1.11.09

Հայերէն լեզուն անտէր ու անպաշտպան է այլեւս...

 ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Վերնագիրը կ՚ընդօրինակենք Լեւոն Շառոյեանի դիպուկ յօդուածէն (”Յառաջ”, Ապրիլ 28, 2009)։ Բայց հարցման նշանը հանած ենք։
Այո՛, հայերէն լեզուն պէտք է անտէր ու անտիրական նկատել այլեւս, երբ տիրութիւն ու պաշտպանութիւն ընելու կոչուած մարմիններն ու անհատները պարզապէս կը դաւաճանեն անոր։ Ու այստեղ վիճաբանութեան տեղիք չկայ։
Հայրենի մամուլին մէջ, բազմաթիւ են յօդուածներն ու ելոյթները, որոնք կ՚անդրադառնան գրաւոր թէ բանաւոր հայերէնի ամէնօրեայ խոշտանգումին։ Իրանագէտ Գառնիկ Ասատրեանի “Ազգային քարոզչութիւն” խորագրուած նորատիպ յօդուածին մէջ ամէն ինչ ըսուած է քանի մը տողով. “Հայոց լեզուն այսօր, յիրաւի, գտնւում է աղէտալի վիճակում։ Եւ շատ քիչ է հայերէնը Հայաստանում պետական լեզու լինելու մասին սահմանադրական յայտնի դրոյթը յիշեցնելով բաւարարուելը։ Փողոցային լեզուն, ժարգոնն ու անյարիր վարքի քարոզչութիւնը պէտք է օրէնքով վտարուեն մեր էկրաններից։ Ի վերջոյ, ինչի՞ համար են Լեզուի պետտեսչութիւնն ու Մշակոյթի նախարարութիւնը։ Գուցէ ժամանա՞կն է ստեղծելու այդ բոլորը վերահսկող լայն իրաւասութիւներով օժտուած պետական մի օրգան” (”Ազգ-Մշակոյթ”, Մայիս 9, 2009)։
Սփիւռքի մէջ, սակայն, այլեւս անօգուտ կը թուի հայերէնի վիճակի մասին նման ուղղութեամբ յօդուածներ գրելը։ Գրեթէ թերթ ու գիրք չէ մնացած, որուն ընթերցումը խաչելութիւն մը չըլլայ, իսկ բանաւոր մակարդակի պարագային նախընտրելի է լռել։
Բայց բուն հարցը այդ չէ, այլ՝ Լ. Շառոյեանի գրութենէն եզրայանգուող հաւաքական ձեռնթափութեան զգացողութիւնը, որուն շուրջ կ՚արժէ խորհրդածել։

