ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
«... [Կ]այ այսօր մի երկիր, որ կոչւում է Հայաստան, եւ այդ հին երկրում ապրել են երէկ եւ ապրում են այսօր շատ սովորական մարդիկ՝ սովորական մարդու սովորական յատկութիւններով»։
Եղիշէ Չարենց («Երկիր Նայիրի»)
Եղիշէ Չարենց («Երկիր Նայիրի»)
Սպաներէն թեւաւոր խօսքը կ՚ըսէ. “Hecha la
ley, hecha la trampa”։ Լատինական հաւանական ծագումով (Inventa lege, inventa fraude) ասոյթը, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնն է
«Օրէնքը ստեղծուած է, խարդախութիւնն ալ հետը», աւելի վերապահ ու մինչեւ իսկ յոռետեսական
բանաձեւում մը ունի Հայաստանի մէջ, որուն գոյութիւնը խորհրդային ժամանակներէ կու գայ.
«Օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։
Օրինականութեան հանդէպ յոռետեսութիւնը, որ առանձնայատուկ է ո՛չ մէկ ժողովուրդի ու ո՛չ մէկ ցամաքամասի, կը բխի ո՛չ անպայման յանցագործ կամ օրինախախտ բնաւորութենէ, այլեւ այն բնազդային գիտակցութենէն, որ կառավարական մարմինները իրե՛նք են առաջին օրէնք խախտողները, տեսականօրէն թէ փաստականօրէն։ Իսկ եթէ անոնց (ու անոնց ածանցեալ ու հովանաւորեալ շրջանակներուն) խախտումները անպատիժ կը մնան, ու դեռ այդ խախտումները յոխորտանքի առարկայ կը դառնան, ի՞նչ ընէ սովորական օրինապահ քաղաքացին, եթէ ոչ զարգացնել քաղաքացիական չկամութեան այն տեսակը, որ օրէնքի գերակայութիւնը կը նկատէ անօգուտ, իսկ անոր խտրական պարտադրումը՝ անարդար։
Այս բոլորը նոր բաներ չեն։ Բայց օրէնքը նաեւ
ստեղծուած է իր տիրակալութիւնը հաստատելու համար։ Այսօր իսկ, ամերիկեան քաղաքական մթնոլորտի
վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին հետզհետէ ընդարձակուող ճահիճը, որ «ճահիճը չորցնելու»
պնդումով իշխանութեան նուաճած, բայց տգիտութեան, կեղծաւորութեան ու ինքնահաւանութեան
մէջ լողացող նախագահ Տոնըլտ Թրամփի տրամաբանութեան երկարաձգումն է, տակաւին չէ յաջողած
օրէնքի գերակայութիւնը շրջանցել կամ անդրանցնիլ՝ անկախօրէն գործող արդարադատութեան
ու անոր ներկայացուցիչներուն դէմ ոտնձգութեան փորձերուն հակառակ։ Մամուլի փաստացի հիմնաւորումները
կը շարունակեն օրինախախտումները բացայայտել, պետական պաշտօնատարները ու ոչ-պետական
գործակիցները դեռ կը մեղադրուին, հրաժարական կու տան կամ կը դատուին իրենց խախտումներուն
համար, դատարանները դեռեւս խոչընդոտ կը հանդիսանան գործադիր իշխանութեան նկրտումներուն,
Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ նշանակուած յատուկ իրաւաբանը կը շարունակէ
2016-ի ընտրութիւններուն ռուսական միջամտութեան փաստերը հաւաքել ու քննարկել, եւ այլն։
Ամերիկայի մէջ, յաճախակի կրկնուած ու փաստուած խօսք է, բոլոր վերապահութիւններով հանդերձ,
