17.7.22

Տէսինի Մեծ Եղեռնի յուշարձանին նախընթացները

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Տէսինի Մեծ Եղեռնի յուշարձանի կառուցման 50ամեակին առիթով, Եդուարդ Մարտիրոսեան պատմական շահեկան ակնարկ մը հրատարակած էր՝ ֆրանսերէն եւ հայերէն (“Nor Haratch – Hebdo”, 2 juin 2022. «Նոր Յառաջ», 4 Յունիս 2022)։ Բովանդակալից յօդուածը ֆրանսաբնակ ու ոչ-ֆրանսաբնակ հայուն կը յիշեցնէր, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կառուցուած է Եւրոպայի (ինչպէս պիտի տեսնենք՝ արեւմտեան Եւրոպայի) առաջին նմանօրինակ յուշարձանը, ինչպէս նաեւ մոռացութեան վիհէն կը հանէր այն անձնաւորութիւնները, որոնք դերակատար եղած էին անոր իրականացման։

Այս առիթով, հեղինակին եւ ընթերցողին ուշադրութիւնը կ՚ուզենք հրաւիրել յօդուածին մէջ սպրդած թիւրիմացութեան մը վրայ։

Արդարեւ, չենք գիտեր ի՞նչ աղբիւրի վրայ հիմնուելով, յօդուածագիրը հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող յուշարձաններու ժամանակագրութիւնը սկսած էր 1965-1968ին՝ հետեւեալ նախադասութեամբ. «Նախապէս զետեղուած էին միայն 1965ին Պիքֆայայի, 1967ին Ծիծեռնակաբերդի ու 1968ին Լոս Անճելըսի մէջ Մոնթեպելլոյի  յուշարձանները» (“Seuls les monuments de Bikfaya au Liban en 1965, de Dzidzernagapert à Erevan en 1967 et de Montebello à Los Angeles en 1968 avaient été erigés précedemment”)։

Վրիպում մըն է անշուշտ, քանի որ 1965-1970ին շինուած էին ուրիշ յուշարձաններ։ Նիւթին անցնելէ առաջ, ճշդենք, որ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածնի վանքի շրջափակին մէջ զետեղուած՝ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի յուշակոթողին բացումը 1965ին տեղի ունեցած չէ։ Այդ թուականին միայն որոշուած էր շինութիւնը։ Յուշարձանը պատրաստ էր ու բացումը տեղի պիտի ունենար 24 Ապրիլ 1969ին, բայց համալիբանանեան քաղաքական սուր տագնապի մը, պատճառով, յետաձգուած է ճիշդ մէկ տարիով՝ 24 Ապրիլ 1970ին։

Առանց ամբողջական ըլլալու յաւակնութեան, վերոյիշեալ երեքին պէտք է գումարել այդ հնգամեակին շինուած եօթը յուշարձաններ հետեւեալ վայրերուն մէջ. Էրեբունի թաղամաս (Երեւան, 1965), Ս. Էջմիածին (1965), Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցի (Աղեքսանդրիա, 1965), Ս. Նազարէթ եկեղեցի (Կալկաթա, 1965), Նիւ Ճըրզիի հայկական ծերանոց (Էմերսըն, Նիւ Ճըրզի, 1965), Սան Փաւլօ (1966), Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցի (Մարսէյլ, 1970)։

Ուրեմն՝ 1965-1970ին ո՛չ թէ երեք, այլ գոնէ տասը յուշարձան շինուած է։

Յօդուածը բոլորովին կ՚անտեսէ 1965էն առաջ շինուած յուշարձանները, որոնք թիւով աւելի քիչ են, բայց նոյնքան արժանի յիշուելու։ 1929ի Պէյրութի ազգային գերեզմանատան յուշարձանէն ետք (1), պէտք է անցնիլ Փլովտիւի հայկական դպրոցի շրջափակը (1930) ցարդ կանգուն առաջին երկու կոթողները գտնելու համար։ Վերջինը փաստօրէն առաջին յուշարձանն էր բովանդակ Եւրոպայի մէջ, Տէսինի յուշարձանէն աւելի քան քառասուն տարի առաջ, որ այսպէսով կը դառնայ արեւմտեան Եւրոպայի առաջին յուշարձանը։ Եթէ Եւրոպական Միութեան տարածքը նկատի ունենանք, եւրոպական երկրորդ յուշարձանը կանգնած է Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ (1932), որ անգործածական դարձած է Կիպրոսի մայրաքաղաքի թրքական շրջանին մէջ իյնալէ ետք (1963)։  

Այնուհետեւ, պէտք է վերադառնալ Միջին Արեւելք, ուր 1938ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կանգնած է Ս. Ստեփանոսի նահատակաց մատուռը, ուր զետեղուած է Տէր Զօրէն հաւաքուած ոսկերոտիքը։ Տարի մը ետք՝ 1939ին, յուշարձան մը բարձրացած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ։ (Նկատի չունինք Տէր Զօրի մէջ 1930ական թուականներուն կանգնած յուշարձանը, որ չէ յարատեւած)։

1940-1950ական թուականներուն շինուած որեւէ յուշարձան մեզի ծանթ չէ։ 1961ին, բացումը կատարուած է ամերիկեան ցամաքամասի առաջին յուշարձանին՝ Պուէնոս Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ։

Ըստ վերոբերեալ տեղեկութիւններուն, 1965էն առաջ շինուած ու մինչեւ օրս յարատեւած յուշարձաններու գումարը վեց է։

Եզրակացութիւն՝ 1929-1970ին Մեծ Եղեռնի առնուազն տասնվեց  յուշարձան բացուած է չորս ցամաքամասերու մէջ։ Այս թիւը աննշան է, եթէ համեմատենք վերջին յիսնամեակին աշխարհի չորս ծագերուն կառուցուած ու վստահաբար դեռ կառուցուելիք բազմահարիւր յուշարձաններուն հետ։ Հայերէնով անոնց սպառիչ ցուցակագրումը ապագայի գործ կը մնայ (2)։  

Մինչ այդ, այս ուրուագիծը թերեւս կրնայ ծառայել իբրեւ յիշեցում եւ լրացում։

----------------

(1) Պատմաբան Արա Սանճեանի վերջերս կատարած Դիմագիրքի գրառումին կը պարտինք տեղեկութիւններ այս յուշարձանին մասին, զոր պէտք է առաջինը սեպել Սփիւռքի մէջ։

(2) Յուշարձաններու ամենէն ամբողջական ու պատկերազարդ ցանկը (անգլերէն) կարելի է գտնել Ուաշինկթընի Հայ Ազգային Հիմնարկի (Armenian National Institute, ANI) կայքէջին մէջ (www.armenian-genocide.org)։ Դժբախտաբար, կը պակսին շատ մը յուշարձաններու արձանագրութիւնները։ Ընթերցողը կը յղենք նաեւ մեր աշխատութեան Բ. յաւելուածին, ուր համատեղած ենք 114 յուշարձաններու (1965-2018) արձանագրութիւններ, որոնք կը պարունակեն «ցեղասպանութիւն», «եղեռն» բառերը եւ իրենց թարգմանութիւնները։ Հայերէն արձանագրութիւնները ներկայացուած են միայն անգլերէն թարգմանութեամբ (Vartan Matiossian, The Politics of Naming the Armenian Genocide։ Language, History, and ‘Medz Yeghern’, London, I. B. Tauris, 2021, էջ 147-160)։  

«Նոր Յառաջ», 16 Յուլիս 2022

 

No comments:

Post a Comment