* * *
Տասնամեակներէ ի վեր, հանրայայտ երեւոյթ է, Սփիւռքը մերժուած է։ Մինչեւ 15-20 տարի առաջ, կ՛ըսուէր, թէ Սփիւռքը մնայուն չէ, այսինքն՝ օր մը տեղի պիտի ունենայ վերադարձը, բոլորս պիտի հաւաքենք մեր պայուսակները եւ “մնաս բարով, Սփիւռք”։ Ուրեմն, մերժելով զայն, նաեւ կը մերժուէր ինչ որ կրնար անոր հարազատ արտադրութիւնը ըլլալ, որովհետեւ անընդունելի էր, որ անհող Սփիւռքը կրնար վաւերական մշակոյթ ստեղծել։ Ինչ որ հարազատ էր միայն հայրենի հողէն կրնար բխիլ։
Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր, օրինակ, նորահաստատ Սփիւռքի նախարարութենէն խնդրելու պէս կը պահանջուի, որ Սփիւռքի համար կրթական ծրագիր պատրաստէ, կարծէք թէ Հայաստանը մեզմէ աւելի լաւ գիտնար, թէ որո՞նք են անոր կարիքները կամ իւրայատկութիւնները։ Այսքանը չէր բաւեր. 2008 Նոյեմբերին, Պուէնոս Այրէս կայացած Հայ Կանանց Միջազգային Ընկերակցութեան 5րդ համագումարին, սփիւռքահայ զեկուցաբեր մը (դժբախտաբար անունը յիշուած չէր Ընկերակցութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ) առաջարկած էր, որ Հայաստանի մէջ պատրաստուի կրթական հասարակաց ծրագիր մը՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի համար, արեւելահայերէնի՛ հիմամբ (“Արմինիըն Ուիքլի”, 29 Նոյեմբեր 2008)։ Գոնէ մխիթարական է, որ այս անհեթեթ առաջարկը տեղի տուած էր լայն վիճարկումի։ Ինչպէս կ՛ըսեն նման պարագաներու, մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։
Սփիւռքի նախարարուհի տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանը, կառավարութեան ներկայացուած զեկոյցի մը մէջ, կը յայտարարէր, որ “դժուարութիւններ կան հանրակրթական (իմա՛՝ ամէնօրեայ. Վ.Մ.) դպրոցները պահելու իմաստով, ուստի անհրաժեշտ է զարկ տալ կիրակնօրեայ դպրոցներու զարգացման” (”Նոր Օր”, 21 Փետրուար 2009)։ Այսինքն՝ հայերէնի ուսուցումը պէտք է վերածել շաբաթօրեայ կամ կիրակնօրեայ մարզանքի։ Ու հոս նախարարութիւնը մեղք չունի, երբ մենք մեր ձեռքով դպրոց կը փակենք կամ նիւթական դժուարութիւններու թէ որակական անկումի կը մատնենք, արդիական օժանդակ նիւթեր չենք ստեղծեր կամ հրատարակեր, ատակ ուսուցիչներ չենք պատրաստեր կամ զանոնք ներգրաւելու տնտեսական միջոցներ չենք տրամադրեր։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ արդիւնքը, եթէ ոչ՝ հայակերտումի կարելիութեան ժխտումը։
Տիկ. Յակոբեանը վերջերս Թորոնթոյի մէջ յայտնած էր, որ եթէ Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն (որոնցմէ 33.000ի ցանկ մը ունի իր մօտ) “միայն 10 տոկոսը տարին միայն հինգ պատանի ուղարկէ իր մօտ, ես 15.000 պատանիներ հայրենի ընտանիքներու մօտ կը տեղաւորեմ, Էջմիածնի մէջ կ՚աղօթեն, Վեհափառին աջը կը համբուրեն, Ծիծեռնակաբերդ իրենց ծաղիկները կը զետեղեն, տեսարժան վայրերը կ՚այցելեն, Սեւանայ լիճին մէջ իրենց ձեռքերը կը լուան, կը հայացնեմ իրենց ու ձեզ կը վերադարձնեմ” (”Նոր Օր”, 21 Մարտ 2009)։ Այսինքն, մենք ի վիճակի չենք մեր պատանիները հայացնել Սփիւռքի մէջ ու այդ գործը միայն կարելի է ընել երկու կամ երեք շաբաթ զանոնք Հայաստան ուղարկելով։
Ամէն մարդ ի՛ր Հայաստանին գիւտը կ՚ընէ երբ հայրենիք այցելելու անփոխարինելի փորձառութիւնը կ՛ապրի։ Բայց թող մեզի ներուի հաստատել, որ “տուրիստական” տպաւորութեան ինքնախաբէութեամբ կարելի չէ լեցնել պարապը։ Հայաստանը կարելի է ըմբոշխնել ու իւրացնել, երբ “տեսնուած” է... տեսնուելէ առաջ։
Ու այստեղ կը վերադառնանք վերեւ ակնարկուած դաւաճանութեան։
Արդարեւ, եթէ Աղէտին վերապրող թրքախօս կամ արաբախօս սերունդներուն մէկ մասը կարելի եղաւ հայակերտ ու հայախօս դարձնել՝ Լիբանանէն մինչեւ Արժանթին, խրճիթանման դպրոցներու մէջ, ի՞նչ է պատճառը որ այսօր, պալատանման կառոյցներու մէջ, չենք յաջողիր նոյնը ընել մեր անգլիախօս կամ ֆրանսախօս (լեզուներու անունները թող ընթերցողը աւելցնէ) սերունդներուն պարագային, մանաւանդ այն գաղութներուն մէջ, ուր այդ գործը ընելու բոլոր նախատուեալները կան կամ կրնան ըլլալ։
Կը բաւէ՛ յանցանքը ուրիշներու վրայ նետելու ջայլամի քաղաքականութեան հետեւիլ։ Ընդունինք, որ մեր ձախողութեան հիմքը կը գտնուի արդիւնաւէտ գործ յառաջ տանելու մեր ապիկարութեան եւ, մանաւանդ, Սփիւռքը մերժելու, Սփիռքի գաղափա՛րը եւ անոր ենթադրած առանձնայատկութիւնները ժխտելու մեր ինքնասպան վարքագիծին մէջ, որ յիշեալ օրինակներէն դատելով, արդէն հասած է վիթխարածաւալ չափերու։
Ու թերեւս պէտք ունի կարճառօտ անդրադարձի մը։