որ «ոչ
ոք օրէնքէն գերադաս է», մինչեւ իսկ... նախագահները։
Պարզորոշ է, ուրեմն, թէ Հայաստանի ժողովրդային
ընդվզումը, որ իրաւամբ թաւշեայ ձեռնոցներով կատարուած յեղափոխութիւն մըն է, օրէնքի
վրայ բարձրաձայն խնդալու գործողութեան այլեւս բաժակը յորդեցնող վարուելակերպին հետեւանքն
է։
Մէկ խօսքով՝ երկրորդ անգամ սահմանադրութիւն
փոխելը, խորհրդարանական վարչաձեւի աւելի յարմար ըլլալու տեսակէտներուն երեւութական
իւրացումով, ըստ էութեան Հայաստանի մէջ օրինականութեան ու ժողովրդավարութեան խորացումին
միտող անկեղծ քայլ մը չէր։ Ճովաննի Թոմազօ տի Լամփետուսայի «Ընձառիւծը» (Il Gattopardo)
վէպին հերոսի հռչակաւոր բանաձեւումով, “Se vogliamo che tutto rimanga com'è bisogna che tutto cambi” («Եթէ
կ՚ուզենք, որ ամէն ինչ մնայ եղածին պէս, ամէն ինչ պէտք է փոխուի»)։ Անոր առաջնահերթ նպատակը, զոր միայն կամաւոր կոյրերը եւ կամակատարները
անընդունակ էին տեսնելու, 20 տարիներէ ի վեր կառավարող վարչախումբին վերածումն էր իրաւակարգի
(թերեւս ներշնչուելով Մեքսիքոյի Հաստատութենական Յեղափոխական կուսակցութենէն [Partido
Revolucionario Institutional], որ 1929-2000-ին անընդմէջ միահեծան կառավարած է՝ ձեւական
ընտրութիւններով հանդերձ) եւ 10 տարիներէ ի վեր կառավարութեան գլուխը գտնուող տիրակալին
նոր պաշտօնավարութեան ապահովումը։
Խորհրդարանական համակարգի բարիքներուն քառորդդարեայ մունետիկները պարտաւոր էին ժողովրդավարութեան անունով բեմադրուած այս զաւեշտին մեղսակից չդառնալ (թէեւ այլընտրանք չունէին՝ խայտառակ հակասութեան մէջ չիյնալու համար), կամ իրենց քաղաքական շահերը մէկդի դնել ու քաղաքացիական քաջութիւնը ունենալ բարձրաձայն յայտարարելու, թէ թագաւորը մերկ էր։ Ընտրախախտումներով 2015-ին կայացած սահմանադրական հանրաքուէին ու ընտրակաշառքով 2017-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն փորձը բաւարար էր ըմբռնելու, որ Ազգային Ժողովը կլոր կնիքի վերածուելու անփառունակ ճանապարհը բռնած էր եւ որ 2014-ին նախագահներու յաւերժացումին դէմ ու վարչապետ չըլլալու խոստումով արտայայտուողը 2018-ին դռնէն պիտի ելլէր՝ շաբաթ մը ետք պատուհանէն մտնելու համար։ Կառավարող վարչակարգը, ինքնավերարտադրուող kakistocracy մը դառնալով(1), կը փորձէր ընկերութիւնը քաղաքական ամլացումի ուղղութեամբ առաջնորդել՝ կաշառակերութեան ու զեղծարարութեան ուրուականները իր ետին քաշկռտելով եւ ազգային ապահովութեան խրտուիլակին տակ թաքնուելով։ Չէ՞ որ «օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։
