ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Այս Ապրիլին համազգային երկու թէժ հարցեր ցցուած են ամենայն ուժգնութեամբ հայկական քաղաքական օրակարգին վրայ. առաջինը՝ 100րդ տարելիցին վաղորդայնին՝ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն յարատեւութիւնը, կենսունակութիւնը, ապագան. եւ երկրորդը՝ Արցախի կնճիռը ազերական յարձակումներու բերումով։
Պէտք է ընդգծել, որ այս գիտաժողովը տեղի ունեցաւ ԱՄՆու մէջ, անկախ Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Պետական, պաշտօնական, համալսարանական Հա-յաստանը ոչ մէկ գիտաժողով կրցած է յատկացնել այս նիւթին։
Հայութեան մօտ, Մեծ Եղեռնի դատապարտումին եւ պահանջատիրութեան վերաբերեալ համազգային կեցուածք գոյութիւն ունի, որ 100ամեակին իր արտայատութիւնը գտաւ՝ «կը յիշեմ՝ կը պահանջեմ» կարգախօսով։ Նոյնը կարելի չէ ըսել ստալինեան բոլշեւիկական ամբողջատիրութեան մասին, որ պատճառ դարձաւ 100.000էն 300.000 հոգիի մահուան եւ որոնց յիշատակը ոգեկոչող ոչ մէկ յուշարձան կամ կոթող գոյութիւն ունի մինչեւ օրս։ Առաջինին պարագային թշնամին թուրքն էր։ Արտաքին թշնամի։ Իսկ երկրորդին՝ հայութեան մասնակցութիւնը կար բոլշեւիկեան շարժումին, 70 տարի շարունակ սովետական Հայաստանի համայնավար ղեկավարներու գործօն մասնակցութիւնը՝ Արեւելահայաստանի հողին վրայ տասնեակ հազարաւոր անձերու, մտաւորականութեան հալածանքին, չարչարանքին, հարիւր հազարաւոր սպանութիւններուն (մօտաւոր թուաքանակներ են, ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ չկան), ազգային եւ քրիստոնէական ժառանգութեան աւերումին։ Իսկ Սփիւռքի մէջ գաղթահայութեան պառակտումը՝ դաշնակցական ճակատ ընդդէմ՝ հայաստանամէտ եւ համայնավար ճակատին, եկեղեցւոյ բաժանում՝ էջմիածնական ընդդէմ՝ անթիլիասականի, եւ եղբայրասպան կռիւներ… Պատմութիւնը կը գրեն պետութիւնները։ Պատմութեան գրառումը ճակատագրական կարեւորութիւն ունի գալիք սերունդներուն ազգային դաստիարակութեան տեսանկիւնէն։ Մեր պարագային, պատմութեան գիտական ուսումնասիրութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի Անկախ Հայաստանի համար, որուն այժմու պետական կառոյցները վերանորոգումի անհրաժեշտութեան դիմաց կը գտնուին, յարատեւ քննադատութեան թիրախ են։ Այնտեղ տիրող քաղաքական միտքը սովետական շրջանի գործելակերպը կը վերարտադրէ։
«Նոր Յառաջ», 21 Ապրիլ 2016
No comments:
Post a Comment