5.11.09

Քանի՞ հայ կայ Արժանթինի մէջ

Վիճակագրութիւնը հայութեան Աքիլլէսի կրունկը կը թուի ըլլալ։ Սփիւռքի թերթերը կը վխտան յօդուածներով, որոնք երեւակայութեան ուժ կու տան, հարցեր քննարկելով առանց քանակական տուեալներու գոյութեան կամ օգտագործումին։ Իսկ երբ նման փաստական տուեալներու կը հանդիպինք, յաճախ աղբիւր չունին կամ, լաւագոյն պարագային, պղտոր աղբիւրէ մը կու գան։
Ու այսպէս կը բազմանան առեղծուածները։ Ոչ ոք կարծէք շահագրգռուած է այս ախտաւոր շրջանակը քանդելու գործով։ Երբ “ոչ ոք” կ՚ըսենք, չենք ակնարկեր այն գիտնականներուն, որոնք կը փորձեն յառաջացնել թիւերու վրայ հիմնուած իմացութիւն մը, բայց որոնց գործը պէտք եղած կերպով չի կարդացուիր։ Խօսքը կը վերաբերի պատասխանատու մարմիններուն, որովհետեւ յաճախ թիւերու լեզուն կրնայ հակասել անոնց իսկ գոյութեան, եւ յօդուածագիրներուն, որովհետեւ նման հետազօտութիւններ կատարելու միջոցներէն զուրկ են։ Մարմինները իրենց գործունէութիւնը լուրջ փորձաքարի զարնելու որեւէ տրամադրութիւն ցոյց չեն տար, ոչ ալ յօժար են, որ “դրսեցիներ” փորձեն հետազօտել։ Հետաքննական լրագրութիւնը, որ թիւ ու փաստ հաւաքելու պահանջը կը ստեղծէ, հազիւ թէ նորածին մըն է Հայաստանի մէջ, իսկ վիժած ծնունդ մը՝ Սփիւռքի պարագային։
Ամենէն կնճռոտ հարցերէն մէկը հայութեան թիւն է աշխարհի մէջ։ Այս մասին որքան տարբեր աղբիւր, այնքան տեսակաւոր տեղեկութիւն կայ։ Բանիմաց ընթերցողը լաւ գիտէ, թէ մեր գաղութներու թուաքանակին հետ որքա՜ն լարախաղացութիւն կը կատարուի գործին տեղեակ թէ անտեղեակ մարդոց կողմէ։
Այս գրութեան նիւթը այդ կնճիռին բազմաթիւ օղակներէն մէկն է՝ Արժանթինի հայ համայնքը
(1) ։ Անոր թիւին մասին 30-35 տարիներէ ի վեր կը վխտան անպատասխանատու յայտարարութիւններ՝ 80.000էն մինչեւ 140.000ի հասցնելով զայն։ Հինգ տարի առաջ ամերիկահայ պատմաբան Ճորճ Պուռնութեանը այդ թիւը դարձուցած էր “one million”, երբ իր գիրքին նախորդ հրատարակութեան մէջ աւելի տրամաբանօրէն գրած էր 70.000։ Իսկ երբ յօդուածով մը ցոյց տուինք այդ եւ վերոյիշեալ բոլոր թիւերուն անհեթեթութիւնը, հրապարակային պատասխան տրուեցաւ, թէ “տպագրական սխալ” մըն էր։
Նորագոյն օրինակները թարմ են։ Զանոնք պէտք է վերագրել ընդհանուր անտեղեակութեան վիճակի մը, որ կը բխի պատմական փաստերը անտեսելու եւ, մանաւանդ, ճշմարտանման իրականութիւն մը ստեղծելու հակումէն։ Այս ալ, իր կարգին, դուռ կը բանայ խաբէութեան՝ յաչս այլոց, եւ ինքնախաբէութեան՝ յաչս մերայնոց։
Այսպէս է, որ Յունուար 24, 2007ին, “Նոյեան Տապան” գործակալութիւնը, քաղելով “Ռոյթըրզ”էն, կը տեղեկացնէր, որ Հրանդ Տինքի անարգ սպանութեան առիթով նախորդ օրը Պուէնոս Այրէսի մէջ հաւաք մը տեղի ունեցած էր թրքական դեսպանատան առջեւ։ Հայրենի լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէր.
