19.12.17

Օլիգարխիան իր էութեամբ եւ պատմական փոխընտրութիւններով


ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Վերջին հրապարակումները կ՛ըսեն, թէ Հայաստանի հասարակական կեանքէն ներս ամրացած օլիգարխներուն թիւը այսօր արդէն կը հասնի յիսունի։ Յստակ չէ, թէ ինչպիսի՞ չափորոշիչներ օգտագործուած են այս քննարկման համար եւ թէ որքա՞ն վաւերական է այս թիւը։ Այնուամենայնիւ յստակ է մէկ բան։ Օլիգարխիան արմատացած երեւոյթ է մեր երկրին մէջ իր բոլոր բացասական դրսեւորումներով, ներառեա՛լ՝ իրմէ սերած քաղաքական մշակոյթը, որ այսօր տիրաբար կը տնօրինէ մեր երկրի կենսագործունէութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները։ Հետեւաբար խիստ կարեւոր է, որ հայ քաղաքական միտքը մօտէն զբաղուի այս հարցով եւ սկսի բացայայտել օլիգարխիայի ներքին մեքենականութիւնը։ Եթէ ճիշդ է յիսունի հաշուարկը, ապա պարզ է, որ մօտ յիսուն հոգի, ինչ-ինչ միջոցներով, վերջին քառորդ դարու ընթացքին յաջողած են երկրի ներքին քաղաքատնտեսական տարածքը գրաւել եւ հաստատել իրենց խմբական տիրապետութիւնը ամենուրեք։ Եւ այս մէկը՝ ի հեճու՛կս մեր ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներուն։
Ես յաճախ խօսած եմ մենաշնորհային համակարգի գործած ճակատագրական աւերին մասին։ Պէտք չէ մոռնալ, սակայն, որ մենաշնորհային համակարգը տնտեսական ոլորտի երեւոյթ է միայն, որ այս պարագային կը յենի աւելի մեծ եւ համապարփակ տիրակալութեան մը, որ խարսխուած է երկրի քաղաքական դաշտէն ներս։ Երկրի բնական աղբիւրներուն, արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, փոխադրամիջոցներուն, հաղորդամիջոցներուն, զբօսաշրջութեան, ֆինանսներուն, ուժանիւթի պաշարներուն եւ տնտեսութեան այլ բանալի ճիւղերուն տիրապետելու գործը կը պահանջէ ամուր կամրջագլուխներ հաստատել քաղաքականութեան բեմէն ներս։ Եւ քաղաքական ուժի միջոցով մշտնջենաւորե՛լ տնտեսական մենաշնորհը եւ այս վերջինին ապաւինելով աւելի եւս ամրապնդել «սակաւ»ներու քաղաքական ուժը երկրին եւ ժողովուրդին վրայ։ Եւ այդ երկուքին փոխսնուցիչ ուժականութիւններով կառուցել անտեսանելի եւ անհպելի այն «վեհապետութիւնը», որ լայն չափերով եւ իրական կեանքի տուեալներով օրէնքի հասողոութենէն վեր կը գտնուի եւ որ նոյնինքն օլիգարխիան է։
Եւ անշուշտ յստակ զուգահեռ մը գոյութիւն ունի երկրի աղքատութեան ծաւալներուն եւ օլիգարխիայի երեւոյթին միջև։ Զուգահեռ մը՝ որ կը գործէ ներհա՛կ յարաբերակցութիւններով։ Որքան աւելի կ՚ամրանան սակաւապետական կարգերը երկրին մէջ, այդքան աւելի կը խորանայ աղքատութիւնը երկրէն ներս եւ այդքան աւելի կը ծաւալի աշխատունակ ուժերու գաղթը դէպի դուրս։ Քանի որ մենաշնորհային համակարգը, իր ներկայի վարքագծով, աշխատատեղերու ստեղծման բնականոն հոլովոյթէն դուրս կը գտնուի։ Եւ անշուշտ նորանոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը յայտնուին ազգային պաշտպանութեան գործը եւ «ազգ-բանակ» վարդապետութեան կիրառման հրամայականը։