Խորհրդարանական համակարգի բարիքներուն քառորդդարեայ մունետիկները պարտաւոր էին ժողովրդավարութեան անունով բեմադրուած այս զաւեշտին մեղսակից չդառնալ (թէեւ այլընտրանք չունէին՝ խայտառակ հակասութեան մէջ չիյնալու համար), կամ իրենց քաղաքական շահերը մէկդի դնել ու քաղաքացիական քաջութիւնը ունենալ բարձրաձայն յայտարարելու, թէ թագաւորը մերկ էր։ Ընտրախախտումներով 2015-ին կայացած սահմանադրական հանրաքուէին ու ընտրակաշառքով 2017-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն փորձը բաւարար էր ըմբռնելու, որ Ազգային Ժողովը կլոր կնիքի վերածուելու անփառունակ ճանապարհը բռնած էր եւ որ 2014-ին նախագահներու յաւերժացումին դէմ ու վարչապետ չըլլալու խոստումով արտայայտուողը 2018-ին դռնէն պիտի ելլէր՝ շաբաթ մը ետք պատուհանէն մտնելու համար։ Կառավարող վարչակարգը, ինքնավերարտադրուող kakistocracy մը դառնալով(1), կը փորձէր ընկերութիւնը քաղաքական ամլացումի ուղղութեամբ առաջնորդել՝ կաշառակերութեան ու զեղծարարութեան ուրուականները իր ետին քաշկռտելով եւ ազգային ապահովութեան խրտուիլակին տակ թաքնուելով։ Չէ՞ որ «օրէնքը ստեղծուել է խախտուելու համար»։
Սակայն, 20-25 տարիներէ ի վեր քաղաքականութիւն
խաղացող անփոփոխ դէմքերը չուզեցին ընդունիլ, որ նորահաս սերունդը այդ խօսքը միայն ու
միայն անկախութեան օրերուն լսած էր։ Հետեւաբար՝ անոր տուն տուող չարիքը հնարաւոր էր
վերացնել, նոյնիսկ եթէ տոնքիշոթական թուէր, ու փաստել, որ «Մենք ենք տէրը մեր երկրի»
պարզ նշանախօսք մը չէր, այլ՝ երկրին տէր դառնալու կոչուած սերունդի մը ընդերքէն ծնած
կանչը, եւ որ վերնախաւին արժէքներու համակարգը ամբողջովին կը հակասէր հասարակութեան
ձգտումներուն։
Ինչպէս որ 1988-ին homo sovieticus կարծուած
հայրենի ժողովուրդը յանկարծ սկսած էր փաստել, որ «այն չէր այլեւս»՝ փոխ առնելով
Եղիշէ Չարենցի խօսքերը, 2018-ին անտարբեր, յուսաբեկ, հիասթափ, թերահաւատ կարծուած յաջորդ
սերունդը սկսաւ փաստել, որ ժողովրդային ընդվզումը գէթ մասնակիօրէն հունաւորելու նախորդ
բոլոր փորձերէն ետք, «երբ չի մնում ելք ու ճար», միշտ ճար գտնողը կայ։ Ղարաբաղեան շարժումի
սկիզբէն 30 տարի եւ երկու ամիս ետք, ուրիշ սերունդ մը ոտքի ելաւ եւ իրագործեց այն,
ինչ որ բոլորս անխտիր կը կարծէինք որ այլեւս կարելի չէր իրականացնել՝ արցախեան շարժումի
կիսկատար մնացած նպատակներուն հասնելու տեսիլքով։ Ի վերջոյ, Շարժումը տեղի ունեցած
էր խորհրդային ժամանակաշրջանի անազատութիւնը Հայաստանէն արտագաղթելու ազատութեամբ փոխարինելու
համա՞ր, խորհրդահայ նոմենկլատուրան յետխորհրդահայ
օլիգարխիայով փոխարինելու համա՞ր, թէ՞ շահագործող
ցեցերուն ի նպաստ արիւն վաստակ դիզելու համար...։
Ամէն բանէ վեր, այս շարժումը ծնունդ առած
է ամբարտաւանութեան վերջ տալու եւ աւելի մարդկային հասարակութիւն մը կերտելու համար,
