18.3.10

Անհանգստացնող ընտրութիւն մը

Սխալ պիտի չըլլար ըսել, թէ այս տարի ականատես եղանք Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ շարք մը քաղաքական անակնկալ զարգացումներու, որոնք աշխարհասփիւռ հայութեան վրայ ներգործեցին եւ քաղաքական ու ընկերային անկանխատեսելի երեւոյթներու ճանապարհ հարթեցին։
Մարտին, երբ Հայաստան էի, քաղաքական վերլուծողներ ու լրագրողներ արդէն ինծի կ՚ըսէին, թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանը շուտով պիտի բացուէր։ Անկեղծօրէն, վարկածը զիս բաւական զարմացուց, որովհետեւ այն ատեն հանրային վիճարկում չկար այդ նիւթին մասին Թուրքիոյ մէջ։ Սակայն, Մարտի երկրորդ կէսէն ասդին անսպասելի դէպքերու շարք մը տեղի ունեցաւ այն հոլովոյթին մէջ, որ առաջնորդեց արձանագրութիւններու ստորագրութեան անցեալ Հոկտեմբերին։
Պարաք Օպամայի նախագահութեան ստանձնումը Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թուրքիա այցելութիւնը, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը (թէ իր գաղափարները արձանագրուած էին եւ զանոնք փոխած չէր), Ազգային Ժողովի ճառը, ամէն ինչ Թուրքիոյ պատմութիւնը անցաւ որպէս կարեւոր քայլ։
Տասնութ տարի դրացի անկախ Հայաստանին անհաղորդ ըլլալէ ետք, Թուրքիա հաւանաբար պարտադրուեցաւ հակազդել՝ երկկողմանի յարաբերութիւններ հաստատելու Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն դէմ յանդիման։ Բայց եւ այնպէս, Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը կը թուի ուժի յարաբերութիւններու շրջանային փոփոխութեան արդիւնքը ըլլալ եւ ո՛չ թէ հարազատ կամեցողութեան արդիւնքը։ Մինչեւ այսօր, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նախադասութիւնները կը շարունակեն սկսիլ «Բայց Ղարաբաղը...» խօսքով՝ ժամանակ շահելու եւ միայն կասկածներ ձեռք բերելու համար։ Հակառակ անոր, որ արձանագրութիւնները գոհացուցիչ ըլլալէ հեռու են, տակաւին ներուժը ունին՝ դրացնութեան յարաբերութիւններ ստեղծելու առաջին քայլերը ըլլալու եւ փոփոխութիւններ յարուցելու։
Անցեալ տարի (2008) ասպարէզ նետուեցաւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հայկական արմատներուն մասին նախատական ենթադրութիւնը։ Կիւլ, դժբախտաբար, ինքզինքը պարտաւոր զգաց մօր թրքական ծագումը փաստելու։ Այս եղելութիւնը, շատերու կարգին, ցոյց կու տայ, որ արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնը կը նշանակէ ոչ այլ բան քան, պարզապէս, սկիզբ մը։ Կտրելիք երկար ճանապարհ մը կայ եւ այս հոլովոյթը մեծ ճիգ կը պահանջէ։ Սակայն, ով որ հետեւած ըլլայ հայ-թրքական յարաբերւթիւններու վիճակին իրաւունք ունի տարակուսելու հոլովոյթի անկեղծութենէն՝ նախընթաց փորձառութիւններու հիմամբ։
Ի սէր ճշմարտութեան, արձանագրութիւնները կարեւոր են ինծի համար եթէ առաջնորդեն Հայաստանի հետ սահմանի բացումին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին։ Այլապէս՝ անցեալ տարուան իրադարձութիւնները ուրիշ բան պիտի չըլլան, եթէ ոչ show-business։ Անշուշտ, «յանձնաժողով մը հիմնել՝ պատմական նիւթեր քննարկելու համար», «բարի դրացիութեան յարաբերութիւններ վնասող նախաձեռնութիւններ չիրականացնել» եւ արձանագրութիւններուն մէջ մուծուած այլ նման կէտեր դժուար պատառներ պիտի ըլլան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նման այնքան բարդ նիւթեր ունեցող պետութիւններու եւ ժողովուրդներու համար։
