9.9.10

Օտարալեզու դպրոցները Հայաստանի մէջ կամ՝ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»ի գիւտը

Վերջերս հրապարակի վրայ դրուած է օտարալեզու դպրոցներու հարցը Հայաստանի մէջ։ Յօնք շինելու եւ աչք հանելու յայտնի առածին ողբերգա-զաւեշտական արտայայտութիւն մը։
Հայաստանի-Թուրքիա ձմեռնաքունի մէջ մտած, բայց ո՛չ մահամերձ արձանագրութիւններուն նման, կարելի է ըսել, թէ քուլիսներու ետին «եփուած» ու յանկարծ հրապարակ նետուած խնդիր մըն է, որ շինիչ ոչինչ ստեղծած է, բացի... նոր երկփեղկումէ մը։
Նոր արուեստական տագնապ մը եւ ուրիշ ոչինչ։
Արդարեւ, մինչ բթամտօրէն շարադրուած արձանագրութիւնները հայ-թրքական երկկողմանի յանձնաժողով կը նախատեսեն, զոր հայրենի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երդում-պատառ ըլլալով կը պնդեն, թէ «պատմաբաններու յանձնախումբ» չէ, միւս կողմէ՝ ուրիշ պաշտօնատարներ կը պնդեն, թէ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ քուէարկուած նախագիծը, որ աշնան պիտի քննարկուի, վտանգ մը չէ հայեցի դաստիարակութեան, միայն ուղղուած է օտար լեզուի լաւ մասնագէտներ պատրաստելու...։
Կարելի էր հաւատք ընծայել երկու պաշտօնական պնդումներուն, եթէ Հայաստանէն չգար սիրտ քամող այն լուրը, թէ բնակչութեան 39 առ հարիւրը կը փափաքի մնայուն կերպով արտագաղթել (բարձրագոյնը՝ ամբողջ ԱՊՀ-ի երկիրներուն մէջ), իսկ 44 առ հարիւրը՝ ժամանակաւոր կերպով մեկնիլ աշխատելու (երկրորդը՝ Մոլտովայէն ետք), ըստ «Կալլըփ»ի հարցախոյզի մը (“The Armenian Weekly”, Օգոստոս 10)։ Երկրի մը բնակչութեան աւելի քան մէկ երրորդը ժամանակաւոր կամ մնայուն կերպով փափաք չի յայտներ, եթէ կը վստահի այդ երկրին կառավարութեան եւ այդ երկրին ապագային։ (Թող չկրկնուի մաշած այն յանկերգը, թէ այս հարցախոյզը օտարերկրեայ պատուէրի գործ է, եւ այլն. նոյնիսկ եթէ իրական թիւերը կէսը ըլլան, երեւոյթը ահաւոր ըլլալէ չի դադրիր)։
Պարզ ու մեկին. ուղղակի միամտութիւն է հաւատալ, որ հայերէնի ուսուցման մենաշնորհին վերացումը որեւէ ժխտական հետեւանք պիտի չունենայ կրթական ճակատին վրայ։
Կարելի է առարկել, որ տարբեր երկիրներու մէջ՝ ԱՄՆէն մինչեւ Արժանթին, գոյութիւն ունին օտարալեզու դպրոցներ, որոնք երկրի պետական ծրագիրը (եւ աւելի՛ն) կը գործադրեն ոչ-մեծամասնական լեզուով, օրինակ՝ ֆրանսերէն կամ անգլերէն։
Բայց ճիշդ է նաեւ, որ այդ երկիրներուն տիրական լեզուին ո՛չ մէկ վտանգ կը սպառնայ՝ մէկ, երկու կամ տասը նման օտարալեզու դպրոցներու գոյութեամբ։ Այդ երկիրներէն շատեր նոյնիսկ չեն ամրագրած պետական լեզու մը իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ։
Մեզի յայտնի է, որ Երեւանի մէջ, օրինակ, կային (կան) «անգլիական թեքումով» կամ «ֆրանսական թեքումով» դպրոցներ։ Այդ դպրոցները չե՞ն բանիր, իրենց նպատակին չե՞ն ծառայեր։ Եթէ արդիւնաւէտ կերպով չեն աշխատիր, միջոցը չկա՞յ զանոնք բարելաւելու։
