21.7.11

Մոխրացող պատմութիւն

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
 
Գնալը կղզին Ասատուր ամոլին համար օդափոխութեան վայր մը չէր միայն, այլ՝ ներշնչանքի, ինքնամփոփման տարածք մը միեւնոյն ժամանակ։ Ծովն ու իր խորհուրդը, կղզին ու առանձնացումը անհրաժեշտ ստեղծագործական աւիւնը կու տային յատկապէս Զապէլ Ասատուրի (1863-1934) նման նրբազգաց հոգիի մը։
Զապէլին ամուսինը՝ Հրանդ (1862-1928), կողակցին նուիրուած «Դիմաստուեր»ին մէջ ունի հետեւեալ տողերը. «1912-ին Սիպիլ գրեց իր Ծովուն հանդէպ քերթուածը։ Այդ տարին ամառը Գնալը կղզի անցուցինք։ Միասին կ'ելլէինք պտոյտի, կ'երթայինք մինչեւ Ժարտէն Փրոթի, Մեծ կղզիի, Հէյպէլիի եւ Պուրկազի դիմացը դիտելու հանդարտ ծովը որ լճակի մը ջինջ անդորրովը կը տարածուէր մեր առաջին, կապոյտ երկինքը ցոլացնելով։ Երբեմն, հովուտ օրերուն, ծովեզերքը կը շրջէինք նայելով ալիքներուն որ կը թաւալէին, ունկնդրելով անոնց մրմունջին, քալելով խիճերուն եւ աւազներուն վրայէն, ծովուն զովութիւնը վայելելով լիաթոք, զմեզ կազդուրող անոր առոյգ շունչին երախտապարտ»։

«Երեւոյթներդ կը վերլուծեմ մաս առ մաս,
Մոլուցքիդ մէջ ահեղ տենդեր կը կարդամ,
Եւ երբ գգուոտ հծծիւններով կը հեւաս,
Լուրթ քերթուածն ես լացող սրտի մը՝ տարտամ»,

կը գրէր Զապէլ «Ծովուն հանդէպ»ին մէջ՝ Գնալըի ծովեզերքէն դիտելով Մարմարան։
Կղզիի սիրով լեցուած Ասատուրներուն հոգին միջոց մը բաբախած է նաեւ Տէրունեան ընտանիքին պատկանող առանձնատան մէջ, որ դարձած է տաճար մը, մտքի ու հոգիի օրրան մը։
Քառայարկ առանձնատունը հաւանաբար կառուցուած էր ԺԹ դարավերջին ու կը պատկանէր շինանիւթերու յայտնի վաճառական Յովհաննէս Տէրունեանին։ Վերջինս երբ իր ծանր հիւանդութիւնը բուժելու նպատակով ընտանեօք կը տեղափոխուի Զուիցերիա, տունը կը լքուի եւ, Առաջին աշխարհամարտի տարիներէն վերջ, 1918-ին, կ'անցնի պետութեան։ Տարի մը վերջ, 1919-ին, տունը կը գնէ Յովակիմ Կարապետեան։ Բարսեղ Թուղլաճեան կղզիներու պատմութեան նուիրուած իր հատորին մէջ կը նշէ, թէ միջոց մը այս տան մէջ գործած է նաեւ կղզիի Ներսէսեան վարժարանը։
Անցեալ շաբաթ հրոյ ճարակ դարձած այս պատմական տունը ամէն բանէ առաջ կը յիշուէր որպէս Հրանդ-Զապէլ Ասատուր ամոլին բնակարանը։ Գրագէտ զոյգը 1920-1932 թուականներուն միջեւ ամառները օդափոխութեան կը մեկնէր Գնալը կղզիի Տէրունեաններու առանձնատունը։ Ատրինէ Տատրեան կը յուշերուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէս հայերէնի դասերու համար կ'երթար Սիպիլին քովը, Գնալը կղզի։ Դասերը կ'ընէին տան պատշգամը, ուր բազկաթոռի մը վրայ նստած կ՚ըլլար գրագիտուհին, առջեւը՝ սեղան մը։ Տատրեան կը պատմէ, թէ տունէն ուղղակի կ'երեւէր ծովը (յայտնի է, որ դեռ տուներ չէին կառուցուած Տէրունեաններու տան դիմաց, այսօրուան բուժարանի շէնքը գոյութիւն չունէր). «Ներաշխարհս խռովիլ ու յորդիլ սկսած էր. իմ դէմ տարածուած կապտորակ ծովով եւ աւելի անդին ծառուղի մը, որուն ծայրը միայն կ՚երեւէր եւ Սիպիլով…»։
Պատմութեան, պատմական արժէքներու հանդէպ անփութութիւնը, անտարբեր վերաբերմունքը պատճառ կը դառնայ ցաւալի, մեծ կորուստներու եւ միայն այդ կորուստներէն վերջ կը հասկնանք բացակային արժէքը։ Քանի մը օրէ ի վեր չկայ Սիպիլին տունը եւ հոգիս կը մղկտայ ամէն անգամ երբ ստիպուած ըլլամ անցնելու այդ փողոցով։ Մեծ ու սեւ դատարկութիւն մը կայ, մոխիր ու փոշի, հրդեհէն փրկուած քանի մը իրեր ցրուած են աջ ու ձախ, եւ այդ ամէնքին վրայ իշխող է ցաւի, վշտի կե՜ղծ արտայայտութիւններ, ափսոսանքի կե՜ղծ հառաչանքներ։
Եթէ դոյզն ինչ մտահոգութիւն ըլլար Սիպիլի տան հանդէպ, պատմութեան նկատմամբ, ապա յամառօրէն չէր քակուեր այն յուշատախտակը, որ խումբ մը կիներու նախաձեռնութեամբ դրուած էր յիշեցնելու համար թէ այդ տան մէջ բաբախած է հայ գրականութեան կարեւոր անուններէն երկուքը։ «Ոմանք» կը քակէին, ոմանք ալ կը յիշեցնէին, յամառօրէ՛ն, սակայն ապարդիւն։ Թող այլեւս կարծեն թէ Ասատուրներուն յիշատակը ալ անհանգստութիւն չի տար իրենց...
Սիպիլին ներշնչանքը՝ Գնալը կղզիի ծովափը կայ։ Ո՞ւր են սակայն բանաստեղծները։

«Մութ գիշերին լռութեան մէջ խորասոյզ,
Պատուհանիս առջեւ նստած կ'երազեմ,
Լայնածաւալ ծովն հոն փըռուած է անյոյզ.
Ալիքներու հեծիւնն հազիւ կը լըսեմ.

Սակայն կը զգամ լուռ թաւալումը ջուրին,
Դէպի անհուն, դէպի անծիր ափունքներ,
Անոր գաղտնի օրօրումները խորին,
Խըռովքն անոր ալուցքին մէջ եռուզեռ։

Ու կը նայիմ իմ հոգւոյս խորն յուսահատ
Որ անյատակ ծովուն այնքան կը նմանի.
Երանի՜ քեզ, կ՚ըսեմ, օ՛ ծով, որ ազատ
Կը հետեւիս հովին որ զքեզ կը տանի»։

«Ժամանակ», Յուլիս 13, 2011

No comments:

Post a Comment