* * *
Մենք այսօր կը գտնուինք յետսփիւռքեան սերունդի գոյութեան փաստին առջեւ, սերունդ՝ որ տակաւին անհրաժեշտ սահմանումի ենթարկուած չէ։ Ու յամառօրէն կը շարունակենք անտեսել անոր գոյութիւնը եւ, այլապէս, չհասկնալ զայն։
Ինչո՞ւ “յետսփիւռքեան” կ՜ըսենք։ Պէտք է ընդունիլ, որ 1988էն սկսեալ Սփիւռքը կը թուի իր աւարտին հասած ըլլալ այն կերպարանքով, որ ծնունդ առած էր յետպատերազմեան շրջանին։ Հայաստանի անկախութիւնը եւ համաշխարհային մշակութային ու քաղաքական արագընթաց երեւոյթները գլխիվայր կ՚ընեն Սփիւռքի այդ հասկացողութիւնը, որուն գոյութեան չանդրադառնալու պերճանքը տուած էինք մենք մեզի, բայց որ պէտք է նորէն մտածել, որպէսզի կարենանք իսկապէս մտնել յետսփիւռքեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Սփիւռք՝ Սփիւռքէն անդին։
Ինչո՞ւ չենք հասկնար այդ սերունդը։ Որովհետեւ կը մերժենք Սփիւռքի գոյութիւնը։ Այսինքն՝ ժամանակագրականօրէն կ՝ապրինք նախա-Սփիւռքի մէջ, այսինքն՝ 60-70 տարի առաջ։ Ու մեր մտածելակերպն ու գործելակերպը տակաւին կը շարունակեն մնալ անցած ու գացած ժամանակներու մէջ։
Ինչո՞ւ կը մերժենք Սփիւռքը այսօր։ Բոլոր կաշկանդումներուն վերացումով տեղի չունեցաւ բեմերէն շեփորուած վերադարձը (թուականօրէն բաղդատելի՞ են 1988-2008ին Հայաստան հաստատուող սփիւռքահայերը եւ 1948-68ին Իսրայէլ հաստատուող հրեաները)։ Ուրեմն, սկսանք Սփիւռքը մերժել՝ քանդելով անոր հիմքերը, եւ մեր ճիգերը կեդրոնացնել Հայաստանի վրայ, քանի որ Հայաստանը մնայունն է, Սփիւռքը՝ գնայուն։ Ինչպէս որ կէս դար առաջ ամերիկահայութիւնը նիւթապէս կը սատարէր միջին արեւելեան դպրոցներուն, որովհետեւ հոն “հայութիւնը կը պահպանուի”, այժմ նիւթապէս կը սատարենք Հայաստանին, որովհետեւ... հոն “հայութիւնը կը պահպանուի”։
Այդպէս է, որ դրամական պատճառներով կամ պատրուակներով թերթ կը փակուի կամ անկանոն կը դառնայ, դպրոց կը գոցուի կամ կը պարպուի, համայնքներու կազմակերպական կառոյցը կը խախտի կամ կը քանդուի, եւ այլն, եւ այլն։ Նոյն կարճատեսութեամբ կը շարունակենք չանդրադառնալ, որ եթէ Սփիւռքի կառոյցները հիմնայատակ քանդենք (ինչ որ կ՚ենթադրէ նաեւ մշակութային հիմքերէ զրկել զայն), վաղը սերունդ պիտի չմնայ, որ հայութեան ու, հետեւաբար, Հայաստանի գաղափարը իր մէջ կրէ, Հայաստանի զօրավիգ կանգնի, կամ, եթէ աւելին կ՚ուզէք՝ Հայաստան երթայ հաստատուիլ։
Այսինքն՝ վատահամբաւ ձուլումը իրականացուցած պիտի ըլլանք ո՛չ թէ արտաքին ուժերու ազդեցութեամբ, այլ՝ մե՛ր ձեռքով։
