ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Երկու-երեք շաբաթ առաջ, մեծ հաճոյքով կարդացի երիտասարդ հայուհիի մը՝
Մարգարիտա Բաղդասարեանի գրութիւնը: Զինք չեմ ճանչնար, ոչ ալ գիտեմ ինչպէ՞ս
ծնած է այս գողտրիկ կտորը: Կ՛ենթադրեմ՝ Մարգարիտան մաս կը կազմէ UCLA-ի հայ
աշակերտներուն, որոնք, շնորհիւ իրենց համալսարանի հայերէնի եւ հայ
գրականութեան դասատուներուն, սկսած են հայերէնով ստեղծագործելու եւ
աշխատակցելու «Ասպարէզ»ին: Իրողութիւն մը, որ վստահ եմ՝ խանդավառութեամբ եւ
յոյսով կը լեցնէ իւրաքանչիւր գիտակից հայու հոգին: Սրտանց կը մաղթեմ, որ
նոր սերունդը շարունակէ հայերէնով մտածել ու գրել հակառակ բոլոր
դժուարութիւններուն, որոնց կրնայ հանդիպիլ:
Նախ՝ անկեղծ է եւ բոլորս ալ գիտենք, որ ինչ որ անբռնազբօս է եւ
բնականօրէն կը յայտնուի էջին, դիւրութեամբ կը դառնայ համակրելի եւ կը
սիրուի ընթերցողին կողմէ: Երկրորդ՝ լա՛ւ գրուած է: Համով-հոտով պատկերներ
կը հասնին մեզի Հայաստանի ա՛յն գիւղէն, ուր ծնած է Մարգարիտան եւ ուր
վերադարձած է տարիներ ետք, որպէս սփիւռքահայ, մանկապարտէզ նորոգելու:
«Տատուս շալակը թռած՝ կարտոֆիլի մարգերն եմ հնձել» կամ՝ «Խնձորի ծառի տակ
նստած՝ աշխարհն եմ տեսել». իր գիւղին յիշատակներուն նուիրուած այդ ամբողջ
պարբերութիւնը կը յուշէ ընթերցողին, որ հարկ եղած յարմարութիւնները
ստեղծուելու պարագային եւ մշտական քաջալերանքով, Մարգարիտան կրնայ
դիւրութեամբ դառնալ հայ գրականութեան նոր ջահակիրներէն:
Նկատեցի՞ք, որ չգրեցի «սփիւռքահայ» կամ «հայաստանահայ»: Գրեցի՝ հա՛յ:
Եւ ահա երրորդ պատճառը, որուն համար շա՛տ հետաքրքրական գտայ
Մարգարիտային կտորը: Բայց քիչ մը զսպեմ մտածումներուս թափը եւ նախքան
վերջին նիւթին անցնիլս, ըսեմ, որ ուսուցչուհի ըլլալով եւ բնական մղումով,
վայրկեան մը կ՛ուզեմ Մարգարիտան դիմացս տեսնել եւ նկատողութիւն մը ընել:
Օրինակ՝ այսպէս սկսիլ. «Մարգարիտա, որքա՛ն լաւ կրցած ես տալ Հայաստանի
գիւղը: Հապա Սփի՞ւռքը: Ի՞նչը տպաւորած է քեզ Սփիւռքէն: Օր մը, երբ որոշես
հաստատուիլ Հայաստան, ո՞ր բանը պիտի կարօտնաս Սփիւռքէն: Գիտեմ, որ
ինքնութեան հարցը դո՛ւն ինքդ կը դնես եւ քեզ կը զետեղես միջանցքի մը մէջ.