ուր մարդ ինքզինք կամ ուրիշներու կողմէ անփոխարինելի չնկատէ։ Հապա ինչպէ՞ս մեկնաբանել
Ազգային Ժողովի ամպիոնէն ճակատագրական Ապրիլ 17-ին ամենայն լրջախոհութեամբ արտայայտուած
այն ծիծաղաշարժ ու փքուռոյց պնդումը, թէ միայն քաղաքական մեծամասնութիւնը ժողովուրդի
անունով խօսելու իրաւունք ունէր։ (Կ՚արժէ յիշել «բոլշեւիկ» բառին երբեմնի հայերէն համարժէքը՝
մեծամասնական)։ Հապա՞ նոյն ամպիոնէն հնչած անփոխարինելիութեան
ճառերը, որոնք աւելի վայել էին միանձնեայ ղեկավարներու ուղղուած լորձնաշուրթն փառաբանանքներու։
Ապրիլ 17-ի յայտարարութեան դատարկութեան ապացոյցը
եղաւ այն իրողութիւնը, որ, որքան գիտենք, 2017-ին կառավարող կոալիցիային քուէարկած 55,75 առ հարիւրի մեծամասնական կամքին համապատասխանող
ժողովրդական կամքի ո՛չ մէկ ցոլացում եղաւ։ Կառավարամէտ քաղաքացիներու խաղաղ ցոյց մը,
որ պէտք է թուականօրէն ճզմէր 7,78 առ հարիւր հաշուող ընդդիմութիւնը, երբեք տեղի չունեցաւ։
Ո՛չ իսկ տասը հաստավիզ կամ սափրագլուխ քով-քովի եկան, ըսենք, կառավարական կուսակցութեան
կուռք Գարեգին Նժդեհի նորակառոյց արձանին առջեւ՝ Հանրապետութեան հրապարակը հաւաքուած
բազմութեան մերձակայքը պոռալ-կանչելու։ Կը նշանակէ, որ Ազգային Ժողովի պատուհանէն մտած
«քաղաքական մեծամասնութիւն»ը երեւակայական ժողովուրդի մը անունով կը խօսէր։
Ժողովրդային անհնազանդութեան հզօր ալիքը անկոտրում
կամքով օրեր շարունակ զարնուելով իբրեւ թէ պողպատեայ դիմացկունութիւն ունեցող վարչակարգին
(աւելի ճիշդ՝ ոստիկանութեան) վահաններուն, մարդիկ սկսան անդրադառնալ, որ Մառշալ Բաղրամեան
պողոտայի թիւ 8-էն դուրս հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունէր իբրեւ միակամ բռունցք։ Բայց
երբ լիովին սթափեցան, արդէն շատ ուշ էր։ Անկարելի թուացող իշխանափոխութիւնը սկսած էր
կատարուիլ այն միակ ձեւով, որ միաժամանակ կարելի ու տրամաբանական էր. խաղաղ յեղափոխութեամբ։
Ազգագրագէտ Լեւոն Աբրահամեանը ճիշդ կերպով բացատրած է վարչակարգի խաղերէն բխող այլընտրանքի
չգոյութիւնը. «Մեր նոր Սահմանադրութիւնն իրաւական քայլեր թոյլ չի տուել անել, այնպես է արուած, որ հնարաւորութիւն չունենաս դա անել օրինական ձեւով, դրա համար մեր վերջին հնարաւորութիւնը սա էր՝ անել քաղաքացիական ձեւով, որովհետեւ դրա համար 3 ճանապարհ կայ. մէկը “Սասնա ծռեր”ի ապստամբութիւնն էր, որ փորձ արեց զինուած յեղաշրջում անելու, ու, բարեբախտաբար, չստացուեց, միւսը քաղաքացիականն է, որը հիմա տեսնում ենք, իսկ 3-րդը դա միջազգային մասշտաբով ու ամենասարսափելին է՝ տեռորիզմը։ Այսինքն՝ մենք հիմա ունենք այդ հնարաւորութիւնը՝ օգտագործել ամենախաղաղ ճանապարհը, որ շրջանցուեն այն սահմանադրական խոչընդոտները, որ դրվել են ժողովրդի առջեւ»(2)։ Երբեմնի Չեխոսլովաքիոյ
