը եւ կորսնցուց Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ պատգամաւորական իր միակ ներկայացուցչութիւնը:
Ամէն պարագայի, մէկ բան յստակ է, որ Հալէպի հայ համայնքը այս բոլորէն կամ ծայրայեղ վնասով դուրս պիտի գայ, կամ ալ մեծ օգուտներով: Իւրաքանչիւր խնդիր իր մէջ կը պարունակէ վտանգ եւ հնարաւորութիւն: Եթէ վտանգը Հալէպի հայ համայնքի ֆիզիքական գոյութեան կամ արտագաղթի հարցն է, ապա հնարաւրութիւնները շատ աւելի մեծ են: Այսօր հնարաւորութիւն կայ այդ համակարգը վերատեսութեան ենթարկելու եւ բարեկարգումներ կատարելու՝ յանուն աւելի երկարակեաց եւ կայուն համայնքներու, հետեւաբար՝ աւելի հզօր Սփիւռքի:
Տասնամեակներէ ի վեր «լաւագոյնը չենք բայց միակն ենք» սկզբունքով գործող կուսակցական եւ համայնքային համակարգի ներկայացուցիչ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր ամենաթանկ փորձութիւնը կրեց անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ, ուր միակը չէ եւ կան այլընտրանքներ: Հայաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները անոր ձախողութեան վառ ապացոյցն էր:
Իսկ այսօրուան Սփիւռքի մէջ եւս ան արդէն ոչ թէ միայն լաւագոյնը չէ, այլ միակն ալ չէ: Կան փոփոխութիւն եւ այլընտրանք առաջարկող բջիջներ Սուրիայէն մինչեւ Ամերիկա: Այսօր Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ կան երիտասարդներ, որոնք անձնական նախաձեռնութիւններով կամ տեղացիներու հետ ընդհանուր համագործակցութիւններով քաղաքի եւ ինչու չէ նաեւ երկրի մասշտաբով [տարողութեամբ] արդէն կը կազմակերպուին եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց աշխատանքը կը տանին, առանց իրենց համայնքներու աւանդական կառոյցներուն հսկողութեան կամ ճնշումին ենթարկուելու: Անոնց աշխարհայեացքը տարբեր է նախորդ սերունդներէն: Անոնք իրենց իրաւունքներուն կը ձգտին ոչ թէ որպէս առանձնաշնորհեալ ու այդ երկրին մէջ հիւրաբար գտնուող համայնք, այլ որպէս իրենց սեփական երկրին մէջ ապրող աշխոյժ քաղաքացիներ: Իսկ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ այսօր երիտասարդներ համարձակօրէն կը քննադատեն իրենց կուսակցական ղեկավարութիւնը, մինչեւ Հայաստան, ու կը դատապարտեն անոնց սխալները: Ասոր վերջին օրինակը Հայաստանի մէջ դաշնակցական դէմքերու անհանդուրժողականութեան մասին Ամերիկայի Ուսանողական Միութեան եւ երիտասարդական շարժումներու խիստ քննադատութիւններն էր:
Այս սերունդին դաւանած «սահմանադրութիւնը» նեղ ազգայինէն անցած է անդրազգայինին եւ անոնք միայն ընդհանուր իրաւունքի եւ քաղաքացիական հասարակութեան սկզբունքներուն յենելով իրենք զիրենք ապահով կը զգան, եւ ոչ թէ՝ նեղ կուսակցական կամ փոքր համայնքային ու հատուածական շրջանակներու մէջ, որոնց անարդիւնաւէտութիւնը փաստուած է արդէն աւելի քան դար մը առաջ, ոչ թէ Ամերիկայի կամ Հալէպի, այլ նոյնինքն մայր համայնք Պոլսոյ մէջ:
Յամենայնդէպս, դէպքերու դրական թէ ժխտական ընթացքը իր անդրադարձը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքներուն վրայ: Ասիկա որքան ալ առաջին նայուածքով տեղական խնդիր թուի, սակայն այդ ամբողջ աշխարհի հայութեան խնդիրն է, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան: Վերջինիս պարագային այդ կախուած է, եթէ ան իսկապէս լաւ ու նեղ օրերու ընկեր է եւ եթէ ունի աշխարհասփիւռ հայութեան կարողութիւններէն եւ հնարաւորութիւններէն լաւագոյնս օգտուելու (գէթ) լուրջ ցանկութիւն:

«Հետք», Յունիս 25, 2012

No comments:

Post a Comment