բայց գրութիւնդ ա՛լ աւելի կուռ եղած կ՛ըլլար, եթէ խօսած ըլլայիր Սփիւռքի
մասին եւս: Թերեւս նոյնքան չնաշխարհիկ բաներ չկարենայիր գրել Կլենտէյլի կամ
Հոլիվուտի մասին, բայց փոքր ճիգով մը, վստա՛հ եմ, որ պիտի կարենայիր
նկարագրել տեղական գոյներ, համեր, զգայնութիւններ»:
Բայց վերադառնանք վերոյիշեալ երրորդ պատճառին: Երբ Մարգարիտան կը
վերադառնայ գիւղ եւ մարդ մը կը հարցնէ «Աղջիկներ, սփիւռքահա՞յ էք»,
Մարգարիտայի հոգին կը վրդովուի, որ «սփիւռքահայու տպաւորութիւն» ձգած է
մարդուն վրայ. «Չգիտեմ ինչո՛ւ, բայց նրա ասածից վիրաւորուեցի, նոյնիսկ՝
զայրացայ»: Գրութեան վերջաւորութեան կը փորձէ ինքն իրեն բացատրել այդ
անհասկնալի հակազդեցութիւնը եւ մեծ մասամբ կը յենի իր մանկութիւնը այդ
գիւղին մէջ անցուցած ըլլալուն եւ հիմա, համագիւղացիի մը կողմէ որպէս այդ
չընդունուելուն վրայ:
Ասիկա շա՛տ հետաքրքրական նիւթ է եւ վստահաբար յաւելեալ
ուսումնասիրութիւններու կը կարօտի: Միտքիս մէջ հարց կը ծագի՝ արդեօք ի՛նչ
ըսել է սփիւռքահայու տպաւորութիւն ձգելը:
Հագուա՞ծքը (բայց սփիւռքահայու միատեսակ հագուածք կա՞յ). արդեօք գիւղացի
մարդը քաղաքի հագուստ հագուած երիտասարդուհինե՞ր տեսաւ եւ մտածեց որ
դուրսէ՞ն են: Բայց Երեւանցի օրիորդներն ու տիկինները շա՛տ աւելի վայելուչ
կը հագուին քան՝ մենք, սփիւռքահայերս:
Լեզո՞ւն. արդեօք արեւմտահայերէ՞ն կը խօսէին թէ անգլերէ՞ն: Անկաշկանդ եւ քիչ մը շփացած վարուելակե՞րպը:
Կ՛ուզեմ հասկնալ, թէ ո՞րն է սփիւռքահայու ձգած տպաւորութիւնը: Լսած եմ,
որ Հայաստան ապրողներէն ոմանք, սովետական օրերէն մնացած «աղբար» բառը կը
գործածեն, յաճախ արհամարհական ձեւով, երբ կ՛ակնարկեն սփիւռքահայուն: Շատեր
կը դժգոհին, որ դուրսէն եկողները ի վիճակի են տուն գնելու, մինչ իրենք
ստիպուած են տուն ծախելու կարենալ արտագաղթելու կամ կարենալ օրուան հացը
ապահովելու համար: Եւ դեռ հազար ուրիշ պատճառ ըլլալու է, որ սփիւռքահայը
ստացած ըլլայ իրեն յատուկ «կերպար»ը, զինք օտարող ու մեկուսացնող:
Տակաւի՛ն՝ մէկ տեսակ սփիւռքահայ ըլլալու չէ: Պէյրութահայը հալէպահայէն
տարբեր տպաւորութիւն կրնայ ձգել տեղացիին վրայ: Կը յիշեմ՝ օր մը Հայաստանէն
հիւրեր ունէի տունս: Կնոջը հետ խոհանոցը կը խօսէի, երբ յանկարծ «դուք
պէյրութահայու չէք նմանւում» ըսաւ. երբ հարցուցի, թէ ո՞րն էր պէյրութահայ
մը բնորոշող վարուելակերպը՝ պատասխանեց. «Վերեւից կը նայեն. կարծես ամէն
բան գիտեն»: «Ա՛ռ քեզի բան», մտածեցի եւ ժպտեցայ ես ինծի, քանի որ Հայաստան
այցելած բարեկամներէ լսած էի նո՛յն գանգատը, թէ՝ հայաստանցիները մէկական
գիտուն են եւ այնպէս մը կը խօսին՝ կարծես աշխարհի բոլո՜ր
համայնագիտարանները կլլեր են եւ մի՛շտ պատրաստ են դաս տալու քեզի: Այս
երկու նմանատիպ կարծիքները երկու տարբեր հաւաքականութիւններու մասին
կ՚ընդգծեն խորունկ ծալքերէ դէպի մակերես հասնող «ընդշփման» կայծերը:
Ասկէ քսան տարի առաջ «հայաստանցի» որակումը, նման «սփիւռքահայ»
որակումին, ժխտական արձագանգ մը կը կրէր իր մէջ: Այդ օրերուն, երկու այդ
«հայերուն» շփումը նոր սկսած էր. դժբախտաբար մեծ էր թիւը Հայաստանէն
եկողներուն, որոնք արագ հարստանալու միտումով, ապօրինի գործեր կը կատարէին,
սովետական սեւ շուկայի յիշատակները Լոս Անճելըսի մէջ վառ կը պահէին եւ
հայու անունը կ՚արատաւորէին: Բայց արդա՞ր էր Լոս Անճելըս հաստատուող եւ