Ըստ երեւոյթին, այս տագնապին ազդակներէն (կամ պատրուակներէն) մէկը եղած է սփիւռքահայ նախաձեռնող խմբակի մը նախագիծը՝ Դիլիջանի մէջ “baccalaureate international”ի 600 աշակերտ ընդունող դպրոց բանալու, որուն մեծ մասը սփիւռքահայեր կամ ոչ-հայեր պիտի ըլլային։ Կարդալէ ետք նախաձեռնող խմբակին բաց նամակը, ուղղուած՝ Հայաստանի Հանրային Խորհուրդին, անդրադարձանք «աչք հանելու» առածին իրաւացիութեան.-
«Ցաւօք, այսօր ստիպուած ենք խոստովանել, որ հանգամանքների բերումով՝ Հայաստանի հասարակութեան յառաջադէմ ու գործուն ներկայացուցիչների մի հատուածի շրջանում բացասական վերաբերմունք է ձեւաւորուել մեր նախագծի հանդէպ: “Լեզուի մասին” օրէնքում փոփոխութիւններ մտցնելու ՀՀ կառավարութեան առաջարկից յետոյ ի յայտ եկած վրդովմունքի ալիքը բացասական վերաբերմունք է առաջացրել դասաւանդումն օտար լեզուներով իրականացնելիք դպրոցների հանդէպ: Դժգոհութիւնների այդ ալիքը յանգեցրեց այն բանին, որ ՀՀ նախագահի կողմից խորհրդանշական “գիտութիւնների ծառի” տնկման հանդիսաւոր արարողութիւնից յետոյ բազում դրական արձագանքներ ստացած “Դիլիջան” միջազգային դպրոցի նախագիծը յայտնուեց հասարակական անբարենպաստ կարծիքի ստուերում: Չհասցնելով սկսուել եւ կայանալ` նախագիծը ընդդիմութիւն է ձեռք բերել: Պէտք է նշենք, որ “Դիլիջան” նախագծի շուրջ բացասական ֆոնի պատճառ դարձած օրէնսդրական փոփոխութիւններն անհրաժեշտ չէին նախագծի յաջող իրականացման համար: Սակայն ներկայիս ընթերցմամբ օրէնքը ՀՀ քաղաքացիներ հանդիսացող աշակերտների համար կը դժուարեցնի մեր դպրոցում աւարտուն միջնակարգ կրթութեան ստացումը` հետագայում ՀՀ բուհերում ուսումը շարունակելու նպատակով» («Նոր Կեանք», 29 Յուլիս. ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.):
Կը նշանակէ, որ աշխարհը տակնուվրայ ընելու պէտք չկար՝ այդ դպրոցին (ու ըստ երեւոյթին՝ Ջերմուկ գործելու կոչուածին) արտօնագիր տալու համար։ Հաւանաբար կարելի էր բացառութեան կարգով թոյլատրել նման պարագայ մը, ինչպէս որ ժամանակին թոյլատրուած է, որ օտարերկրեայ քաղաքացիներ մասնակի տէրեր ըլլան հողատարածքներու եւ ձեռնարկութիւններու։ (Արդէն գէթ տասնամեակէ մը ի վեր ինչ-ինչ «միջազգային» մասնաւոր դպրոցներ կային, գոնէ Երեւանի մէջ, ուր հոն աշխատող օտարազգի կամ սփիւռքահայ ընտանիքներու զաւակները կը յաճախէին, թէեւ անոնց վերաբերող օրէնսդրական համակարգը մեզի յայտնի չէ)։ Նման դպրոցներ կրնային նախատեսուիլ միայն ու միայն ոչ-հայաստանցի աշակերտներու, գոնէ սկզբնական շրջանին։ Հայաստանի պէս ընկերային խոր բեւեռացումով երկրի մը համար, որքանո՞վ նպատակայարմար է անձնական դպրոցներու բացումը, որոնք պարզապէս այդ երեւոյթին հերթական արտայայտութիւնը պիտի դառնան՝ «էլիտար» դպրոցներ «օլիգարխ»ներու զաւակներուն համար։
Հիմա, ըստ նոյն հաղորդագրութեան, ստեղծուած իրարանցումը ծրագիրը մատնած է անբարենպաստ կացութեան.
