12.8.16

Lեռնականներու վերջին շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան (մահուան 30-ամեակին առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Այս խորագիրը փոխ կ՚առնեմ իմ հի՜ն մէկ գրութենէն, որ ճիշդ 30 տարի առաջ, ճշգրտօրէն՝ 13 Յունիս 1986-ին, լոյս տեսած էր Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, որուն նո՛ր է որ սկսեր էի աշխատակցիլ Հալէպէն՝ սկսնակ լրագրողի մը դեդեւկոտ քայլերով։
Թերթին լման մէկ էջը գրաւող կարճաշունչ յօդուած մըն էր ատիկա, զոր գրի առած էի Սիմոն Սիմոնեանի մահուան անմիջական վաղորդայնին։
Ճիշդն ըսելու համար, հարկ է խոստովանիլ այստեղ, որ այդ օրերուն ես տակաւին բաւարար չափով չէի ճանչնար Սիմոնեանը, յստակ գաղափար մը չունէի անոր գրական վաստակին ծանրութեան ու գրագէտի բոլոր արժանիքներուն մասին։ Իմ վրայ, աւելի շատ, տպաւորութիւն գործեր էր իր հրատարակած «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որուն հին թիւերու հաւաքածոներէն տրցակներ կային մեր տան մէջ, խնամքով դասդասուած թիւ առ թիւ ու պահ դրուած կաշիէ խոշոր պայուսակի մը մէջ՝ …ձեղնայարկին մէկ անկիւնը։ Կը թուի թէ հայրս բաժանորդագրուած էր այդ թերթին, ու խելամտութիւնն ունեցած էր կարդացուած թերթերը չթափելու, պահելո՛ւ։
Օր մը, դեռ պատանի դպրոցական, ձեղնայարկը խառնշտկելու պահուն՝ գիւտը կատարեցի թերթերու այդ խոշոր պայուսակին…։ «Սփիւռք»-ի գրական-մշակութային նիւթերը ու Ա. էջի վրայ՝ խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանի ստորագրած շահեկան յօդուածները հրապուրեցին զիս, քաշեցին տարին իրենց հետ։ Ա՛լ օրերո՜վ, շաբաթներո՜վ անձնատուր կ՚ըլլայի իմ ապրած թուականէն 15-20 տարի առաջուան թերթերու ընթերցումին, մէկ կողմէ իրազեկ դառնալով մօտիկ անցեալի ազգային-գրական եռեւեփումներուն, միւս կողմէ ալ ըմբոշխնելով ԳԵՂԵՑԻԿ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ գրի առնուած տարաբնոյթ ու մեծաթիւ յօդուածներ, ու այդ ձեւով ալ՝ թերեւս անզգալաբար կոփելով ու յղկելով իմ սեփական լեզուն ու լեզուամտածողութիւնը…։
Ուրեմն, ես, սկզբնապէս, Սիմոնեանը ճանչցայ իր «Սփիւռք»-ին ընդմէջէն։ Ու իր մահուան առթիւ երբ գրի առի իմ նշեալ յօդուածը, հազիւ թէ քանի մը պատմուածքներ կարդացեր էի իր «Լեռնականներու վերջալոյսը»-էն. մնացեալ տպաւորութիւններս խտացուցեր էի առաւելաբար յենլով «Սփիւռք»-ի իմ ընթերցումներուն վրայ։
Պատմութեան համար պէտք է վկայեմ նաեւ, որ այդ օրերուն (30 տարի առաջ), խումբ մը գրասէր ընկերներով Հալէպի մէջ ոգեկոչեցինք Սիմոնեանի յիշատակը, հրապարակային անմոռանալի ձեռնարկով մը, իր մահէն հազիւ երկու ամիս անց՝ 20 Մայիս 1986-ին։

«ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ»
Այսպէ՛ս խորագրեր էինք մեր այդ ձեռնարկը։
Դեռ քանի մը ամիս առաջ նոր աւարտեր էի Ճեմարանը։ Ու շրջանաւարտութեան վկայականն ստանալէ առաջ իսկ՝ Համազգայինի պատասխանատուներ, ի յառաջագունէ, պաշտօնապէս հրաւիրեր էին զիս մաս կազմելու միութեան Գրական Յանձնախումբին։
Ճիշդ այդ շրջանին, 1986 Մարտին, իրերայաջորդ կերպով ստացանք մահուան գոյժը սփիւռքահայ գրողներ Արամ Հայկազի ու Սիմոն Սիմոնեանի։ Առաջինը մահացած էր Նիւ Եորք, 86 տարեկանին, երկրորդը՝ Պէյրութ, 72 տարեկանին։
Գրական Յանձնախումբի երիտասարդ անդամներս, բոլորս ալ ճեմարանաւարտներ, շուտով որոշեցինք ոգեկոչական ձեռնարկով մը յիշատակի հանդէս մը սարքել ողբացեալ գրագէտներուն նուիրուած։
Այս երկու գրողներն ալ համակրանք կը վայելէին Հալէպի մէջ։ Արամ Հայկազ ծանօթ էր մեր ուսանողութեան մեծամասնութեան, որովհետեւ ան տեղ գտած էր դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ, իսկ Սիմոն Սիմոնեան, իբրեւ սասունցի ու նախկին հալէպաբնակ, ունէր համակիրներու եւ ծանօթներու լայն շրջանակ։
Ուրեմն, յայտագիր պատրաստեցինք, բանախօսներ ճշդեցինք, թուական ու վայր որոշեցինք, ծանուցագրեր ու հրաւիրատոմսեր տպեցինք ու ցրուեցինք՝ ամբողջովին ապաւինելով մեր սեփական ուժերուն վրայ։
Ձեռնարկին օրը, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» սրահը (Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ կից՝ վերնատունը) լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ։
Արամ Հայկազի մասին յաջորդաբար արտայայտուեցան մեր ընկերներէն Հրաչ Սահակեան (այժմ ի Տուպայ) եւ Ռեբեկա Մավլեան (այժմ՝ Աւստրալիա)։ Իսկ Սիմոնեանի վաստակն ու արժանիքները ներկայացուցին Էօժէնի Դանիէլեան (այժմ ի Երեւան) եւ…նուաստս։ Մէջ ընդ մէջ, ընթերցումներ կատարուեցան զոյգ գրողներու ուշագրաւ էջերէն։
Որակաւոր եւ լուրջ ձեռնարկ մըն էր, որ գնահատուեցաւ բոլորէն։ Ներկաները այնքան խանդավառուած էին որ՝ յայտագրէն դուրս, ինքնաբուխ ելոյթներու հրաւիրուեցան Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախկին տնօրէն պրն. Փիլիպպոս Դերձակեան (Սիմոնեանի երբեմնի գործակիցներէն մին) եւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի հայերէնաւանդ երկարամեայ ուսուցիչ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեան (Սիմոնեանի մտերիմ ու հայրենակից)։ Անոնք սրտախօսիկ արտայայտութիւններով անձնական տպաւորութիւններ կամ յուշեր պատմեցին ողբացեալ գրողներուն մասին, կատարեցին շահեկան արժեւորումներ, փա՛յլք տուին ձեռնարկին։
Կազմակերպիչ երիտասարդներս ուրախ էինք ու հպարտ՝ մեր իրագործումներով։
Ահա այսպիսի «խենթ» հաճոյքներով մեր ոտքերը կը դնէինք երիտասարդութեան սեմէն ներս, ճիշդ 30 տարի առաջ…։

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔ ՄԸ, ՈՐ ՄԻՇՏ ՀՄԱՅԵՑ ԶԻՍ
Անցեալները, երբ անդրադարձայ որ Սիմոնեանի մահուան 30-ամեակն է այս տարի, գրադարանէս վար առի դարձեալ իր նշանաւոր Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու շարքը ու սկսայ թղթատել զայն՝ հին օրերու վերյիշումով։
Արարք մըն է ասիկա, զոր կը կատարեմ մերթ ընդ մերթ, խորապէս տպաւորուած ըլլալով ոչ միայն այս մատենաշարին հմայիչ բովանդակութենէն, այլեւ՝ հոն տեղ գտած սեւ-ճերմակ բազմաթիւ պատմական լուսանկարներէն։ Կը վերընթերցեմ հատուածներ հոսկէ-հոնկէ՝ պարզապէս հիանալու համար հեղինակին սահուն լեզուին ու պատմելու արտակարգ շնորհին վրայ։
Սփիւռքի տարածքին շատ-շատեր պիտի յիշեն Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու այս շարքը, որ հազարաւոր օրինակներով տարածում գտաւ Սուրիա-Լիբանանէն մինչեւ Կիպրոս եւ Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ ու Արժանթին, Երուսաղէմ ու Եթովպիա։
Ո՜վ գիտէ քանի-քանի սերունդներ իրենց անցեալի փառաւոր պատմութեան հետ հաղորդուեցան ա՛յս դասագիրքերուն ճամբով։ Քանի՜ սերունդներ, իրենց պատանի հասակին, թրծուեցան ու իբրեւ զտարիւն ՀԱՅ՝ կոփուեցան այս գիրքերուն միջոցաւ։ Ճանչցան Սասունցի Դաւիթն ու Առիւծ Մհերը, վիշապաքաղ Վահագնն ու Հայկ Նահապետը, Արա Գեղեցիկն ու յարալէզ աստուածները, Պարոյր թագաւորը, Մեծն Տիգրանն ու Արտաշէս Աշխարհակալը, Անյուշ բերդին մէջ բանտարկուած Արշակ թագաւորը, իր սպիտակ ձիով հռչակուած սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանը, Վռամշապուհ արքան ու Աւարայրի Վարդանը, Անին շէնցնող Բագրատունի թագաւորները, Տաւրոսի բարձունքներուն վրայ իշխանապետութիւն հաստատող Ռուբէնը, Թորոսը, Լեւոնը եւ բոլո՜ր միւս հերոսները մեր պատմութեան։
Պատանի էինք, նախակրթարանի աշակերտ, երբ օր մը մայրիկս նուէր բերաւ ինծի Հայոց Պատմութեան այս շարքը՝ լաթակազմ հաստափոր գիրքի ձեւով։ Առաջին իսկ էջէն՝ կապուեցայ ատոր։ Թէ՛ կ՚ընթերցէի պրակները էջ առ էջ, թէ՛ յուզումով կը դիտէի խորհրդաւոր լուսանկարները։ Կը հմայուէի Հայոց արքաներուն քաջագործութիւններով։
Սիմոնեանի ոճը առինքնող էր։ Շուտով կը զգայիր, թէ ան չոր ու ցամաք պատմութիւն մը չէ, որ կ՚աւանդէ, այլ կ՚ոգեշնչէ իր պատանի ընթերցողները, զանոնք կ՚ամրապնդէ իրենց հայկական ինքնութեանը մէջ։
Այդ առաջին տարիներուն, երբ իմ ձեռքէն վար չէի դնէր Սիմոնեանի դասագիրքերը, ես ո՛չ իսկ կը հետաքրքրուէի անոնց հեղինակով։ Սիմոն Սիմոնեանի անունը գրքին վրայ էր, բայց ինծի համար այդ անունը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունէր։ Արդէն, չէի իսկ լսած այդ անունը։ Ես պարզապէս երախտապարտ էի մայրիկիս, որ մտածումը ունեցած էր այս թանկագին նուէրը բերելու ինծի։
Դասագրքին Ա. հատորին սկիզբը հեղինակը զետեղած էր «Հայ աշակերտին մտածումը» վերնագրով սա՛ տողերը, որոնք «Հաւատոյ հանգանակ» մըն են կարծես.
-Հայ մըն եմ ես։ Իմ հայրենիքս կը կոչուի Հայաստան, ուր ապրեր են ու մեռեր իմ նախահայրերս։ Բայց ես չեմ բնակիր Հայաստանի մէջ։ Հեռու եմ անկէ եւ տարագիր։
Ամէն բանէ աւելի պիտի սիրեմ իմ հայրենիքս եւ պիտի չմոռնամ անոր անունը։ Հաստատ կերպով կը հաւատամ, թէ օր մը անպայման պիտի վերադառնամ հոն։ Այդ օրը փութացնելու համար մի՛շտ պիտի կարդամ քաջ նախահայրերուս պատմութիւնը, պիտի սիրեմ եկեղեցիս ու հայրենիքս եւ ինքզինքս հպարտ պիտի զգամ ՀԱՅ կոչուելուս։
Ուխտած եմ արժանի ըլլալ տեսնելու Մասիսն ու Արագածը, Սիփանն ու Նեմրութը, Բիւրակնն ու Տաւրոսը, Արաքսն ու Սեւանը, Էջմիածինն ու Ս. Կարապետը, Կարսն ու Կարինը, Վանն ու Մուշը։
Ի՜նչ լաւ բանաձեւուած էր ամէն ինչ։
Սիմոնեան իր դասագիրքերուն գրառման համար, ի սկզբանէ, որդեգրած էր նաեւ շատ գործնական եւ օգտաշահ կերպ մը.- Ան նախ մատչելի եւ դիւրասահ լեզուով մը կը պատմէր պատմութեան տուեալ դրուագը, յետոյ կը թուէր «Բացատրելի բառեր»-ը (որոնք կրնային անծանօթ ըլլալ պատանիին), ապա կ՚ուղղէր դասին առընչուող «Հարցարան» մը (ընդհանրապէս բաղկացած 8-10 հարցումներէ), աւելի վերջ կը նշէր դասանիւթին «Ընդլայնելի կէտեր»-ը (որոնց մասին հարկ էր որ դասատուն յաւելեալ տեղեկութիւններ տար), ու ամենէն ետքն ալ կը հրամցնէր «Աղբիւրներ»-ու ցանկ մը, որ ուղեցոյց կրնար ծառայել ուսուցիչին ու պրպտողին հաւասարապէս։ Զորօրինակ, երբ կը խօսէր Հայաստանի վրայ արաբական արշաւանքներուն մասին, դասանիւթի աւարտին՝ իբրեւ աղբիւր ցոյց կու տար Սեբէոսը, Ղեւոնդ պատմիչը, Թովմա Արծրունին, Դրասխանակերտցին, բայց նաեւ՝ Վենետիկ ու Վիեննա տպուած գիրքեր, նոյնիսկ՝ ֆրանսերէն հատոր մը։
Ու չմոռնալ.- Սիմոնեան իր այս շարքը կը պատրաստէր ու կը սկսէր հերթաբար հրատարակութեան յանձնել՝ երբ տակաւին հազիւ 25-26 տարեկան երիտասարդ մըն էր…։

ԲԱՆԱԳՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ԹԻՐԱԽՆ ԷՐ Ս. ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ «ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»-Ը…
«Բանագողութիւն»-ը բառ մըն է, որ յաճախակիօրէն կը գործածուի գրական շրջանակներու մէջ։
Ասիկա գողութեան կամ իւրացումի այն տեսակն է, որ ի գործ կը դրուի գրականութեան անդաստանէն ներս։ Այսինքն, գողօնը (գողցուած ապրանքը) այս պարագային ո՛չ թէ ոսկի է կամ հնչուն դրամ եւ կամ թանկարժէք իր մը, այլ՝ գրաւոր խօսք մը, երբեմն տողեր, երբեմն պարբերութիւններ, երբեմն էջեր։
Ուրեմն, եթէ գրչի սպասարկու մը փորձէ ուրիշ գրողի մը պատկանող գրութեան մը ամբողջութիւնը կամ մէկ մասը իւրացնել ու զայն ներկայացնել իբրեւ իրը, բանագողութիւն ըրած կ՚ըլլայ։ Ու բանագողութիւնը դատապարտելի արարք է անշուշտ։
Անձնապէս, ամէն անգամ որ «Բանագողութիւն» բառը լսեմ, կը յիշեմ Երուսաղէմի նախկին պատրիարքներէն բանաստեղծ Եղիվարդը (Եղիշէ արք. Տէրտէրեան), որ իր երիտասարդական տարիներուն բանագողութիւններ կատարած էր Յակոբ Օշականի բանաստեղծութիւններէն։ Այդ շշմեցուցիչ իւրացումները բացայայտուեցան ու պախարակուեցան օրին (1951), գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի կողմէ՝ Հալէպի «Նայիրի» ամսագրին էջերուն վրայ։ Աւելի հին շրջաններուն ալ, բանագողութեան թիրախ դարձած էր Սրուանձտեանց Գարեգին եպիսկոպոսը։ Ան իր «Համով հոտով» գրքին մէջ (1884) կը պատմէր որ իր ուղեգրութիւններէն էջեր «բազմապիսի եւ բազմահնար եղանակաւ» հրապարակուած տեսաւ լրագրերու մէջ՝ ուրիշներու ստորագրութեամբ…։ «Զարմացա՜յ,- կը գրէր ան,- բայց լռեցի, զի նոր չէր մեր մէջ այդպիսի անպատկառ գործողութիւն, այն է՝ գրական գողութիւն»։
Ահա, նմանօրինակ բանագողութեան մը թիրախ դարձաւ նաեւ Սիմոն Սիմոնեանի նշանաւոր «Հայոց Պատմութիւն» շարքը։
Արդարեւ, Հալէպ ապրող մտաւորական մը՝ Արմէն Անոյշ-Մարաշլեան (1907-1958), որ միաժամանակ դպրոցի տնօրէն էր, բանաստեղծ եւ սիրուած արձակագիր, Սիմոնեանի պատմութեան դասագիրքերուն առաջին երեւումէն (1939-41) բաւական տարիներ ետք (1953-էն սկսեալ, ի Հալէպ) ի՛նք եւս տպեց ու հրատարակեց Հայոց Պատմութեան նմանօրինակ շարք մը, որ քանիցս վերատպութիւններու ալ արժանացաւ։ Բայց շուտով երեւան եկաւ, որ ան լայն չափով ու համեմատութիւններով ուղղակի օգտուած էր Սիմոնեանին գործէն, տեղ-տեղ՝ բառացիօրէն…։
Սիմոնեան շատ վրդովեցաւ։ Նոյնիսկ՝ դասագիրքերու երկու շարքերուն բաղդատութիւնը կատարող ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեց, ինքնապաշտպանութիւն կատարելու համար այս ոտնձգութեան դէմ. սակայն աւելի ուշ խուսափեցաւ զայն հրապարակելէ, «խնայելու համար կրթական եւ ազգային կոչուած բաներու վարկին» (իր բառերն են)։ Բայց, իր Հայոց Պատմութեան շարքին յաջորդական վերատպութիւններուն մէջ, ան ստիպուեցաւ զետեղել ծանօթագրութիւն մը, ուր յստակօրէն կը մատնանշէր բանագողութիւնն ու բանագողը (որ մահացեր էր արդէն տարիներ առաջ)։ Իր նպատակն էր «ապագայ քննաբանները շփոթութեան չմատնել»՝ եթէ անոնք «բազմաթիւ նոյնութիւններ եւ նմանութիւններ» նկատէին դասագիրքերու երկու շարքերուն մէջ։
10-12 տողնոց այդ ծանօթագրութիւնը մնաց պատմութեան ու եկող-գացող սերունդներուն առջեւ դրուած դատակնիք մը…։

