15.5.12

Ռօտտեր՝ ծանօթ ու անծանօթ նկարիչը մեր աւանդական առասպելներուն

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

«Նոր Յառաջ»ի Մարտ 15ի թիւին մէջ, սուրիահայ բանասէր Լեւոն Շառոյեան շահեկան անդրադարձ մը ունէր Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքոր»ի նոր հրատարակութեան մասին, որ իրագործուած է Հալէպի մէջ, «Կիլիկիա» գրատան նախաձեռնութեամբ։
Այս հրատարակութեան լուրը տեղին արծարծում մըն էր՝ Սուրիոյ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ դէմ յանդիման, կերպով մը յիշեցնելու հալէպահայ գաղութի վերջին երկու տասնամեակներու հրատարակչական-մշակութային աշխուժութիւնն ու զարթօնքը։

Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Լ. Շառոյեանի ակնարկութիւնը «Գիքոր»ի 1909ի թիֆլիսեան (երկրորդ) տպագրութեան, «որուն սեւ-ճերմակ ու գունաւոր գծանկարները կը պատկանին «ՌՕՏՏԵՐ» ստորագրութեամբ մեզի անծանօթ արուեստագէտի մը վրձինին»։ Ռօտտերի (ստորագրած է լատինատառ՝ Rotter) ինքնութիւնը մեզի համար ալ մութ մնացած է, սակայն, անոր գործը, ինչպէս պիտի տեսնենք, բոլորովին անծանօթ չէ։
Մականունը ենթադրել կու տայ, որ նկարիչին ծագումը գերմանական էր։ ԺԹ. դարուն, մերձպալթիական շրջանէն գերմանացիներ կ՚ապրէին Կովկաս։ Անոնց շարքին էր, օրինակ, Թիֆլիս ծնած ու իր նախնական ուսումը հոն ստացած կոմս Վիթթէն (Witte, 1849-1915)՝ Ռուսաստանի երկարամեայ ելեւմտից նախարար (1892-1903) ու վարչապետ (1905-1906)։
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հիմնակազմ գրադարանի կայքէջէն քաղեցինք Ռօտտերի անունին Ի. սկզբնատառը, իսկ ատրպէյճանական կայքէջերէ՝ Իոսիֆ անունը (աշխատակցած է թաթարալեզու «Մոլլա Նասրետտին» երգիծաթերթին, ընդհատումներով լոյս տեսած՝ Պաքու, 1906-1931ին)։
Ռուսական կայքէջ մը կը յիշէ Ռօտտերը որպէս «միւնիխեան դպրոց»ի ներկայացուցիչ՝ Օսկար Շմեռլինկի հետ, որ աւարտած էր Միւնիխի գեղարուեստից կաճառը։ Ենթադրելի է, ուրեմն, որ Ռօտտերն ալ իր ուսումը ստացած է Միւնիխի մէջ։
Ռօտտերի գործը լայնօրէն տարածուած էր հայկական գիրքերու մէջ։ Արդարեւ, ան ո՛չ միայն «Գիքոր»ի (Ա. տիպ, 1907), այլեւ Թումանեանի «Մի կաթիլ մեղր»ի (1909), «Քաջ Նազար»ի եւ «Սասունցի Դաւիթ»ի (1912) առաջին թիֆլիսեան հրատարակութիւնները նկարազարդած է։
Հայրենի արուեստաբան Մանեա Ղազարեան 1969ին քննադատաբար մօտեցած էր Ռօտտերի այդ նկարներուն։ Ըստ իրեն, «Գիքոր»ը «յիշեցնում էր դարասկզբին լոյս տեսնող անգլիական նկարազարդ գրքոյկները բարի երեխաների մասին», «Մի կաթիլ մեղր»ը «մի փոքր քաղցրաւուն երանգ ունէր», իսկ «Սասունցի Դաւիթ»ը «պասիւ մօտեցում» կը ցոլացնէր (2)։
Ռօտտերի նկարները նաեւ երեւցած են թիֆլիսեան «Խաթաբալա» երգիծաթերթին եւ «Հասկեր» մանկական ամսագրին մէջ, ինչպէս եւ Ստեփան Լիսիցեանի, Յովհ. Թումանեանի եւ Լեւոն Շանթի կազմած «Լուսաբեր» դասագիրքերու շարքին մէջ։ Վերջինս նոյնպէս հրատարակուած է Պոլսոյ (տասը տպագրութիւն, 1911-1947) ու Աթէնքի (1945) մէջ։
Կարելի չէ ըսել, թէ մինչեւ ե՞րբ Ռօտտեր շարունակած է աշխատանքը, ոչ ալ մատենագիտական ցանկ կազմել։ Բայց եւ այնպէս, իր գործերը վերատպուած են 1940ական թուականներուն Երեւանի մէջ։ Այսպէս, Խնկօ Ապէրի «Աղուէսն ու գայլը» եւ «Կի-կի-լի-կին ու ես» (1941), Յովհ. Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը եւ «Սասունցի Դաւիթ»ը (1944) եւ Ստ. Լիսիցեանի «Հնարագէտ նապաստակը» (1947) լոյս տեսած են անոր նկարազարդումներով։
Մեզ յատկապէս կը հետաքրքրէ «Հին հայկական վիպասանքից եւ առասպելներից Ռօտտերի նկարներով» մեծադիր ալպոմը, լոյս տեսած 1939ին Երեւանի մէջ, Պետհրատի հրատարակութեամբ եւ «Սասունցի Դաւիթ»ի հազարամեակին առիթով։ Լաթակազմ եւ 30 x 24 չափերով ալպոմը լոյս տեսած է Ա. Խուդավերդեանի հսկողութեան տակ։
