18.12.18

Որոնում եւ թուայնացում

Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Արմէնփրէս» գործակալութեան տեղեկացուց, որ իր ղեկավարած կառոյցի աշխատակիցները Իսթանպուլի մէջ հայկական գիրքեր կը փնտռեն ու կը թուայնացնեն։ Տիգրան Զարգարեան վերջին օրերուն ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ Ազգային Գրադարանի աշխատակիցներուն կողմէ Իսթանպուլի մէջ տարուած աշխատանքներուն շուրջ։ Ըստ իրեն, անոնք ներկայիս Իսթանպուլի քաղաքապետութեան «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս, Թաքսիմ, հայկական գիրքեր կը փնտռեն, կը գտնեն եւ անոնց թուայնացումները կը կատարեն։ Ըստ Զարգարեանի, այս նիւթին մէջ «Հրանդ Տինք» հիմնարկը մեծ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Ազգային Գրադարանին։
«Եթէ եւրոպական գրադարանային հաւաքածոները հասանելի եղած են մեզի, ապա Թուրքիոյ հաւաքածոները պատմականօրէն փակ եղած են։ Հիմա մենք շատ լաւ համագործակցութեան սկսած ենք Իսթանպուլի քաղաքային գրադարանին հետ», նշած է Զարգարեան եւ աւելցուցած է, որ ներկայ պահուն Հայաստանի Ազգային Գրադարանի երկու աշխատակիցներ կը գտնուին այնտեղ։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի աշխատակիցները շուրջ մէկուկէս տարի առաջ այցելած են «Աթաթիւրք» գրադարանը եւ գտած՝ հարիւր անուն հայերէն գիրքեր, որոնք մինչ այդ անծանօթ մնացած են Ազգային Գրադարանին։ Այդ գիրքերը Հայաստան տանելու իրաւունք եւ հնարաւորութիւն գոյութիւն չունի, սակայն այդ բոլորը նկարուած եւ թուայնացուած են։ Անոնք 1800-ական թուականներու գիրքեր են։ Մատենագէտներու համար խիստ կարեւոր է, որ ամբողջովին նոր անուններ յայտնուին։ Այդ գիրքերու մեծամասնութիւնը պոլսահայ գրողներու կողմէ հեղինակուած են։ Կան նաեւ հայատառ թրքերէն գիրքեր, նաեւ քաղաքական բնոյթով հրատարակութիւններ։ Ազգային Գրադարանը նպատակ ունի նաեւ գտնել աշխարհի վրայ հայոց կողմէ տպագրուած բոլոր Աստուածաշունչերը, գնել ու բերել Հայաստան։ Իսկ այն պարագային, երբ գնելու հնարաւորութիւն չըլլար, Ազգային գրադարանը կը ձգտի գոնէ թուայնացնել ու թուային պատճէնները ունենալ։ Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս ալ Ազգային Գրադարանի աշխատակիցները գտած են այդպիսի Աստուածաշունչ մը եւ թուայնացուցած։
Տնօրէն Տիգրան Զարգարեան յոյս յայտնեց, որ գրադարանի աշխատակիցները հիմա ալ նոր գիրքեր կը գտնեն։ «Երկու շաբաթով մեկնած են, ժամանակը կարճ է, որքան որ կարելի ըլլայ կ՚աշխատին։ Անոնց հետ կապի մէջ ենք, արդէն իսկ գտած են արժէքաւոր գիրքեր», ըսաւ Զարգարեան եւ աւելցուց, որ թուայնացուած տարբերակները հասանելի են Հայաստանի Ազգային Գրադարանի զանազան շտեմարաններուն մէջ։ Թէեւ ներկայիս շատեր գիրքերը կը կարդան ելեկտրոնային տարբերակով, սակայն գրադարանի այցելուներու թիւը նուազ չէ։ Զարգարեանի բանաձեւումով՝ գրադարանները ընդհանրապէս միայն ընթերցանութեան վայրեր չեն, այլ հանգիստ ընթերցելու վայրեր։
Անդրադառնալով իրաւական նիւթերու՝ Տիգրան Զարգարեան նշեց, որ հեղինակային իրաւունքը թոյլ կու տայ գիրք մը թուայնացնել գրողի մահէն 70 տարի վերջ։ Ազգային Գրադարանը այժմ թուայնացուցած է 1512-1950-ականներու գիրքերը։ Երբ հասնին վերոյիշեալ սահմանին, արդէն թոյլտուութիւն պէտք է ստանան հեղինակներու ժառանգներէն։
Ըստ Տիգրան Զարգարեանի, մեծ է յատկապէս հայերէնով լոյս տեսած գեղարուեստական գրականութեան պահանջը, որուն կը յաջորդէ հասարակագիտական պլոքը։ Ընթերցողները այդքան ալ չեն հետաքրքրուիր ճշգրիտ գիտութիւններով։
Հայաստանի Ազգային Գրադարանը առցանց աճուրդներու միջոցաւ եւս բաւական հետաքրքրական գիրքեր կ՚ապահովէ։ «Այդ եղանակով ձեռք բերած ենք Աստուածաշունչ, հայատառ թրքերէն գիրքեր։ Կ՚ունենանք նաեւ բազմաթիւ նուիրատուներ։ Վերջերս Պէյրութէն ստացանք երեք-չորս գիրք, անձնական գրադարանէ մը։ Նոր Ջուղայի հայերն ալ շատ գիրքեր կը բերեն մեզի», պատմեց տնօրէնը։
Ազգային Գրադարանի հաւաքածոյին մէջ մօտաւորապէս 6.5 միլիոն գիրք կը գտնուի։ Ամէն օր գրադարան կ՚այցելէ աւելի քան 500 ընթերցող։

«Ժամանակ», 17 Դեկտեմբեր 2018

No comments:

Post a Comment