Դժբախտաբար այս է պատկերը այն իրականութեան, որուն դէմ յանդիման կը գտնուինք ազգովին։ Այն իրականութեա՛ն՝՛ որ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի փոխյարաբերութիւնները հետզհետէ կ՛առաջնորդէ դէպի փակուղի եւ որուն վտանգը պէտք է անպայման կանխել։
Կասկած չկայ, որ մեր երկրի քաղաքացին այսօր ինքզինք կը գտնէ ծանր երկընտրանքներու առջեւ իր խղճի նժարներուն վրայ դնելով ոչ թէ լաւն ու վատը դէմ-դիմաց, այլ վատթարն ու վատթարագոյնը։ Մեզմէ ոչ ոք թող յաւակնի դաս տալ երկրի մեր ժողովուրդին, երբ մեր երկրի զաւակները զանգուածաբար դուրս կու գան երկրէն։ Մեծ սխալներ կը գործեն նաեւ ՀՀ նախագահն ու ՀՀ վարչապետը (եւ իրենց գունագեղ կուսակիցները), երբ իշխանական իրենց դիրքերէն – եւ չհիմնաւորուա՛ծ ընդհանրացումներով — կը դատեն աղքատ մարդոց կացութիւնը։ Երբ կը խօսուի երկրէն ներս գրեթէ 30 տոկոս համեմատութեան հասնող աղքատութեան ցուցանիշներու մասին եւ երբ ծնելիութեան եւ մահացութեան միաւորները կը գտնուին մեծ անհաւասարութեան մէջ եւ երբ բնակչութեան ծնելիութեան աճը ապահովող տարիքային շերտերն են, որ մեծամասնութեամբ կ՚արտագաղթեն, այս իշխանութիւնը լուրջ պատճառ ունի, առաջին հերթին, ինքնի՛ր գործունէութեան հաշուեկշիռը դնելու սեղանի վրայ եւ ինքզի՛նք դատելու եւ մանաւանդ սրտբացօրէն ու սրտցաւութեամբ խօսելու իր ժողովուրդին հետ։
Փաստը այն է, որ հաղորդակցութեան այդ ողջմիտ եզրերէն լայնօրէն զրկուած է մեր երկրի հասարակական համակարգը այսօր։ Մեծ եւ արդար ակնկալութիւններով, մեր ժողովուրդը իր քուէն տուաւ նոր սահմանադրութեան։ Այսօր, սակայն, կը պարզուի, որ սահմանադրութեան աւիշ ներարկող այն անգիր օրէնքը, որ կը կոչուի ընկերային (սոցիալական) պայմանագիր, կը շարունակէ մնալ լրջօրէն թերի։ Սահմանադրութիւնը ինքնաբերաբար կը պարպուի իր իմաստէն, երբ իրական կեանքի մէջ վարկաբեկուած է ընկերային պայմանագիրը։ Հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ինչո՞ւ սահմանադրութեան կողմ քուէարկող մեր ժողովուրդը կարեւոր զանգուածով մը կը վաճառէ իր քուէն նոր խորհրդարանի ընտրութեանց մէջ։ Կը վաճառէ քանի որ կ՚անդրադառնայ, որ հակառակ սահմանադրութեամբ հաստատուած իր իրաւունքներուն՝ ինք իսկական քուէ չունի։ Կը վաճառէ, քանի որ ինք արժէք չի տար այն «քուէ»ին, որ ինք ունի։ Կը վաճառէ, քանի որ այդ քուէին դրամական «փոխարժէքը» շատ աւելին կ՛արժէ իր մտքին մէջ քան իր քուէն… Տնտեսագիտութեան մէջ յայտնի «անտարբերութեան կորագծերն» են, որ բնական բերումով կը սկսին գործել մարդոց փոխընտրութիւններու յստակացման մէջ ի փոխարէն խորքային հայրենասիրութեան լիազօրող ուժին։