օրինակը ցոյց տուած էր՝ գրեթէ երեսնամեակ մը առաջ, որ խաղաղութիւնն ու յեղափոխութիւնը
իրարու անյարիր գաղափարներ չեն։ Հայաստանը իր Վացլաւ Հաւէլը գտաւ, յանձին յեղափոխութեան
առաջնորդ, նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։
Բոլոր քաղաքական խաղերը անզօր եղան այդ խաղաղ
ալիքին անկասելի թափին դէմ։ Երբ Ապրիլ 22-ին խորհրդարանական անձեռնմխելիութեամբ օժտուած
Փաշինեանն ու իր գործակիցները ձերբակալուեցան, ժողովուրդը, հակառակ ակնկալիքին, ո՛չ
թէ վախցաւ Մարտ 1-ի անճարակ ակնարկութենէն ու ցրուեցաւ, այլ ընդհակառակը՝ ա՛լ աւելի
ալեկոծուեցաւ ու բազմացաւ։ Յաջորդ օրը՝ անոնց ազատ արձակումէն ժամեր ետք, ձերբակալութեան
հրաման տուողը Հայաստանի երկրորդ անկախութեան ամենակարճ պաշտօնավարութեամբ վարչապետը
դարձաւ։ Երբ Մայիս 1-ին Ազգային Ժողովին մեծամասնութիւնը թումբ կանգնեցաւ Փաշինեանի
միայնակ թեկնածութեան դէմ, գործադուլի կոչին զանգուածային իրագործումը բաւարար էր,
որպէսզի յաջորդ օրը քաղաքական խափանարարութեան դիմած կուսակցութիւնը ստիպուէր զիջիլ
իր դիրքերէն, այն պատճառաբանութեամբ, անոր փոխնախագահներէն Արմէն Աշոտեանի բերնով,
թէ «այդ
ժամանակ ուզեցինք բնակչութեան, ժողովուրդին ցոյց տալ, որ իրենց ձայները վերջապէս լսած
ենք» (“We wanted at that time to show to the population, to the people
that we finally heard their voices”)(3)։ Նման պարագաներու, անգլերէնը
հատու խօսք մը ունի. «Չափազանց քիչ, չափազանց ուշ» (Too little, too late)։ Տասը կամ աւելի
տարի ուշ։ Ղարաբաղեան շարժումին շատոնց մոռցուած դասը ի զօրու էր տակաւին. «վերեւներից»
փչող փոփոխութեան հովերը մեռեալ տառ կը դառնան առանց «ներքեւներից» եկող դրական արձագանգին։
Այժմ ընդամէնը յեղափոխութեան «փողոցային»
փուլը վերջացած է, բայց տակաւին սկիզբն ենք երկանց։ 2009-2018-ին «կիսա-ամրագրուած
իշխանավարական (autoritaire) վարչակարգ»ով (5,39-5,43 միաւոր) իր ժողովրդավարական
ուղիէն դէպի սակաւապետութիւն խոտորած Հայաստանը՝ «ամրագրուած իշխանավարական վարչակարգ»ով
Ատրպէյճանի մը (6,25-6,93) կամ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններէն որեւէ մէկուն
(օրինակ՝ Քիրկիզիստան, 6,04-6,07) տանող կիսաճանապարհին էր(4)։ Պաշտպանութեան նախկին նախարար
Վիգէն Սարգսեան, իր հրաժեշտի ասուլիսին ժամանակ, պնդած է, որ «ես տեղի ունեցածը յեղափոխութիւն չեմ համարում, որովհետեւ յեղափոխութիւնը դա պետա-իրաւական համակարգի փոփոխութիւն է: Իսկ մեզ մօտ տեղի է ունեցել իշխանափոխութիւն»(5)։ Իշխանափոխութեան օրինակ
կարելի է համարել Ռ. Քոչարեան-Վազգէն Սարգսեան-Սերժ Սարգսեան եռեակի թաւշեայ
