7.12.18

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնախումբի հանդիպումը Անթիլիասի մէջ

29 Նոյեմբեր 2018-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովի արտասահմանի անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի Կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ կարենան յանձնաժողովին հաղորդել իրենց տեսակէտները։
Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով հանրութեան տրամադրելու կարելիութիւնները: 
Ժողովի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքին մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկն է:

No comments:

Post a Comment