Արժեզրկուած քուէն — ճիշտ ինչպէս արժեզրկուած դրամանիշը (փողը) – պիտի անպայման փոխարինուի…ան այլեւս քուէ չէ, այլ սոսկ ապրա՛նք եւ ենթակա՛յ՝ տնտեսական մարդու ամենէն շուկայական բնազդներուն։ Եւ այս այսպէս է, քանի որ հոն, ուր կայ օլիգարխիա, ժողովրդավարութեան գործիքները կը դադրին գործելէ եւ քաղաքացին կը դադրի քաղաքացիի պէս ապրելէ իր կեանքը։ Ի վերջոյ տեղի կ՚ունենայ ամէնէն ահաւորը, որուն անունը չենք ուզեր տալ։ Հայրենիքը՝ ի՛նք կ՚արժեզրկուի քաղաքացիի աչքին. ան հետզհետէ կը դադրի ըլլալէ քաղաքացիին ինքնութիւնը սահմանող գերարժէք եւ գործնականօրէն – այսինքն՝ արտագաղթի արարքո՛վն իսկ — կը «փոխանակուի» ինչպէս քուէ՛ն։
Ասոնք շատ ծանր խօսքեր են, բայց այս ծանր խօսքերը ըսելու ժամն է հիմա։ «Հաննիբալը մեր դռներուն առջեւն է» եւ պատմական այս պահը իր ողջ ճգնաժամով կանգնած է մեր դէմ։ Ժամն է այս հարցերը դնելու մերկապարանոց եւ որոշելու, թէ որո՞նք են մեր առաջնահերթութիւններն ու փոխընտրութիւնները (այլընտրանք) այսօր։
Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանը ունի իրական փոխընտրութիւններ, որոնցմէ ամէնէն պարզը – եւ սակայն՝ ամէնէն «ծախսատա՛րը» — յեղափոխութիւնն է։ Յամենայն դէպս երկրի մեր հասարակութիւնը, իր լայն զանգուածով, հեռու է այս ճամբան ընտրած ըլլալէ։ Ան ընտրած կը թուի ըլլալ արտագաղթի ճամբան։ Հետեւաբար օլիգարխիան յեղափոխութեան դէմ պաշտպանուելու մեծ խնդիր մը չունի այսօր։ Ան պիտի պաշտպանուի արտագաղթին դէմ…Եւ սակայն ներկայի տուեալներով օլիգարխիան բացարձակապէս անպաշտպան է այս վտանգին դէմ…Բացարձակապէս ձեռնթա՛փ… Առաւել նաեւ այն՝ որ այս վտանգը աւելի դիւրաւ կրնայ զինք զգետնել, քան որեւէ այլ վտանգ, որ այսօր գոյութիւն ունի իր ռատարին վրայ։
Երկրորդ փոխընտրութիւնը օլիգարխիայի կամաւոր եւ արմատական ինքնայեղաշրջումն է։ Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդումը՝ արմատական բարեփոխութիւններու նոր րեժիմի մը կիրառումո՛վ։ Պետական ազդու միջամտութեամբ եւ վերահսկողութեամբ մենաշնորհները պէտք է բերուին մրցակցային դաշտ եւ վերածուին ռիսքային դաշտի մէջ վերապրող ձեռնարկատիրութիւններու։ Եւ պետութեան գործօն խթանումով՝ անոնք պէտք է մղուին վերաներդրումային (re-investment) առողջ քաղաքականութեան մը փոխանակ իրենց շահոյթը արտասահման փախցնելու։ Նոր ու որակաւոր աշխատատեղերու ստեղծման հոլովոյթը կախուած է այս արմատական միջոցառումներէն։ Արտագաղթի տարերային ընթացքը զսպելու եւ զայն շրջելու միակ տարողունակ ձեւը նոր ու որակաւոր եւ արտասահմանեան այլընտրանքներուն հետ մրցունակ աշխատատեղերու ստեղծումն է եւ նշանակալի ծաւալներո՛վ։ Հայաստանը լիովին ի վիճակի է վերաներդումային այս տեղաշարժը մէջտեղ բերելու։ Այդ տեղաշարժը արուեստականօրէն խափանուած է այսօր մենաշնորհային համակարգի մեղքով, որ օլիգարխիայի մեղքն է։