«Այս պահին մենք ափսոսանքով, բայց լրջօրէն դիտարկում ենք նախագծի կասեցման հնարավորութիւնը: Կարծում ենք, որ նոյնիսկ առանց յաւելեալ խոչընդոտների այս բարդ նախաձեռնութեան յաջող մեկնարկի եւ իրականացման համար, նոյնիսկ պետութեան եւ հասարակութեան կողմից լիակատար աջակցութեան պայմաններում, հսկայական ջանքեր կը պահանջուեն համոզել ծնողներին, որպէսզի որակեալ կրթութիւն ստանալու եւ բնակուելու համար իրենց երեխաներին ուղարկեն անծանօթ եւ անսովոր մի երկիր: Ստեղծուած իրավիճակում մենք նախագիծը զարգացնելու հնարաւորութիւն չենք տեսնում, քանի որ սկզբունքօրէն սխալ է դպրոց ստեղծել մերժող միջավայրում» (ընդգծումը մերն է. Վ.Մ.):
Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան Մայիսին հաւաստիացուցած էր, թէ միայն ոչ-պետական դպրոցներու եւ «աւագ դպրոցներ»ու համար պիտի կիրարկուի այս օրէնքը։ «Աւագ դպրոց»ը վերջին տարիներուն կրթական համակարգի բարեփոխման ուղղուած գաղափարներէն է, դպրոց մը, ուր լաւագոյն մակարդակի աշակերտներ կը սորվին (այսօր Հայաստանի մէջ նման 48 դպրոցներ կան)։ Այսինքն՝ անոնք որոնք նիւթական բաւարար պայմաններ (ծնողներու հաշուոյն) կամ ուսումնական բարձր մակարդակ ունին (պետութեան հաշուոյն)։ Ահաւասիկ խրամատ մը եւս պիտի ստեղծուի Հայաստանի ընկերա-տնտեսական արդէն փխրուն դաշտին մէջ։
Նոյն լրատուութեան մէջ, Աշոտեանի կուսակից Գալուստ Սահակեանը՝ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ եւ Ազգային Ժողովի խմբակցութեան ղեկավար, յայտնած է, թէ «խնդիրը վերաբերում է նրան, թէ պետության անվտանգութեան համար ինչն է անհրաժեշտ: Սկզբունքն էլ հետեւեալն է՝ ոչ միայն լեզուների խորացումը, այլեւ մասնագիտական առարկաների շրջանակներում լեզուների խորացումը» («Ազատութիւն» ռատիոկայան, Մայիս 17)։
Մարդ չի գիտեր, եթէ խնդալ, թէ լալ, երբ նման պատասխանատու անձնաւորութիւն կրթութեան չափանիշ կը դարձնէ «պետութեան անվտանգութիւնը»։ Մէկ բան է, որ դպրոցը ազգային ինքնութեան ծրագրի մը գործիք ըլլայ, ինչպէս պատահած է կամ կը պատահի ամէն երկրի մէջ, ուրիշ բան, որ ըսուի, թէ անհրաժեշտ է անգլերէնով թուաբանութիւն սորվիլ... երկրին ապահովութեան սատարելու համար։
Միւս կողմէ, վերադառնալով մեր սկզբնական հարցադրումին. ո՞վ ըսաւ, թէ ինչ որ այսօր միայն որոշ տեսակի դպրոցի մը համար պիտի գործածուի, վաղը պիտի չընդհանրանայ։ Այդ պարագային, խրամատը կը գոցուի. բոլո՛ր դպրոցները կ՚անցնին օտարալեզու դասաւանդութեան եւ վերջ...։
Արդէն ունինք ընդհանրացումի առաջին, մասնակի օրինակը։ Փոփոխութեան օրինագծի առաջին ընթերցումի քննարկումին, Սահակեան, հաւաստիացնելով, որ «հայ ազգային դպրոցի գաղափարը չի կարող շրջանցուել», ներկայացուցած է ՀՀԿ խմբակցութեան առաջարկը՝ նախատեսուող դպրոցներուն թիւը 15էն իջեցնել 11ի, «որից 9ը աւագ դպրոցների հիմքի վրայ, իսկ 2ը մասնաւոր դպրոցներ կը լինեն, որտեղ օտար լեզուներով ուսուցումը կը սկսուի 7-րդ դասարանից»: Ա. Աշոտեան ընդունած է այդ գաղափարը։ Այսինքն՝ փոխանակ սկիզբը նախատեսուած 9րդ դասարանէն (պարտադիր կրթութեան աւարտը Հայաստանի մէջ), հիմա ուսուցումը 7րդ դասարանէն պիտի սկսի (www.parliament.am, Յունիս 23)։