Սակայն, այս արձանագրութիւնները միայն երկու պետութիւններու չեն պատկանիր, նաեւ բոլոր հայերուն արձանագրութիւնն են։ Հայրենի իշխանութիւնները պէտք է անդրադառնան այն փաստին, որ Սփիւռքն ալ ըսելիք ունի այս արձանագրութիւններուն մասին։ Հետեւաբար, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր սփիւռքեան շրջապտոյտը կատարեց՝ արձանագրութիւններու ստորագրութենէն անմիջապէս առաջ, եւ ըսաւ «եկած եմ ձեզ համոզելու այս արձանագրութիւններուն կարեւորոթեան մասին»ի պէս բան մը, բարկութեամբ ընդունուեցաւ սփիւռքեան համայնքներու մեծամասնութեան կողմէ։ Սարգսեանին կ՚ընկերանային Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանը (որ կը թուի Սփիւռքի մասին բաւական սահմանափակ ծանօթութիւն ու ըմբռնում ունենալ՚) եւ Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանը (որ, Սարգսեանի խորհրդատուի հանգամանքով, Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր քաղաքական ասպարէզը)։ Սարգսեանի այս ընտրութիւններն իսկ Սփիւռքի անոր ընկալումը կը բացայայտեն։ Սարգսեան կը նախագահէ Հայաստանը անվստահութեան ու թերութիւններու ծանր բեռան մը տակ։ Բայց, շնորհիւ իր գործնապաշտ նկարագրին, շատ մը բաներ սորված է նախագահութեան շրջանին։ Գրեթէ անյուսալի շրջապտոյտէ մը ետք, որ միայն ուժեղ ժխտական հակազդեցութիւններ պատճառեց, սրտանց կ՚ակնկալեմ, որ Սարգսեան սորված ըլլայ, որ ասիկա ձեւը չէ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններ մշակելու, եւ կը յուսամ տեսնել կարգ մը նոր ձեւերու առաջարկներ։
Պէյրութի, Փարիզի եւ Միացեալ Նահանգներու ցոյցերէն անմիջապէտք ետք, շատ հետաքրքրական էր կարդալ Երեւանի hetq.am առցանց լրատուին մէջ յօդուած մը, որ խորագրուած էր «Ո՞վ է Սփիւռքը»։ Անշուշտ, այստեղ չքննարկուած նիւթ մը կայ. սփիւռքահայերն ու հայաստանցիները զիրար լաւ չեն ճանչնար, եթէ իրապէս զիրար կը ճանչնան։
Հայկական իշխանութիւնները աշխոյժ քաղաքականութիւն մը հետապնդած են, որ հիմնուած է ցեղասպանութեան ճանաչումին վրայ, նկատելով որ նիւթը սփիւռքահայ համայնքներուն հետ յարաբերութիւններ մշակելու լաւ հող է։ Ատիկա ընելով, Հայաստան Սփիւռքը սահմանափակած է այս նիւթին ծիրին մէջ եւ զայն դուրս ձգած է հայրենի ընկերա-քաղաքական տեսադաշտէն։ Հայաստանաբնակ հայերուն մեծամասնութիւնը սփիւռքահայերը կը դիտէ իբրեւ «այդ գեղեցիկ լեզուն խօսող մարդիկ, որոնք ՝՝մեզ՛՛ չեն ճանչնար»։ Հայկական կառավարութիւնը, միւս կողմէ, կ՚արտադրէ նշանախօսքեր ինչպէս «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ», նպատակ ունենալով «մէկ տեսակ հայ» ստեղծել երկրէն ներս թէ դուրս, հանգանակութիւններու նիւթապէս սատարել եւ սփիւռքահայ երիտասարդներ երկու ամիս Հայաստան բերել իբրեւ կամաւորներ եւ բարեսիրական աշխատողներ։ Բայց այս բոլորը չի նշանակեր Սփիւռքի հետ կապեր հաստատել։ Չեմ գիտեր ի՞նչ կը նշանակէ «մէկ ազգ» ըլլալ, բայց գիտեմ թէ 1915էն, եթէ ոչ անկէ առաջ, հայերս բաւական տարբեր դիմագիծեր ունէինք։