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸ՝ «ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»
Սիմոն Սիմոնեանի գրական վաստակին մէջ կայ գործ մը, որ իր ծաւալով եւ ընդգրկուն բնոյթով մի՛շտ ալ հիացում ու զարմանք պատճառած է ինծի։ Ատիկա 800 էջէ բաղկացեալ եւ Աստուածաշունչը յիշեցնող ծանրածանր հատոր մըն է, որ կը կոչուի «Արեւելահայ գրականութիւն»։ Հրատարակուած է կէս դար առաջ՝ 1965-ին, պաղտատաբնակ գրող Լեւոն Շահոյեանի մեկենասութեամբ։
Գրադարանիս պատուոյ գիրքերէն մէկն ալ ա՛յս է ահաւասիկ։ Եւ յաճախակիօրէն պահանջքը կը զգամ ատոր դիմելու, ամէն անգամ որ լրացուցիչ տեղեկութիւն մը ուզեմ քաղել արեւելահայ սա կամ նա գրողին մասին։
Աստուա՜ծ իմ։ Այս որքան առատ նիւթ կրցեր է ժողվել Սիմոնեան արեւելահայ գրողներու մասին։ Այստեղ, ան ոչ միայն համախմբեր է բոլորիս ծանօթ հռչակաւոր արեւելահայ գրողները (1850-1920), այլեւ՝ բոլորովին անծանօթ դէմքեր, մանաւանդ գիւղագիրներ, զորս փոշիներուն տակէն հաներ ու ներկայացուցեր է մեզի։
Պէտք է կարդալ հեղինակին 14 էջանի «Յառաջաբան»-ը, զգալու համար իր անհուն սէրը մեր գրականութեան հանդէպ՝ ընդհանրապէս, ու արեւելահայ գրականութեան հանդէպ՝ մասնաւորաբար։ Իր իսկ խօսքերով՝ այս գործը «մեծարանք մը, սիրոյ սրտագին ու ծանր տուրք մըն է, թափանցելու եւ վերընծայելու ճիգ մը՝ արեւելահայ գրականութեան, որ դարաւոր հայ գրականութեան փառահեղ հինգ շրջաններէն մէկն է»։ Հեղինակը կը հաւատար, որ «արեւելահայ գրականութիւնը Հայոց գրականութեան զուարթնոցեան տաճարին հինգ կամարներէն մէկն է, հոյակապ ու արծուաթեւ»։
Ըստ Սիմոնեանին, արեւելահայ գրականութեան ԳԼԽԱՒՈՐ ու ԱՆՄԱՀ դէմքերը հետեւեալ 11 անուններն են.- Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Շիրվանզադէ, Մուրացան, Նար-Դոս (վիպագիրներ), Գաբրիէլ Սունդուկեան (թատերագիր), Յովհաննէս Թուման-
եան, Աւետիք Իսահակեան եւ Վահան Տէրեան (բանաստեղծներ), Ղազարոս Աղայեան (հէքեաթագիր) եւ Աւետիս Ահարոնեան։
Այս եւ ուրիշ երեք տասնեակ գրողներու մասին (հատորին մէջ ներկայացուած գրողներուն ընդհանուր թիւը 42 է) Սիմոնեան տուած է կենսագրական սպառիչ տեղեկութիւններ, իրենց լուսանկարներով։ Յետոյ, տուած է անոնց ուշագրաւ եւ գեղեցկագոյն գործերէն մեծաթիւ նմոյշներ։ Վերջաւորութեան ալ, ան գիրքին կցած է 62 երկսիւնակ ու մանրատառ էջերէ բաղկացեալ ԲԱՌԱՐԱՆ մը, ուր մէկ առ մէկ բացատրած է նշեալ գրական նմոյշերուն մէջ երեւցող բարբառային կամ օտարոտի անհասկնալի բառերը (շուրջ 6500 բառ…)։ Տուած է նաեւ հեղինակներուն երկերուն մատենագիտութիւնը։ Կոթողայի՜ն աշխատանք։
Սիմոնեան լա՛ւապէս սերտելէ ետք արեւելահայ գրականութիւնը, վերարժեւորած է զայն իր գրականագէտի դիտանկիւնէն։ Զորօրինակ, ան նկատել կու տայ որ Արեւելահայերը, ի տարբերութիւն Արեւմտահայերուն, գրեթէ երգիծաբան չեն ունեցած, ինչպէս որ չեն ունեցած եկեղեցական գրողներ կամ կին գրողներ (բացի Շուշանիկ Կուրղինեանէն)։ Մինչդեռ հանդիպակաց ճակատին մէջ կան Պարոնեանն ու Օտեանը (իբրեւ երգիծաբան), Խրիմեանն ու Սրուանձտեանցը, Ալիշանն ու Դուրեան Եղիշէ եպիսկոպոսը (իբրեւ հոգեւորական), կան Սրբուհի Տիւսաբն ու Սիպիլը, Զ. Եսայեանն ու Անայիսը (իբրեւ կին գրողներ)։
Սիմոնեանի այս գործին մասին գնահատանքով արտայայտուեցան շատեր։ Գրախօսականներ երեւցան «Հասկ»-ի, «Սիոն»-ի, «Բազմավէպ»-ի, «Հանդէս Ամսօրեայ»-ի, «Յուսաբեր»-ի, «Սփիւռք»-ի եւ այլ թերթերու մէջ։ Գրախօսները նկատել կու տային որ հեղինակին այս երկը, իբրեւ բովանդակութիւն, շա՛տ աւելի ընդգրկուն էր՝ քան արեւելահայ գրականութեան նուիրուած նախորդ որեւէ հրատարակութիւն, ինչպէս օրինակ՝ Լէոյի «Ռուսահայոց գրականութիւնը» (Վենետիկ, 1904) կամ «Ռուսահայ գրողներ» ժողովածուն (ԹիՖլիս, 1909)։
Երբ այս պատկառելի հատորը մամուլի տակ էր տակաւին (60-ական թուականններուն), Սիմոնեան իր սեփական «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ շարունակ կը ծանուցանէր, թէ հրատարակելի այս գործին շուտով պիտի յաջորդէին չորս նմանօրինակ հատորներ եւս, առանձնաբար նուիրուած՝ հայ հին գրականութեան (Ե.-ԺԹ. դար), արեւմտահայ գրականութեան (1850-1915), խորհրդահայ գրականութեան (1921-1965) եւ վերջապէս՝ գաղթահայ գրականութեան (1918-1965)։
Ինք մահացաւ 1986-ին, առանց որ ատոնք լոյս տեսնեն։
Ի՞նչ պատահած էր։ Գործը չէ՞ր ամբողջացած, թէ… մեկենաս չէր գտնուած։
Կը թուի թէ այս գործերը մնացեր էին իրենց ծրագրային վիճակին մէջ։
Կրցած ենք ստուգել միայն, որ վերոնշեալներէն լոկ առաջինը, «Պատմութիւն հայ մատենագրութեան» անուան տակ, 1954-ին մեքենագիր ու խմորատիպ ձեւով տպուեր էր Անթիլիաս (շուրջ 70 էջ) ու մինչեւ 60-ական թուականներու վերջերը իբրեւ դասագիրք օգտագործուեր Դպրեվանքէն ներս։

ԼԵՌՆԱԿԱՆ ՍԱՍՈՒՆՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԸ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Սիմոն Սիմոնեան, 40-ական թուականներու կէսերուն, երբ տակաւին Հալէպ կ՚ապրէր ու հազիւ բոլորած էր իր կեանքին առաջին երեք տասնամեակները, սկսաւ գրի առնել Սասունէն Հալէպ գաղթած հայ պարզունակ մարդոց կեանքէն վերցուած հետաքրքրական պատումներ։ Իր տիպարները չարքաշ ու պատուախնդիր անձեր էին, հայրենի իրենց երկրին հին բարքերով ու մտայնութեամբ կոփուած, որոնք սակայն դժուարութիւն ունէին հաշտուելու իրենց նոր միջավայրին ու սովորութիւններուն հետ։ Ամէն ինչ կը բաղդատէին «Էրկրի» բարքերուն ու կենցաղին հետ։ Իրենց գաւառային տարազն անգամ չէին ուզեր փոխել. կը շարունակէին հագնիլ շալվար, ակիլ ու փուշի, ոտքերնուն՝ չարուխներ, դէմքերնուն վրայ՝ մկրատ չդպած պեխեր…։ Ու այս պարագաները, շատ յաճախ, ծիծաղելի կացութիւններու կը մատնէին զիրենք։
Սիմոնեան հակեցաւ այս հետաքըրքրական տիպարներուն վրայ (որոնցմէ մէկն ալ իր հայրն էր՝ ջաղացպան Օվէն) ու վարպետօրէն գծեց անոնց կեանքէն ինչ-ինչ յուզիչ կամ զուարճաբեր դրուագներ։ Այս հերոսները իր անմիջական շրջապատին մէջ էին, կը ճանչնար զանոնք անձամբ, ժամերո՜վ խօսեցուցեր էր զիրենք, արձանագրեր էր անոնց կեանքի պատմութիւնը՝ իբրեւ մշակելի գրականութեան մը հանքն ու թթխմորը։
Իր գրառումները ան շարունակեց յետագային ալ, երբ Լիբանան փոխադրուեցաւ։
Այնքա՜ն անոյշ կը պատմէր, այնքա՜ն աղուոր լեզու մը կը գործածէր այդ տարագիր լեռնականները նկարագրելու համար, ու այնքա՜ն հմայիչ ոճով մը կը հիւսէր իր պատումները, որ ընթերցողը ուղղակի կը յափշտակուէր…։ Մանաւանդ որ այդ տիպարները կեղծ չէին, իրական միս ու ոսկոր էին, կ՚ապրէին ու կը շնչէին Հալէպի մէջ, ծանօթ էին բոլորին։ Սիմոնեան նոյնիսկ զանոնք կը խօսեցնէր Սասնոյ բարբառով, պահելով այդպիսով կատարեալ հարազատութիւն մը։
-Երբեք կարիքը չեմ զգացած դիմելու երեւակայութեան ու «գրական» հնարքներու,-կը գրէր Սիմոնեան՝ ակնարկելով իր այս գործին,- վասնզի անոնց կեանքերը ինքնին աւելի գեղեցիկ էին, լի ու իրաւ, աւելի անօրինակ ու յուզիչ, քան որեւէ տաղանդաւոր երեւակայութիւն ու վերստեղծում։ Այնպէս որ յաճախ կարծած եմ թէ ես չէ որ գրած եմ այս պատմուածքները. անոնք իրենք զիրենք գրած են՝ իմ հոգիիս գրամեքենային վրայ…։
Ահա այսպէս, մեր գրականութեան մէջ մտան բեռնակիր Քեռի Օհանը, եօթը աղջիկներու հայր՝ Երկէն Արթինը, Ձիաւոր Աւէն (որ մահացաւ Հալէպի մէջ 1973-ին, 110 տարեկանին…), փռապան Մանօն, Հօրքուր Խանէն, տխեղծ մարմնով Թօփալ Սահակը, հին հայդուկ եւ վարպետ մեղուաբոյծ Քեռի Մակարը (Քեռի Ղազար), Պելաւայ Յակօն, Հնակարկատ Լեւոնը, Մկրօն ու Խուլ Լուսինը, Մշգեղցի ծուռ Շեփէն, Տալւորիկցի Խարզօն, Կոզլուկլու Մակարը եւ միւսները…։
1915-ի Մեծ Եղեռնը հայրենազուրկ դարձուցած էր այս մարդիկը ու զանոնք դժբախտացուցած՝ անվերականգնելիօրէն։ Հիմա, օտար երկինքի տակ, անոնք կ՚ապրէին իրենց յետմիջօրէն ու վերջալոյսը…։
Սիմոնեան իր գրած բոլոր պատմուածքները, յետագային (1968-ին), ժողվեց առանձին հատորի մը կողքին տակ։ Այդ գիրքը կոչուեցաւ «Լեռնականներու վերջալոյսը» ու արժանացաւ բարձր գնահատականներու։ Եւ զարմանալի չէր որ առաջին խանդավառուողները եղան հայրենաբնակ սասունցի գրողները։ Զորօրինակ, վիպագիր Խաչիկ Դաշտենց Սիմոնեանին ուղղեալ անձնական նամակի մը մէջ կը գրէր. «“Վերջալոյսը”, ըստ իս, քո բոլոր գրութիւնների արշալոյսն է գեղարուեստական առումով»։ Իսկ բանաստեղծ Վաղարշակ Նորենց, իր կարգին, կը հաստատէր. «“Լեռնականներու վերջալոյսը” գրական ճշմարիտ արուեստի գործ է։ Սասունցիների այդպիսի կերպարներ դեռ ոչ ոք չի պատկերել։ Ես հիացած եմ այդ դէմքերով, որոնք այնքան պարզ ու կենդանի յիշեցնում են շատ հարազատ դէմքերի, որոնց մէջ անցել է իմ մանկութիւնը»։
Գրադարանիս մէջ, անկիւն մը, իր պատուոյ տեղը ունի այս հատորն ալ, «Լեռնականներու վերջալոյսը», մանաւանդ որ ատիկա մակագրուած է անձամբ՝ Ս. Սիմոնեանի կողմէ, եւ ուղղուած է նոյն այս գրքին հերոսներէն մէկուն՝ Հնակարկատ Լեւոնին։
Ու Հնակարկատ Լեւոնը, Սասնոյ Սեմալ գիւղէն, ուրիշ մէկը չէ՝ եթէ ոչ իմ հօրենական հարազատ մեծ հայրս (մահացած՝ 1982-ին) …։ 

ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՄԱՅՐԸ ԵՐԲԵՔ ՉԿՐՑԱՒ ՄՈՌՆԱԼ «ԻՐ ՊԵՏՕՆ»…
Սիմոն Սիմոնեանի «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորին առաջին գրութիւնը կը կրէ «Ան ուրիշ էր…» խորագիրը։ Գեղարուեստական արժանիքներով յագեցած իրապատում յուզիչ պատմուածք մըն է ասիկա, ուր Սիմոնեան կը պատմէ թէ ի՛նչպէս իր մայրը (որ ստիպուեր էր ամուսնանալ երկու անգամ) բնաւ չկրցաւ մոռնալ իր առաջին ամուսինը ու սրտին մէջ անմար կարօտ մը պահեց միշտ անոր նկատմամբ…։
Այդ առաջին ամուսինը կը կոչուէր Պետօ։ Սասնոյ Տալւորիկի շրջանէն էր։ Գեղադէմ, յանդուգն ու առատաձեռն ջաղացպան մը։ Եկած հաստատուած էր Այնթապ, ուր, 25 տարեկանին ամուսնացեր էր Սիմոնեանի 17 տարեկան ապագայ մօրը՝ Մանուշին հետ։
Անոնք միասին կ՚ապրին երջանիկ եօթը տարիներ, առանց սակայն զաւակով մը բախտաւորուելու։
Ու օր մըն ալ (1912-ին) Պետօն յանկարծամահ կ՚ըլլայ իր ջաղացքին մէջ։
Այրիացած հարսը յաջորդ տարի կը վերամուսնանայ իր հանգուցեալ ամուսնոյն մտերմագոյն գործընկերոջ՝ սասունցի ջաղացպան Օվէին հետ, որ պիտի դառնար հայրը Սիմոն Սիմոնեանին…։
Սիմոնեան կը պատմէ որ մայրը մինչեւ իր վերջին շունչը (1964)՝ ապրեցաւ «իր Պետոյին» յիշատակով։ Ան մինչեւ իսկ համոզուած էր որ իր Բ. ամուսնութեան պտուղը եղող զաւակները… մեռնող Պետոյին զաւակներն էին, «վասնզի մեզմէ իւրաքանչիւրին իր յղիանալու նախորդ գիշերը մի՛շտ իրեն երեւցած է Պետօն, եւ առանց Պետոյի երեւումին երբեք չէ յղիացած…։ Այսինքն՝ Պետօն եղած է Սուրբ Հոգին…»։
Պետօն, այսպիսով, անդրշիրիմեան գաղտնի այցելութիւններ եւ միջամտութիւններ կը կատարէր Սիմոնեաններու տան մէջ, խռովելով անշուշտ թէ՛ ջաղացպան Օվէին (մահացած է Պէյրութ, 1957-ին), թէ՛ ալ ընտանիքի միւս անդամներուն հոգեկան անդորրութիւնը։
Օր մը Սիմոնեան կը հարցնէ իր մայրիկին.
-Պետօն քեզի զաւակներ չպարգեւեց։ Մեզ ունեցար ա՛յս ամուսինէդ։ Պետօ՞ն կ՚ուզես առանց մեզի, թէ մեզմով՝ հայրս…։
Մայրը կը լռէ։ Յետոյ մեղմագին կը յարէ.
-Ան ուրիշ էր…։
Սիմոնեան այս նիւթին շուրջ, յետագային, կը գրէ նաեւ երեք արարնոց սիրուն ու կարճ թատերգութիւն մը, որ տեղ կը գտնէ «Լեռնականներու վերջալոյսը»-ին մէջ։
Տեղին է յիշել նաեւ, որ «Ան ուրիշ էր…» պատմուածքը նախկին հալէպահայ Հրաչ Քալսահակեանի կողմէ արաբերէնի թարգմանուելով լոյս ընծայուած է Դամասկոսի «Ալ-Ատաապ Ալ-Աժնապիէ» («Օտար գրականութիւններ») հանդէսի Ամառ/2005-ի յատուկ թիւին մէջ (թիւ 123), որ ամբողջովին նուիրուած էր հայ գրականութեան։

