20.4.11

Բոլոր քաղաքացիները «հաւասար» են օրէնքին առջեւ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Քսանամեակ մը առաջ, «մաֆիա» բառը եկած ու բազմած էր հայաստանեան կեանքին մէջ։ Որքան որ սկիզբը ճիգեր կը թափէինք հասկնալու եւ մենք մեզ համոզելու, որ սիկիլիական մաֆիան եւ նորանկախ Հայաստանի տնտեսական լծակները իրենց ձեռքը առնող մարդիկը նոյն բանը չէին, ի վերջոյ հեռատեսիլը եկաւ մեզ հերքելու եւ «Որոգայթ» ու այլեւայլ պէսպիսուն անուններով «սերիալներ» անգամ մը եւս փաստեցին, որ արուեստը կը հետեւի կեանքին։ (Հոգ չէ, թէ ատիկա ո՛չ արուեստ է, իսկ նկարագրածը՝ ո՛չ կեանք)։ «Մաֆիա»յին յաջորդեց, բնականաբար եւ ի հետեւումն ռուսական օրինակին (արդէն կարծէք ամէն ինչ կը հետեւի ռուսական «մեծ եղբօր» օրինակին), «օլիգարխ» բառը, որ առօք-փառօք մտած է հայաստանեան կեանքին մէջ։
Մաքուր հայերէնով՝ սակաւապետական դասակարգի մը ձեռքն է Հայաստանը, որ անվախօրէն կ՚առաջնորդէ մեր հայրենիքին ճակատագիրը.... անորոշ ուղղութեամբ։ Իսկ առհասարակ, սակաւ մարդոց ղեկավարութիւնը կ՚ըլլայ նաեւ «սակաւապէտ», այսինքն՝ քիչ... մարդոց պէտք ունեցող։ Ո՛չ անպայման՝ քիչ բաներո՛ւ պէտք ունեցող (ընդհակառակն՝ ընչաքաղցութիւնը աւելի ու աւելի պահանջկոտ կը դարձնէ մարդիկ)։ Ու ահա թէ ինչու արտագաղթը նորէն սաստկացած է, պիտի եզրակացնէր մէկը։
Մեր սակաւապետութեան վերջին գիւտին ականատես եղանք անցեալ տարի, երբ Յունիս 24ին առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ կենսաթոշակի փոփոխութիւններու կառավարութեան առաջարկած թղթածրարը։ Թղթածրարը Ազգային Ժողովին կողմէ վերջնականօրէն ընդունուեցաւ Դեկտեմբերին։ Պարզուեցաւ, որ խստապահանջ կերպով «բոլոր քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ» սկզբունքը գործադրող մեր «պետական այրերը» (մարդ երբեմն կը տարուի մտածելու... «պետական այրող»ներու մասին) սքանչելի գիւտ մը կատարած են այդ իրաւահաւասարութիւնը կրկին ցուցադրելու համար։
Յունուար 1ին Հայաստան կենսաթոշակներու կամաւոր կուտակային համակարգի անցած է։ Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքացիները կամ գործատէրերը գումարներ կրնան տալ դրամատուներուն կամ ներդրում կատարող այլեւայլ ընկերութիւններու, որպէսզի այդ գումարները թոշակի ձեւով ետ ստացուին, երբ աշխատաւորները կենսաթոշակի տարիքին հասնին։
Համակարգը պիտի սկսի փաստացի կերպով աշխատիլ Ապրիլ ամիսէն, ինչպէս Փետրուար 18ի մամլոյ ասուլիսին տեղեկացուցած է Հայաստանի Աշխատանքի եւ Ընկերային Հարցերու նախարարութեան կենսաթոշակային վարչութեան պետ Սմբատ Սայիեանը։ Թղթածրարին մէկ մասը տակաւին մշակման փուլի մէջ է, ինչ որ կ՚աւարտի Ապրիլ ամսուն։
Մինչեւ հոս, արտակարգ ոչինչ կայ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ այս համակարգը կը գործէ։ ԱՄՆի մէջ, օրինակ, ընկերային ապահովութիւնը գումար մը կը զեղչէ աշխատավարձէն, իսկ երբ անձը թոշակի կ՚անցնի, կը սկսի վճարել այդ գումարը մինչեւ կեանքին վերջը։ Անձերը իրենց կեանքի ընթացքին, եթէ կը փափաքին եւ միջոցները ունին, կրնան կամաւորապէս յաւելեալ գումարներ մուծել, որոնք այլեւայլ ընկերութիւններ կը ներդնեն եւ յաւելեալ եկամուտ մը կը ստեղծեն թոշակի անցնելու ժամանակ։
Հայաստանի պարագային, հարկային արտօնութիւններ տրուած են այն ընկերութիւններուն համար, որոնք աշխատավարձի 5 առ հարիւրի չափով փոխանցումներ կ՚ընեն իրենց աշխատակիցներուն համար։ Այս արտօնութիւնը ի զօրու պիտի ըլլայ երեք տարուան համար։