““Ռոյթերս”ը նշում է, որ Արգենտինայի հայ համայնքը աշխարհում մեծութեամբ տասներորդն է, ունի 130 հազար անդամ”։
Կարելի չէ իմանալ, թէ “Ռոյթըրզ”ի աղբիւրը թղթակիցին պատասխանող ոեւէ ցուցարար, համայնքային կազմակերպութիւն կամ ղեկավար եղած է։ Թէեւ կարելի է ենթադրել, որ թիւը պարզապէս քաղուած է “Հայաստան-Սփիւռք” կայքէջէն (www.armeniadiaspora.com/ population), ուր քանի մը տարիէ ի վեր առօքփառօք բազմած եւ այս յօդուածը գրելու միջոցին անոր աւելցած է երկու համեմատաբար աւելի տրամաբանական (թէեւ առաջինի պարագային՝ նորէն չափազանցուած) թիւեր. Պուէնոս Այրէս՝ 65.000 հայ, Գորտոպա՝ 7.000։ Այդ կայքէջին պատասխանատուներուն պիտի ուզէինք հարց տալ. եթէ երկրի երկու հայաշատ քաղաքներուն մէջ (1.000 հայերէ աւելի) 72.000 հայերու գումար մը կը տրուի, ո՞ր ծառին տակ պահուըտած են մնացեալ 58.000 հայերը։
Ըստ էութեան, այդքան կարեւորութիւն չունի։ Թուաբանութիւնը հայոց մէջ ճշգրիտ գիտութիւն մը ըլլալէ դադրած է։ Մարդիկ թիւեր կը փչեն եւ օճառի պղպջակները ոլորմոլոր կը թափառին աներեւոյթին մէջ։
Երկրորդ օրինակը կու գայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի Ընկերվար Միջազգայնականի մօտ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանէն (արժանթինահայ), որ վերջերս Իրան այցելած եւ տեսակցութիւն ունեցած է “Ալիք” օրաթերթին հետ (հարցազրոյցը արտատպուած է Մոնթրէալի “Հորիզոն” շաբաթաթերթին կողմէ՝ Փետրուար 26ին)։ Դաշնակցական ղեկավարը հոն յայտարարած է, թէ Արժանթինի մէջ 120.000 հայեր կան։
Այս թիւերը գիտական ու վիճակագրական որեւէ հիմք չունին, զուտ երեւակայածին են, ինչպէս որ սովորաբար կը պատահի աշխարհացրիւ հայութեան ժողովրդագրական տուեալներուն հետ՝ Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Ռուսաստան եւ Սպանիայէն մինչեւ... Հայաստան։
1999ի վերջին կաթողիկոսական ընտրութեան ժամանակ, Արժանթինի եւ Չիլէի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը չորս պատգամաւորներով ներկայացած էր։ Նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր պատգամաւոր 25.000 հաւատացեալ կը ներկայացնէ, տրամաբանական է ենթադրել, որ թեմը ինքն իրեն հաշուած էր 100.000 հոգի։ Անշուշտ, եթէ վերյիշենք, որ Ֆրանսան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգները 24ական պատգամաւոր ղրկած էին, այսինքն, 600.000 ֆրանսահայերու եւ նոյնքան թիւով արեւելեան ամերիկահայերու անունով (չենք գիտեր, թէ Արեւելեան ԱՄՆ ընդգրկած էր, տեսականօրէն, Անթիլիասի թեմին պատկանող ծուխերը), կրնանք վստահ ըլլալ, որ երեք թիւերը, ինչպէս թերեւս քանի՜ ուրիշներ, իւրայատուկ “ուռեցում”ի ենթարկուած էին՝ վիճակագրական պատրանք մը որ որեւէ օգուտ չունի, բացի... մենք մեզ հերթական անգամ խաբելէ։ Չենք ալ գիտեր, թէ այդ թիւերը կ՚՚ընդգրկէին կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններուն հաւատացեալները։
Եթէ Արժանթինի թեմը 100.000 հոգի կը հաշուէ, ասիկա չի նշանակեր, որ այս թիւը ճիշդ է։ Ստիպուած ենք որպէս մեկնակէտ ընդունիլ յետադարձ հաշուարկ մը՝ աւելի առարկայական տուեալներու օգտագործումով.
