ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Այս շաբաթ մտային կարիքներս գոհացնող յօդուած կարդացած չէի, ուստի խոր անբաւարարութեան զգացումով ալ անցընելու վրայ էի օրերս: Չեմ ըսեր, անշուշտ, թէ չկար նման յօդուած, այլ պարզապէս ինծի չէր հանդիպած այդպիսին:
Բայց ահա շաբաթավերջին,– ուր հիմա նստած կը գրեմ,– ինծի պահ մը թուեցաւ՝ ի դէմս դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի «Բարի ճանապարհ, գիրքե՛ր, ճանապա՛րհ բարի» յօդուածին («Հայերն այսօր», 13 մարտ 2018), որ դէմ-յանդիման կը գտնուիմ այդ ինծի պակսող գրութեան:
Միամիտ ընթերցողը կը շարունակէ ընթերցումը այն լաւատես ակնկալութեամբ, թէ անոնք, որոնք հարիւր տարի կրցան այդ գիրքերը պահպանել, նոր հանգրուան մը պիտի ճարեն այդ պատմական գրադարանին, որ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը այդ նոյն միջավայրին մէջ եւ նոյն թափով:
«Հայ գիրքը պէտք չէ որբանայ,– կը գրէ Մարգարեան:– Ան միշտ հոգատար ծնողի, որդեգրողի պէտք ունի: Երբ Հայ գիրքը որբանայ, ազգի մը անկումի ախտանշաններն են որ կը բացայայտուին: Որբութենէ ազատելու մտահոգութիւնը կլանած է բոլորս: Տուն մը, վայր մը, հոգատար շունչերու որոնումը մեր մտահոգութեանց կեդրոն է: Իրենց մէջ արիւն ու քրտինք պարփակած, մարդկային միտք ու հոգի ամբարած այս «անշունչ» էակները վաղը ճամբայ պիտի ելլեն Նիւ Եորքի Հայ կեդրոնէն ՆՈՐ ՏԱՆ մը մէջ, ՆՈՐ միջավայրի մը մէջ շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Նոր սերունդներ պիտի այցելեն իրենց: Նոր սերունդներ պիտի սորվին, ոգեւորուին անոնցմով: Պիտի գուրգուրան անոնց վրայ: Պիտի չթողե՛ն որ փոշիներու տակ ցեցոտին… որբանան: Անոնց պիտի այցելեն թէ՛ մատշաղ, թէ՛ հասուն սերունդները»,– կը կարդանք յօդուածի յուսադրական ու մխիթարական դառնալ փորձող շարունակութեան մէջ:
Բայց ահա...
Բայց ահա ի յայտ կու գայ, որ այդ գիրքերը փոխադրական 50 արկղերու մէջ կը լեցուին՝ ոչ թէ նիւեորքեան այլ կայք մը փոխադրուելու եւ ծառայելու իր «հին ընթերցողներուն», այլ...Արցախ ղրկուելու համար: Եւ Մարգարեան գրեթէ հրճուած է այս կարգադրութեամբ, եւ չի վարանիր վերամբարձ բառերով արտայայտելու իր այդ հրճուանքը, քանի այդ գիրքերը այս անգամ պիտի ծառայեն արցախահայ սերունդներու հայեցի դիմագիծի պահպանութեան...:
Սակայն Արցախը յուշադրամին դիմերե՛սն է միայն: Անդին կայ անոր դարձերե՛սն ալ:
Ինչո՞վ պիտի սնանին հոն՝ Նիւ Եորք մնացող հին սերունդները, աւելի ճիշդը անոնք, որոնք 100 տարի այս գիրքերը կարդացին, գուրգուրացին անոնց վրայ, պահեցին, պահպանեցին ու բազմացուցին զանոնք՝ փոխանցելու համար յաջորդ սերունդներուն: Չէ ՞ որ փաստօրէն այլեւս գիրք կարդացող «յաջորդ սերունդ» մը չէ մնացած եւ ճիշդ այս չգոյութեան հաւաստիքն ալ պատճառ դարձած է, որ հնամեայ գրադարանը ձեռքէ հանուի:
Այս բոլորը հազիւ թէ կարենան տեղիք տալ երանական ողջերթի մը, ինչպէս կ’ընէ իմ վաղեմի բարեկամս, այլ կը թելադրեն տխուր վախճան մը: Այդ առաքումը արցախահայութեան նոր ու լուսաւոր արշալոյս մը աւետելէ աւելի՝ կու գայ գուժելու ամերիկաբնակ երբեմնի ընթերցողներուն անհետացումը, քանի այլեւս ընթերցող չէ մնացած կամ պիտի չմնայ այնտեղ:
Արցախը այսպէս կամ այնպէս կրնար գրենական իր բացերը ձեւով մը լրացնել, քանի, ինչպէս միշտ, ընթերցողի պակաս չունի ան բարեբախտաբար, իսկ հոն ուր վառ է ընթերցասիրութիւնը եւ առկայ են ընթերցողները, գիրքը նախախնամական մանանայի պէս կը տեղայ անոր երկինքէն: Մտահոգիչը այնտեղ է, Նորաշխարհի երբեմնի ընթերցողներու հայօրէն լիցքաւորուող շարքերու մաշումը, տարտղնումը, բացակայութիւնը, ընդհուպ...չքացումը: Ա՛լ ոչինչ պիտի վերադարձնէ զանոնք: Աւարտած պատմութեան մը փակ էջի անդէմ վկաներն են անոնք:
Ժամանակին հետ վարժուած էինք հանդիպելու ու կարդալու նամակներ, որոնց երիտասարդ հեղինակները կը խնդրէին սփիւռքահայ այս կամ այն թերթի տնօրէնութենէն, որ այլեւս դադրեցնէ թերթի առաքումը, քանի վախճանած է տուեալ թերթը տան մէջ «միակ» կարդացող հայրիկը կամ մայրիկը, իսկ իրենք... չեն գիտեր հայերէն կարդալ: Եւ այդպէս կանգ կ’առնէր Մեսրոպի մուտքը հայ տուներէ ներս: Բայց այդքանով չ’աւարտիր պատմութիւնը: Քանի մը օր ետք այդ տունէն դուրս կը դրուին նախ մէջտեղերը թափառող թերթերը, որոնք կը հանգրուանեն մայթին վրայ կամ մօտակայ աղբանոցին մէջ, լաւագոյն պարագային՝ վերամշակումի կը յանձնուին: Քիչ անց անոնց կը հետեւին ու նոյն ճամբաներէն կ’անցնին գիրքերն ալ, որոնց համար այլեւս տեղ չի մնար տան մէջ:
Մօտաւորապէս նոյն ճակատագիրը ունեցաւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի գրադարանը, որ Կիլիկեան աթոռի մատենադարանէն ու Հայկազեան համալսարանի գրադարանէն ետք հաւանաբար ամենաճոխն էր ամբողջ սփիւռքի մէջ: Կեանքի վերջին տարիներուն Տէր Խաչատուրեան փորձեց վաճառել զայն, սակայն չյաջողեցաւ: Մահէն ետք, որ շատ անակնկալ պատահեցաւ, անոր ժառանգորդները փորձեցին ծախել զայն՝ Լիբանանի ծիրէն ներս, սակայն նմանապէս չյաջողեցան, եւ ի վերջոյ Լոնտոնի Բրիտանական գրադարանի հայերէնի բաժանմունքի ներկայացուցիչը գնեց անոր ամբողջութիւնը ու տարաւ Անգլիա: Ճիշդ ի՞նչ ճակատագիր կրնան ունենալ այնտեղ այդ գիրքերը, որոնք ուսուցիչի մը ամբողջ կեանքի վաստակին, վազքին ու զրկանքներուն արդիւնքն էին,– դժուար է գուշակել, այսուհանդերձ դժուար է նաեւ ակնկալել, թէ այդ գիրքերը կարդալու համար հերթի սպասողներ գտնուին այնտեղ:
Քիչ մը տարբեր ճակատագիր ունեցաւ Յակոբ Իսկենտերեանի գրադարանը, որ թէեւ նախորդին թուական ճոխութիւնը չունէր, սակայն գիրքերուն որակով հաւանաբար չէր զիջեր անոր կամ որեւէ այլ գրադարանի: Այդ գիրքերը կը ծածկէին բնակարանին գրեթէ բոլոր պատերը, եւ տիրոջ անժամանակ մահէն ետք անոնք սկսան ճնշել ու հալածել այրին՝ իբրեւ ամէնօրեայ յիշատակներ, այն աստիճան, որ ան ի վերջոյ որոշեց ձերբազատիլ անոնցմէ: Առ այս օգնութեան հասաւ Կիւլպենկեան հիմնարկի Հայկական բաժանմունքի օրուան տնօրէնը՝ Զաւէն Եկաւեանը, որ գնեց անոնց բոլորը եւ ամփոփեց Ժալ էլ Տիպի իր յարկաբաժնին մէջ, որ գրեթէ տարին տասներկու ամիս փակ կը մնայ, եւ ոչ մէկ ձեռք կը բանայ այդ գիրքերուն էջերը:
Նախորդ երկուքէն աւելի բախտաւոր եղաւ Վահէ-Վահեանի գրադարանը, որ իր կարգին գոհար մըն էր՝ մեծագոյն ճաշակով մէկտեղուած, ուսուցիչ ու բանաստեղծ Վահեանի երկարամեայ զոհողութուններուն գինով: Ան արդէն 82 տարեկան էր, ունէր տեսողութեան շատ բարդ հարցեր. «Աչքերս այնքա՜ն են տկարացած, որ մեծ դժուարութիւն կը կրեմ ընթերցումի, ակնոցիս օժանդակ տալով նոյնիսկ ուժեղ խոշորացոյց մը» (Նամականի, 336): Իսկ երբ գնորդին՝ Միջիկընի հայոց լեզուի ու գրականութեան դասախաօսին թելադրանքով կը նկարագրէ գրադարանին կազմութիւնը, «դամբանական գրելու հոգեվիճակով մը՝ աչքերս սկսան թրջիլ» (անդ, 388),– կը գրէ ան: Ուրեմն այս պարագային տեղի ունեցաւ հակառակ շարժում մը. այդ ճոխ ու ընտիր գրադարանը Արեւելքէն Միացեալ Նահանգներ գնաց՝ կայք հաստատելու համար ամերիկեան հայագիտական ամպիոնի հովանիին տակ, սակայն ճիշդ ի՛նչ ճակատագիր ունեցաւ ան այնտեղ, հայն ու հայագիտութիւնը որքա՞ն օգտուեցան անկէ,– չենք գիտեր: Գիտենք միայն, որ Վահէ-Վահեան իր աչքերուն կորսնցուցած լոյսը փոխարինեց այլապէս. իր ունեցած բոլոր գումարները ի մի բերելով հաստատեց հիմնադրամ մը, որ կը գործէ մինչեւ այսօր ալ՝ մահէն 20 տարի ետք, տարեկան հերթականութեամբ յատկացուելով հայագիտական արժանապատիւ աշխատութեան մը հրատարակութեան:
Ահա այսպիսի խայտաբղէտ ճամբաներով է, որ սփիւռքահայ գրադարանները կը չէզոքանան կամ կ’անհետանան մեր անզօր, երբեմն ալ անտարբեր աչքերուն առջեւ:
Իսկ հիմա ահա կը հաղորդուի նիւեորքեան մէկդարեայ հանրային ամբողջական գրադարանի մը, – որ է ամբողջ գաղութի մը,– դռներուն փակումը Մեսրոպին առջեւ:
Ինչպէ՞ս չյիշել բանաստեծին ծանօթ ողբը.
«Լեզուն, որով գրեցի, երկրի երեսը քիչեր
«Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ...
Թեքէեան շատ դժուար օրեր անցուցած է, ճաշակած է ընդհուպ անօթութեան զրկանքը: Ժամանակակիցներ տողերս գրողին պատմած են, որ երբեմն ան անօթի կու գար «Զարթօնք»-ի խմբագրատունը՝ ապաւինելով Բարունակ Թովմասեանին, որմէ 50 դահեկան պիտի փոխ առնէր՝ ի հաշիւ ամսականին, պնակ մը ֆուլ ուտելու համար: Բայց անձնական դառնութեանց մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կը գտնենք անոր արձակ թէ ոտանաւոր գործերուն մէջ:
Կայ երկու բան, սակայն, որոնց կորուստին հանդէպ ան չէ կրցած անտարբեր մնալ
Թեքէեան ողբացած է աչքին կորուստը ու հայ գիրքի ընթերցողի կորուստը:
================
No comments:
Post a Comment