ԵՐԲ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԻՐ ԿՈՒՐԾՔԸ ԿԸ ԲԱՆԱՐ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՈՒ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂԻՆ…
Սիմոն Սիմոնեան թէեւ Այնթապ ծնած էր (1914), բայց, ինչպէս դիտել տուինք արդէն, արմատներով՝ սասունցի էր, Սասնոյ Կերմաւ գիւղէն ջաղացպան Օվէի որդին։
Մանուկ տարիքին ականատես եղաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ Քաղաքին հայաթափումէն ետք (1921), հազարաւորներու նման իր ընտանիքն ալ ապաստան գտաւ Հալէպ, հայկական հիւղաւանին մէջ։ Այստեղ, ան փոխն ի փոխ աշակերտեց քանի մը վարժարաններու,- Հայկազեան, Կիլիկեան Գաղթականաց, երեք տարի ալ՝ լատին-կաթոլիկ դպրոցներ, ուր դասաւանդման լեզուն… թրքերէնն էր։
Դաժան տարիներ էին, ու Հալէպը լեցուած էր կիլիկեցի գաղթական բազմահազար Հայերով։ Այդ գաղթականներուն զաւակները, յաճախ՝ ոտաբոպիկ ու ցնցոտիներով, հայեցի կրթութիւն կը ստանային եւ գրաճանաչութիւն կը սորվէին նոր-նոր հիմնուող մեր համեստ ու չքաւոր դպրոցներուն երդիքին տակ։
Սասունցի Օվէն կրնա՞ր հանդուրժել որ իր տղան աճէր ու մեծնար թրքախօս միջավայրի մէջ։ Ուստի, հանեց զայն լատինաց դպրոցէն ու արձանագրել տուաւ նորաբաց Կրթասիրաց վարժարանը։ Տարին 1926-ն էր։
Չորս տարի անց, 1930-ին, Սիմոն Սիմոնեան շրջանաւարտ եղաւ այդ վարժարանէն, երբ 16 տարեկան էր արդէն…։
Ուսումնառութեան գնացքը հոս կանգ չառաւ։
Նոյն տարին իսկ, բախտորոշ շրջան մը բացուեցաւ իր առջեւ։ Ան ընդունուեցաւ Անթիլիասի նորահաստատ Դպրեվանքը՝ Հալէպէն եկող խումբ մը պատանիներու հետ միասին։ Այստեղ, իրեն դասակից ունեցաւ 15-ի չափ տղաք, որոնց մէջ էին ապագայ Զարեհ Ա. կաթողիկոսը, Դերենիկ եպիսկ. Փօլատեանը, Արմէն Տէր Պետրոսեանը (տնօրէն Հալէպի Կրթասիրաց վրժ.ի), Նշան Խոշաֆեանն ու Պարգեւ Պարսումեանը (մամլոյ աշխատակիցներ), Լեւոն Ագխաչերեանը (գրական անունով՝ Զարեհ Զարգուն, կրթական եւ կուսակցական գործիչ ու մամլոյ սպասաւոր), Կարապետ Սապունճեանը (երկարամեայ դաստիարակ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի) եւայլն։
Սիմոնեան աւարտեց Դպրեվանքին կրթական լրիւ ընթացքը (5 տարի) ու վկայուեցաւ հոնկէ 1935-ին։
Այլեւս կատարելապէս զինուած էր հայերէնագիտական լուրջ պաշարով։ Դպրեվանքը տուա՛ծ էր իրեն հարկաւոր թթխմորն ու նախանիւթերը։ Ակնյայտ էին մանաւանդ իր բանասիրական հակումները։ Դպրեվանքեան շրջանէն կու գան իր երկու ընդարձակ ուսումնասիրութիւնները,- Է. դարու պատմիչ Մովսէս Կաղանկատուացիի «Աղուանից պատմութիւն» երկին աշխարհաբար թարգմանութիւնն ու քննութիւնը (1933-35, «Տարեկան աւարտաճառ», ցարդ անտիպ) եւ ԺԹ. դարու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներէն Գէորգ Դ.ի նուիրուած մենագրութիւնը (1935)։ Վերջինը կը բաղկանար ձեռագիր 100 էջէ ու գրի առնուած էր իբրեւ «Մանկավարժական աւարտաճառ»։ Անիկա իր վերջնական ձեւին մէջ լոյս տեսաւ Անթիլիասի «Հասկ» ամսագրի Նոյեմբեր 2010-էն մինչեւ Յուլիս-Օգոստոս 2011 երկարող եօթը յաջորդական թիւերուն մէջ՝ «Կրթութեան մարդը Գէորգ Դ.ի մէջ» խորագրին տակ։
***
Դպրեվանքը Սիմոնեանի ուսումնառութեան վերջին հանգրուանը եղաւ։ Այնուհետեւ, սկսաւ իր կեանքին յաջորդ փուլը՝ դասատւութեան շրջանը…։
1935-ին Սիմոնեան կը վերադառնայ Հալէպ եւ ուսուցիչ կը կարգուի Ազգ. Հայկազեան վարժարանին մէջ՝ 11 ս.ո. ամսականով, 11 ամիսներու համար (12-րդ ամսուան ամսականը չէր վճարուեր…)։ «Ատոր համար շատ լաւ գիտեմ թէ 11 անգամ 11՝ կ՚ընէ 121», կը պատմէ ան, Կ. Փօլատեանի հետ իր «Զրոյց»-ին մէջ։
Հայկազեանի մէջ կը դասաւանդէ նախ երեք տարի՝ 1935-38, ապա եւս հինգ տարի՝ 1941-46։ Միջանկեալ, 1938-41 կը դասաւանդէ Կիւլպէնկեան վարժարանը։ Ուրեմն, լրիւ 11 տարի կ՚ուսուցչագործէ Հալէպ, աւանդելով հայերէն լեզու եւ Հայոց պատմութիւն։ Այս շրջանին, ակամայ կը ստիպուի մերժել Լեւոն Շանթի պաշտօնական մէկ առաջարկը՝ դասաւանդելու Պէյրութի Հայ Ճեմարանին մէջ։
Սիմոնեանի բազմահարիւր աշակերտներէն շատեր կը վկայեն, թէ ան խո՛րապէս կը տպաւորէր զիրենք՝ մանաւա՛նդ Հայոց պատմութեան դասերուն, երբ կը խօսէր Մամիկոնեան քաջերու սխրագործութիւններուն կամ հայ արքաներու մաքառումներուն մասին։ Բայց «Հայոց Պատմութիւն» շարքը, արդէն, լաւագոյն վկան է այս առընչութեամբ։ Ատոր սոսկական ընթերցումն իսկ, այսօ՛ր, կը յաջողի ոգեւորել մեզ՝ մեծով-պզտիկով…։

«ՍԵՒԱՆ» ՊԱՐԲԵՐԱԳԻՐՔԻՆ ԵՐԿՈՒ ԹԻՒԵՐԸ
Սիմոն Սիմոնեանի հալէպեան գործունէութեան մէջ տեղ կը գրաւեն «Սեւան» անունով տպարան մը եւ նոյնանուն պարբերաթերթ մը։
Ընդհանրապէս, երբ կը տրուի Սիմոնեանի անունը, անմիջապէս մեր միտքը կու գայ Պէյրութի Սեւան հրատարակչատունը, որուն հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր ինք՝ տաս-
նամեակներ շարունակ, 1954-էն սկսեալ։
Բայց եթէ քիչ մը խորանանք Սիմոնեանի կենսագրութեան մէջ, պիտի տեսնենք որ ան «Սեւան» անունով տպարան մըն ալ հիմնած էր նախապէս Հալէպի մէջ, 1945-ին։ Այս նախաձեռնութեան մէջ ան իրեն գործակից ունէր քանի մը ընկերներ, որոնց հետ կազմած էր «Սեւան Հրատարակչական Մարմին»-ը։ Լոյս ընծայած էին գրական ժողովածուներ, ինչպէս՝ Լեւոն Բաշալեանէն պատմուածքներու հատոր մը, բանաստեղծ Վահան Տէրեանէն հատընտիր մը եւայլն։ Բայց ասոնց կողքին կային նաեւ «Սեւան» անունով պարբերագիրքի մը երկու թիւերը, որոնք լոյս ընծայուած են 1946-ին, Հալէպահայ Ուսուցչական Միութեան հովանաւորութեամբ։
Սիմոնեան երբ հրապարակ կը հանէր «Սեւան» պարբերագիրքին անդրանիկ թիւը, Հալէպի մէջ կային արդէն գրական երկու այլ հրատարակութիւններ։ Մին՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագիրն էր (1941-էն), միւսը՝ Սովետական Հայաստանի բարեկամ տղոց «Դէպի Երկիր»-ը (1945-էն)։ Ուրեմն, իրերանման երեք պարբերաթերթեր՝ նոյն քաղաքին մէջ։
Ձեռքի տակ ունի՛մ «Սեւան»-ի զոյգ թիւերը։ 120-124 էջանի բովանդակալից պարբերաթերթեր են ասոնք, ուր իրենց ստորագրութիւնը դրած են ժամանակաշրջանի սփիւռքահայ երեւելի բազմաթիւ դէմքեր,- Յովսէփեանց Գարեգին կաթողիկոս, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Եղիվարդ, Արամ-Արման, Զարեհ Մելքոն-
եան, Սմբատ Փանոսեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Սահակ Պալըգճեան, Արիս Շաքլեան, տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան, Վահէ-Վահեան, Սեզա, Ներսէս Յ. Պարսումեան, Եղիա Քասունի, եւայլն, եւայլն։ Իսկ Սիմոն Սիմոնեան, որ խմբագիրն էր պարբերաթերթին, հո՛ս է որ սկսած է գրի առնել սասունցի լեռնականներու վերջալոյսը դրուագող իր սիրուն պատմուածքները։ Այդ շարքէն՝ նշանաւոր «Ան ուրիշ էր…»-ը լոյս տեսած է պարբերաթերթին Ա. թիւին մէջ, տարբեր վերնագրով մը։
«Գրականութեան եւ արուեստի» նուիրուած այս պարբերագիրքը, դժբախտաբար, ունեցաւ ասուպային կեանք մը։ Ակնարկուած երկու թիւերէն զատ՝ ուրիշ թիւ լոյս չտեսաւ, որովհետեւ Սիմոնեան նո՛յն տարին իսկ պարտաւորուեցաւ թողուլ Հալէպը ու վերջնապէս փոխադրուիլ Պէյրութ, ուր պարտականութիւններ պիտի յանձնուէին իրեն՝ Դպրեվանքին ու կաթողիկոսարանի շրջանակին մէջ։

ԵՐԲ ԳԱՐԵԳԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷՐ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ…
Խօսքը կը վերաբերի Յովսէփեանց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (1943-1952)։
Գիտնական հայրապետ մըն էր ան, հմուտ ձեռագրագէտ ու արուեստաբան, բնիկ ղարաբաղցի, որ Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին հազիւ գահ բարձրացած՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նստավայրը պիտի վերածէր մշակոյթի կեդրոնի մը։
Գարեգին կաթողիկոսին առաջին գործերէն մին եղաւ Հալէպէն Անթիլիաս հրաւիրել Դպրեվանքի նախկին շրջանաւարտ Սիմոն Սիմոնեանը (այն օրերուն՝ 32 տարեկան) ու պատասխանատու պաշտօններու կոչել զինք մայրավանքին մէջ։ Պատուաբեր ու սրտախօսիկ հրաւէր մըն էր այս, որուն կ՚ընդառաջէր Սիմոնեան անվարան։ Ուրեմն, ան Հալէպը կը թողուր վերջնապէս ու Պէյրութ կը հաստատուէր 1946-ին։
Անթիլիասի մէջ, Սիմոնեան մնայուն դասախօս կը նշանակուէր Դպրեվանքին՝ այնտեղ աւանդելով գրաբար, հին հայ մատենագրութիւն եւ արդի հայերէն։
Յաջորդ տարի, 1947-ին, Գարեգին կաթողիկոս զինք խմբագրապետ կը նշանակէր Ս. Աթոռի պաշտօնաթերթին՝ «Հասկ» ամսագրին։
Այս զոյգ պաշտօններուն վրայ կը մնար ան շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1955։
Դպրեվանքի այդ շրջանի բոլո՛ր սաներն ալ բախտը կ՚ունենային աշակերտելու իրեն,- ապագայ Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն (Սարգիսեան) մինչեւ Արտաւազդ Թրթռեան, Արտակ Մանուկեան, Շահէ Աճէմեան, Հրանդ Խաչատուրեան Սրբազանները, մեծաթիւ վարդապետներ, քահանաներ եւ աշխարհական շրջանաւարտներ։
Գարեգին Բ. կաթողիկոս, առիթով մը, վերյիշելու առթիւ Սիմոնեանի մատենագրութեան դասապահերը, կը գրէր.
-Այնպէս ջերմօրէն կը խօսէր անոնց (իմա՝ մատենագիրներուն) մասին, որ կարծես անոնցմէ ղրկուած պատգամաւոր մը ըլլար, զանոնք պատմութեան սահմանափակիչ ցանկապատերէն դուրս բերող եւ անոնց նոր լեզու, այժմէական ներկայութիւն ընծայող պերճախօս փաստաբան մը («Սփիւռք» պարբերագիրք, թիւ 2, 1986)։
Դպրեվանքին զուգահեռ, Սիմոնեան գրաբարի եւ մատենագրութեան դասատւութիւն կը ստանձնէր նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան քոյր վարժարաններուն մէջ (մինչեւ 1960)։
Բայց Յովսէփեանց կաթողիկոս ուրիշ կարեւոր պաշտօն մըն ալ կը վստահէր Սիմոնեանին։ Զինք կը նշանակէր իբրեւ իր «գիտական աշխատակից»-ը՝ խմբագրելու իր անտիպ ու անաւարտ գործերը, յատկապէս «Յիշատակարանք ձեռագրաց»-ը, որ բաղկացած պիտի ըլլար 5-6 մեծահասակ հատորներէ (լոյս ընծայուած է այս գործին Ա. հատորը միայն, 1951-ին)։
Ձեռագրաց աշխատանքներու ծիրին մէջ, Սիմոնեան 1947-ի ամրան 40 օր տեւողութեամբ կ՚ընկերակցէր կաթողիկոսին՝ դէպի Երուսաղէմ անոր աշխատանքային այցելութեան, որ կը միտէր Ս. Յակոբեանց վանքին ձեռագրերը ուսումնասիրել։ Ու տարիներ յետոյ, երբ կը մտաբերէր սաղիմական այդ անմոռանալի այցը, Սիմոնեան կը գրէր. «Գարեգին կաթողիկոսին սէ՜րը հայ ձեռագրերու եւ արուեստի մնացորդներուն հանդէպ…։ Պատանիի մը սէրը իր առաջին սիրականին հանդէպ, հօր մը սէրը իր զաւկին հանդէպ, մեծ հօր մը սէրը իր միակ թոռնիկին հանդէպ նուազ էին՝ քան սէրը Գարեգին կաթողիկոսի՝ հայ ձեռագրերուն հանդէպ» («Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 16.6.1965)։
Տակաւին, Սիմոն Սիմոնեանի կը յանձնուէր խմբագրական ա՛յլ պարտականութիւն մըն ալ։ Հայրապետին թելադրանքով՝ կը ձեռնարկուէր «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»-ի հրատարակութեան։ Յաջորդաբար կը տպուէին Տարեգիրքի երեք բովանդակալից հատորներ՝ 1948-ին, 1951-ին եւ 1957-ին։ Այս աշխատանքին մէջ Սիմոնեանին աջակից կ՚ըլլային Դերենիկ եպիսկ. Փօլատեան ու Բիւզանդ Եղիայեան (Ա. հատորի պարագային) եւ Գնէլ վրդ. Ճէրէճեան (Բ. հատոր)։
Անթիլիասի մէջ Սիմոնեան լայն պատեհութիւն կ՚ունենար ԻՆՔՆԱԶԱՐԳԱՑՈՒՄԻ, կը խորացնէր իր գիտելիքները։ Կ. Փօլատեանին հետ կատարուած իր «Զրոյց»-ին մէջ ան կ՚ըսէ. «Կարդացած եմ բոլոր հին մատենագիրները, բոլոր հին պատմիչները, անոնց նուիրուած բոլոր ուսումնասիրութիւններով։ ԱՐԱՐԱՏ, Էջմիածնի պաշտօնաթերթը՝ 1868-1918, կարդացեր եմ ծայրէ ծայր։ Նաեւ՝ ԲԱԶՄԱՎԷՊ, ՀԱՆԴԷՍ ԱՄՍՕՐԵԱՅ, եւայլն, եւայլն»։
Ծերունազարդ Յովսէփեանց կաթողիկոսին վախճանումէն ետք, ինչպէս ծանօթ է, Կիլիկիոյ Աթոռին շուրջը կը սկսէր անօրինակ պայքար մը, որ հետզհետէ ծաւալելով ու սաստկանալով՝ պիտի յանգէր ազգային-եկեղեցական երկփեղկումին…։
Առկայ վատառողջ մթնոլորտին մէջ, Սիմոն Սիմոնեանի համար դժուար էր շարունակել իր վանական պաշտօնները։ Մանաւանդ որ ան նորանոր ծրագրեր կ՚որոճար,- սեփական հրատարակչատուն ու սեփական մամուլ։

ՍԵՒԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ ԵՒ 500 ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔ
Սիմոն Սիմոնեան, 1954-ի գարնան, իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական պատուիրակութեան մէկ անդամը (Խադ արք.ի, Դերենիկ եպիսկ.ի, Շահէ ու Գնէլ վարդապետներուն, ինչպէս նաեւ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի, Գէորգ Չաթալպաշեանի ու Պօղոս Անթոյեանի հետ)՝ Սովետական Հայաստան մեկնեցաւ, մասնակցելու համար Չէօրէքճեան Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Հայաստան փակ երկիր մըն էր դեռ այդ շրջանին. բռնակալ Ստալին նոր մահացեր էր, ու տակաւին ամբողջ Խորհ. Միութիւնը «երկաթէ վարագոյր» մը կը մնար արտասահմանի համար։
Սիմոնեան, ի հարկէ, առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնէր հայրենի հողին վրայ, առանց երբեք կանխագուշակելու՝ թէ մինչեւ իր վերջին շունչը ա՛լ բնաւ պիտի չկարենար կրկին այցելել այնտեղ (իմա՝ պիտի չարտօնէին…)։ Հայաստանէն ստացած իր տպաւորութիւնները խառն էին. կը խոցոտէին իր սիրտը։
Պէյրութ վերադարձին, Սիմոնեան ձեռնամուխ կ՚ըլլար հիմնելու իր սեփական ասպարէզը, որ առեւտրական իր հանգամանքին զուգահեռ՝ պիտի ունենար նաեւ մշակութային վիթխարի առաքելութիւն մը։ Գոյութեան կը կոչուէր Սեւան Հրատարակչական Տունը, որ տասնամեակներու երկայնքին պիտի դառնար ո՛չ միայն լիբանանահայ գիրքի գլխաւոր ծննդատուներէն մին, այլեւ ժամադրավայրը հայ գիրի ու միտքի մշակներուն։ Անոր հասցէն՝ «Ղալղուլ փողոց, թիւ 36, Ֆրանսական Սաքրէ-Քէօր հիւանդանոցին անկիւնադարձին», անմոռանալի պիտի մնայ լիբանանահայ գիրքի պատմութեան մէջ։
50-ական թուականներու կէսերուն, երբ կը հիմնուէր Սեւան տպարանը, Պէյրութի մէջ քիչ չէր թիւը հայկական տպարաններուն։ Հայերէն օրաթերթերու («Ազդակ», «Զարթօնք», «Արարատ») տպարաններուն կողքին՝ կը գործէին Անթիլիասի, Համազգայինի եւ Հայ Կաթողիկէ տպարանները, նաեւ՝ Ատլաս, Մշակ, Արազ, Յոյս, Տօնիկեան, Ռոթոս, Օնիպար, Էտվան եւ այլ հրատարակչատուներ։
Սիմոնեանի «Սեւան»-ը պիտի մրցէր ասոնց հետ։
Առաջին ամիսներուն իսկ, Սիմոնեան կեանքի պիտի կոչէր Սեւան Մատենաշարը, որուն երախայրիքներէն պիտի ըլլային Եղիշէ Չարենցի եւ Ակսել Բակունցի ծաւալուն հատընտիրները (1955)։
Ու շուտով, թռիչք պիտի առնէին աւելի՛ մեծ ծրագրեր։
Սիմոնեան յանդգնութիւնը պիտի ունենար վերատպելու կոթողային երկեր, ինչպէս՝ Մանուկ Աբեղեանի երկհատոր «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն»-ը (1955-59, ասիկա Մատենաշար Սեւանի թիւ 1-ն է), «Մալխասեան բացատրական բառարան»-ի քառահատոր շարքը (1955-56), Օրմանեան պատրիարքի եռահատոր «Ազգապատում»-ը (1959-61), Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»-ը (հինգ հատոր, 1972) եւայլն, եւայլն։ Սեւանի մամուլէն լոյսին պիտի գային Կարօ Սասունիի «Պատմութիւն Տարօնի Աշխարհի»-ն (1956), Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն Մալաթիոյ Հայոց»-ը (1961), Յովհաննէս Թորոսեանի «Պատմութիւն հայ Տոմարծայի»-ի եռաշարքը (1959-69), տոքթ. Գրիգոր Ասթարճեանի «Պատմութիւն արաբական գրականութեան եւ մշակոյթին»-ը (1970), Լեւոն Կ. Լիւլէճեանի «Կաքաւները ալ տուն պիտի չվերադառնան»-ը (1972), Լեւոն Չորմիսեանի «Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան» քառահատոր շաքին Բ. եւ Գ. հատորները (1974-75) եւ նմանօրինակ հաստափոր բազմաթիւ գիրքեր։
Ոչ միայն երեւելի գրողներու մեծաթիւ գործեր պիտի տպուէին հոս, այլեւ՝ սկսնակ ու նորածիլ բանաստեղծներու կամ արձակագիրներու երախայրիքները (Վեհանոյշ Թէքեան, Խոսրով Ասոյեան, Գէորգ Աբէլեան, Յակոբ Չոլաքեան, Պօղոս Գուբելեան, Լեւոն Վարդան, Միքայէլ Թաւրիզեան, Գէորգ Թէմիզեան…)։
Ի մի բան, Սիմոն Սիմոնեանը կրնանք նկատել Լիբանանահայոց պատմութեան մեծագոյն գրահրատարակիչներէն մէկը, անցեալ դարերու պոլսահայ երեւելի տպարանատէրեր Արապեաններու, Ճանիկ Արամեաններու եւ Միւհէնտիսեաններու հէնքէն։ Որովհետեւ, 27-28 տարուան ընթացքին Սեւան Հրատարակչական Տունէն լոյս ընծայուեցան աւելի քան 475 անուն հայերէն գիրք՝ 190 հեղինակէ։ Եւ ասիկա անգերազանցելի մրցանիշ մըն էր։
Նոյնիսկ լիբանանեան պատերազմի բռնկումէն ետք՝ Սեւան հրատարակչատան մամուլը պիտի չդադրեցնէր իր ճռինչը ու պիտի շարունակէր տպել չորս տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնցմէ ոմանք՝ հաստափոր հատորներ, ինչպէս՝ Վազգէն Անդրէասեանի «Վահան Չերազ՝ ըստ իր նամակներուն»-ը (1977, 544 էջ)(*), Յովհաննէս Շէօհմէլեանի կողմէ թարգմանուած Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքները, Սիմոն Սիմոնեանի «Անժամանդրոս» վէպը (1978, աւելի քան 500 էջ), Գուրգէն Եազըճեանի «Ապտիւլ Համիտ Բ.՝ կարմիր սուլթանը» (1980, շուրջ 900 էջ), Սեւան Բառարանը, Սիսակ Յ. Վարժապետեանի «Հայերը Լիբանանի մէջ» աշխատասիրութեան Բ. եւ Գ. հատորները (1981, աւելի քան 1100 էջ) եւայլն։
Սիմոնեան անյագ գրամոլ մըն էր։ Անհուն էր ու անպարագրելի՝ իր սէրը Հայ Գիրքին նկատմամբ։ Ան հայութեան գոյատեւման գլխաւոր յենարաններէն մին կը նկատէր գիրքը։ Եւ ճիշդ այդ համոզումէն մեկնելով, 1960-ին առաջադրած էր հետեւեալ գաղափարը.-«Ապրիլ 24-ը հռչակել հայ գիրքի օր, կարգախօս ունենալով՝ իւրաքանչիւր հայ նահատակի դէմ գիրք մը սպառել, եւ ասիկա ամէն տարի անընդհատ։ Արտասահմանի մէկ միլիոն հաշուող Հայերէն իւրաքանչիւրը եթէ տարին գիրք մը միայն գնէր, Ապրիլեան միլիոն մը հայ նահատակներու հոգիներուն իբրեւ մատաղ, նախ՝ Մեսրոպներու եւ Խորենացիներու ժառանգութիւնը յանձնած պիտի ըլլար յաւիտենութեան, երկրորդ՝ լուծած պիտի ըլլար արդարագոյն վրէժը հայ նահատակներուն» («Սփիւռք», 23.4.1960)։
Սեւան Հրատարակչական Տան աշխատանքը խափանուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։ Տպարանն ու յարակից բաժինները գնդակոծուեցան կուրօրէն ու կրեցին լուրջ վնասներ։ Մայրաքաղաքի այդ շրջանը դարձաւ ամայի, անապահով ու լքեալ վայր մը։ Այս յուսահատեցուցիչ պայմաններուն մէջ՝ հրատարակչատան վերջին իրագործումը պիտի ըլլար Մալխասեան քառահատոր բառարանին Բ. վերատպութիւնը, 1983-ին։ Ու ասոր կողքին՝ «Պատմական եւ Յաւերժական Հայաստան» անունով լայնածաւալ ու մարդահասակ եզակի քարտէս մը, որ կը տպուէր Լօզանի դաշնագրի 60-ամեակին առթիւ…«իբրեւ բողոք», եւ ուր մանրամասն նշուած էին Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստանի բոլո՜ր քաղաքներն ու աւանները։ Սիմոն Սիմոնեանի երազած Հայաստանը ա՛յդ էր…։
Բաղդատութիւն մը ընենք.- Հայկական տպագրութեան առաջին ԵՐԵՔ ԴԱՐԵՐՈՒՆ (այսինքն՝ 1512-ին Յակոբ Մեղապարտի վենետիկեան անդրանիկ տպագրութիւններէն մինչեւ 1800 թուականը) տարբեր վայրերու մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերուն թիւը հազարը չ՚անցնիր։ Մինչ Սիմոնեան ԱՌԱՆՁԻՆՆ տպած ու հրատարակած էր շուրջ 500 գիրք։
Մատենագէտներ հաշուած են որ քառորդ դարու ընթացքին Սիմոնեանի տպարանէն լոյս ընծայուած հայերէն գիրքերու այս թիւը 16 առ հարիւրն է այդ նո՛յն ժամանակաշրջանին Լիբանանի մէջ հրատարակուած բոլոր հայերէն գիրքերու ընդհանուր քանակին։
Սեւան Հրատարակչական Տան բազմադիմի հրատարակութիւններուն մէջ շատ կարեւոր տեղ գրաւեցին ՀԱՅԵՐԷՆ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ։
Դպրոցական դասագիրքերու նկատմամբ այս մասնայատուկ շահագրգռութիւնը կու գար անշուշտ Սիմոն Սիմոնեանի ուսուցիչի մտահոգութիւններէն, տագնապներէն։
Տեսանք արդէն, որ Սիմոնեան 11 տարի Հալէպի, այնուհետեւ ալ 14 տարի Լիբանանի հայկական կրթօճախներուն մէջ վարեց ուսուցչական պաշտօններ։
Բայց անհրաժեշտ է այստեղ շեշտել, որ ան սոսկական կամ ընթացիկ «պաշտօնեայ» ուսուցիչ մը չեղաւ։ Իր ամսական ռոճիկը գանձող ու պարտականութիւնը գէշ-աղէկ կատարող սովորական դասատուէ մը շա՜տ աւելին էր ան,- գաղափարապա՛շտ ուսուցիչ մը։ Որովհետեւ, կրթական մարզը ո՛չ միայն կը խանդավառէր զինք, այլեւ վսեմ առաքելութիւն մը կը բեռցնէր իր ուսերուն։
Հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու,- Սիմոնեա՛նն է որ գոհացուց այդ կարեւոր պահանջքը, պատրաստեց ու հրապարակեց պատմութեան վեց հատորանի իր թանկագին շարքը (1939-էն սկսեալ, նախ Հալէպ, ապա Լիբանան)։
Հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր ընթերցանութեան ու լեզուի դասագիրքերու,- Սիմոնեա՛նն է որ գործի ձեռնարկեց դարձեալ, իրերայաջորդ կերպով (1941-էն սկսեալ) հայ տղոց գրասեղանին հասցնելով «Արագած» պատկերազարդ դասագիրքերու շարքը, նախակրթարանի Ա.-Զ. կարգերուն համար։ Այս աշխատանքին մէջ՝ Սիմոնեան իրեն գործակից ու համահեղինակ ունեցաւ իր սերունդէն պաշտօնակից մը՝ իրեն նման սասունցի Օննիկ Սարգիսեանը (1914-1992)։
Հայկական վարժարանները պահա՞նջքն ունէին հայերէն աշխարհագրութեան դասագիրքերու,- միշտ Սիմոնեա՛նն է որ գործի կը լծուէր փութով, իրեն օժանդակ ունենալով կրթական մշակներ Երուանդ Պապայեանն ու Օննիկ Սարգիսեանը։ Եւ այսպէս՝ հրապարակ կը հանուէին «Աշխարհագրութիւն» խորագրեալ չորս դասագիրքեր (1956-էն սկսեալ)։
Դեռ աւելի՛ն, հայ աշակերտը կարի՞քն ունէր հայերէնի քերականութեան ուղեցոյցի,- Սիմոնեա՛նն է որ ձեռնամուխ եղաւ ատոր, այս անգամ ալ գործակից ունենալով Սարգիս Պալեանը։ Ու լոյս տեսան «Նոր քերականութիւն»-ի Ա. եւ Բ. գիրքերը (1967)։
Այս բոլոր դասագիրքերը, տասնամեակներու երկայնքին, 40-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականներ, վերատպուեցան 8-10 անգամ, երբեմն վերամշակուելով կամ բարեփոխուելով հանդերձ («Հայոց Պատմութիւն» շարքին տարրական Ա. եւ Բ. հատորները վերատպուած են նաեւ 1990-ականներուն եւ աւելի յետոյ, գունազարդ ձեւափոխուած տարազով, իբրեւ միացեալ ձեռնարկը Համազգայինի եւ Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին)։
Ի մի բան՝ հայալեզու դասագիրքերու պատրաստութեան կամ հրատարակութեան կալուածին մէջ (քանի որ «Սեւան» տպարանէն լոյս ընծայուած են նաեւ ա՛յլ հեղինակներու՝ կրօնի, գիտութեան, թուաբանութեան, ընդհանուր պատմութեան, գծագրութեան, գեղագրութեան եւ երգի դասագիրքեր) Սիմոնեան ունեցաւ անգերազանցելի ներդրում մը։ Դարձաւ այս մարզին ամենէն հեղինակաւոր ու երախտարժան մասնագէտը։ Ու երբ Երեւանի մէջ պատրաստուած արեւմտահայերէն դասագիրքերու առաջին տրցակները հասան գաղութահայ դպրոցներուն, Սիմոնեան, քա՛ջաբար, հրապարակային քննութեան ենթարկեց զանոնք իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ, մատնանշելով անոնց «մահացու» սխալներն ու «աններելի» թերութիւնները (տե՛ս. թերթին 21 Յուլիս 1965-էն մինչեւ 29 Սեպտեմբեր երկարող տասը յաջորդական թիւերը)։
Ահա այսպէս, Սիմոնեան իր միտքն ու հոգին կը բանար հայ աշակերտին ու հայ դպրոցին։
Իր ուշադրութեան առանցքէն հեռու չէին նաեւ չափահաս ուսանողները, նոյնիսկ՝ ուսուցիչները։ «Արեւելահայ գրականութիւն» ստուար հատորը (1965) ի՞նչ էր արդէն, եթէ ոչ՝ մասնագիտական տարողունակ դասագիրք մը, որ կրնար մեծապէս օգտակար դառնալ թէ՛ ուսանողին, թէ՛ հայերէնաւանդ ուսուցիչին հաւասարապէս։
Ասոնցմէ զատ, Սիմոնեան ձեռնարկեց ուրիշ ծաւալուն գործի մըն ալ։ Քանի մը մտաւորականներու աջակցութեամբ ան սկսաւ պատրաստել հայերէնէ-հայերէն արդի բառարան մը, զոր կոչեց «Սեւան ընդարձակ բառարան»։ Այս աշխատանքին վրայ ան աչքի լոյս թափեց տասը տարի։ Անոր Ա. հատորը, շուրջ740 էջ, լոյս տեսաւ 1980-ին, լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն։ Իսկ նախատեսուած Բ. հատորը, մասամբ պատրաստ, դժբախտաբար մնաց լուսազուրկ…։

