Անցեալ Սեպտեմբեր 29ին, Միացեալ Նահանգներու հայագիտական ամպիոններու վարիչներուն ու տնօրէններուն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան (SAS), Հայկական Ուսումնասիրութեանց եւ Հետազօտութեան Ազգային Ընկերակցութեան (NAASR) եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան« հիմնարկութեան ներկայացուցիչներ «Ներկայ մարտահրաւէրներ ու ապագայ հեռանկարներ» նիւթին շուրջ աշխատանիստի (workshop) մը մասնակցեցան Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի ճիւղին մէջ (UCI)։ Հանդիպումը, որ իր տեսակի առաջինն էր ԱՄՆի արեւմտեան ափին մէջ, կազմակերպուած էր Գալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի ճիւղի հայագիտական ծրագրի, նոյն համալսարանի Մեղրունի ընտանիքի անուան հայագիտական ամպիոնի (վարիչ՝ փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան), Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի ճիւղի Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի (վարիչ՝ փրոֆ. Սեպուհ Ասլանեան) ու Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան (նախագահ՝ փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան) կողմէ։
Այս աշխատանիստի նպատակն էր հայագիտութեան դիմագրաւած ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրներու լուրջ քննարկումին սկիզբ դնել։ Մասնակիցները նաեւ կեդրոնացան ապագայի հեռանկարներու վրայ։ Այս հանդիպումը յաւելեալ կարեւորութիւն կը ստանար, հաշուի առնելով, որ վերջինը տեղի ունեցած էր տասը տարի առաջ՝ 2008ին, Միշիկընի համալսարանին մէջ։
Բացման իր խօսքին մէջ, փրոֆ. Պէրպէրեան ընդգծեց կանոնաւոր հանդիպումներու, ինչպէս եւ ամպիոններու եւ տնօրէններու միջեւ հաղորդակցութիւն պահելու կարեւորութիւնը։ Այնուհետեւ, մասնակիցները ներկայ իրավիճակին վերաբերեալ համառօտ զեկոյցներ ներկայացուցին։ Քննարկումները կեդրոնացան հետեւեալ նիւթերուն վրայ.
1) Շրջանաւարտ ուսանողներու ուսուցումի անցեալը, ներկան ու ապագան, յատկապէս շեշտը դնելով ֆինանսաւորումի տրամադրելի աղբիւրներու, միջճիւղային հետազօտութեան եւ ուսուցումի, ինչպէս եւ լեզուի ուսուցումի կարեւորութեան վրայ.
2) Այլ կալուածներու ծիրին մէջ հայագիտութեան ստացած նպաստը, յատկապէս այն ձեւերը, որոնք հայագիտութիւնը կրնայ նպաստաւորել այլ ճիւղերու հետ փոխյարաբերութեամբ՝ թէ՛ հայագիտութեան եւ թէ՛ ուրիշ կալուածներու մէջ.
3) Շրջանաւարտ ուսանողներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները աշխատանքային շուկային մէջ եւ յատկապէս այն ձեւերը, որոնք անոնց կրնան օգնել ձեռք բերելու թէ՛ ակադեմական եւ թէ՛ ոչ-ակադեմական շուկաներու մէջ՝ հայագիտութենէն անդին.
4) Ամպիոններու եւ տնօրէններու միջեւ, ինչպէս եւ SAS-ի հետ համագործակցութեան, աշխատակցութեան եւ փոխյարաբերութեան կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ SAS-ի մէջ աճող մասնակցութիւնը եւ ելեկտրոնային նամակագրութեան ֆորումի մը ստեղծումը, ուր ամպիոններն ու տնօրէնները պիտի կարենան հայագիտական ամպիոններու ապագան քննարկել, գաղափարներ ու նիւթեր փոխանակել եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, հաւաքական գործողութեան դիմել.
5) Թէ՛ ֆինանսական եւ թէ՛ գրադարանային/արխիւային պաշարներ.
6) Դրամահաւաքի հնարաւորութիւններ եւ մարտահրաւէրներ.
7) Ամպիոններու ապագան, ի մասնաւորի Հարվարտի եւ Գոլումպիայի համալսարաններու պարագային։
Յայտնենք, թէ բազմաթիւ հայագէտներ երկար ճանապարհ կտրեցին՝ այս հաւաքոյթին ներկայ գտնուելու համար, իսկ բացակաները խանդավառութեամբ ողջունեցին այս նախաձեռնութիւնը։ Ասիկա կը յուշէ գործակցութեան եւ խօսակցութեան կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման ի խնդիր։ Ներկաները համաձայն եղան, որ անհրաժեշտ է շարունակել խօսակցութիւնը, խորհրդակցութիւնը եւ գործակցութիւնը՝ հայագիտութեան, ներկայ եւ ապագայ ուսանողներու, եւ հայագիտական ծրագիրներու ի նպաստ։
Յառաջիկայ հանդիպումները նախատեսուած են Պոստոնի մէջ՝ NAASR-ի կազմակերպութեամբ (2020) եւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ՝ Հայկական Ուսմանց Հիմնարկի կազմակերպութեամբ (2022)։ Արդիւնաւէտ այս աշխատանիստին հետեւեցաւ հրապարակային ընդունելութիւն մը, ուր UCI-ի School of Humanities-ի տեսուչ դոկտ. Թայրըս Միլլըրի եւ փրոֆեսորներ Պէրպէրեանի եւ Տէր Մաթոսեանի ողջոյնի խօսքերէն ետք, համայնքի անդամներ, ուսուցչական կազմը, շրջանաւարտ աշակերտներ եւ աշխատանիստի մասնակիցները առիթը ունեցան հանդիպելու եւ զրուցելու։
No comments:
Post a Comment