Ճիշդ նկատած է Միհրան Քիւրտօղլեան (որ կը «յուսա[յ] հաւատալ», որ ՀՀԿի անդամները Նժդեհի ազգային գաղափարախօսութեան «կրողներն են», ուստի պիտի չդաւաճանեն իրենց կոչումին եղեր...), թէ «երկու տարիներու տարբերութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի թեր կամ դէմ ըլլալու ընտրանքին մէջ, քան ինչ որ ենթադրել կու տան աննշան կարծուած այդ “երկու” տարիները: Յուսանք, որ այս փոփոխութիւնը կը սրբագրուի վերջնական մշակումին, այլապէս արդարացում չ’ունենար խմբակցութեան ղեկավարը ի լուր մարդկանց իր մեծ սուտին համար…» («Ազդակ», 20 Յուլիս)։
Ազգ. Ժողովի նոյն նիստին, «Օրինաց երկիր» կուսակցութեան խմբակցութեան տեսակէտը ներկայացուցած է Յովհաննէս Մարգարեան, որ յայտնած է, թէ օտարալեզու դպրոցներ «ունենալու նպատակայարմարութիւնն ակնյայտ է. դա հնարաւորութիւն կը ստեղծի ոչ թէ դրսում, այլ հենց Հայաստանում ստանալ բարձրակարգ կրթութիւն»։ Նման մտածելակերպի գոյութիւնը պարզապէս ողբալի է. կը բաւէ դասաւանդութեան լեզուն փոխել, որպէսզի կրթութեան մակարդակը բարձրանայ...։ «Ի վերջոյ յանցանք չէ մայրենիքի պէս օտար լեզուներու տիրապետող պատրաստուած հայ անհատներ ունենալու քաղաքական ցանկութիւնը», կ՚ըսէ Քիւրտօղլեան, բայց ո՞վ ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է՝ պատմական ներկայ հանգրուանին եւ Հայաստանի իւրայատուկ պայմաններուն տակ, այս ձեւով գործադրել այդ ցանկութիւնը։ Շաբաթական անհրաժեշտ պահերու քանակ մը կը ճշդուի, լաւագոյն ուսուցիչներու եւ մեթոտներու կիրարկումով, եւ այդպէսով կարելի է անգլերէնէն մինչեւ մոնկոլերէն դասաւանդել՝ գոհացուցիչ մակարդակով...։
Մարդ ակամայ կը յիշէ 1980ական թուականներուն տարուած խուլ պայքարը, որ Կորպաչովի օրերուն եւ Արցախեան շարժման ընթացքին բացայայտուեցաւ, «ռուսական» տխրահռչակ դպրոցներուն դէմ։ Որեւէ սփիւռքահայ, որ հանդիպած ըլլայ այդ դպրոցներէն շրջանաւարտի մը (ժամանակին ցանկ մը հրատարակուած էր՝ իրենց զաւակներուն ռուսական դպրոց ղրկած հարիւրաւոր մտաւորականներու անուններով, ինչպէս եւ կուսակցական ժողովի մը կատարուած ահազանգային ու անանուն զեկոյցը, որ յետոյ պարզուեցաւ՝ Սիլվա Կապուտիկեանի գրիչին կը պատկանէր), գիտէ, թէ այդ անձերէն շատերը դժուարութեամբ հայերէն կը խօսէին, ա՛լ չխօսինք՝ գրել-կարդալու մասին։ Արդեօք այս օրէնսդրական խաղարկութեան թաքուն ու անխոստովանելի միտք բանին խորհրդային օրերու ապազգային ռուսական դպրոցներուն վերադա՞րձն է։
«Օտար լեզուի կողքին, պարզապէս օտար լեզուով պիտի դասաւանդուին նաեւ ուսողական-գիտական առարկաները», կը յայտնէ Քիւրտօղլեան, որ կ՚աւելցնէ, թէ «մնացեալին` բնագիտութեան, տարրալուծութեան, ուսողութեան, ընդհանուր պատմութեան եւ այլ նիւթերու դասաւանդումը խնդիր չէ որ պիտի կատարուի օտար լեզուով»:
Կը վերադառնանք այն սահմանափակ ու աւերիչ մտածելակերպին, թէ աշխարհը ամբողջովին հայերէնով ընկալելու կարելիութիւնը կը ջնջուի, քանի որ մեր լեզուն սոսկ «ա, բ, գ» սորվելու լեզու է, բայց ո՛չ՝ Անանիա Շիրակացիի թուաբանական խնդիրները լուծելու լեզու (միայն՝ անոնց գոյութեան ակնարկելու լեզու...)։
Այսինքն՝ Հայաստանի դպրոցները կամաց-կամաց պիտի սկսին նմանիլ... Սփիւռքի դպրոցներո՞ւն։ Արդարեւ, ըսուածը այն է, թէ ուսումը լիաժամ հայերէնով պիտի ըլլայ մինչեւ նախակրթարանի վեցերորդ դասարանը, իսկ անկէ յետոյ՝ սփիւռքահայ (բախտաւոր) դպրոցի մը դասաժամային յատկացումով...։
Եւ եղիցի... մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ։

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», 4 եւ 7 Սեպտեմբեր 2010

No comments:

Post a Comment