2.9.10

Տիգրանակերտի պեղումները Արցախի մէջ


Վերջին տարիներուն Արեւելեան Հայաստանի մէջ կատարուած հնագիտական աշխատանքներուն ամենէն ուշագրաւ արդիւնքներէն մէկն էր Տիգրան Մեծի հիմնած չորս Տիգրանակերտ քաղաքներէն մէկուն՝ Արցախի Տիգրանակերտին յայտնագործումը,  Աւեր ու լքուած Աղդամ քաղաքէն ոչ շատ հեռու, 1993-1994ին ազատագրուած տարածքներուն մէջ, այս քաղաքին գիւտը պատմագիտական ու այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Այս տարուան պեղումներուն արդիւնքներուն մասին նուիրուած է Յասմիկ Յարութիւնեանի հաղորդումը («Ազգ», Օգոստոս 31), զոր կու տանք արեւմտահայերէնով։


«Ե՞րբ էք աւարտելու Տիգրանակերտի պեղումները» հարցումը գրեթէ ամէն օր կու տան Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլետ Պետրոսեանին: Իր պատասխանն ալ հետեւեալն է՝ «Իսկ դրա կարիքը կա՞յ: Ամէն տարի նոր իրեր, նոր մշակոյթ ու հնագիտական նոր արժէքներ ենք բացայայտում»։ 
Պետրոսեան գոհ է այս տարի շուրջ երկու ամիս տեւած պեղումներուն արդիւնքներէն։ Աշխատանքը արդիւնաւէտ էր, գտածոները` թանկարժէք, հետագայ աշխատանքն ալ այնքան շատ, որ միայն Փետրուարին պիտի հասցնեն ներկայացնել այս տարուան պեղումներուն հաշուետուութիւնը:

Թէպէտ Տիգրանակերտը երբեք Արցախի մայրաքաղաք համարուած չէ, սակայն հնագիտական արժէքներով ու կառոյցներով հարուստ քաղաք է: Համլետ Պետրոսեան ուշադրութիունը կը հրաւիրէ սպիտակ գոյնին ու կ՚աւելցնէ, որ շինութիւնները կառուցված են կրաքարէ. հետեւաբար Տիգրանակերտը կարելի է անուանել նաեւ սպիտակ քաղաք:
Յունիսին սկսած պեղումները հիմնականին ընթացած են միջնաբերդին, Ամրացած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի տարածքին եւ կեդրոնական թաղամասին մէջ (բազիլիկ տաճարի տարածք):
Միջնաբերդին մէջ յայտնաբերուած իրերէն հնագէտը կ՚առանաձնացնէ գունազարդ խեցեղէնն ու սկիւթական տիպի արդէն երրորդ նետասլաքը:
Բազիլիկ եկեղեցիին մէջ յայտնաբերուած են անօթներ եւ ապակիէ ապարանջաներ: «Սակայն ամենաէական գիւտը 10-11-րդ դարերի խաչքարն է, որը ոչ միայն հաւաստում է հայի ինքնութեան ակնյայտ առկայութիւնը Տիգրանակերտում, այլեւ փաստում, որ 9-րդ դարում` համեմատական անկումից յետոյ, եկեղեցու մի հատուած վերականգնուել է եւ ծառայել իբրեւ մատուռ, որից դէպի արեւմուտք էլ խաչքար է կանգնեցուել», ըսաւ Համլետ Պետրոսեանը Երեւանի «Արմատ» ակումբին մէջ:
Տիգրանակերտի հինաւուրց թաղամասին մէջ պեղուած է աւելի քան 2 թոն տարողութիւն ունեցող օձազարդ կարաս, որ վերականգնուելէ ետք պիտի դառնայ նորաստեղծ թանգարանին ամենեն ուշագրաւ ցուցանմոյշներէն մէկը: Իսկ հնագոյն դամբարանադաշտերէն մէկուն մէջ հնագէտները յայտնաբերած են երկու կարասային թաղումներ, որոնցմէ մէկուն զարդերու ու երկաթեայ ակնազարդ մատանիներու եւ ոսկեզօծ ուլունքներու հետ գտնուած են նաեւ պղինձէ դրամներ:
«Ակնկալիքներ ունենք, որ կը գտնենք նաեւ Տիգրան Մեծի ժամանակաշրջանի դրամներ», ըսաւ ան: Հնագէտին հաւաստումով՝ պղինձէ դրամներուն վրայ աղօտ կերպով նշմարելի է արքայի գլուխը, իսկ չափերէն դատելովՙ պարթեւական ծագում ունին: Սակայն Պետրոսեան կ՚առաջարկէ քիչ մը սպասել ու դրամի ծագումին ստոյգ ժամանակաշրջանին ու պատկանելութեան վերաբերեալ հարցերուն պատասխանել դրամի մաքրումի գործընթացէն ետք:
Տիգրանակերտի մէջ յայտնագործուած բազմաթիւ գտածոներ այժմ կը պահուին Երեւանի Պետական Համալսարանի հնագիտութեան լսարանին մէջ: Արցախի մէջ պահոցի կառուցումի աշխատանքներուն վերջին փուլը կ՚ընթանայ. աւարտին գտածոները պիտի տեղափոխուին Ստեփանակերտ:
Տիգրանակերտի վերաբերեալ հանրային արձագանգը հսկայական է: Միայն Արցախի հեռատեսիլը երեք անգամ անդրադարձած է հնագէտներուն աշխատանքին: Օրական աւելի քան հարիւր զբօսաշրջիկ կ՚այցելէ Տիգրանակերտ. հին ժամանակաշրջանի քաղաք այցելութիւնը դարձած է իւրատիպ ուխտագնացութիւն: Ատիկա ունի իր դրական կողմերը, սակայն բացասականը նոյնպէս ակնառու է: Համլետ Պետրոսեան կը պատմէ, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՚այցելեն Տիգրանակերտ, կը շրջին եւ քանի մը քար կը վերցնեն որպէս մասունք` առանց գիտակցելու, որ անոնք հնագիտական մեծ արժէք կը ներկայացնեն եւ պէտք է պահուին յատուկ վայրերու մէջ: Թէպէտ թանգարանը պահակ ունի, այնուամենայնիւ հնագէտը կը բարձրացնէ Տիգրանակերտի պահպանութեան հարցը ու կ՚աւելցնէ, որ արշաւախումբը ծրագրած է տաղաւարներ պատրաստել ու այցելուներուն զգուշացնել, որ տարածքը յուշարձաններու պահպանման ցանկին մէջ կը գտնուի, եւ արգիլուած է որեւէ ցուցանմոյշ վերցնել:
Համլետ Պետրսեան լրջօրէն չ՚ընդունիր այն խօսակցութիւնները, որ Տիգրանակերտի պեղումները կը կատարուին ազատագրուած տարածքներէն մէկուն մէջ եւ գուցէ անոնք ատրպէյճանցիներուն վերադարձուին: «Այդ կապակցութեամբ որեւէ մտահոգութիւն չունեմ», շեշտեց ան, աւելցնելով, որ Տիգրանակերտի մէջ պեղումներ իրականացնելու համար ֆինանսական օժանդակութիւն կը ստանան Արցախի հանրապետութենէն, ինչ որ հերթական անգամ կը փաստէ արցախցիներուն արդէն ամրագրուած կարծիքը` ոչ մէկ թիզ հող:


No comments:

Post a Comment