ա) 1941-43ին տեղի ունեցած բաւական վաւերական հաշուարկներու հետեւողութեամբ, արժանթինահայութիւնը կը հաշուէր 21.000 հոգի։
բ) 1946-1965ի գաղթալիքին, Միջին Արեւելքէն, Ֆրանսայէն, Պալքաններէն, Պոլիսէն ժամանած էին 8.000-10.000 հոգի։
գ) 1990ական թուականներուն ծայր առած հայաստանեան արտագաղթին հետեւանքով, Արժանթին ժամանած են 5.000-6.000 հոգի։
Բնականաբար, բ) եւ գ) կէտերուն թիւերը մօտաւոր են, հիմնուած ըլլալով ո՛չ մէկ պաշտօնական կամ կիսապաշտօնական վիճակագրութեան վրայ։ Սակայն, երկու պարագաներուն տուած ենք ամենաբարձր վարկածային թիւերը՝ ըստ տրամադրելի աղբիւրներուն։
Կը նշանակէ, որ եթէ 1941-2006 թուականներուն ո՛չ մէկ ծնունդ, մահ կամ մեկնում տեղի ունեցած ըլլար, արժանթինահայութիւնը ներկայիս 37.000 հոգի պիտի հաշուէր։
Սակայն, երեք երեւոյթները բնութեան անյեղլի օրէնքներով տեղի ունեցած են, թէեւ թիւերը յայտնի չեն։ Ծնունդներու պարագային գիտենք, այսուհանդերձ, որ 1936ի քաղաքային մարդահամարին տուեալներով, Պուէնոս Այրէսի հայերուն (ուր աւանդաբար համախմբուած է համայնքին 90 առ հարիւրը) ծնելիութեան ցուցանիշը 3,0 էր, այսինքն, իւրաքանչիւր հայ ընտանիք միջին հաշուով երեք զաւակ կ՚ունենար։ 1970 թուականէն ետք, Պուէնոս Այրէսի ծնելիութեան ցուցանիշը դարձած է 1,2 (համայնքի պարագային՝ 1,5 մօտաւոր հաշուարկը կայ), որ այսպէս կոչուած “վերարտադրութեան կէտ”էն (2,1) ցած է, իսկ երկրին բնակչութեան աճը 1970-2000ին ինկած է 1,44 առ հարիւրէն մինչեւ 1,14 (վերարտադրութեան կէտը ծնունդներու այն թիւն է, որ անհրաժեշտ է՝ բնակչութեան թիւը կայուն պահելու համար)։
Կարելի է ենթադրել, հիմնուելով այս բոլորին վրայ, որ 1964ի գնահատումը՝ 4050.000 հոգի, զոր տուած է Հարաւային Ամերիկայի օրուան Հայրապետական Պատուիրակի փոխանորդ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Ծ. վրդ. Մուշեանը, իրականութենէն շատ հեռու չէր։ Եթէ այդպէս է, նկատի ունենալով, որ 1965-1990ին դէպի Արժանթին հայերու նշանակալից գաղթ մը չէ ունեցած՝ երկրին տնտեսական ու քաղաքական պայմաններուն բերումով, ոչ ալ մեծաթիւ արտագաղթ, իսկ երկրին բնակչութեան աճին համեմատութիւնը աստիճանաբար իջած է, ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ 1964-2006ին համայնքին թիւը գրեթէ ԵՐԵՔ անգամ բազմապատկուած ըլլայ։