հայրենիքէն եկող հայրենակիցները «հայաստանցի» կոչել այնպիսի արհամարհանքով,
կարծես՝ ժահրէ վարակուելու վտանգ կը սպառնար մեզի:
Բարեբախտաբար ժամանակի անցումը իր բարիքները բերաւ եւ այսօր շա՛տ աւելի
յուսալի է պատկերը: Իրարու հետ շփուելով, մէկ «հայը» տեսաւ, որ կա՛ն
ազնուական հայաստանցիներ, որոնք հպարտ են եւ աշխատասէր. կա՛ն զարգացած եւ
զանազան բնագաւառներու մէջ իրենց ճակտի քրտինքով եւ ուշիմութեամբ յաջողած
հայաստանցիներ եւ կան ամերիկեան, ֆրանսական կամ արտերկրի այլ
համալսարանները յաճախող ու բոլորին սիրտերը հպարտութեամբ լեցնող փայլո՛ւն
հայաստանցի ուսանողներ: Իսկ միւս «հայը» անդրադարձաւ, թէ որքա՛ն ճիգ թափած է
հայ Սփիւռքը ամբողջ ութսո՛ւն տարի՝ վառ պահելու համար կրակը,
հայկականութիւն փոխանցելու համար ձուլուող սերունդներուն, մեռնող լեզու մը
ապրեցնելու համար, մանաւա՛նդ՝ տեսաւ, թէ ինչպէս կրցեր է ամբողջ ութսուն
տարի քաղաքական դատ մը հետապնդել, կազմակերպուիլ, պայքարի՛լ:
Այդ անդուլ պայքարին շնորհիւ է, որ անցեալ տարի, Լոս Անճելըսի մէջ
սփիւռքահայ եւ հայաստանահայ հարիւր վաթսուն հազարով իջան փողոց միասի՛ն:
Ձեռք ձեռքի: Ատոր համար էր, որ այս տարուան քառօրեայ պատերազմին
սփիւռքահայն ու հայաստանահայը մէ՛կ հայ էին եւ իրենց սիրտերը մէ՛կ սիրտով
կը բաբախէին Արցախի համար: Իսկ վերջին իրադարձութիւններուն ընթացքին, երբ
սփիւռքահայեր բեմէն կը խօսէին եւ մարդիկ լուր կը տարածէին թէ
հայաստանահայերը չէին հասկնար սփիւռքահայերու խօսածը ու հաւաքը կը ձգէին,
կ՛երթային՝ փաստօրէն անճիշդ բաներ կը տարածէին. այն իրողութիւնը, որ
հաւաքին մասնակցողները կը պահանջէին թէ՛ հայաստանահայ, թէ՛ սփիւռքահայ
բանտարկեալներու ազատութիւնը, կը խօսէր միաձուլուած պահանջէ: Այս
մերձեցումը բնականաբար եւ դժբախտաբար կը մտահոգէ հայութեան եւ
հայկականութեան հետ որեւէ կապ չունեցող խմբաւորումներ, որոնք ծեծի
կ՛ենթարկեն իրենց արիւնակիցը զայն «աղբար» կոչելով եւ կ՚առաջարկեն իրեն, որ
վերադառնայ հոն ուրկէ եկած է, այսինքն՝ Սփիւռք: Անոնց հաշիւին չի գար, որ
Սփիւռք-Հայաստան կապը այնքա՛ն մը ամրանայ, որ սկսի վնաս հասցնել իրենց
ապազգային ծրագիրներուն: Անոնք կը սկսին հազար ու մէկ ձեւերով պառակտում
յառաջացնելու աշխարհասփիւռ եւ հայրենաբնակ հայերու միջեւ: Իսկ մենք պէ՛տք է
շարունակենք իրարու հետ շփուիլ, զիրար աւելի՛ ճանչնալ եւ զիրար ընդունիլ
բոլո՛ր մեր թերութիւններով հանդերձ:
Մարգարիտա Բաղդասարեանը իր գրութեան վերջաւորութեան, թերեւս քիչ մը
պարզունակ, բայց ամէն պարագայի սիրտիս դպչող տող մը ունի. «Երկուսն էլ լաւ
են, բարի», կ՛ըսէ:
Այո՛՝ անկեղծօրէն կը հաւատամ, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքը «լա՛ւ են»,
«բարի» են եւ ուժեղ, մանաւա՛նդ՝ երբ միասին են, մանաւա՛նդ՝ երբ աչալուրջ
են: Կ՛ուզե՛մ հաւատալ, որ երկու կողմերու գիտակից եւ անշահախնդիր
անհատներու եւ կազմակերպութիւններու շնորհիւ, օր պիտի գայ, երբ
Մարգարիտային նման հազարաւոր այլ Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն երիտասարդներ ու
պատանիներ «միջանցքային էութեան մէջ փակուած» չզգան ու երբ երթան իրենց
գիւղը կամ ճամբորդեն արտերկիր, իրենց ինքնութիւնը հարցնողին պարզապէս
պատասխանեն՝ «հա՛յ եմ» եւ վերջ:
«Ասպարէզ», 18 Օգոստոս 2016
No comments:
Post a Comment