պետական հարուածին (coup d’Êtat de velours) հետեւած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի
հրաժարականը Փետրուար 1998-ին, մինչ այս պարագային ցարդ հնչող յայտարարութիւնները
կը հաստատեն, որ այս շարժումը կոչուած չէ պարզապէս ինքնընտիր վարչապետի մը
փոխարինումին՝ ժողովուրդի կամքէն բխած վարչապետով, այլ հարցերու բաւական երկար
ցուցակի մը աստիճանական լուծումին ձեռնարկելու՝ քաղաքականէն մինչեւ ընկերայինը, տնտեսականէն
մինչեւ կրթականն ու մշակութայինը, եւ մասամբ նորին։ Հայաստանի վերադարձը դէպի ոչ-ձեւական
ժողովրդավարութեան հաստատում արդէն կ՚ենթադրէ պետա-իրաւական փոփոխութիւն, ներառելով
ընտրական
օրէնսգիրքին բարեփոխումը, քաղաքական վաւերական ներկայացուցչութեան հաստատումը եւ,
ամէն բանէ վեր, ժողովուրդին ազատ կամքին արտայայտութիւնը թափանցիկ ընտրութիւններու
միջոցով։
Պէտք չէ մոռնալ, որ ժողովրդավարութեան ամէն
խաթարում ու խոտորում քաղաքական ու ընկերային խոր վէրքեր կը ձգէ, որոնց բուժումը տարիներ
կը տեւէ։ Արժանթինի 1976-1983-ի զինուորական բռնապետութեան հետքերը դեռ կը մնան 35
տարիէ ի վեր։ «Նոր Հայաստան»ի զարթնումի յոյսը բերող երիտասարդ սքանչելի սերունդը ներկա՛յ
(եւ ո՛չ թէ անորոշ ապագայ) ըլլալու փաստը տուած է ու Խորհրդային Միութենէն մտաւոր անկախութիւնը
իրագործած՝ անոր ֆիզիքական փլուզումէն աւելի քան քառորդ դար ետք։ Պէտք է լիասիրտ մաղթել,
որ, առաջին քայլը առնելէ ու այսպէս կոչուած քրէաօլիգարխիկ վարչակարգը մերժելէ ետք, այս սերունդը կարենայ յաջորդ քայլերը
առնել նոյնքան վճռակամութեամբ եւ Հայաստան մը կերտել, ուր մարդիկ ապրելու երջանկութիւնը
կարենան իրագործել 100 առ հարիւրին եւ ո՛չ թէ 1 առ հարիւրին համար։ Ուր Մայիս 8-ին
Ազգային Ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի արտասանած խօսքերով, «բոլոր մարդիկ հաւասար են օրէնքի առաջ, Հայաստանում արտօնեալներ չեն լինելու եւ վերջ: Ընտրութիւնների արդիւնքներն այլեւս չեն կեղծուելու, ընտրակաշառք չի բաժանուելու եւ վերջ: Արհեստական տնտեսական մենաշնորհներ չեն լինելու, իւրաքանչիւր ոք կարողանալու է զբաղուել իր նախընտրած բիզնեսով եւ վերջ: Մարդու իրաւունքները պաշտպանուած են լինելու եւ վերջ: Իշխանութիւնը փող աշխատելու միջոց չի լինելու, երկրից արմատախիլ է արուելու կոռուպցիան եւ վերջ: Հաստատուելու է օրէնքի, իրաւունքի գերակայութիւն եւ վերջ»։
Աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր լսուող պետութեան կայացման յանկերգը կ՚ենթադրէ ըմբռնել, վերջապէս, որ իրերայաջորդ երեք սահմանադրութիւններուն մէջ պահպանուած բանաձեւը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է» (յօդուած 1), կարելի չէ կեանքի կոչել երբ իրաւաբաններու խումբ մը սահմանադրութիւն մը կը խզբզէ ըստ մասնաւոր պատուէրի՝ պատմուճանը ըլլայ նախագահական, խորհրդարանական կամ... թագաւորական։ Ժողովրդավարական ու իրաւական պետութեան կայացումը տեղի կ՚ունենայ, երբ ժողովուրդին պատկանող իշխանութիւնը հասարակութեան հետ կնքուած պայմանագիրը գործադրելու եւ տեւաբար բարելաւելու նպատակով կը գործածուի եւ ո՛չ թէ անձնական կամ նեղ կուսակցական շահերով առաջնորդուող խմբակի մը գրպանը կը դրուի, ինչ որ «յանցագործութիւն է» (յօդուած 2)։ Այսինքն, երբ «սոցիալական պետութիւն» հասկացութիւնը
մեռեալ տառ չէ, այլ կենդանի արտայայտութիւն՝ Հայաստանը բոլորի՛ երկիրը դարձնելու կամքին,
ո՛չ թէ որպէս հայրենասիրական փուճ լոզունգներու թիրախ կամ անցեալի իրական թէ երեւակայական
փառքերու անընդմէջ (երբեմն՝ սնամէջ) ոգեկոչում, այլ Երեւանէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր
ծալքերը Հայաստանի գաղափարին հետ հաղորդութիւն ու հաղորդակցութիւն ունեցողներու ոգեշնչումի
աղբիւր։ Բոլորի երկիր, այսինքն՝ իսկական հանր-ա-պետութիւն (հանուրի պետութիւն)։ Չէ՞ որ «Հայաստանի Հանրապետութիւնում մարդը բարձրագոյն արժէք է» եւ «մարդու անօտարելի արժանապատուութիւնն իր իրաւունքների եւ ազատութիւնների անքակտելի հիմքն է» (յօդուած 3)։
Վերջին հաշուով, երկիրը միայն յուշարձան ու
լեռ, երկաթ ու քար չէ։ Ան նաեւ մա՛րդ ու իրաւունք է։
(1) ԺԷ. դարէն մերթ ընդ մերթ գործածուած անգլերէն kakistocracy բառը 2016-ին վերստին յարութիւն առաւ՝ Թրամփի վարչաձեւին
որակական արժէքը բնորոշելու համար։ Ան ձեւուած է յունարէնի վրայով (kakistos «յոռի»)։
Եթէ արիստոտելեան aristocratie-ն, ստուգաբանօրէն, գերազանցներու կառավարութիւնն է
(այսինքն՝ «ազնուապետութիւն»), որուն աղաւաղումը քաջածանօթ oligarchie-ն է (քիչերու
կառավարութիւնը, այսինքն՝ «սակաւապետութիւն» կամ, նուազ գործածուած, «սակաւատիրութիւն»),
kakistocracy-ն տրամագծօրէն հակառակ է aristocratie-ին։ Այս բառին ցարդ յայտնի լաւագոյն
հայացումը թերեւս ըլլայ «աւազակապետութիւն»-ը, որ Հայաստանի 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն
դրուած էր շրջանառութեան մէջ։
(4) Թիւերն ու բնորոշումները կու գան Freedom House կազմակերպութեան
Nations in Transit («Անցումային ազգեր») հարցախոյզէն։ 2018-ին ընդգրկուած
29 երկիրներուն ամենաբարձր ցուցանիշը ունեցած է Էստոնիան (1,82), որուն հետեւած են
Լաթուիա, Սլովենիա, Չեխիա, Լիթուանիա, Սլովակիա եւ Լեհաստան՝ 2,06-2,89 ցուցանիշերով։
1-ը կը ներկայացնէ ժողովրդավարական յառաջդիմութեան ամենաբարձր մակարդակը, իսկ 7-ը՝
ամենացածը (freedomhouse.org/report/nations-transit/nations-transit-2018)։
No comments:
Post a Comment