Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա
գաւառը գտնուող հայկական պատմական Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար կը ճեղքուի եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփը կը թափի։ Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզը կը նշէ, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ
անհետացած որմնագրերով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան»,- կ՚ըսէ ան:
Գիւրբիւզը, պնդելով, որ եկեղեցին
կառուցուած է 18-րդ դարուն, կը նշէ, թէ ան պատմական ու
ճարտարապետական տեսանկիւնէն կարեւոր մշակութային ժառանգութիւն է: «Որոշ
ժամանակ որպէս շտեմարան օգտագործուած, այնուհետեւ ժողովուրդի համար որպէս սինեմա
ծառայած եկեղեցին այժմ փլուզման եզրին է: Այս պահուն կը պահպանուին որմնանկարները: Աղաւնիի բոյնի վերածուած եկեղեցին անուշադրութեան եւ
անտարբերութեան հետեւանքով աւերման վտանգի տակ է: Կ՚ակնկալենք նահանգի
Մշակութային եւ Զբօսաշրջութեան Վարչութեան պաշտօնեաներու արձագանգը:
Թոմարզա գտնուող եկեղեցին տեղական եւ արտերկրեայ պատմութիւն սիրողներու համար տեսարժան վայր է: Յուսով եմ` եկեղեցին չ՚անհետանար եւ կը նորոգուի»:
«Ալիք», 10 Յուլիս 2019
No comments:
Post a Comment