ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբերին, փրոֆեսոր Արտեմ Փաթափութեան (ծնած՝ Լիբանան, 1967ին, գաղթած՝ Միացեալ Նահանգներ, 1986ին), որ զաւակն է գրագէտ Սարգիս Վահագնի (Փաթափութեան) եւ շրջանաւարտ՝ ՀԲԸՄի Պէյրութի «Տէմիրճեան» եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան» երբեմնի դպրոցներէն, որոնք այսօր փակուած են, Նոպէլեան բժշկութեան մրցանակին տիրացած է, զայն կիսելով ուրիշ ամերիկացի գիտնականի մը՝ Տէյվիտ Ճուլիըսի հետ։
Ուրեմն՝ ի գիտութիւն հայկական դպրոցին չհաւատացողներուն եւ երեսուն արծաթով ծախողներուն, հայկական դպրոցը ի զօրու է իր աշակերտութեան պատշաճ դաստիարակութիւն ջամբելու, որ զայն մղէ ո՛չ միայն հայութեան ծառայելու, այլեւ մարդկութեան մտաւոր ուժի ամենաբարձր ոլորտներուն հասնելու, եթէ Նոպէլեան մրցանակը հաշուենք որպէս այդպիսի չափանիշ մը։
Այս երեւոյթին լուրջ քննարկում մը պիտի ըլլա՞յ արդեօք։ Չենք գիտեր։ Սպասենք եւ յուսանք։
Միւս կողմէ, Դիմագիրքի որոշ օգտատէրեր (Դիմագիրքը, դժբախտաբար, տարիներու ընթացքին մարդկային դատարկաբանութեան լաւագոյն եւ յոռեգոյն նմոյշներուն ցուցահանդէսը դարձած է) սկսած են մերթ ընդ մերթ կրկնել մե՜ծ գիւտ մը, ըստ որուն, 2007ին ամերիկահայ Dork Sahagian, որ Փենսիլվանիոյ Լըհայ (Lehigh, ընթերցողը յանկարծ չկարծէ, որ հայկական համալսարան մըն է՝ ֆրանսական անունով...) համալսարանի միջավայրային գիտութեան (environmental science) դասախօս է, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը ստացած է։ Որպէս թէ առաջին անգամը չէ, որ հայ մը մրցանակը շահեր է...։
Իսկ ինչպէ՞ս է, որ վերջին տասնհինգ տարիներուն այդ մե՜ծ գիւտը աշխարհի չորս կողմերուն չէ շեփորուած ամէնուրեք... եւ յանկարծ մէջտեղ կը նետուի։
Վերոյիշեալ կատարեալ թիւրացութիւնը կը պահանջէ 10 վայրկեանի աշխատանք մը՝ առասպելի մը ծագումը իր սաղմին մէջ խեղդելու նպատակով։
Նախքան այդ, արեւելահայ Ուիքիփետիայի եւ բոլոր տգէտ արեւելահայ գրողներու ի գիտութիւն, ամերիկահայ հետազօտողին անունը Մովսէս Խորենացիի յիշած առասպելական հերոսներէն Տորք Անգեղի անունէն կու գայ։ Ուրեմն՝ Տորք Սահակեան եւ ո՛չ թէ «Դորկ Սահակյան»։ Ի դէպ, եթէ այդքան փութաջանօրէն Dorkը կը տառադարձէք «Դորկ», ինչո՞ւ Sahagianը «Սահագյան» չէք տառադարձեր։ Դարձեալ պէտք է շնորհակալ ըլլալ, որ հայերէնի այդքան գիտութիւն կը ցուցաբերէք...։
Անցնինք մեր բուն գործին։
Ապացոյց թիւ 1
1) "He served as an author and reviewer for the various Assessment Reports of the Nobel Prize winning Intergovernmental Panel on Climate Change (IPCC)" (https://dsahagian.cas.lehigh.edu/)
(«Ան ծառայած է իբրեւ հեղինակ եւ գրախօս՝ Նոպէլեան մրցանակ շահող Կլիմայական
Փոփոխութեան մասին Միջկառավարական Մարմնի զանազան գնահատման տեղեկագիրներուն»)։
Այս նախադասութեան մէջ, որ գրուած է իր համալսարանի կայքէջին մէջ զետեղուած կենսագրական ակնարկին մէջ, նոյնինքն Տորք Սահակեան Նոպէլեան մրցանակ շահած ըլլալու պնդում չ՚ըներ։
Ապացոյց թիւ 2
"The Intergovernmental Panel on Climate Change (IPCC) is the United
Nations body for assessing the science related to climate change. Created by the United Nations Environment Programme (UN Environment) and
the World Meteorological Organization (WMO) in 1988, the IPCC has 195
Member countries" (https://www.ipcc.ch/)։
(«Կլիմայական Փոփոխութեան մասին Միջկառավարական Մարմինը (IPCC) Միացեալ Ազգերու մարմինն է, որ կ՚արժեւորէ կլիմայական փոփոխութեան վերաբերեալ գիտութիւնը։ 1988ին ստեղծուած Համաշխարհային Օդերեւութաբանական Կազմակերպութեան (WMO) եւ Միացեալ Ազգերու Միջավայրի Ծրագրի (UNEP) կողմէ, IPCC-ն 195 անդամ երկիրներ ունի»)։
Այս կազմակերպութիւնը միջազգային, միջկառավարական մարմին մըն է, որ տեղեկագիրներ կը պատուիրէ մասնագէտներէ եւ կ՚արժեւորէ։ Վերոյիշեալ կազմակերպութեան նախաձեռնութիւնն են այն տեղեկագիրները, որոնք հիմքը ծառայած են այդ մրցանակի տուչութեան։ Ի դէպ, այդ տեղեկագիրները ամփոփող տեղեկագիրը կը գրէ, թէ "the AR4 is a remarkable achievement involving more than 500 Lead Authors and 2000 Expert Reviewers" («AR4-ը նշանակալից իրագործում մըն է, որ ներգրաւած է աւելի քան 500 գլխաւոր հեղինակներ եւ 2000 փորձագէտ գրախօսներ»)։
Եթէ կը կարծէք, որ 2007ի այդ մրցանակը Տորք Սահակեանը ստացած է, ուրեմն ի՞նչ ըսենք աւելի քան միւս 500 հեղինակներուն մասին։ Ինչպէս ժողովրդական խօսքը կ՚ըսէ, միթէ «սոխի գլո՞ւխ» են...։
Ապացոյց թիւ 3
Նոպէլեան մրցանակի պաշտօնական կայքէջին մէջ գտնուող այս յայտարարութեան մէջ, սեւով ճերմակի վրայ գրուած ոեւէ մարդու անուն չենք տեսներ, բացառելով ամերիկացի նախկին փոխնախագահը։
Յարգելի Պր Վարդան Մատթէոսեան,
ReplyDeleteՀոյակապ գրութիւն, շատ լաւ տեղեկութիւններով։
Սիրով
Գրիգոր Հալլլաճեան