Այս հրատարակութիւնը, որուն նպատակն էր «ընթերցող լայն խաւերին ծանօթացնել հայ գրականութեան ամենահնագոյն շրջանի հետ», առաջին անգամ մէկ կողքի տակ խմբած է Ռօտտերի 12 նկարները՝ Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտէն մինչեւ Մասիսի քարայրին մէջ շղթայուած Արտաւազդ թագաւորը։ Որպէս ներածութիւն, Մովսէս Խորենացիի համապատասխան հատուածները տպուած են՝ թէ՛ գրաբար եւ թէ՛ արեւելահայերէն վերածումով։ Վերջինները քաղուած են (առանց թարգմանիչի անունի) Ստ. Մալխասեանցի թարգմանութենէն, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 1940ին։
Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, Լ. Շառոյեանի յօդուածը կարդացինք երբ, անձնական գրադարանի մը «փրկարար»ի դերին մէջ գտնուելով, մեր ձեռքը կ՚անցնէր երեւանեան այդ հրատարակութեան սփիւռքեան վերատպումին մէկ օրինակը (3)։ Արդարեւ, այդ ալպոմը վերահրատարակուած է 1943ին, Նիւ Եորքի մէջ, Ամերիկահայ Յառաջդիմական Միութեան կողմէ՝ աւելի փոքր ձեւաչափով եւ թղթակազմ։ 1937էն ետք, հայրենի հրատարակութիւնները գրեթէ անգտանելի էին Սփիւռքի մէջ։
 «Յառաջդիմական մատենաշար»ի թիւ 11 հրատարակութիւնը, կ՚՝ըսէր կարճառօտ նախաբանը, «նպատակ ունի Ամերիկահայ ընթերցողներն եւս ծանօթացնել մեր հնագոյն մշակոյթի այդ մեծարժէք բեկորներուն հետ»։ Խորհրդահայ հրատարակութեան արձագանգող այս նպատակին հետ կար նաեւ մէկ ուրիշը, որ կը բխէր «Հայրենական Պատերազմ»ի իրավիճակէն.
«Մարտական հայրենասիրութիւնը, ազատասիրութիւնը, արդարասիրութիւնը, մարդասիրութիւնը կը կազմեն այդ վիպասանքի եւ առասպելներու տիրական ոգին։ Հայրենասիրական պատերազմի այս օրերուն, այս ալպոմի հրատարակութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ, վստահ ենք, պիտի գտնէ խանդավառ ընդունելութիւն ժողովրդական լայն խաւերու կողմէ»։
Ինչպէս թումանեանական, նաեւ առասպելական մեր հերոսներուն նկարազարդումները եւրոպական ոճ ունին։ Ակներեւ է, որ Ռօտտեր ստեղծած է յունա-հռոմէական տիպարներու հետեւողութեամբ պատկերացուած ու ձեւուած Արտաշէս ու Սաթենիկ, Վահագն ու Արամ։
Այդ նկարները լեցուցած են սփիւռքահայ աշակերտներու գէթ երկու սերունդի պատմական երեւակայութիւնը։ Արդարեւ, Ռօտտերի եթէ ո՛չ անունը, բայց գոնէ յիշեալ նկարները յայտնի են բոլոր անոնց, որոնք հայոց «աւանդական» պատմութեան իրենց «սեւ ու ճերմակ» սնունդը ստացած են բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Արմէն Անոյշի (1907-1958) դասագիրքերու շարքով, զոր ան հրատարակած է իր բուն անունով՝ Արմէն Մարաշլեան։ Արդարեւ, այդ շարքի վիպասանական հերոսներու հատորին նկարազարդումները քաղուած են Ռօտտերի գործերէն (4)։ Տարբեր հարց, որ իր անունը առանձնապէս յիշուած չէ եւ նկարներուն ստորագրութիւնը աննկատ անցած է։
Կէս դար ետք, արդէն վերանկախացած Հայաստանի մէջ Ռօտտերի նկարները վերստին յայտնուած են երեք գիրքերու մէջ՝ Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը (1994), Ստ. Լիսիցեանի «Հայրենի առասպելներից ու վէպերից»ը (1995) եւ Էդուարդ Աւագեանի «Երկիր յիշատակաց» պատմուածքներու հաւաքածոն (2003)։
Այս կցկտուր տուեալները մէկտեղելով, մաղթենք, որ հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակին առթիւ, բանասէր արուեստաբան մը ձեռնարկէ փոշիներու տակէն հանելու 19-20րդ դարու մեր գրքարուեստի պատկերազարդման պատմութիւնը եւ ի լոյս բերէ Ռօտտերի պէս (ան)ծանօթ հայ թէ օտար գիրքի նկարիչներու կեանքն ու հետաքրքրական վաստակը։

«Նոր Յառաջ», Ապրիլ 21, 2012

-------------------------
(1) Մ. Մ. Ղազարեան, «Հարազատ կերպարներ», Պատմա-բանասիրական հանդէս, 3, 1969, էջ 56-59։
(2) Գիրքը ժամանակին պատկանած է բանասէր ու Ամերիկայի հայոց թեմի երբեմնի առաջնորդ Տիրայր արք. Տէր Յովհաննիսեանին (1867-1956) եւ իր դողդոջուն ձեռքին մակագրութիւնը ունի. «Տիրայր Ա. եպսկպ./ 1951 Հոկտ. 10/ N. York, 33»։
(3) Այս փաստը առաջին անգամ մեզի յուշած է, աւելի քան երկու տասնամեակ առաջ, արժանթինահայ բանասէր Զաւէն Կնեազեանը։

No comments:

Post a Comment