Այսօր, «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» ըսել կրնայ բարեհնչուն ըլլալ լաւ որոշ սփիւռքահայերու համար, որոնք Հայաստան ոտք չեն դրած կամ միայն զբօսաշրջային կարճ այցելութիւններ կատարած են։ Այս նշանախօսքը կրնայ նոյնացման արուեստական զգացում մը ստեղծել, բայց անոր ազդեցութիւնը անկէ անդին չի կրնար անցնիլ... Հարկաւ, այս նշանախօսքը այնպիսի ձեւով բանաձեւուած է, որ ապահովէ թէ ուրիշ բան չպատահի։ Երեւակայեցէ՛ք ինչ կը պատահէր՚ եթէ այսօր, յանկարծ, երկու միլիոն սփիւռքահայեր Հայաստան գաղթէին։ Հայաստան չէ կարողացած լուծել նոյնիսկ անկախութենէն ետք հոն հաստատուած սփիւռքահայերուն ներկայութենէն բխած ընկերային հարցերը։ Անահիտ Մկրտչեանի հարցախոյզին ընթերցումը, ուր ան կը խօսի տեղացիներու եւ սփիւռքահայերու միջեւ առկայ հակամարտութեան մասին, աւելի լաւ կը բացատրէ իրավիճակը։ Կարճ ասած, այս տարի պատահածը երեւան հանեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ տիրող վիհին բուն խորութիւնը։
Միեւնոյն ձեւով, պէտք չէ մոռնալ սփիւռքահայերուն անշարժութիւնը –հազուադէպ բացառութիւններով— Մարտ 1, 2008ի յետընտրական արիւնալի ճնշումներէն ետք։ «Սի.Էն.Էն-Հայաստան« գրաքննութեան ենթարկեց «Սի.Էն.Էն Ինթերնէշընըլ»ի նկարները՝ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան բախումներուն մասին։ Այդ օր Հայաստանի պատմութեան առաջին պաշարման վիճակը յայտարարուեցաւ։ Լրասփիւռները խիստ գրաքննութեան ենթարկուեցան, տասը հոգի սպաննուեցաւ եւ աւելի քան 200 վիրաւորուեցաւ։ Եթէ սփիւռքահայերը պատշաճ հակազդեցութիւն ցուցաբերած ըլլային՝ քաղաքացիական նախաձեռնութիւններու եւ հաստատութիւններու միջոցաւ, այդ օրէն սկսեալ, հայկական ներկայ վարչակազմը աւելի լաւ հասկցած կ՚ըլլար «մէկ ազգ»ի տեսակը որուն հետ գործ ունի։ Հետեւաբար, Սփիւռքի անհատներն ու կազմակերպութիւնները պէտք է վերաքննեն իրենց վարուելակերպը, քննադատաբար վերլուծեն ինչի՞ եւ ինչպէ՞ս կը հակազդեն, եւ հասկնան իրենց լռութեան իմաստը հասկնան։
Լեւոն Տէր Պետրոսեանին չախորժիլը չ՚արդարացներ լռութիւնը՝ Մարտ 1ի տեսակի իրավիճակի մը դէմ յանդիման։ Եթէ սփիւռքահայերը կ՚ուզեն խօսք ունենալ Հայաստանի ճակատագրին մէջ, պէտք է պատշաճօրէն հակազդեն երկրի դիմագրաւած իւրաքանչիւր պատմական փորձառութեան։ Մարտ 1ը անոնցմէ մէկը եղաւ անկասկած, բայց սփիւռքահայերը բացակայ էին։