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ «ՍՓԻՒՌՔ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԸ
Սեփական հրատարակչատուն մը հիմնելէ ու զայն առողջ հիմերու վրայ կանգնեցնելէ ետք՝ Սիմոն Սիմոնեանի յաջորդ մտասեւեռումը դարձաւ սեփական մամուլ մը ունենալու երազը, վաղեմի՜ երազը։ Ա՛լ թերթ մը հրատարակելու բոլոր կարելիութիւնները ունէր,- տպարան, հրատարակչական փորձառութիւն, աշխատակիցներու եւ բարեկամ գրողներու լայն շրջանակ, մանաւանդ՝ հայագիտական պաշար, վարժ գրիչ եւ տոկո՛ւն հայերէն։
Եւ ահա այսպէս, 4 Ապրիլ 1958-ին Սեւան տպարանէն լոյս աշխարհ կու գար «Սփիւռք» շաբաթաթերթին Ա. թիւը։
Իր առաջին քայլերուն մէջ՝ թերթը խարխափում մը կ՚ունենար։ Վեց իրերայաջորդ թիւերու հրատարակումէն ետք՝ ան կը դադրէր յանկարծ, հաւանաբար՝ այդ շրջանին Լիբանանը փոթորկող եղբայրասպան կռիւներուն պատճառով։
Ամէն պարագայի, սկզբնական այդ քանի մը թիւերը կարելի է նկատել փորձառական թիւեր։
Բայց այնուհետեւ, 14 Փետրուար 1959-ին, «Սփիւռք» կը վերայայտնուէր (1 թուահամարով), անխափան շարունակուելու համար մինչեւ երկրին քաղաքացիական յաջորդ պատերազմին օրերը, 18 տարի։ Թերթին այս անդրանիկ թիւին մէջ գրութիւններ ունէին Սիմոն Սիմոնեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահրամ Մավեան, Կարօ Արմէնեան, Գէորգ Աճեմեան, Նազարէթ Փաթանեան, Սերոբ Երէցեան, Գրիգոր Քէօսէեան։
Առաւելաբար գրական-մշակութային թերթ մըն էր «Սփիւռք»-ը, որ նաեւ լայնօրէն կ՚անդրադառնար ազգային հրատապ հարցերու, մանաւանդ որ ժամանակաշրջանը կը յատկանշուէր Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցական սուր տագնապով, կուսակցական հակամարտութիւններով եւ մասամբք նորին…։
«Սփիւռք» շուտով ունեցաւ մնայուն աշխատակիցներու, գաղափարակից գրողներու եւ հաւատարիմ ընթերցողներու շատ լայն շրջանակ մը, Լիբանանի մէջ թէ արտասահման։ Պէյրութի մէջ, ան տեսակ մը մրցակիցը դարձաւ ուրիշ որակաւոր ու ժողովրդական թերթի մը՝ «Նայիրի»-ին (լոյս կը տեսնէր 1952-էն)։ Այս երկու շաբաթաթերթերը, որոնք իրենց բնոյթով նոյնանման էին գրեթէ, մին՝ Սիմոնեանի, իսկ միւսը՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ, իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին լիբանանահայ մամլոյ հրապարակին ու …մարդոց սրտերուն վրայ։ Կուսակցական հակամարտութեանց ու երկփեղկումի այդ խռովեալ օրերուն՝ անոնք դարձան ԵՐՐՈՐԴ ՁԱՅՆ մը, որ ողջախոհութեան ու հաւասարակշռութեան ձայնն էր։
«Սփիւռք» շաբաթաթերթը իր էջերուն մէջ արծարծեց հայութեան ճակատագրին առընչուող բազմաթիւ հարցեր։ Զորօրինակ, 60-ական թուականներուն ան պահանջեց Ղարաբաղի, Նախիջեւանի ու Ախալքալաքի վերամիաւորումը Խորհ. Հայաստանին (այս նիւթին շուրջ ան գրած է քսանէ աւելի խմբագրականներ), առաջարկեց հայկական կեդրոնական դրամատան մը հիմնումը արտասահմանի մէջ, անհրաժեշտ սեպեց Հայկ. Գերագոյն Խորհուրդի մը յառաջացումը, ուզեց որ Սփիւռքի ոչ-կուսակցական զանգուածը դուրս գայ իր թմբիրային յոյլ վիճակէն ու վերածուի դրական ուժի մը՝ հակակշռող տարրի մը, եւայլն։ Խմբագրապետ Սիմոնեան, առիթով մը, թերթին մէջ գրած էր որ Արեւմտահայաստանը եթէ օր մը ազատագրենք, անիկա մենք ո՛չ թէ Թուրքին ձեռքէն, այլ Քիւրտի՛ն ձեռքէն է որ պիտի առնենք։ Այսօր, այդ կանխատեսութիւնը որքա՜ն մերձ է իրականութեան…։
Սիմոն Սիմոնեան իր մնայուն սիւնակը ունէր թերթին մէջ։ Ունեցաւ նաեւ աշխատակիցներու որակաւոր շրջանակ մը,- Նշան Խոշաֆեան, Երուանդ Պարսումեան, Երուանդ Քասունի, Երուանդ Գարաճեան (Բազէ), Լեւոն Վարդան, Գէորգ Աճեմեան, բժ. Յարութիւն Կարեւորեան (Աղասի), բժ. Յարութիւն Սաղըրեան, Վազգէն Էթիէ-
մեզեան, բժ. Գէորգ Քէշիշեան, Արմէն Տօնոյեան, Արսէն Աճեմեան, Ստեփան Շահպազ (Աղեքսանդրիա), Միքայէլ Կիւրճեան, Խորէն Տէտէեան, Պարոյր Մասիկեան, Հայկ Ժամկոչեան եւ Յակոբ Շահնուր (Գահիրէ), Գուտցի Միքայէլեան, Վահրամ Փափազեան (վաղեմի մարզիկ մը), Բիւզանդ Եղիայեան, Հմայեակ Գրանեան, Սմբատ Փանոսեան, Դաւիթ Էվերեկլեան, Սեդրակ Զաւէն (թարգմանութիւններ գերմաներէնէ), Սարգիս Աշճեան (թարգմանութիւններ անգլերէնէ), բժ. Գրիգոր Ասթարճեան, Զօրիկ Միրզայեան, Աղասի Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Դեւ, Օննիկ Ինճէեան, Սիրվարդ Ինճէեան, Զարեհ Որբունի, Կարօ Փօլատեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Եդուարդ Չափրաստ, Խոսրով Թիւթիւնճեան, Թորոս Թորանեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Արտակ արք. Մանուկեան, Լեւոն Շահոյեան, Կարօ Բարսեղեան, Պօղոս Գուբելեան, բժ. Ահարոն Խաչատուրեան, Արամ Շորվօղլեան, բժ. Գարեգին Պուճիգանեան, Անուշաւան Ֆրանկիւլեան, Հրանդ Սիմոնեան, Տիգրան Վասիլեան, Գրիգոր Կէօվշէնեան, Գուրգէն Եանիկեան, երգիծանկարիչներ Տիրան (Աճեմեան) եւ Համօ (Ապտալեան), Հայաստանէն՝ Յովհ. Շիրազ, Սասուն Գրիգորեան եւ տակաւին ուրիշներ։
«Սփիւռք» լրատու թերթ մը չէր, այլ գերազանցապէս ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ԹԵՐԹ ՄԸ։ Իր 8-12 էջերն ալ կը կարդացուէին հաճոյքով։ Այդ էջերը, սովորաբար, յաւելում կը կրէին՝ երբ լոյս կ՚ընծայուէին իբրեւ Կաղանդի «Բացառիկ»-ներ (24, 36, 44 կամ աւելի էջերով), արտակարգօրէն ճոխ բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ աշխատակիցներու մասնակցութեամբ։ Բայց ատոնց կողքին, թերթը առիթ պիտի չփախցնէր «Բացառիկ» թիւեր նուիրելու նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցին ու Խորենացիին, Զարեհ Վեհափառին (վախճանման առթիւ), Գուրգէն Մահարիին, բանաստեղծ Ահարոնին, Վաղարշակ Նորենցին, Սողոմոն Տարօնցիին, Յովհաննէս Շիրազին, Պարոյր Սեւակին (երիցս), Գէորգ Չաւուշին, Կոմիտասին, Գալուստ Կիւլպէնկեանին, Ներսէս Շնորհալիին (վախճանման 800-ամեակ), Նշան Պէշիկթաշլեանին, Եդուարդ Տասնապետեանին, Ապրիլեան Եղեռնին (բազմիցս) եւայլն, եւայլն։
Սիմոնեան յատկապէս կարեւոր կը նկատէր նորափթիթ ուժերու քաջալերանքը։ Այդ նպատակով ալ, ան 1966-էն սկսեալ, հինգ տարի տեւողութեամբ, պարբերաբար լոյս ընծայեց «Սփիւռք-Գարուն» անունով բացառիկ թիւեր՝ ամբողջովին երիտասարդ ու խոստմնալից գրիչներու մասնակցութեամբ։ Այս թիւերը, որոնց պատրաստութիւնը առիթով մը Սիմոնեան նմանցուցեր էր «մեղուներու հարսանիք»-ի (խմբագրականի մը վերնագիրն է), շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էին օրին։ Այդ «գանգրահեր» ու «նորահաս» երիտասարդներէն շատեր, բողբոջ արձակելէ ետք «Սփիւռք»-ի կոճղին վրայ, յետոյ արդէն ուռճացան ու կազմաւորուեցան, ու մինչեւ այսօր՝ սփիւռքահայ գրականութեան երեւելի անուններն են ամէնուրեք…։
Անոնց ակնարկելով, Սիմոնեան առիթով մը կը գրէր.
-Երիտասարդ գրողները լուրջ պաշտպանութիւն պէտք է գտնեն, առնուազն մեր երգիչներուն ու պարողներուն չափ։ Անոնց համար առանձին ամսագիրի, բարձրագոյն մասնագիտական ուսումի, պարբերական ճամբորդութիւններու առիթներ ընծայուելու են։
Հայ ժողովուրդի հարստութիւններն ու կարելիութիւնները, որ կեդրոնացած են մեր բարեսիրական միութիւններու եւ կրօնական հաստատութիւններու դրամարկղներուն մէջ, արդարօրէն պէտք է ծորակ մը բանան հայ գրականութեան եւ անոր աշխատաւորներուն, որոնք պաշտելի են առնուազն իրենց նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ, եւ աւելի առաջ կու գան քան մեր երգիչները, պարողները, ուսանողները, որբերն ու այրիները («Սփիւռք», 24.9.1972)։
«Սփիւռք» իր ազատախոհ կեցուածքներուն, անկաշկանդ ճշմարտախօսութեան եւ երբեմն ալ անզուսպ քննադատութիւններուն պատճառով ունեցաւ անշուշտ երկակի հակառակորդներ (Հայաստանէն ու արտասահմանէն), որոնց դէմ ստիպուեցաւ ճակատիլ յաճախ՝ լրագրային սուր բանավէճերով…։ Սիլվա Կապուտիկեանն է որ կը վկայէ.
-Ես դառնութեամբ եմ յիշում, թէ ինչպէս Գրողների Միութեան որոշ ղեկավարներ, քննադատներ, չգիտեմ ինչպէս յաջողեցրին բացասական գոյներ գտնել «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հրապարակումների մէջ եւ յանկարծ մեր Սիմոն Սիմոնեանը բարեկամից փոխուեց հակառակորդի։ …Նրանից յետոյ «Սփիւռք»-ը արգելուեց Հայաստանում, դարձաւ գաղտնի ընթերցանութեան առարկայ եւ Սիմոն Սիմոնեանի մուտքը Հայաստան եւս արգելուեց ու նա դարձաւ հայրենիքի համար անցանկալի անձնաւորութիւն (տե՛ս. «Սփիւռք» պարբերաթերթ, Մայիս-Օգոստ. 1999)։
Բարեբախտաբար սակայն, իր բովանդակութեամբ, գաղափարախօսութեամբ թէ քարոզած սկզբունքներով՝ «Սփիւռք» չընկրկեցաւ երբեք, այլ մնաց ազատ խօսքի ու անկախ տեսակէտի խիզախ բեմ մը, միշտ հաւատարիմ՝ հայութեան արեան կանչին։
Հետաքրքրական է նշել, որ թերթին Ա. թիւի իր առաջնորդող յօդուածը Ս. Սիմոնեան նուիրած էր Երեւանի մէջ Վարդան Մամիկոնեանի արձանը կանգնեցնելու Հայաստանի կառավարութեան գնահատելի որոշումին։ Ու այս առթիւ, ան նկատել կու տար որ այդ արձանը պիտի խորհրդանշէ հայրենիքը պաշտպանելու հայութեան անպարտելի ոգին, ինչպէս նաեւ մեր ազգին հաւաքական ձգտումներուն յաւերժութիւնը։
Իսկ իր խմբագրած «Սփիւռք»-ի վերջին թիւին մէջ (31 Դեկտ. 1974), Սիմոնեան իր հրաժեշտի խմբագրականը խորագրած էր «Ֆետայիներ»։ Ան կը գրէր.
-Հայրենակերտութիւնը -ամենէն առաջ կորսուած հողերը ազատագրելը եւ ազատագրուած այդ հողերուն վրայ ազգ զետեղել ու կերտելը- արի՛ւն կը պահանջէ, ապա կը պահանջէ ժողովուրդի մը ամբողջ ունեցածը մարտի մէջ դնել, այդ ժողովուրդի ամբողջութիւնը գոյացնող բոլո՚ր հատուածներուն ամբողջական համաձայնութիւնը, միակամութիւնը, միասնութիւնը եւ անկեղծութիւնը։
Ու յիշեցնելէ ետք, թէ Արեւմտահայաստանի հողերուն վերադարձը կարելի կրնայ դառնալ միայն վիթխարի զոհողութիւններով՝ «արիւնով, հանճարով, ոսկիներով, քրտինքով, անհաշիւ ու բազմատեսակ զոհողութիւններով, վերջապէս՝ ֆետայիներով», հարց կու տար.
-Ո՞ւր են Նեմեսիսի եւ Վահագնի կաթէն ըմպող տղաքը։
Ո՞ւր է մեր Արաֆաթը, Արաֆաթները։
Պիտի կարենա՞նք քաղքենիութենէ դարձ ընել դէպի՛ ֆետայութիւն։

***
«Սփիւռք»-ի առընչութեամբ հարկ է նշել այստեղ, որ թերթը, իր ընդհանուր մթնոլորտով, «սասունցիութիւն» կը բուրէր…։ Սիմոնեան սասունցի էր, առաւել եւս՝ Սասնոյ Հայրենակցական Միութեան երկարամեայ նախագահը։
Զարմանալի չէր ուրեմն, որ ան իր թերթը վերածէր սասունցի, մշեցի կամ առհասարակ տարօնցի մտաւորականներու ժամադրավայրի մը, ուր իրենց գործերով (կամ իրենց մասին արձագանգներով) զիրար կը խաչաձեւէին Վաղարշակ Նորենցն ու Խաչիկ Դաշտենցը, Սողոմոն Տարօնցին ու Սասուն Գրիգորեանը, Ռոզա Պետրոսեանն ու Վարդան Պետոյեանը, Հմայեակ Գրանեանն ու բժ. Գարեգին Երէցեանը, Լեւոն Գարմէնն ու Համազասպ Տէր Խաչատուրեանը, Սմբատ Շահնազարեանն ու Գէորգ Աճեմեանը, Արտաշէս Տօնճոյենցն ու Միքայէլ Թաւրիզեանը…։ 

***
«Սփիւռք»-ի բաժանորդներուն միջին թիւը եղած է 1500, որուն երկու-երրորդը՝ Սուրիա եւ արտասահման բնակողներ։ Թերթին Հայաստան մուտքը արգիլուած էր։
Սիմոնեան «Սփիւռք»-ը խմբագրեց լման 16 տարի, մինչեւ 1974 Դեկտեմբերի վերջը։ Այնուհետեւ, մտադրած ըլլալով աւարտել ծրա-
գրային վիճակի մէջ մնացած իր բազմաթիւ գրական ու բանասիրական երկասիրութիւնները, ան թերթին խմբագրական պատասխանատւութիւնը փոխանցեց իր աներորդիին՝ գրագէտ եւ արձակագիր Գէորգ Աճեմեանին (1932-1998)։
Օրերը գեղեցիկ չէին սակայն։
Շուտով ծայր պիտի տար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (որ պիտի տեւէր 15 տարի…) եւ Աճեմեան թերթը պիտի կարողանար հրատարակել նուազ քան երկու տարի, 1975-ին եւ 1978-ին, պարտադիր ընդհատումներով։
1985-ին, 1986-ին եւ 1988-ին «Սփիւռք»-էն լոյս պիտի տեսնէին երեք թիւեր միայն, պարբերագիրքի ձեւով։ Այնուհետեւ, 1989-ի վերջերը, Գէորգ Աճեմեան «Սփիւռք»-ը պիտի փոխանցէր Հայկական Ժողովրդային Շարժումին, որ պիտի սկսէր զայն հրատարակել բոլորովին այլ տարազով ու բովանդակութեամբ՝ իբրեւ ամսաթերթ կամ պարբերաթերթ։
«Սփիւռք»-ի ամբողջական հաւաքածոներուն կատարեալ մատենագիտութիւնը պատրաստուած ու հրատարակուած է առանձին ստուար ու խնամեալ հատորով մը, լիբանանահայ մտաւորական Սագօ Օգնայեանի կողմէ, Պէյրութ, 1984-ին։
Ուրախալի է որ վերջին տարիներուն «Սփիւռք»-ի հաւաքածոները թուայնացուած են Հայաստանի մէջ, ու անոնք այսօր մատչելի են համացանցի վրայ։
Յաճախ պահանջքը կը զգամ այս հին թերթին խունացած թիւերը թերթատելու։ Ի՜նչ հմայիչ ու շահեկան նիւթեր կան հոն, որոնք այսօ՛ր ալ (յիսուն տարի անց) կը կարդացուին հաճոյքով։ «Սփիւռք»-ը 60-ական եւ 70-ական թուականներու Հայ Սփիւռքին վկայարանն է, անոր մտաւորական գագաթային հանգրուաններէն մէկուն ցոլարանը։
Կը վստահեցնեմ ձեզի, թէ այդ դեղնած էջերուն մէջ շա՛տ աւելի շահեկան նիւթեր կան՝ քան մերօրեայ թերթերուն…։ Մանաւանդ կայ որակաւոր արեւմտահայերէն մը, որ արդէն պատմութեան անցած է անվերադարձ…։

«ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ… ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ»
Ասիկա խորագիրն է Սիմոն Սիմոնեանի ստորագրութիւնը կրող անդրանիկ գիրքին։ Եւ այս գիրքը գեղարուեստակա՛ն ստեղծագործութիւն մըն է։ Թուական՝ 1965։
Գիտենք արդէն, թէ նոյն տարին պիտի հրատարակուէր նաեւ իր հաստափոր «Արեւելահայ գրականութիւն»-ը, որ բանասիրական աշխատասիրութիւն մըն էր։
Այդ տարի, Սիմոնեան արդէն իսկ բոլորած էր իր 51-րդ գարունը։ Հետեւաբար, կրնանք ըսել թերեւս՝ որ ան «ուշ» մնացեր էր իր սեփական գրականութիւնը առանձին հատորով հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու ճիգին մէջ…։ Պատճառն այն էր հաւանաբար, որ ան տարինե՜ր շարունակ իր ուժը սպառեր էր ուրիշներո՛ւ գործերուն վրայ (Գարեգին կաթողիկոսին ձեռագրերը, «Հասկ»-ի ու «Սփիւռք»-ի խմբագրական աշխատանքները, Սեւան հրատարակչատան ծաւալուն ծրագրերը եւայլն)։ Իր «Լեռնականներու վերջալոյսը»-ն անգամ, որուն պատմուածքներուն մեծամասնութիւնը գրուած էր 1945-47-ի շրջանին, տպուեցաւ քսան տարուան յապաղումով՝ 1968-ին։
«Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը շատ հետաքրքրական գաղափարի մը, տեսիլքի՛ մը ծնունդն էր։ Հոն կը նկարագրուի երեւակայական դէպք մը, որ կրնայ շահագրգռութիւն յառաջացնել բոլոր անոնց մօտ՝ որոնք Հայոց պատմութիւնը լա՛ւապէս կը ճանչնան ու գիտեն նաեւ նկարագրային երեսները մեր այդ պատմութեան երեւելի դէմքերուն կամ հերոսներուն, առանձին-առանձին։
Ի՞նչ է նիւթը։
Սիմոնեան մեզ կը հրաւիրէ երեւակայական տօնահանդէսի մը, որ իբրեւ թէ կը կայանայ մե՛ր օրերուն՝ Պէյրութի Իւնեսքոյի մեծ սրահին մէջ, ի պանծացումն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՍՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԻՆ…։ Հանդէսին կազմակերպիչն է «Բովանդակ Հայ Ժողովուրդի Միացեալ Կազմակերպութիւն»-ը։ Սրահին մէջ ներկայ են Հայոց պատմութեան մեծանուն դէմքերը՝ նստած կողք-կողքի։ Ուրեմն՝ անդրշիրիմեան բացառիկ մէկտեղում մը…։
Տօնահանդէսը, որ պիտի տեւէ 3 օր, ունի վերիվարոյ հետեւեալ յայտագիրը.-
Ձեռնարկին պիտի նախագահեն հերթով՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս եւ Աշոտ Ա. Բագրատունի արքան։
Խօսք պիտի առնեն՝ Հայկ Նահապետ. «Ինչո՞ւ Արարատի երկիրը փախայ»։ Մեծն Տիգրան. «Ինչո՞ւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս ելայ»։ Տրդատ թագաւոր. «Ինչո՞ւ աղջկայ մը համար դաւանափոխ եղայ…»։ Վասակ Սիւնի. «Ինչո՞ւ Պարսիկներու կողմը անցայ»։
Պիտի արտասանեն՝ Մեսրոպ Մաշտոց. «Ա.Բ.Գ.»-ը, Սահակ Պարթեւ. «Օրօր»-ը եւ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան. «Լուսնկայն»։ Պիտի մեներգեն՝ Ղեւոնդ Երէց. «Անգղ գիւղի երգը» եւ Կիրակոս քահանան. «Անիի բանալիները»։ Փակման խօսք՝ Կոմիտաս վարդապետ։
Ներկայ պիտի ըլլան օտար մեծ հիւրեր, ինչպէս՝ Բել Բաբելոնի, Լուկուլլոս, Պոմպէոս, Օգոստոս կայսր, Ներոն, Թէոդոս կայսր, Յազկերտ Բ., Բուղա, Նեստոր, Ալփասլան, Ճենկիզ Խան, Լենկթիմուր, Շահ Աբաս, Թամարա թագուհի, Կլատըսթոն, սուլթան Համիտ, Թալէաթ, Էնվէր, Ստալին եւ Բերիա…(բոլորն ալ Հայոց պատմութեան հետ առընչուած դէմքեր), որոնք ողջոյնի խօսքեր պիտի արտասանեն հետեւեալ նիւթերով.-
-Ի՞նչ ըրինք հայ ժողովուրդին։
-Ինչպէ՜ս չմեռաւ հայ ժողովուրդը։
-Ինչո՞ւ պիտի չմեռնի հայ ժողովուրդը։
Տօնահանդէսի կարգապահութեան պիտի հսկեն հայ կուսակցութիւնները.- Զանգակներու հսկողութիւնը յանձնուած է Հնչակեաններուն, զէնքերու՝ Դաշնակցականներուն, լռութեան՝ Ռամկավարներուն։ Տեղի պիտի ունենայ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ Հ.Բ.Ը.Մ.ի։ Նոյն օրը առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ՝ այսուհետեւ ըլլալիք զոհերու հոգիներուն ի հանգիստ…։ Այս հոգեհանգիստին պիտի նախագահեն Աշտիշատի ու Երիզայի քրմապետերը։
Կը խնդրուի նկատի ունենալ թուականը եւ անպայման… խաչաձեւե՛լ։

***
Պիտի չփափաքէի՞ք այսպիսի տօնահանդէսի մը ներկայ ըլլալ եւ ունկընդրել բանախօսները։
Սիմոնեանին այս քիչ մը երգիծախառն, մասամբ իմաստասիրական ու այլաբանական եւ առաւելաբար պատմա-վերլուծական գիրքը ձեզ հո՛ն կ՚առաջնորդէ։
Իրականութեան մէջ, այս գործը թատերակ մըն է (կամ կէս-թատերակ մը), ուր դէմ յանդիման կը բերուին Հայոց պատմութեան կարգ մը մեծերը ու հանրութեան առջեւ ինքնապաշտպանութիւն կ՚ընեն, պարզաբանումներ կամ մերկացումներ կը կատարեն…։
Զորօրինակ, լսե՛նք Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին արտասանած ողջոյնի խօսքէն սա՛ հատուածը.
-Արան մերժեց իմ սէրս։ Ես իրեն խոստացած էի իմ թագաւորութիւնս, սիրտէս ետք։ Անիկա պիտի ըլլար արքան երկու երկիրներու՝ Արարատի երկրին եւ Ասորեստանի, որոնք այնուհետեւ իրարու դէմ կռիւներ ընելէ պիտի դադրէին եւ պիտի չդիմէին դէպի կորուստ։ Գահ եւ սիրտ մերժուեցան Արա Գեղեցիկի կողմէ։
…Եթէ Արան ինծի միացած ըլլար, Մուսուլի քարիւղի հանքերը մեծ մասամբ, հարիւրին 95% տոկոսով, պիտի պատկանէին Հայերուն, եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի ունեցած հարիւրին 5-ով՝ Հայերը պիտի ունենային հարիւր առ հարիւր բաժինը։ Արան, Նուարդ խանումի համար, կորսնցուց երկու թագաւորութիւններ եւ Մուսուլի քարիւղի հանքերուն ամբողջութիւնը։
Նմանապէս, ի՛սկապէս հետաքրքրական տեսարան մը կը պարզուի մեր առջեւ՝ երբ բեմ կը բարձրանայ Վասակ Սիւնի մարզպանը ու կը պահանջէ որ իր դիմաց կանգնին (նոյն բեմին վրայ) Ե. դարու պատմիչներ Կորիւն Սքանչելին, Եղիշէն, Ղազար Փարպեցին, բայց նաեւ՝ մեզի ժամանակակից փրոֆ. Նիկողայոս Ադոնցը եւ Հրանդ Ք. Արմէնը։ Յետոյ, ան կը պարտադրէ անոնց՝ կարդալ իրենց պատմագրքերուն մէջէն ա՛յն հատուածները, որոնք կ՚առընչուին իրեն՝ Վասակին։
Կը պարզուի որ Կորիւնին ու Փարպեցիին վկայութիւնները ԴՐԱԿԱՆ են Վասակի մասին, եւ միայն Եղիշէն է որ ի սկզբանէ ԺԽՏԱԿԱՆ դիրք բռնած է անոր նկատմամբ, ինչ-ինչ շիլ հաշիւներով…։
Ուրիշ տեղ մը, հեղինակը մտերիմ զրոյց մը կը ստեղծէ ընդմէջ Բելի ու Ստալինի…։ Այս վերջինը կ՚արտայայտուի սա՛պէս.
-Գիտե՞ս, տաւարի՛շ (ընկեր) Բել, ե՚ս ստեղծեցի անհատի պաշտամունքը. պաշտել տուի անձս. պաշտուելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել երկիւղ. կրօններու պատմութիւնն ալ ցոյց կու տայ որ աստուածներէն շատեր պաշտուած են երկիւղի պատճառով։ Վերջապէս ես ու դուն ստեղծեցինք երկիւղ եւ պաշտամունք…
«Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը իր բոլոր հատուածներուն մէջ չէ՛ որ յաջող է։ Տեղ-տեղ կը կաղայ, կը ճապաղի անիկա, հակառակ հեղինակին սրամտութիւններուն եւ ուժեղ երեւակայութեան։ Հեղինակը, գիտակից՝ այդ թերութիւններուն, բաւականացած է առանձին գիրքով հրատարակելու իր այս գործին լոկ Ա. մասը, (գործին բաղկացուցիչ միւս երկու մասերը թէեւ գրուած են, բայց չեն հրատարակուած անջատ հատորով)։ Աւելի ուշ, Սիմոնեան հետամուտ եղած է ամբողջ գիրքը (իր երեք բաժիններով) վերա-
մշակելու տենդագին աշխատանքի մը, առանց սակայն զայն իրականացնելու կատարելապէս։ Ու գործը մնացեր է այդպէս, կէս-կատար։
Յստակ է մեզի, որ այս գործին ներշնչումը կու գայ հեղինակին Հայոց Պատմութեան դասագիրքերէն։ Այդ դասագիրքերուն անմիջական ու տրամաբանական արձագանգն է այս գիրքը։ Սիմոնեան հայ ժողովուրդի ճակատագրին վերլուծումն է որ կը փորձէ՝ երգիծանքով ու լացով, մտածումով ու պատմական ճշգրտութեամբ։ Զինք խռովող հարցումը հետեւեալն է.- Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս տեւած է հայ ժողովուրդը, բայց ինչո՞ւ չէ մեծցած, միշտ «փոքր ածու» մնացեր է։
Կ՚արժէր որ մեր թատերական գործիչները մտածէին այս երկը բեմականացնելու կարելիութիւններուն մասին։
Ի դէպ, երբ հայրենի նշանաւոր դերասանապետ ու բեմադիր Վարդան Աճեմեան (1905-1977) «Սունդուկեան Թատրոն»-ը գլխաւորելով Պէյրութ կ՚այցելէ 1966-ին, «Խաչաձեւել»-ին ակնարկելով՝ կ՚ըսէ Սիմոնեանին. «Հանճարեղ գործ է դա։ Մերոնց հետ եօլա գնա (իմա՝ հաշտ եղիր Սովետական Հայաստանի հետ…-Լ.Շ.), որ ես կարողանամ այն բեմադրել Մոսկուայում եւ ցոյց տալ մեր 15 հանրապետութիւններին, որ մենք էլ թատրոն ունենք…»։

ԼԵՌՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ…
Սիմոն Սիմոնեան, սասունցիներու նուիրուած իր պատմուածքներէն անկախ, 60-ական թուականներուն պարբերաբար գրի առաւ գեղարուեստական արժանիքներով օժտեալ բազմաթիւ արձակ այլ գործեր ալ, որոնք շուտով մէկտեղուեցան երկու առանձին հատորներու մէջ, «Սիփանայ քաջեր» ընդհանուր խորագրով (1967/1970)։
Ասոնք պատմուածքներ ու վիպակներ էին, քաղուած՝ սփիւռքահայ կեանքի ինչ-ինչ երեսներէն։
1972-ին սակայն, Սիմոնեան հրապարակ հանեց իր վերոնշեալ արձակ գործերուն հաստափոր մէկ հատընտիրը, զոր կոչած էր «Լեռ եւ ճակատագիր»։ Այստեղ, նոյն կողքին տակ ի մի բերուած էին «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորին բոլոր պատմուածքներն ու «Սիփանայ քաջեր» երկհատոր ժողովածուին ընտրելագոյն էջերը, ոմանք հեղինակին կողմէ վերամշակումի ենթարկուած։ Ընդամէնը՝ 475 էջանի փառաւոր մատեան մը, որ պատիւ կրնար բերել ո՛եւէ գրողի։
Շատ տարիներ առաջ, երբ դեռ ուսանող էի Ճեմարանի մէջ, դպրոցի գրադարանէն տուն բերեր ու մասամբ կարդացեր էի այս գործը։
Հիմա, տասնամեակներ անց, քիչ բան կը յիշէի անոր բովանդակութենէն։
Այդ պատճառով ալ՝ գիրքը վերընթերցելու փափաքս կը կրծէր զիս։
Ուստի, ակումբի գրադարանէն ձեռք ձգեցի զայն կրկին, տուն բերի, ու թաղուեցայ անոր մէջ՝ «հանդարտութեամբ, հեզութեամբ», ինչպէս պիտի սիրէր ըսել Վահան Թէքէեան։
Յափշտակութեամբ կարդացուող հատոր մըն է «Լեռ եւ Ճակատագիր»-ը։ Իմ կարծիքով՝ անմահ գործ մը, որուն ընթերցումը շա՛տ բան կրնայ շահեցնել զայն կարդացողին։ Յատկանիշե՞ր.-
-Նախ՝ հեղինակին լեզուն։ Զուլալ ու ջինջ արեւմտահայերէն մը, յարդազերծ ու անվրէպ, որ կարծէք Սիփանայ ծաղկաւէտ սարէն կամ Բիւրակնեան լեռներու կողերէն հոսող արագավազ գլգլան գետ մը ըլլար…։ Այս հայերէնը, դժբախտաբար, այլեւս ՉԷՔ ԳՏՆԵՐ մեզի ժամանակակից գրողներուն բերնին մէջ կամ գրչին տակ…։
-«Սիփանայ քաջեր»-ուն վերընթերցումը զիս բերաւ այն նորօրեա՛յ համոզումին՝ թէ պատմուածքներու այս շարքը բնաւ չի զիջիր նախորդող «Լեռնականներ»-ու համբաւաւոր շարքին։ «Սիփանայ քաջեր»-ուն բոլո՛ր պատմուածքներն ու վիպակներն ալ գրի առնուած են գեղարուեստական բարձր ճաշակով, նիւթերը ծայր աստիճան հմայիչ են ու քաշողական, հեղինակին պատմողական ոճը առինքնող է ու սրտախօսիկ, եւ վերջապէս՝ ամէն մէկ գրութիւն ո՛չ միայն խորապէս տպաւորիչ է, այլեւ թելադրակա՛ն ու պատգամատա՛ր…։
-Կարդացէ՛ք անգամ մը սա «Մայրի՜կ, մայրի՜կ»-ը, ու տեսէք թէ Եղեռնէն փրկուած հայ մայրիկ մը երբ Հալէպէն Ամերիկա կ՚երթայ իր միակ մանչուն քով՝ ինչպիսի՛ անտեսումներու եւ արհամարհանքի նշաւակ կը դառնայ իր հարսին, թոռներուն ու այլասերած հարազատներուն կողմէ…
-Կարդացէ՛ք «Հայ մը…» պատմուածքը, ու զարմացէք թէ ինչպէ՛ս երկու անծանօթ Հայեր իրարու կրնան հանդիպիլ Քոփէնհակընի (Դանիա) մէկ փողոցին մէջ, ու անոնցմէ մին՝ Հանս Նալպանտեան, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեայ ու բացարձակապէս հայերէնի անգիտակ, կու լայ իր մայրենի բարբառին ունկնդիր… (դէպքը իրական է, ու վերոնշեալ հերոսը որդին է Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանի երբեմնի տնօրէն՝ սեբաստացի Մարտիրոս Նալպանտեանին ու անոր դանիացի կնոջ՝ բանաստեղծուհի Ինկա Գոլինի)։
-Կարդացէ՛ք «20.000-էն մէկը» վիպակը, ու զարհուրանքով ապրեցէք Բ. Աշխարհամարտի օրերէն օր մը, դաժա՛ն պահ մը, երբ գերմանական բանակին մէջ ծառայող հայ սպայ մը ստոյգ մահէ կը փրկէ սովետահայ մահապարտ գերի մը…։ Ու քսան տարի ետք, նախկին գերին, այս անգամ՝ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գիտական մեծահամբաւ մէկ ընկերութեան նախագահը, Պէրլին կու գայ իր երախտիքը յայտնելու իր երբեմնի ազատարարին…։
-Կարդացէ՛ք «Թիւրք գնդապետի մը հետ»-ը եւ «Աթաթիւրքին աղջիկը»՝ թափանցելու համար թուրք մարդուն հոգեբանութեան ամենախորունկ ու գաղտնի ծալքերէն ներս…։
-Տակաւին, կարդացէ՛ք «Կաղ զինուորին պատմութիւնը», զգայացունց դէպք մը, ու վստահաբար պիտի գոչէք. «Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Գտէ՛ք ու կարդացէ՛ք Սիմոնեանի «Լեռ եւ ճակատագիր»-ը, որպէսզի աւելի մօտէն հակիք մեր ժողովուրդի ճակատագրին մութ ու խորհրդաւոր երեսներուն վրայ։
«Լեռ եւ ճակատագիր» հատընտիրը եւս, Սիմոնեանի նախկին գործերուն նման, արձագանգ թողուց ու գնահատուեցաւ մտաւորական դասին թէ ընթերցող հասարակութեան կողմէ։ Միակ աննպաստ ձայնը եկաւ նախկին պոլսահայ վիպագիր Արեգ Տիրազանէն (1902-1987), որ ընդարձակ գրադատական մը ստորագրեց այս գիրքին մասին Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի յաջորդական քանի մը թիւերուն մէջ՝ …ցուցակագրելով հեղինակին «լեզուական վրէպներ»-ը։
Բայց Սիմոնեան ձեռնածալ չմնաց այս անհիմն ու դիտաւորեալ քննադատութեան դիմաց։
«Սփիւռք»-ի յաջորդական վեց թիւերու մէջ (6 Հոկտեմբեր-10 Նոյեմբեր 1974), անհերքելի ապացոյցներով ան մէկ առ մէկ ջրեց Արեգ Տիրազանի բոլոր խարխուլ պնդումները՝ կարկամեցնելով զայն, եւ միաժամանակ հայերէն լեզուի ու բառագիտութեան անմոռանալի դաս մը տալով անոր…

