Թուրքիոյ մէջ «Փանտորա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է պատմութեան քանի մը թուրք զեղծարարներու հեղինակած յօդուածներու ժողովածուն` թրքական պաշտօնական
պատմագրութեան ներկայացուցիչներէն Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ: Այդ
մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով յիշեալ հրատակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:
Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութեան
թեմային եւս անդրադարձած այս պատմազեղծարարը 2005-ին Թուրքիոյ մէջ
տպագրուած «Տեղահանութեան դատավարութիւնները գրաւեալ Պոլսոյ մէջ»
վերնագիրով իր աշխատութեան մէջ փորձ կ’ընէր խեղաթիւրել նաեւ
դատաքննութիւններուն առնչուող բազմաթիւ փաստեր կամ այլ մեկնաբանութիւններ
տալ անոնց: Ֆերուտուն Աթայի վերոյիշեալ աշխատութեան վերնագիրն անգամ
բաւարար է ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ նպատակ հետապնդած են Թրքական
պատմագիտական ընկերութիւնը եւ գիրքին հեղինակը` այս մենագրութիւնը
հրատարակելով: Վերնագիրով իսկ ընդգծուած է, որ սոյն դատաքննութիւններն
իրականացուած են Դաշնակից պետութիւններու, յատկապէս` Մեծն Բրիտանիոյ ճնշման
տակ, որոնց վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր Պոլիսը տուեալ
ժամանակաշրջանին: Հարկ է նշել, որ անկախ այն փաստէն, որ տուեալ
ժամանակաշրջանին Թուրքիան կախեալ եղած է մեծ տէրութիւններու կամքէն, այս
դատավարութիւնները կայացած են օսմանեան կառավարութեան եւ սուլթանի
որոշումին համաձայն, եւ դատաքննութիւններու փաստաթուղթերը բացարձակապէս չեն
կորսնցներ իրենց վաւերականութիւնը: Վերոյիշեալ մենագրութեան մէջ Ֆերուտուն
Աթան միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւն չի դարձներ այն փաստին, որ այս
դատական գործերը յարուցուած են ոչ միայն հայերու տեղահանման (Tehcir), այլ
նաեւ` զանգուածային կոտորածներու (Taktil) մեղադրանքով: Բացի այդ`
Ֆերուտուն Աթան այս դատաքննութիւններուն կ՛անդրադառնայ միայն պաշտօնական
պատմագրութեան ձեռնտու դիտանկիւններէն` աղաւաղելով բազմաթիւ փաստեր:
Օրինակ` ան կը պնդէ, որ դատական նիստերու մէջ մեղադրեալներու դէմ
ուղղուած ցուցմունքներով հանդես եկած են միայն ազգութեամբ հայ վկաները,
որոնք ուղղորդուած են վրէժխնդրութեան զգացումով: Օսմանեան կայսրութեան
տարբեր շրջաններու հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու
դատաքննութիւններու նիստերուն հանդէս եկած են ո՛չ միայն հայ, այլեւ բազմաթիւ
թուրք եւ այլազգի, նոյնիսկ նախարարի եւ նահանգապետի մակարդակով թուրք
բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ: Թուրք եւ օտարազգի վկաներու առատութեամբ
յատկապէս աչքի ինկած է Տրապիզոնի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու
դատավարութիւնը:
Այսպիսով, կարելի է ենթադրել, որ Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ լոյս
տեսած «1915-ով կաշկանդուած պատմութիւնը» յօդուածներու ժողովածուն եւս
պատմական զեղծարարութեան հերթական օրինակն է, որուն նպատակն է ոչ թէ պատմութեան
իրական դէպքերը վերլուծել, այլ` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան յատուկ
կերպով պատմութիւնը խեղաթիւրել:
«Ազդակ», 5 Դեկտեմբեր 2017
No comments:
Post a Comment