ՅԱՐՈՒԹ ԷՔՄԱՆԵԱՆ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը շատոնց է ընելիք չունի: Նորութիւն չէ:
126 տարեկան այս կուսակցութիւնը դեռ «Տաճկահայաստանի» ազատագրման համար
հռչակած մանիֆեստով կ'առաջնորդուի: Այդպէս է՝ գոնէ տեսականօրէն: Իսկ
գործնականօրէն այսօր ինչով կ'առաջնորդուի, աւելի լայն անդրադարձի կը
կարօտի:
Այս յօդուածին նպատակը Դաշնակցութիւնը քարկոծելը չէ, ոչ ալ բարեփոխման
առաջարկներ ներկայացնելը: Նման քայլերը անհեթեթութիւններ են: Այս յօդուածին
նպատակը Հայաստանի քաղաքացիներուն համար 2017-ի ընտրութիւններէն առաջ
բացառապէս յուլիսեան 14-օրեայ դէպքերու առնչուող փաստերու սեւով սպիտակի վրայ
արձանագրութիւնն է: Միաժամանակ սփիւռքահայ ընթերցողն ալ կրնայ անկէ բխած
հետեւութիւնները վերլուծել՝ իր համայնքին, գաղութին ու միջավայրին
համապատասխան:
Յուլիս 17-էն մինչեւ 31, Հայաստանի նորանկախ պետութեան ամէնէն ցնցիչ դէպքերէն մէկը տեղի ունեցաւ: Խօսքը անշուշտ «Սասնայ ծռեր» խումբի կատարած գործողութեան ու անոր միջոցով բարձրացած ժողովրդային ցասման ալիքին մասին է: Դէպքի սկիզբի օրերուն իշխանութիւններու խուճապը բացայայտ էր: Անոնցմէ ոչ ոք կ՚երեւէր հորիզոնին վրայ: Հինգ օր անց, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանն ու Հանրապետական Կուսակցութեան խօսնակ Էտուարտ Շարմազանովը նոր հանդէս եկան յայտարարութիւններով: Վեցերորդ օրը՝ Հանրապետութեան նախագահը նոր երեւաց, այդ ալ ո՛չ թէ ժողովուրդին ուղերձով, այլ իրաւապահ մարմիններու պետերուն հետ ժողովի մը ընթացքին իր ընթերցած յայտարարութեամբ:
Դէպքերու յետագայ ընթացքը
բոլոր հետեւողներուն համար յայտնի է, սակայն այս բոլոր իրադարձութիւններուն
ընթացքին շարք մը քաղաքական, հասարակական եւ նախկին բանակային դէմքեր
տարբեր դերերով փորձեցին ձեռնամուխ ըլլալ իրավիճակի վերահսկողութեան եւ
խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծման: Զարմանալիօրէն, ինքնիրեն ազգային
աւանդական կուսակցութիւն կոչող եւ իշխանութեան մաս կազմող Հայ Յեղափոխական
Դաշնակցութիւն կուսակցութեան դէմքերէն ոչ ոք կար անոնց մէջ:
Մինչ խաղաղ քաղաքացիներ փողոցներու մէջ եւ հրապարակներու վրայ առանց
պատճառի կը ձերբակալուէին, ցուցարարները բռնութիւններու կ'ենթարկուէին,
Դաշնակցական նախարարները լեզուները պապանձած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի
մեկնաբանութիւնները կ'ունկնդրէին: Այդտեղ անոնցմէ ոչ մէկ բան լսուեցաւ
իրավիճակին մասին: Աւելի՛ն՝ նիստէն ետք դաշնակցական նախարար Արծուիկ
Մինասեանը բարձր գնահատեց ոստիկանութեան «հանդուրժողականութիւնը»:
Դէպքի առաջին օրը «յեղափոխական» կուսակցութեան Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանը յայտարարեց,
թե «ահաբեկչութեամբ հարցեր չեն լուծուիր»: Անկախ անկէ, որ կատարուած արարքը
քրէականօրէն պատժելի է, սակայն նման պիտակաւորմամբ յայտարարութիւն մը
ծիծաղ չէր առաջացներ եթէ աղբիւրը չըլլար անցեալին ահաբեկչութեան ապաւինած
եւ այսօր անով հպարտացող կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:
Ընկեր Աղուանին պէտք է հարցնել, թէ կուսակցութեան շարքերը ընդունուելու
ժամանակ ինչի՞ վրայ երդում կատարած է, եթէ ոչ զէնքի: Ան աւելի ճիշդ ըրած
կ'ըլլար, եթէ պիտակաւորելէ խուսափելով փորձէր իրեն պարտականութիւն ինկած քլիշէ յայտարարութիւնը կատարել ու աչքերէ հեռանալ:
Ապա Դաշնակցութեան ղեկավարները սկսան բողոքել,
թէ «աշխարհի ուշադրութիւնը Թուրքիայէն շեղեցաւ դէպի Հայաստան»:
Ժողովրդական թարգմանութեամբ՝ խելօք նստեցէ՛ք, քանի որ «թուրքը նայում ու
ուրախանում է»: Ցաւալի է երկրի կառավարման մաս կազմող կուսակցութեան կողմէ
նման ֆոլկլորիկ մտածելակերպի դրսեւորումը: Նախ, հակառակ այդ
մտահոգութիւններուն, աշխարհի ուշադրութիւնը Թուրքիայէն բնաւ չէ շեղած:
Հայաստանը դեռ այդքան կարեւոր չէ, որ Թուրքիոյ տեղը գրաւէ թերթերու
առաջին տեղերուն վրայ: Իսկ միւս կողմէ, շատ ողջունելի է որ համաշխարհային
մամուլը չէ անտեսած Հայաստանի քաղաքացիին եւ լրագրողներուն վրայ
իրագործուած ճնշումներն ու վայրագութիւնները: Ապա թէ ոչ, որո՞ւն խղճին պէտք
էր ձգել այդ անիրաւութիւններուն բացայայտումը, մանաւանդ որ հայ լրագրողները
անխնայ ծեծ ու ջարդի ենթարկուեցան ու իրենց մասնագիտական գործիքները գրաւուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Ժողովուրդի տառապանքը փորձ ունի:
Յուլիս 22-ին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը վերջապէս պաշտօնական յայտարարութեամբ
մը հանդէս եկաւ, ուր նշուած էր թէ «ՀՅԴ-ն ձգտում է իրավիճակի բացառապէս
խաղաղ հանգուցալուծման», սակայն յետագայ օրերուն ոեւէ դաշնակցական դէմք այդ
ուղղութեամբ քայլի մը չձեռնարկեց, բացի աջ ու ձախ առատաձեռնութեամբ
բաշխուած հարցազրոյցներէն ու խրատականներէն: Այս առումով, 14 օրուան ՀՅԴ
գործելաոճը շատ նման էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կղերականներու
պահուածքին:
Այդուհանդերձ, կային այլ կուսակցութիւններէ քաղաքական դէմքեր, որոնցմէ
ամէնէն յիշարժաններէն մէկը «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան
վարչութեան անդամ Նիկոլ Փաշինեանն էր: Փաշինեանը սթափ քաղաքական ղեկավարի
յատուկ պատասխանատուութեամբ առաջին օրէն ժամանեց դէպքի վայր, տէր կանգնեցաւ
այդ ժողովուրդին որ ընդվզած էր ոստիկանութեան անհամաչափ
գործողութիւններուն եւ քաղաքացիներու արժանապատուութիւնը ոտնահարող
ղեկավարութեան դէմ: Քանի Նիկոլ Փաշինեանը կար հարթակի վրայ, ժողովուրդի
խաղաղ կամքի արտայայտման եղանակը երաշխաւորուած էր: Ապա, ան հեռացաւ հարթակէն
զինեալ խումբի անհեռատես պահանջով:
Յուլիս 28-ին Փաշինեանը՝ «Սասնայ ծռեր» խումբի կողմէ ՀՀ Ոստիկանութեան
Պարեկապահակային Ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւման ու անոր շուրջ
ստեղծուած իրավիճակի մասին քաղաքական քննարկումներ վարելու նպատակով,
Ազգային Ժողովի արտահերթ նստաշրջան գումարելու պահանջով պատգամաւորներու ստորագրահաւաքի
սկսաւ: Պահանջի ընդունման համար, պէտք էր ԱԺ-ի մէկ երրորդի
ստորագրութիւնները, սակայն միայն 19 պատգամաւոր ստորագրեց այդ, իսկ ութ
այլ պատգամաւոր խոստացաւ ստորագրել: Անոնց շարքին չկար մէկ դաշնակցական
պատգամաւոր: Այսինքն՝ երբ երկիրը քաոսի շեմին կանգնած էր, դաշնակցական
պատգամաւորները ամէն կերպ հեռու էին իրենց քաղաքական
պատասխանատուութիւններէն: Այս առանձին փաստը Հայաստանի քաղաքացիին համար
լաւ առիթ է մտածելու թէ յաջորդին իրեն պէ՞տք են այսպիսի պատգամաւորներ, թէ՞
ոչ:
Այս բոլորէն ետք, Յուլիս 30-ին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը տարածեց երկրորդ յայտարարութիւն
մը, որուն մէջ տեղ գտած է հետեւեալը. «Մէկ անգամ եւս հաստատում ենք.