Յօդուածի մը սահմանները շատ նեղ են այս թեքնիք հարցերու մասնագիտական քննարկումը ընելու համար։ Բաւարարուինք միայն ըսելով, որ օլիգարխիայի ինքնայեղաշրջման գործընթացը չի կրնար մակերեսային ըլլալ։ Ան պիտի ըլլայ խորքային եւ կենսափոխիչ եւ պիտի պահանջէ քաղաքական հզօր կամք։ Ան պիտի ցաւցնէ, որպէսզի կարողանայ բուժել։ Ցաւազերծ լուծումներ չկան։ Ցարդ ցաւողը ժողովուրդն էր։ Եւ ժողովուրդը «լուծեց» իր հարցը բռնելով արտագաղթի ճամբան։ Եկած է ժամանակը, որ օլիգարխիան՝ ի՛նք ընդունի ցաւը իր իսկ մարմնին վրայ եւ կառավարէ այդ ժամանակաւոր ցաւը իմաստութեամբ՝ փրկելու համար ինքզինք եւ երկրի ապագան։
Հարց պէտք է տալ, թէ օլիգարխիան ինչո՞ւ պիտի ուզէ այս քայլերուն դիմել… երբ այսօր տէրն է ամէն ինչին։ Պատասխանը շատ յստակ է։ Օլիգարխիան ընդամէնը պատրանքի մը տէրն է, եթէ կը կարծէ, թէ ինք տէրն է ամէն ինչին։ Այն ինչը, որ կայ, ընդամէնը կրկներեւոյթ մըն է առանց երկրէն ներս գործող եւ ամուր հիմերու վրայ դրուած ընկերային պայմանագրի մը։ Օլիգարխիան կրնայ ամէն «ինչ» ունենալ, բացի ժողովուրդէն…առանց որուն ոչինչ իսկապէս գոյութիւն կրնայ ունենալ։
Հետեւաբար օլիգարխիայի տէրերը պէտք է արագօրէն իջնեն իրենց յաւակնոտ նժոյգներէն եւ հաշուի նստին ժողովուրդին հետ։ Եւ արդէն ՀՀ նախագահը ինքնայեղաշրջման այս մեծ հրամայականի նախապայմանները կարեւոր չափով առանձնացուցած է Փետրուար 12, 2016ի եւ Մայիս 18, 2017ի իր ծաւալուն ելոյթներով։ Այդ ելոյթները դժբախտաբար մոռացութեան տրուած են վաղուց։ Որմէ պէտք է հետեւցնել, որ անոնք ընդամէնը տեսական մարզանքներ էին հանրային կարծիքը բաւարարելու միտող։ Թէ ի՞նչ պատահեցաւ անոնց բանաձեւման բովին մէջ եւ թէ ի՞նչ տեղ կը գրաւեն անոնք օլիգարխիայի հաւաքական մտածողութեան մէջ, այդ մասին թող վաղուան արխիւները խօսին։ Այսօրուան հրամայականն է խօսքէն անդին անցնիլ ամէնէն վճռական քայլերով։
Հիմա ժամանակն է, որ պետութիւնը հրապարակ իջնէ ինքնիր մշակոյթը յեղափոխող աշխատանքային ծրագրով եւ վճռական քաղաքականութեամբ։ Օլիգարխիան պիտի դադրի օլիգարխիա ըլլալէ եւ իր տեղը զիջի հանրութեան։ Ժամանակն է, որ հանրութեան պետութիւնը սկսի գործել համարձակօրէն եւ տնօրինել իր ճակատագիրը։ Եւ իր ամէն մէկ արարքով բարոյապէս լիազօրէ քաղաքացի՛ն։ Այլ ելք գոյութիւն չունի։

«Ասպարէզ», 19 Դեկտեմբեր 2017

No comments:

Post a Comment