Նորութիւնը պիտի գայ... երեք տարիէն։ 2014ին, շահատուրքը եւ ընկերային ապահովութեան յատկացումները պիտի միանան մէկ հարկի ձեւով, որ պիտի կոչուի եկամտային հարկ։ Նախօրօք առաջարկուած էր, որ այդ եկամտային հարկը պիտի վճարուէր միօրինակ կերպով՝ 26 առ հարիւր։ Սակայն, Ազգային Ժողովը որոշած է «բարեփոխել» այդ դրոյքաչափը եւ որդեգրել «պրոգրեւիւ» (յառաջդիմական) սանդղակ մը՝ 24 առ հարիւր մինչեւ 100.000 դրամ եկամուտ ունեցողներու համար եւ 26 առ հարիւր 100.000 դրամէն աւելի բարձր եկամուտ ունեցողներու համար։
Ըստ երեւոյթին, պէտք է շնորհակալ ըլլալ Ազգային Ժողովէն, որ փորձած է քիչ մը այլազանութիւն մտցնել կառավարութեան առաջարկած կատարեալ միօրինակութեան մէջ։ Սակայն, դժբախտաբար, Ազգային Ժողովի մեծամասնութիւնը, որ այսքան վեհանձնօրէն նման «պրոգրեսիւ» միջոցներ կ՚առնէ եւ կառավարութեան պէս անընդհատ կը բարբաջէ Հայաստանի յառաջդիմութեան մասին, լոյս տարիներով հեռու է յառաջդիմութեան ի՛նչ ըլլալը գիտնալէ։ Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի կառավարական դահլիճին մէջ կը պակսին անձեր, որոնք տնտեսագէտ ըլլան եւ ուսանողական տարիներուն իւրացուցած ըլլան հարկային տեսաբանութեան ամենատարրական օրէնքը՝ յառաջդիմական ու յետադիմական հարկերու մասին։ Ասիկա կ՚արձանագրենք, հակառակ անոր, որ հանրապետութեան վարչապետը տնտեսագէտ մըն է։
Բայց ճիշդ է, որ Հայաստանի մէջ հաշուապահութիւնը, որուն ծիրին մէջ կ՚իյնայ հարկերու տեսաբանութեան ու գործադրութեան ուսուցումը (գոնէ այդպէս էր Արժանթինի մէջ՝ մեր համալսարանական ուսման տարիներուն), համալսարաններու մէջ առանձին ճիւղ չէ։ Ուստի տնտեսագէտները նման գիտելիքներ թերեւս պէտք եղած խորութեամբ չեն ստանար։ Եւ քանի որ մարքսիզմ-լենինիզմը որպէս դասանիւթ, փառք Աստուծոյ, տարիներէ ի վեր սրբուած է համալսարանական ծրագրերէն, ուրեմն ընկերային արդարութեան տեսական դրոյթներն ալ կ՚երեւի թէ այլեւս չեն դասաւանդուիր։ Ի վերջոյ, ընկերային (ան)արդարութեան գործնական կիրարկումը ամէնօրեայ լուրերուն մէջ կը կարդանք։
Թերեւս կ՚արժէ, ուրեմն, մէկ-երկու նախադասութեամբ ի պէտս զարգացելոց բացատրութիւն մը տալ։ Հարկերը յառաջդիմական կ՚ըլլան, երբ քաղաքացիներէն գանձում կ՚ըլլայ՝ ըստ իրենց վճարելու ունակութեան։ Իսկ յետադիմական կ՚ըլլան, երբ բոլորէն նոյնութեամբ կը գանձուի՝ անկախաբար վճարելու կարողութենէն։ Օրինակ՝ յաւելեալ արժէքի տուրքը (ֆրանսական TVA) յետադիմական է, քանի որ բանուորն ու մեծահարուստը նոյն քանակով կը վճարեն, իսկ եկամտահարկը, տեսականօրէն, յառաջդիմական կ՚ըլլայ, քանի որ դրոյքաչափերու սանդղակով կը սահմանէ իւրաքանչիւրի վճարելիք գումարը։
Հայաստանի պարագային, ահա երեւան կու գայ, որ եկամտահարկը փաստօրէն վերածուած է յաւելեալ արժէքի տուրքի մէկ տարատեսակին։ Ի վերջոյ, ի՞նչ է տարբերութիւնը եթէ բոլորը 26 առ հարիւր կը վճարեն կամ մէկ մասը՝ 24, իսկ միւս մասը՝ 26։ Արդեօք Ազգային Ժողովի աւելածուն, որ վստահաբար 100.000 դրամէն պակաս կը ստանայ (ենթադրենք՝ ամսական 30.000 = շուրջ 100 տոլար ), եւ անոր նստարաններուն վրայ բազմած «օլիգարխ»ներէն մէկը, որ ապօրինի կերպով շահած միլիոններուն մէջ կը լողայ (ենթադրենք՝ ամսական 30.000.000 = շուրջ 100.000), միեւնոյն եկամո՞ւտը ունին։ Առաջինին տալիք 7.200 դրամը եւ երկրորդին 7.800.000ը նոյն նշանակութի՞ւնը ունին։ Առաջինին գրպանը կը մտնէ 76 տոլար, իսկ երկրորդը կը ստանայ 74.000 տոլար։ Հարցուցէ՛ք, թէ ո՞ր մէկը իր ստացած գումարով կրնայ ապրիլ։
Արդեօք ա՞յս է ճամբան, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի այն, ինչ որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ սահմանուած է որպէս «սոցիալական պետութիւն»։
Կ՚ապրինք ու կը տեսնենք։

«Նոր Յառաջ»

No comments:

Post a Comment