Միայն ու միայն՝ արուեստական “ուռճացում”ով։ 1970ին Երեւան լոյս տեսած “Հայ ժողովրդի պատմութիւն” ակադեմական ութհատորեակի վերջին հատորին սփիւռքահայութեան նուիրուած գլուխը Հարաւային Ամերիկայի հայութեան թիւը 115.000 հոգի գնահատած էր (գիրքին տուեալները 1965-1967ի իրավիճակը կը ցոլացնեն)։ Եթէ Արժանթինը թուաքանակով ամենամեծ համայնքը եղած է միշտ, իսկ Պրազիլը եւ Ուրուկուայը այդ թուականներուն թերեւս 20.000 եւ 10.000 հայութիւն ունէին (մնացեալը՝ Չիլէ, Վենեզուելա, Մեքսիքօ եւ Գուպա այդ թուականներուն հաւաքաբար ո՛չ իսկ 3.000 կը ներկայացնէին), կը նշանակէ, որ հայրենի պատմաբանները արդէն զոհ գացած էին մէկ երրորդով չափազանցուած թուական տուեալներու։ Այս համեմատութիւնը աւելի ու աւելի մեծցած է յետագային, արդարացնելով ժողովրդային “բերնէ բերան՝ կ՚ըլլայ գերան” խօսքը։ 1992ին Հարաւային Ամերիկայի հայոց թիւը “հասած էր” 150.000ի, իսկ 1998ին՝ 360.000ի...։
1970 թուականներու երկրորդ կէսին արդէն հրապարակ նետուած էին արժանթինահայութեան 80.000ի եւ 100.000ի երկու հիմնազուրկ թիւերը, որոնք 30 տարի ետք, բնականաբար, դարձած են 120-130.000։
Արժանթինի մարդահամարները, դժբախտաբար, որեւէ կարելիութիւն չեն ընծայեր “հայ” տարրը գտնելու, բացի եթէ փաստաթուղթերուն մէջ գրուած ըլլայ, որ “հայ” հպատակութիւնը ունի, ինչ որ կը պատահի միայն Հայաստան ծնածներուն պարագային (ժամանակին՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կամ “նանսէնեան” անցագիր ունեցողները)։ Այս պարապը լեցնելու ձեւը հայկական մարդահամար մըն է, գաղափար մը, որ համայնքին պատասխանատու կազմակերպութիւններուն տեսադաշտէն բացակայ եղած է 50 տարիէ ի վեր։ Անոր տեղը լեցուած է... “փուչիկներով”, ինչպէս 120.000-130.000նոց համայնքին առասպելը։
Նման առասպել պէտք է առնուազն մտածէր տալ ենթակաները, որպէսզի չստիպուէին բացատրել, թէ ինչպէ՞ս
ա) Որեւէ հրապարակային հաւաքի կամ ցոյցի ժամանակ, 1.000 կամ 1.500 ներկայ ունենալը արդէն հրաշք կը համարուի,
բ) Հայկական դպրոցները 2.000 աշակերտ ունին, որոնց կէսը, մօտաւորապէս, հայկական ծագում չունի։
Իրենց խիղճը “հանգստացնելու” համար, աւելի տրամաբանական է ենթադրել, ըստ վերոբերեալ բոլոր վիճակագրական նշումներուն, որ համայնքին թիւը 60.000 է։ 1964ի 40-50.000ին դիմաց, վիճակագրական իմաստով այնքան բռնազբօսիկ թիւ մը չէ։
Առնուազն՝ ինքնախաբէութեան մակարդակը կ՚իջեցնէ...։
ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
(«Յառաջ», 2007)


----------------------
(1) Այս յօդուածին մէջ տրուած վիճակագրական տուեալներուն մեծ մասին մատենագիտական աղբիւրները զանց ըրած ենք, հասկնալի պատճառներով։ Հետաքրքրուող ընթերցողը կրնայ դիմել հետեւեալ աշխատութեան՝ Վարդան Մատթէոսեան, Հարաւային կողմն աշխարհի. Հայերը Լատին Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950, Անթիլիաս, 2005։

No comments:

Post a Comment