գործընթացները պէտք է տեղափոխուեն բացառապէս իրաւական, օրինական դաշտ»:
Գերագոյն Մարմինը կա՛մ կը ծաղրէ ժողովուրդի բանականութեան ու յիշողութեան
մակարդակը, կա՛մ ալ փաստացի ընդունած է որ ՀՅԴ-ի խօսքն ու գործը իրարու հետ
բնաւ կապ չունին:
Սոյն յայտարարութեան մէջ կէտեր կան որ նաեւ անյարիր են ՀՅԴ պատմութեան:
Այնտեղ գրուած է. «Պէտք է հրաժարուել այն սկզբունքից, որ նպատակը
արդարացնում է ցանկացած միջոց»: Փաստօրէն ՀՅԴ-ն այլեւս ո՛չ թէ միայն ընելիք
չունի, այլեւ իր անցեալի ըրածները ճիշդ չէ ընկալած: Կամ ալ, կ'արժէ հարցնել,
թէ կրնա՞յ ըլլալ որ ՀՅԴ-ն անցեալին ըրածները առանց հասկնալու ըրած է,
այսինքն՝ պարզապէս պատեհապաշտութեամբ:
Կրկին նոյն յայտարարութեան մէջ՝ «անհրաժեշտ են համոզիչ քայլեր իրավիճակն
արմատապէս վերափոխելու ուղղութեամբ»: Այստեղ ի՞նչ կը նշանակէ արմատապէս:
Իրենք ի՞նչ կ'ընեն իրավիճակը արմատապէս փոխելու համար:
Կ'արժէ յիշել նաեւ այլ քաղաքական գործիչներ, ինչպիսիք են «Ժառանգութենէն»
Արմէն Մարտիրոսեանը, Յովսէփ Խուրշուդեանը, Դաւիթ Սանասարեանը, եւ ուրիշներ,
որոնք կրկին մեծ դերակատարութիւն ունեցան ընդվզած ժողովուրդին սադրանքներէ
հեռու պահելուն եւ անոնց տիրութիւն ընելուն մէջ: Դժբախտաբար, այսօր
դէպքերու աւարտէն ետք, անոնք դարձած են Հայաստանի նորագոյն քաղաքական բանտարկեալները,
իսկ դաշնակցական տոհմիկ-ֆոլկլորիկ մտաւորականութիւնը կրկին գործի լծուած է
«եզրակացութիւններով» եւ «վնասի վերահսկողութեան» կոչերով:
Սա հակիրճ ամփոփում մըն է 126 ամեայ կուսակցութեան մը 14 օրուան
պատմութեան: Յաջորդ ընտրութիւններուն, երբ Հայաստանի քաղաքացին քուէներու
տուփին առջեւ կանգնի, կ'արժէ, որ իր յիշողողութիւնը վերակենդանացնէ ու այս բոլորը յիշէ:
Այս ընթացքով, շատ հաւանական է որ յաջորդ ընտրութիւնները եւս կրնան
կեղծուիլ, սակայն ՀՀ քաղաքացին թող մտածէ. արդեօք կ'արժէ՞ ՀՅԴ-ի նման
Բաղրամեան 26-ի յաճախորդ մը եւս աւելցնել Ազգային Ժողովին մէջ, թէ՞ արդէն
ժամանակն է զայն ուղարկելու երրորդ հանրապետութեան պատմութեան անփառունակ
մէկ անկիւնը:
«Հետք», 4 Օգոստոս 2016 (hetq.am/arm/news/69745/iroq-dashnakcuti%D6%82ny-aylevs-yneliq-chuni.html/),
No comments:
Post a Comment