Այս բոլորը կ՚ըսենք, որպէսզի քիչ թէ շատ աւելի շօշափելի ըլլայ յետսփիւռքեան սերունդին առջեւ ցցուող վտանգը՝ մշակութային փոխանցումի արդէն խախուտ հիմքերուն յաւելեալ տկարացումը, մեր իսկ ձեռքով ու մեր իսկ մեղքով։ Բայց նաեւ որպէսզի փորձենք գտնել ճամբաները՝ ինքնութեան նախասիրութիւնը վերածելու սիրոյ, իսկ հայկականութեան մտավիճակը՝ հոգեվիճակի։
Այդ ճամբաները կ՚անցնին լեզուէն՝ մշակութային փոխանցումին ու ինքնութեան կերտումին կենսական գործօն մը։ Հայերէնը պէտք է նկատել մէկ ամբողջութիւն, առանց գերակայութեան սին արտայայտութիւններու՝ “պետական” կամ “ոչ-պետական” լեզուի մասին։ Արդի հայերէնի բոլոր ճիւղերը հաւասարազօր են, եթէ մենք պատրաստ ենք յարգելու անոնց տարբերութիւնները, ինչ որ կենսական է։ Անվիճելի է, որ հայերէնը կարելի է սորվիլ աշխարհի որեւէ տեղ, իսկ եթէ բթամիտ չենք՝ արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն հասկնալը ո՛չ մէկ էական դժուարութիւն կը յարուցանէ։
“Լեզուն ոգի է, որ կ՚ոգեւորէ” (Շահան Շահնուր)։ Այո՛, կ՚ոգեւորէ, բայց ո՛չ թէ “խոհանոցային հայերէն”ի կամ հայերէն/ոչ-հայերէն խառնապուրի տեսքով, այլ միայն երբ լուրջի կ՚առնուի անոր ուսուցումը, անոր իւրացումը որպէս մէկ մասը ամբողջական հայ մշակոյթին, զոր պարտինք իմանալ ու փոխանցել, ո՛չ թէ տուրք տալ “հայերէն կը խօսիմ, ուրեմն հայ եմ” ինքնանպատակ ու ինքնագոհ մտայնութեան մը, որ երբեմն կը հասնի հիւանդագին չափերու։ Այլապէս պիտի ստիպուինք մտածել, որ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ հազարաւոր թրքախօս հայերը իրականութեան մէջ թուրք էին։ Կամ՝ որ մեզմէ պակաս հայախօս յաջորդ սերունդը, հայ չէ։
Բայց եթէ թրքախօս հայերուն ժառանգորդները դարձան հայախօս, ու Արեւմտեան Սփիւռքի հայ սերունդներուն մէջ ծնան լրիւ հայախօս հայեր, կը նշանակէ, որ մշակոյթի փոխանցումը անկարելի չէ։ Եթէ կ՚ուզենք արդիւնքի հասնիլ, պարտաւոր ենք լրջօրէն աշխատիլ, որպէսզի օրինակներու թիւը դառնայ... անթիւ։ Եւ ո՛չ թէ մեր ինքնութեան պայմանաւորումը ակնկալել... իբրեւ հայրենիքի մակաբոյծներ։
Ու այսպէս՝ լեզուն անտէր ու անպաշտպան ձգելով։
«Յառաջ», Մայիս 2009

1 comment:

  1. Ահաւոր ախտաճանաչումին շատերս կարծեմ համաձայն ենք, եւ ապացոյցները անհերքելի են: Հիւանդութեան ծանրութեան գիտակից ըլլալով հանդերձ, կը թերանանք բուժում առաջարկելու մէջ: Յօդուածի երկրորդ մասը կը սպասեմ անհամբեր, եւ աւելի անհամբերութեամբ՝ գործի լծուիլ:

    ReplyDelete