31.7.19

Կոստան Զարեանի արխիւը նուիրուած է Մատենադարանին

«Հայկականք».- Ջերմօրէն կ՚ողջունենք այս կարեւոր քայլը, մաղթելով որ Մատենադարանի մասնագէտ աշխատակիցները շուտով այս նիւթերը հետազօտողներու տրամադրութեան տակ դնեն։
Կոստան Զարեանի ժառանգորդները Յուլիս 24-ին Մաշտոցեան Մատենադարանին նուիրած են հայ մեծ գրողի, բանաստեղծի, վիպասանի եւ արուեստաբանի ձեռագրերուն արխիւը, ինչպէս նաեւ իրենց հօր՝ ճարտարապետ Արմէն Զարեանի ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան, արուեստի մասին տարբեր լեզուներով գրուած, անտիպ ու հրատարակուած ձեռագիր, մեքենագիր նիւթերը:
Նուիրատուութեան նպատակը եղած է պահպանել, համակարգել, արխիւացնել, ուսումնասիրել, հրատարակել, հանրայնացնել ու թուայնացնել Կոստան Զարեանի գրական, արուեստագիտական, նամակագրական, նօթագրական, կենսագրական ամբողջ ձեռագիր, մեքենագիր անտիպ եւ հրատարակուած մեծարժէք նիւթերը։
Մատենադարանի Դիմագիրքի էջը կը հաղորդէ, որ այսքանով արխիւը դեռ չէ ամբողջացած: Յառաջիկայ ամիսներուն Կոստան Զարեանի այլ երկիրներու մէջ գտնուող արխիւները եւս պիտի բերուին Հայաստան, որոնց պահպանումը նոյնպէս պիտի վստահուի Մաշտոցեան Մատենադարանին: 
«Նոր Յառաջ», 1 Օգոստոս 2019



No comments:

Post a Comment