ԵՐԲ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԿԸ ՎԱԶԷՐ ՄԵԾ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԵՏԵՒԷՆ…
Այո՛, Սիմոնեան միշտ ու միշտ վազեց մեծ ու համազգային ծրագրերու ետեւէն, հաւատալով անոնց անհրաժեշտութեան, հաւատալով մանաւանդ զանոնք կենսագործելու կարելիութիւններուն։ Բայց այնքա՜ն ընդարձակ էին իր այս ծրագրերը, որ մէկ մարդու կեանքը երբե՛ք բաւարար չէր՝ գլուխ հանելու համար զանոնք։
Իր մահէն երկու-երեք տարի առաջ, Լիբանանը բռնկող պատերազմի օրերուն, Սիմոնեան բազմափուլ երկա՜ր զրոյցի մը նստեր էր ֆրանսահայ իր գրչեղբօր՝ արձակագիր Կարօ Փօլատեանի հետ (որ Պէյրութ կը մնար այդ շրջանին), ու անոր պարզեր էր իր պատկերացումները՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ։ Շաբաթներու եւ ամիսներու երկայնքին՝ Սիմոնեան մտերմօրէն խօսեր էր, պարզաբաներ ու ձեւաւորեր էր իր մտքերը, իսկ Փօլատեան նոթեր առեր էր մաս առ մաս։
Ճակատագիրը այնպէս բերաւ սակայն, որ այս զրոյցը կիսաւարտ մնայ. որովհետեւ զրուցակիցները երկո՛ւքն ալ անակնկալօրէն իրենց մահկանացուն պիտի կնքէին միեւնոյն տարուան (1986) Մարտ-Մայիս ամիսներուն…։
Այնուհանդերձ, բարի ձեռք մը՝ Արմէն Դարեան, տէր կը կանգնէր այդ զրոյցին ու զայն լոյսին կը յանձնէր իր առկայ վիճակով, 1988-ին։ Ասիկա պիտի դառնար, միաժամանակ, Կ. Փօլատեանի «ԶՐՈՅՑ» շարքին Զ. (վերջին) հատորը։
Սիմոնեանի հետ կատարուած այս երկարաշունչ զրոյցը, գրողին կեանքին ու գրական վաստակին շուրջ պտըտկելէ անդին, օրակարգի կը բերէր նախ՝ վերջին վաթսուն տարիներուն մեր ապրած խոր տագնապները, ցնցումները։ Յետոյ, սեւեռումի կ՚ենթարկէր հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ յաւերժացման հարցը։ Առ այդ՝ Սիմոնեան կը կատարէր առաջարկներ, կ՚ընէր խորհրդածութիւններ, երբեմն՝ կը բանաձեւէր նոյնիսկ լուծումներ։ Սիմոնեանին յարուցած խնդիրները, արտայայտած մտքերն ու գաղափարները միշտ ինքնատիպ էին։ Տագնապո՛ղ Հայ մըն էր ան, անկա՛խ մտածող հայ մը։ Տեղ մը կ՚ըսէր. «Հայ ժողովուրդը անսահման համբերութեամբ ու վստահութեամբ հայ կուսակցութիւններուն առիթ տուաւ գրեթէ դար մը, իրենց առաքելութիւնը փորձելու եւ իրագործելու համար։ Բայց անոնք չյաջողեցան։ Իրենց փորձերուն ժամանակ մենք կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը»։ Յետոյ կը շարունակէր. «Հիմա հայ չկայ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ. 4000 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայ չկայ…։ Ահաւոր բան է այս իրողութիւնը։ 1915-էն ի վեր Հայ չկայ Հայաստանի մեծագոյն մասին մէջ։ Հայ չկայ Ալաշկերտի, Կարսի, Կարինի, Երզնկայի, Խնուսի, Տարօն-Տուրուբերանի, Վասպուրականի, Խարբերդի եւ տակաւին Տիգրանակերտի, ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Պատմաբա՚ն պէտք է ըլլալ՝ զգալու, խորազգալու, խորաչափելու համար անչափելի ու անպարագրելի այս ճշմարտութիւնը, եւ սիրտ պէտք է ունենալ կորսնցնողները իբրեւ փրկիչներ ընդունելու» (տե՛ս. «Զրոյց», Զ. հատոր, էջ 107-108)։
Ու Սասնայ Ծուռը կ՚աւարտէր իր զրոյցը սա՛ բառերով. «Երանի՜ թէ մեզի տրուէր 100 տարի ետք մեր գերեզմաններէն վայրկեանի մը համար բանալ մեր աչքերը եւ տեսնել թէ 2085 թուականին Հայը դեռ կ՚ապրի՞ եւ ինչպէ՞ս կ՚ապրի…։ …Կը հաւատամ որ 2085 թուին պատմական Հայաստանը իր 15 նահանգներով լեցուած պիտի ըլլայ Հայերով եւ թոռանս թոռը Սասնայ գիւղերէն Կերմաւի, հօրս գիւղին մէջ, գործարանի մը բանուորն է»։
Ի դէպ, Սիմոնեան, օգտուելով Մեծ Եղեռնի 70-ամեակին ընձեռած առիթէն, իր վերոնշեալ զրոյցով արտայայտուած ազգային-քաղաքական տեսութիւնները յարմար կը դատէր հրապարակել մամուլով եւս։ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ է (10 Ապրիլէն մինչեւ 23 Մայիս 1985 երկարող յաջորդական թիւեր) որ կը հրատարակուէր Սիմոնեանի այն ուշագրաւ յօդուածաշարքը, որ պատգամի մը բնոյթն ունէր՝ սա՛ խորագրով. «Մեր գերագոյն ընելիքները հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար»։ Սիմոնեան իր կարկինը լայն բացած էր մեր ժողովուրդը յուզող հիմնական բոլոր խնդիրներուն վրայ։
Լսողներ ունէ՞ր, ունեցա՞ւ։
Սիմոնեանի գրական-հրատարակչական ծրագրերը շատ էին ու մեծղի։ Նոյնիսկ Սեւան տպարանին իրողական փակումէն ետք, 1984-ին, մենք Սիմոնեանը կը տեսնենք իբրեւ չորս բաժնետէրերէն մէկը նոր հիմնուող «Հայ Տիպ Քոմփիւկրաֆ-Թեքնոփրէս» հրատարակչական ընկերութեան։ Հակառակ իր ալեւոյթին ու յոգնածութեան, հրատարակչական կայծը չէ՛ր մարած ուրեմն իր ներսիդին։ Կ՚ըսեն թէ տպարանական մելան կար խառնուած իր արիւնին մէջ…։
Իր մտերիմները կը վկայեն սակայն, որ վերջին տարիներուն Սիմոնեան, թերեւս տարիքի բերումով կամ Լիբանանի պատերազմին պարտադրած նեղացուցիչ կաշկանդումներուն պատճառաւ, կ՚ապրէր աճապարանքի մատնուած մարդու մը հոգեվիճակն ու հեւքը։ Փշրուած բան մը կար այլեւս իր մէջ, մանաւանդ որ Սեւան տպարանն ալ փակեր էր իր դռները ակամայ։ Առողջութիւնը յաճախ կը դաւաճանէր իրեն, չէր յաջողեր ստեղծագործել բնական կշռոյթով, ջղագրգիռ կը դառնար ի տես ժամանակի արագավազ սահքին ու ատոր դիմաց՝ իր լեռնակուտակ ծրագրերուն անշարժութեան։ Ո՞ր մէկուն պիտի հասնէր, ուրկէ՞ պիտի սկսէր, ո՞ր գործին նախընտրութիւն պիտի տար…։ Մանաւանդ՝ ինչպէ՞ս պիտի վերականգնէր իր ստեղծագործական նախկին թափը։
-Ահագին ընելիքներ կան, ուշ մնացինք, ո՜ւշ…,- կը կրկնէր յաճախ։
Եւ իսկապէս, ուշ մնացեր էր։
- «Կը խնդրուի… խաչաձեւել»-ը կ՚ուզէր վերամշակել, շարունակել եւ ընդլայնել երեք հատորով։ Նոր վերանայումներով կ՚աշխատէր ամբողջացնել զայն։ Արդէն իսկ 150 էջ յաւելումներ բերած էր գործին վրայ։ Բայց այս ծրագիրը չհասաւ իր երջանիկ աւարտին։
- Իր «Արեւելահայ գրականութիւն» գործին (1965) յաջորդ ու կցորդ չորս հատորները (հին, արեւմտահայ, խորհրդահայ եւ գաղթահայ գրականութիւններ) չկրցաւ ամբողջացնել կամ պատրաստել։ Նոյնիսկ «Արեւմտահայ գրականութիւն»-ը, որուն մասին մամուլով իսկ յայտարարած էր թէ «պատրաստ է», լոյս աշխարհ չեկաւ…։
- «Սեւան ընդարձակ բառարան»-ին (1980) Բ. հատորն ալ լոյս աշխարհ չեկաւ, հակառակ անոր, որ այս աշխատանքին մէջ իրեն օժանդակ ունէր Կարօ Սարաֆեանն ու Մանուէլ Քէօսէեանը…։
- Ըստ իրեն, գրի առած էր 24 գլուխները «Գերեզման չտարուելիք բաներ» խորագրեալ տպաւորապաշտ գործի մը, որ 200 էջնոց հատոր մը պիտի ըլլար, եւ ուր կը պատմէր իր մանկութեան շրջանէն յամեցող յուշեր։ Այս գործը եւս մնաց անաւարտ ու անտիպ։ Անկէ քանի մը գլուխներ տպուած են Լոս Անճըլըսի «Նոր Հայ» թերթին (1983) եւ Պէյրութի «Նոր Այնթապ» պարբերականի 1984-85-ի թիւերուն մէջ։
- Մտադրած էր գրի առնել իր յուշերը՝ երեւելի դէմքերու մասին (Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոս, Յակոբ Օշական, Արշակ Ալպօյաճեան, Չօպանեան, Ն. Աղբալեան, Կոստան Զարեան եւայլք)։ Չկրցաւ։
- Շատ կը փափաքէր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ տպուած իր յօդուածներէն ընտրանի մը քաղել (100 յօդուած, տեսակ մը ճռաքաղ) ու տպել առանձին գիրքով։ Չեղա՛ւ։
- Դեռ 30-ական թուականներու կէսերէն՝ Սիմոնեան իր ուշադրութեան առարկայ դարձուցեր էր ԺԲ. դարու առակագիր Վարդան Այգեկցին ու անոր մասին բանասիրական յօդուած մը հրատարակեր էր Չօպանեանի «Անահիտ»-ին մէջ։ Աւելի ուշ, խորացնելով իր պրպտումները, Սիմոնեան հասեր էր հետաքրքրական եզրակացութիւններու ու ա՛լ այն համոզումը գոյացուցեր էր՝ թէ ֆրանսացի աշխարհահռչակ Լաֆոնթէնի (ԺԷ. դար) առակներէն շատեր ո՛ւղղակի քաղուած էին «Աղուէսագիրք»-ի հայ հեղինակէն…։ Իր այս բաղդատական ուսումնասիրութիւնը, «Վարդան Այգեկցի եւ Լաֆոնթէն» խորագրով, գրեթէ աւարտուն, ցարդ կը մնայ անտիպ։
- Ուրիշ խորազնին բաղդատութիւն մըն ալ սկսեր էր գրի առնել՝ պարզաբանելու համար Խորենացիի (Ե. դար) ու Անանիա Շիրակացիի (Է. դար) թողած գրական ժառանգութեանց միջեւ նկատուող «անթիւ նմանութիւնները», հարիւրաւոր փաստերով։ Շահեկան այս գո՛րծն ալ կէս ճամբան մնաց…։
- Վերջին տարիներուն, ծրագրած էր Հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի պատմութեան մէջէն առանձնացնել 10 ճիւղեր (օրինակ՝ գիտութիւն, ճարտարապետութիւն, նկարչութիւն, զինուորական դէմքեր, կարեւոր քաղաքներ, հայրենի չքնաղ գեղեցկութիւններ եւայլն), եւ իւրաքանչիւր մարզէն ՏԱՍԱԿԱՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ կամ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐ ընտրել ու ներկայացնել։ Անուններու ցուցակը պատրաստած էր, բայց գործը չշարադրուեցաւ…։
- Կը ծրագրէր գրի առնել Սուրիոյ եւ Լիբանանի 60 տարուան հայ գրականութեան պատմութիւնը (հազար էջանի) եւ անոր անցած ուղին՝ դէմքերով ու նուաճումներով։ Այս վիթխարի գործին համար գտած էր հաւատարիմ գործակիցներ ալ (Ա. Դարեան, Ժ. Դանիէլեան եւ Եր. Պարսումեան), թէեւ աշխատանքին մեծագոյն բաժինը առած էր իր ուսերուն։ Գործը տակաւ ստացեր էր մարմին ու ձեւ, մամուլի ճամբով կոչ-հաղորդագրութիւն մըն ալ հրապարակուեր էր այս առընչութեամբ (1980 Օգոստ.), բայց ծրագիրը մնաց անաւարտ ու անկատար…։
- Իր մե՜ծ երազներէն մէկն էր՝ արեւմտահայ գրականութիւնը հրատարակել ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՏՈՐՈՎ, անգլիական Nelson հրատարակութեանց ձեւով, գրողներու կենսագրութիւններով, մատենագիտութեամբ ու բառարանով։ Մատենագիտական առատ նիւթ հաւաքած էր այս գործին ձեռնարկելու համար. նոյնիսկ գրաւոր պաշտօնական դիմումներ կատարած էր հաւանական մեկենասներու՝ անհրաժեշտ նիւթականն ապահովելու բաղձանքով, բայց…չեղա՛ւ ու չեղա՛ւ։
Եւ տակաւին՝ ինչե՜ր ու ինչե՜ր…։

ՍԻՄՈՆԵԱՆ՝ ՎԻՊԱԳԻՐ
Սիմոն Սիմոնեան իր գրական բազմաթիւ հետաքրքրութիւններուն շարքին չմոռցաւ նաեւ վէպը, վիպագրութիւնը։
Մահէն մօտ տարի մը առաջ, սկսած էր գրել վէպ մը՝ իրեն շատ մօտիկ անձերու կամ ընտանեկան հարազատներու կեանքէն։ Յառաջ գացեր էր մինչեւ 50-60 էջ, յետոյ՝ կանգ առեր…։
Ասիկա վիպագրական իր առաջին փորձը չէր։
1978-ին աւարտեր ու իր սեփական տպարանին մէջ տպագրել տուեր էր արդէն աւելի քան 500 էջանի ծաւալուն վէպ մը, որ կը կոչուէր «Անժամանդրոս»։ Տարօրինակ վերնագիր մը, տարօրինակ բովանդակութեամբ եւ նո՛յնքան տարօրինակ… ճակատագրով մը։
Արդարեւ, «Անժամանդրոս»-ը թէեւ տպուեցաւ հեղինակին ողջութեան, սակայն հեղինակի՛ն իսկ փափաքով՝ ատիկա հրապարակ պիտի հանուէր միայն ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ…։
Ինչո՞ւ այս անբնական կարգադրութիւնը. ո՛չ ոք գիտէր։
Հետեւաբար, տպագրեալ վէպին հարիւրաւոր օրինակները, ամրափակ սնտուկներու մէջ, Սեւան Հրատարակչատան մթերանոցին մէկ անկիւնը «քնացան» ութ երկա՜ր տարիներ, մինչեւ Սիմոնեանի մահը, 1986 Մարտ։ Մինչ այդ, հեղինակը, մատի վրայ համրուող քանի մը մտերիմ մտաւորականներու միայն թոյլ տուած էր կարդալ այս «խորհրդաւոր» վէպը, պահանջելով սակայն որ հրապարակային-գրաւոր կարծիք չյայտնեն այդ մասին երբե՛ք։ Այդ սակաւաթիւններէն մէկն էր, զորօրինակ, Կարօ Փօլատեան, որ վէպին մասին կ՚արտայայտուի գովեստով ու հիացումով՝ իր «Զրոյց»-ի Զ. հատորին մէջ։
Սիմոնեանի մահէն 30 տարիներ անց, երբ կը գրուին այս տողերը, ես նո՛ր է որ կրցայ ձեռք բերել այդ վէպը քաղաքիս «Քրիստափոր» գրադարանէն ու համբերութեամբ ընթերցեցի զայն ծայրէ ի ծայր։
Եթէ հարց տրուի ինծի, թէ ինչո՞ւ Սիմոնեան իր ողջութեան փականքի տակ պահեց իր ամենէն ծաւալուն այս երկը,- պիտի վարանիմ համոզիչ ու տրամաբանական արդարացում մը բանաձեւելու։
Հեղինակը ի՞նչ դրդապատճառներէ ելլելով՝ լոյս աշխարհ գալէ զրկեց տպագրեալ իր մէկ գործը, ինչո՞ւ արուեստական պատ մը բարձրացուց ի՛ր ու զինք սիրող բազմահարիւր ընթերցողներուն միջեւ, եւ ինչպէ՞ս կրցաւ տոկալ «պատրաստ ճաշ մը սառնադարանին մէջ պահել»-ու յամառ արարքին…։
Անճիշդ ու անիրաւ կարգադրութիւն մըն էր այս։ Սասունցիական «ծուռութիւն» մը…։
Քանզի, հեղինակէն մահէն ետք, երբ քակուեցան փականքները սնտուկներուն, վէպը չստեղծեց ակնկալուած շահագրգռութիւնը, արտասովոր արձագանգ մը չթողուց բնաւ։ Ընդհակառակն, կարծես զարնուեցաւ անտարբերութեան պատին…։ Այդ շրջանի սփիւռքահայ գրական մամուլին մէջ գրեթէ ոչի՛նչ գրուած է այս վէպին մասին։ Ափսո՜ս։
Կը տարուիմ ենթադրելու, որ աւելի բախտաւոր կրնար ըլլալ «Անժամանդրոս»-ին ճակատագիրը՝ եթէ անիկա հրապարակ հանուէր հեղինակին ողջուցը։ Մեկնաբանութիւններ, վերլուծումներ, գրախօսականներ պիտի յաջորդէին մէկզմէկու, թերեւս գրական ասուլիսներ ալ կազմակերպուէին վէպին շուրջ, ընթերցողներ արտայայտէին իրենց տեսակէտը, իսկ հեղինակն ալ անհրաժեշտ պարզաբանումներ ու բացատրութիւններ բերէր բոլորին հարցումներուն՝ իր կենդանի՛ խօսքով…։ Չեղաւ։
Ի՞նչ կը նշանակէր «Անժամանդրոս»։ Ըստ հեղինակին, այս ինքնակերտ վերնագիրը կազմուած էր «անժամ» (իմա՝ անժամանակ) եւ «անդրոս» (յունարէնով՝ մարդ) բառերէն, եւ ուրեմն՝ կը նշանակէր ժամանակէն դուրս ապրող մարդ։
Վէպը արտասովոր կառոյց մը ունի։ Վէպին հերոսը՝ ճարտարապետ Արսէն Զամանեան, մէկ կողմէ դերակատար կ՚ըլլայ հետաքրքրական իրադարձութիւններու յորձանուտի մը մէջ, միւս կողմէ ալ կը սկսի գրի առնել վէպ մը, որուն պարունակութիւնը (իր բոլոր մանրամասնութիւններով) զուգորդուելով մայր վէպին հետ՝ կը գոյացնէ այսպիսով ԵՐԿՃԻՒՂ ՎԷՊ ՄԸ։ Վէպ՝ վէպի մէջ։
Ուրեմն, այս գրքին կողքին տակ կը գտնենք երկու վէպեր, մէկը՝ իրական, միւսը՝ անիրական։ Անիրական վէպին գլխաւոր հերոսը Անժամանդրոսն է, որ կրկներեւոյթն է մէկէ աւելի անձերու, եւ որ իբրեւ թէ ապրած է 9999 տարիներ առաջ ու վերստին աշխարհ եկած է հիմա։ Ան գլխագիր Մարդն է՝ իր ունակութիւններով եւ առաքինութիւններով։ Թերեւս նաեւ գլխագիր Հայն է՝ իր տկարութիւններով, յաջողութիւններով, տատանումներով, վերածնելու կարողութեամբ։ Բեմահարթակին վրայ մեր դիմաց կը ցցուին կեղծաւորը, հացի համար պոռնկութիւն ընող աղջիկը, վաշխառուն, ապերախտը, ըմբիշը՝ որ կաղնիներ կը տապալէ, բայց որ սեռայնօրէն անզօր կը մնայ իր կնոջ դիմաց…, եղբայրներ՝ որոնք զիրար կը յօշոտեն դրամի սիրոյն…։
Այլաբանական պատկերները չափազանց առատ են այս պատումին մէջ, որովհետեւ Սիմոնեան տեղ-տեղ իրարու դիմաց կը հանէ զոյգ վէպերուն հերոսները (անիրականներն ու իրականները)։ Հեղինակին մտասեւեռումները կատարելապէս հասկնալը դժուար է։ Կրկնութիւններ, աւելորդաբանութիւններ ալ կան, որոնք կը «ծանրացնեն» վէպը, ընթերցողին լարուածութիւնը կը թուլցնեն երբեմն։ Բայց ընդհանուր առմամբ՝ վէպը հոսուն է, զերթ վարար գետ մը։ Սիրային թեման եւս կարմիր թելի մը պէս կ՚երկարի-կ՚անցնի գրքին մէկ ծայրէն միւսը, խռովայոյզ ելեւէջներով, ու կ՚աւարտի ողբերգական ու ցնցիչ վերջակէտով մը։
Վէպին մէջ բացայայտ հեգնանք կայ Կոմունիզմի նկատմամբ։ Զորօրինակ, գլխաւոր հերոսուհին՝ Ալիա Կասեան, որ իրանահպատակ հաւատաւոր համայնավար մըն է, առիթով մը կը պոռթկայ յուսախաբ.
-Կոմունիզմը, զոր մենք կարծեցինք մարդոց տառապանքին վերջին դեղագիրը, հեռու է մարդը երջանկացնելէ եւ նոյնիսկ չէ յաջողած բուժել նախապատմական մարդու հիմնական հիւանդութիւնները՝ երկիւղ եւ կարիք։ Մարդոց իսկական երջանկութիւն շռայլելու փոխարէն, ներարկած է՝ ինքզինք երջանիկ կարծելու ցնորանքը, ինչ որ շատ հեռու է մարդը երջանիկ դարձնելէ։ Կոմունիզմը չէ կրցած նոյնիսկ ՍԻՐԵ՛Լ սորվեցնել. ջնջած ու սրբած է սէրը սիրտերէն (տե՛ս. էջ 455)։
Իսկ ուրիշ հերոս մը՝ Գոլիա (Ալիային նշանածը), նմանապէս եռանդուն համայնավար յեղափոխական գործիչ, իր կարգին կը խոստովանի.
-Կոմունիզմը չկրցաւ երջանկացնել մարդը։ Ով որ տարբեր կը խորհի,ստախօս մըն է։ Մարդը չի կրնար 100 ռուբլի թոշակ ստանալ եւ ծախսել 300 ռուբլի ու չստել, չխաբել, չգողնալ…։ Այս իրողութիւնը մինակը կը հերքէ ամէն առասպել (տե՛ս. էջ 473)։
«Անժամանդրոս»-ը հրատարակուեցաւ Հայաստանի մէջ եւս, մայր տպագրութենէն քսան տարի ետք, 1998-ին։ Այս վերահրատարակութիւնը, որուն նախաձեռնութիւնը կու գար գրող Աբգար Ափինեանէն, հովանաւոր ունեցաւ Հայաստանի Գրողներու Միութիւնը, «Նոր Դար» հրատարակչատան գործակցութեամբ։ Տպուեցաւ մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ։
Բայց, դժբախտաբար, կը թուի թէ այս մէկը եւս Պէյրութի անդրանիկ տպագրութեան ճակատագրակից եղաւ՝ մնալով գրեթէ անարձագանգ, գէթ գրական մամուլին մէջ…։

ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵԾԱՐԵՑ ՈՒ ՊԱՏՈՒԵՑ ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ
1983-ին էր։
Սիմոնեան կը գտնուէր իր 70-ամեակի շեմին։ Գրական, կրթական, խմբագրական ու հրատարակչական իր մեծղի վաստակը պէ՛տք է գնահատուէր հրապարակաւ։ Արդա՛ր տուրք մը պիտի ըլլար ատիկա։
Այդպիսի նախաձեռնութիւն մը, ամենէն առաջ, կ՚ակնկալուէր լիբանանահայ գաղութէն, որուն ծոցին մէջ գործեր էր ան աւելի քան 35 տարի։ Եւ կամ՝ հալէպահայ գաղութէն, որ ի տարբերութիւն Պէյրութին՝ 80-ականներուն կ՚ապրէր կայուն ու խաղաղաւէտ կեանք մը, հեռու՝ այդ օրերուն Մայրիներու Երկիրը բռնկեցնող ներքին պատերազմէն։ Հալէպը Սիմոնեանի հարազատ «տուն»-ը կը սեպուէր։ Հո՛ն առած էր իր նախնական ուսումը, ուսուցչագործած էր հոն տասը տարի, իր պատմուածքներուն հերոսները հալէպաբնակ սասունցիներն էին…։ Գէթ Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութիւնը (միա՛կ միութիւնը, որուն անդամակցած է ինք) իրագործէր այդպիսի երախտագիտական հանդէս մը։ Բա՜յց…մտածող մարդ չէր մնացեր…։
Միւս կողմէ, Սովետական Հայաստանը եւս կը շարունակէր անտեսել Սիմոնեանը։ Երեւան ջերմ չէր այս «ծուռ սասունցի»-ին նկատմամբ…։
Բայց ահա, շարժման անցան Ամերիկահայերը։ Մասնաւորաբար Լոս Անճըլըս համախմբուած Սիմոնեանի երբեմնի երախտագէտ աշակերտներն ու «Սփիւռք»-ի նախկին աշխատակիցները կազմակերպուեցան փութով, եւ պատշաճ տնօրինումներով ձեռնարկեցին Սիմոն Սիմոնեանի յոբելեանը տօնախմբելու աշխատանքին՝ Ամերիկայի երեք տարբեր քաղաքներուն մէջ, մեծարեալին ներկայութեամբ։
Կազմուեցաւ «Յոբելինական Յանձնախումբ» մը՝ իր պատուոյ անդամներով, գործադիր դիւանով եւ անձնակազմով (շուրջ 70 հոգի)։ Կազմակերպչական աշխատանքները կը համակարգէր Լոս Անճըլըսի մէջ այդ շրջանին գործող «Գրական Խմբակ»-ը (Armenian Literary Group)՝ հրապարակագիր Հրանդ Սիմոնեանի ատենապետութեամբ։
Սիմոն Սիմոնեան ճամբայ ելաւ դէպի Ամերիկա։
Իր մտերիմներէն Արմէն Դարեանն է, որ կը վկայէ.
-Անբաւ ուրախութեամբ է որ ճամբայ ինկաւ դէպի Ամերիկա, թէեւ քանի մը ամիսներ առաջ, սիրտի ծանր տագնապ մը հրաշքով միայն խնայեր էր իր կեանքին եւ բժիշկները զգուշացնելով զգուշացուցեր էին զինք մեծ յոգնութիւններու եւ յուզումներու դէմ։ Ու հո՚ն ուր գնաց՝ ներշնչեց խանդավառութիւն ու հաւատք՝ «հայ ժողովուրդի յաւերժութեան մասին», ֆիզիքական իր սպառումին գնով («Շիրակ» ամսագիր, 1989, թիւ 8-9)։
Ամերիկայի տարածքին, իրագործուեցան քսանի չափ հաւաքներ ու հանդիպումներ, բայց գլխաւոր ձեռնարկները երեք էին։
Անոնցմէ առաջինը կայացաւ Լոս Անճըլըսի մէջ, 13 Մարտ 1983-ին։ Հանդիսավարը լրագրող Օշին Քէշիշեանն էր։ Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Երուանդ Գոչունեան, Վեհանոյշ Թէքեան, բժ. Յարութիւն Սաղըրեան եւ Զարեհ Զարգուն։ Այս առթիւ, հրատարակուեցաւ 60 էջանի գրքոյկ մըն ալ, պատշաճ բովանդակութեամբ։
Երկրորդ հանդէսը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 9 Ապրիլին։ Գլխաւոր բանախօսներն էին Գառնիկ քհնյ. Հալաճեան, Անդրանիկ քհնյ. Գասպարեան (Դպրեվանքի իր աշակերտները), Նուպար Քիւփէլեան եւ Անդրանիկ Փօլատեան։
Իսկ Ֆիլատելֆիոյ յոբելեանը կայացաւ 15 Ապրիլին, Թէքէեան Մշակ. Միութեան հիւրընկալութեամբ։ Այստեղ, զոյգ բանախօսներն էին Գուտցի Միքայէլեան եւ Անդրանիկ Փօլատեան։
Ամէնուրեք գործադրուեցան գեղարուեստական յայտագրեր՝ յոբելեարին ստեղծագործութիւններուն ծանօթացումով։ Այդ շրջանի ամերիկահայ մամուլին էջերը լեցուն են այս բարեբաստիկ ու ոգեշնչող այցելութեան նկարագրականներով։
Սիմոնեան, որ երբե՛ք փառատենչիկ մը չէ եղած, այլ՝ իր սերունդին համեստագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը, Ամերիկայէն Պէյրութ վերադարձաւ հոգեպէս կազդուրուած ու նո՛ր ծրագրերով խանդավառ։ Սակայն, ինչպէս Արմէն Դարեան պիտի գրէր, Սիմոնեան դառնացած էր այս յոբելեանին առիթով լիբանանահայ մամուլին ցուցաբերած ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵՆԷՆ…։ Ու կը կրկնէր վաղեմի ճշմարտութիւնը.
- «Մարգարէն իր երկրին մէջ չունի յարգ…»։

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿՏԱԿՆ ՈՒ ՄԱՀԸ
Ամերիկայի մէջ իրեն ի պատիւ սարքուած մեծարանքի հանդիսութիւններէն ճի՛շդ 3 տարի անց, 24 Մարտ 1986-ին, Սիմոն Սիմոնեանն ալ հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին…։
Վերջին տարիներուն, մահուան ուրուականը սկսեր էր արդէն հալածել զինք։ «Ալ կը սոսկամ այդ օրէն։ Անոր իրաւութենէն։ Մօտաւորութենէն։ Յանկարծութենէն։ Վերջնութենէն», կը գրէր ան տագնապահար գրչով (տե՛ս. «Կանչ» շաբաթաթերթ, 20 Փետրուար 1983)։
Տարօրինակ ու արտասովոր կտակ մը թողած էր ան իր ետին։
Զուտ «անձնական» կտակ մըն էր ասիկա,- Սիմոնեան, որ ամուսնացած էր Մարի Աճեմեանի հետ 1946-ին եւ բախտաւորուած էր հինգ զաւակներով (Յովիկ, Մարալ, Վարդան, Տարօն եւ Սասուն), հիմա, իր կտակով, կը պահանջէր որ գերեզմանատան մէջ իր թաղումին՝ ընտանիքին անդամներէն զատ ո՛չ ոք ներկայ գտնուի…։
Այդպէս ալ եղաւ։
Բայց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, վերջին առիթ մը հանդիսացաւ բոլո՛ր անոնց համար՝ որոնք իրենց սէրն ու երախտիքը կ՚ուզէին յայտնել լեռնականներու այս վերջին շառաւիղին։ Ու ատոնց գլուխը կը գտնուէր Գարեգին Բ. կաթողիկոս (Սարգիսեան), ողբացեալին երբեմնի աշակերտը։
Տաճարին մէջ, հայրապետը կը խօսէր գեղահիւս դամբանական մըն ալ, ուր մասնաւորաբար կը շեշտէր. «Սիմոնեանի ամենէն մեծ արժանիքներէն մէկը, այնպէս ինչպէս ճանչցած եմ զինք, այն էր, որ գիտէր ուրիշները բերել դէպի այն դաշտերը, որոնց մէջ ակօսումի աշխատանք կը կատարէր։ Հիմա կ՚երեւակայեմ թէ քանի՜ տասնեակ երիտասարդներ իր միջոցաւ, իր քաջալերանքով հայ գիրին կապուեցան՝ հայ մամուլով կամ առանձնական հրատարակութիւններով»։
Լիբանանեան հողին վրայ ապրուած ճի՛շդ 40 տարուան կեանք մը (1946-86) կը փակուէր այսպէս։
Այդ կեանքը սկսեր էր Անթիլիասի մէջ, Գարեգին Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով, եւ հիմա իր լրումին կը հասնէր դա՛րձեալ Անթիլիասի մէջ, այս անգամ ալ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին սգակիրի «հուսկ բանք»-ով…։

***
Սիմոն Սիմոնեանի վաստակը, իր բոլոր երեսներով ու իր ամբողջութեանը մէջ, շշմեցուցիչ ըլլալու չափ մեծ է ու ծանր։
Աշխատունակ ու բազմաշխատ մտաւորական մը եղած է ան։ Իր «քաւարան»-ին մէջ, որ Սեւան տպարանն էր, գրած, սրբագրած ու ստեղծագործած է՝ «ոտքերը կօշիկին մէջ՝ օրական քսանհինգ ժամ» (վաղամեռիկ երգիծաբան Տիգրան Վասիլեանի մէկ արտայայտութիւնն է), ալիշանեան ծով ջանասիրութեամբ ու վանականի մը համբերութեամբ։ Սովորութիւն ըրած է միաժամանակ աշխատիլ 4-5 գործերու վրայ։
Իր այս աշխատասիրութիւններուն ակնարկելով, եգիպտահայ երգիծագիր Պարոյր Մասիկեան հետեւեալը կը պատմէ.
Առիթով մը հարցուցի իրեն.
- Այդ հսկայ գործերը ե՞րբ կրցաք պատրաստել։
Քմծիծաղով մը Սիմոնեան պատասխանեց.
- Հանգուցեալ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան ինծի համար մասնաւոր տող մը գրած է…
- Ի՞նչ…
- «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»…
 

***
Իր ողջութեան, թերեւս, Սիմոնեանի զուտ գրական վաստակը չարժանացաւ արդար գնահատանքի։ Եղան դիտումնաւոր անտեսումներ։
Զորօրինակ, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն»-ը (նկատի ունիմ անոր վերամշակեալ Բ. տպագրութիւնը, 1977) նախընտրած է քար լռութիւն պահել Սիմոնեանի նկատմամբ, մինչ հոն՝ փառաւորապէս տեղ գրաւած են Սիմոնեանի իսկ հասցուցած սերունդէն երեք-չորս անուն (Գ. Աճեմեան, Վեհանոյշ Թէքեան, Պ. Գուբելեան)։
Գայթակղեցուցիչ է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի կեցուածքն ալ։ Ան եւս նախընտրած էր դուրս ձգել Սիմոնեանը՝ 12 հատորանի իր շարքէն…։
Բայց անդին, Ամերիկայի մէջ հրատարակուած «Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն»-ը (1994, Բ. հատոր, հեղ.՝ Սեդա Տէմիրճեան) Սիմոնեանին տուած է պատշաճ տեղ ու բաժին։ Անկախութենէն ետք, Հայաստան տպուած «Ով ով է» կենսագրական արդի հանրագիտարանն ալ (2007, Բ. հատոր) հիւրընկալած է Սիմոնեանը ժպտերես…։
Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ Սիմոնեանի մասին մշտարթուն հետաքրքրութիւն մը նկատելի եղած է մանաւանդ իր մահէն ետք։ «Յուշի երեկոյ»-ներ սարքուած են Հալէպ (նշեցինք մեր յօդուածաշարքին սկիզբը), Պէյրութ (մահուան Ա. տարելիցին առթիւ՝ 1987, նաեւ՝ 2014-ին) ու Երեւան (ծննդեան 85-ամեակին առթիւ, 1999)։ Իբրեւ գրաւոր ընծայ՝ իրեն ձօնուած է Պէյրութի «Սփիւռք» պարբերագիրքին (Նոր Շրջան) թիւ 2-ը (1986), ինչպէս նաեւ «Շիրակ» ամսագրի 1989-ի թիւերէն մին, մասամբ։
Երկու մենագրութիւններ ալ գրուած են իր մասին։ Առաջինը՝ Երեւանէն Սասուն Գրիգորեանինն է («Բազմատաղանդ երախտաւորը», 1999, 104 էջ), երկրորդը՝ Հալէպէն Թորոս Թորանեանինը («Սիմոն Սիմոնեան երեւոյթը», 2004, 240 էջ)։ Դեռ աւելին, Պէյրութէն՝ Անդրանիկ Տագէսեան ուսումնասիրութեան նիւթ դարձուցած է Սեւան հրատարակչատան լոյս ընծայած հայալեզու դասագիրքերը (Հայկազեան Համալսարանի կողմէ հրատարակուած գիրքի մը մէջ, 2014)։ Լոնտոնէն՝ Սիմոնեանի երբեմնի աշակերտներէն Ասատուր Կիւզելեանն ալ առանձին հատորով մը լոյս ընծայած է իր ուսուցչին հետ փոխանակուած նամակները, թիւով՝ 50-ի չափ (2014)։ Իսկ Հալէպէն՝ Յակոբ Չոլաքեան իր պատրաստած «Անդաստան» դասագիրքերու նորատիպ շարքին Զ. հատորին մէջ (2014) տեղ տուած է Սիմոնեանին, «Լեռնականներ»-էն վերցուած պատմուածքով մը։
Ու հիմա, Սիմոն Սիմոնեանի մահուան երեսնամեակին առթիւ՝ իմ այս բուռ մը խօսքը, որ կը բխի իր կրտսեր մէկ հայրենակիցին սրտէն…։

«Նոր Յառաջ», 23, 26 եւ 30 Յուլիս 2016


 ------------------------------
(*) Ճիշդը՝ «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի» («Հայկականք»)։ 

No comments:

Post a Comment