Վերադառնալով արձանագրութիւններուն, կարելի է ենթադրել, որ Հայաստանի ընդդիմադիր խումբերուն մեծամասնութիւնը Սփիւռքին նմանող հակազդեցութիւն ունեցան, ուստի այս կէտին մէջ, գոնէ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու միջեւ տարբերութիւն չկայ։ Սակայն, Հայաստանի վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն հետեւողները գիտեն, որ այս ժխտական հակազդեցութիւնները լայնօրէն կապուած էին երկրի ներքին քաղաքականութեան հետ. «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը ներքին տագնապ մը անցուց, Հայ Ազգային Կոնգրէսը անկարող եղաւ իրական այլընտրանք ըլլալ որպէս ընդդիմադիր ուժ, ՀԱԿ-ի հովանիին տակ միացած կարգ մը կուսակցութիւններ չէին ուզեր շարունակել իրենց քաղաքական կեանքը անոր ներքեւ, իսկ այդ մթնոլորտին մէջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրկին ընդդիմութեան կողմը անցաւ վերջին տասը տարիներուն համախոհութեան անդամ ըլլալէ ետք։ Հայաստանի ընդդիմութեան ճգնաժամին մէջ, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ լաւածանօթ իր քաղաքականութիւնը միեւնոյն գործիքներու կիրարկումով, քաղաքականութիւն մը, որ շատոնց իր հնութիւնը ցոյց տուած է...։
Անկասկած, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն բնականոնացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր կէտ մըն է։ Բայց Ղարաբաղն ու մատրիտեան սկզբունքները անկէ աւելի կարեւոր են։ Ամէն բանէ վեր, Հայաստանի ժողովրդավարացումը շատ աւելի կարեւոր է։ Շատ աւելի կարեւոր է նաեւ եթէ Հայաստանը պիտի կարողանայ պատուաբեր կեանք մը հրամցնել իր քաղաքացիներուն (ու Սփիւռքի հայերուն)։
Երեւանի «Ազատութիւն» ռատիոկայանը վերջերս հարցազրոյց մը ձայնասփռեց, ուր խօսնակը անդրադարձաւ ծնելիութեան տոկոսի անկումին նուիրուած հարցախոյզի մը։ Ան ըսաւ, թէ ծնելիութեան նուազումը «ազգային անվտանգութեան» հարց մը կրնայ դառնալ երկար ժամանակի վրայ, որովետեւ զինուորական ծառայութեան համար բաւարար մարդկային ուժ պիտի չըլլար։ Հրանոյշ Խառատեան՝ ազգագրագէտ եւ հայրենի քաղաքականութեան ծանօթ դէմք, յայտնեց. «Ծնելիութեան տոկոսի անկումը “ազգային անվտանգութեան” պատճառ չէ միայն որովհետեւ բաւարար մարդուժ պիտի չըլլայ բանակին համար, այլ ճակատագրական նիւթ մըն է որովհետեւ հոս բանալին է՝ կ՚ուզե՞նք շարունակել իբրեւ հայ ապրիլ այս աշխարհագրութեան մէջ, կամ ոչ»։ Կ՚երեւակայեմ, որ Խառատեանի անդրադարձը թէ՛ կոչ մըն էր եւ թէ՛ խիստ քննադատոթիւն մը բոլոր հայերուն համար։
Ի՞նչ տեսակ երկրի մէջ պիտի ուզէին ապրիլ հայերը։ Ո՞ր ինքնութեամբ աւելի հանգիստ կը զգան իրենք զիրենք։ Սփիւռքահայերը կը պատկերացնե՞ն իրենք զիրենք որպէս Հայաստանի ճակատագրի մէկ մասը։ Եթէ ասոր պատասխանը դրական է, ի՞նչ տեսակ մեքենականութեան կը կարօտին իրենց կարծիքներն ու ձայները ներկայացնելու համար։ Որո՞նք են Հայաստանի ժողովուրդին հետ կապեր հաստատելու տարբեր ձեւերը։ Որո՞նք են Հայաստանի կառավարութեան կատարելիք քայլերը՝ սփիւռքեան համայնքներուն հետ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ մշակելու համար։ Առանց այս եւ բազում այլ հարցումներու պատասխան գտնելու, ո՛չ մէկ որոշում պիտի գոհացնէ հայոց մեծամասնութիւնը, ներառեալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող որոշումները։
ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

Թարգմ. Վարդան Մատթէոսեան
«Նոր Յառաջ» (2010)
(Անգլերէն բնագիր՝ “Armenian Weekly”)

No comments:

Post a Comment