26.2.16

Կոմիտասը վաղ ժամանակներու իմ մեծագոյն սէրն է

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Տոքթ. Եքթան Թիւրքեըլմազ ծանօթ է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին իր ուսումնասիրութիւննե­րով։ Սա­կայն մենք այս ան­գամ այս ծա­նօթ մտա­ւորա­կանին հետ կը զրու­ցենք իր ձայ­նապնակ­նե­րու հա­ւաքա­ծոյին շուրջ։ Ան ու­նի աւե­լի քան 2 հա­զար 500 ձայնապնակ­ներ, որոնք հա­ւաքած է աշ­խարհի զա­նազան եր­կիրնե­րէ։ Այդ հա­ւաքա­ծոյին մէջ յա­տուկ տեղ կը գրա­ւեն որոշ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող հայ­կա­կան ձայ­նագրու­թիւննե­րը։ «Նա­ցինե­րու իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րուն Գեր­մանիոյ մէջ ձայ­նագրուած Բար­սեղ Կանաչեանի ծա­նօթ "Օրօր"ը այնքան դիւ­թիչ է որ չես կրնար "հաւ­նիլ" բա­ռով գնա­հատել»։ Թիւրքեըլ­մա­զի հետ կա­տարուած հար­ցազրոյ­ցը, եթէ հարկ է բնու­թագրել, ան­վա­րան կ՚ըսեմ հե­տեւեալը. «պատ­մե­լիք բան չէ, պէտք է ապ­րիս»։ Հե­տեւա­բար, առանց խօս­քը ծամծմե­լու առա­ջին հար­ցումը ուղղենք մեր խօ­սակցին։

Վար­դան Էս­դուգեան- Ինչպէ՞ս սկսաւ ձայ­նապնակ­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծոյ մը կազ­­մե­­­լու տանող ճա­­նապար­­հը։
Եք­­թան Թիւրքեըլ­­մազ- Հայրս բժիշկ է եւ ինչպէս գա­­ղափա­­րապաշտ բազ­­մա­­­թիւ բժիշկներ, ինք ալ որո­­շած էր դպրո­­ցէն վկա­­յուե­­լէ ետք իր երկրի ժո­­ղովուրդին ծա­­ռայել։ Այդ պատ­­ճա­ռաւ ման­­կութիւնս ան­­ցաւ Սե­­բաս­­տիա, որ հօրս ծննդա­­վայրն է։ Եր­­բեմն լեռ­­նա­­­յին գիւ­­ղե­­­րու բնա­­կիչ հի­­ւանդնե­­րուն դար­­մանման հա­­մար հայրս կը ստի­­պուէր տու­­նէն բա­­ցակա­­յիլ։ Կ՚երթար եւ հա­­զիւ քա­­նի մը օր ետք կու գար։ Այդ տե­­սակի ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րէն մէ­­կուն վե­­րադար­­ձին իր հետ բե­­րաւ տուփ մը, որ եթէ լա­­րէիր երգ կ՚եր­­գէր։ Այդ տա­­րինե­­րուն ես տա­­կաւին նա­­խակրթա­­րանի աշա­­կերտ էի եւ գտած էի ամե­­նահե­­տաքրքրա­­կան խաղալիքը։ Մին­­չեւ երկրոր­­դա­­­կան ու­­սումը կը կար­­ծէի որ կրա­­մաֆօն կո­­չուած այս գործիքը աշ­­խարհքէն վեր­­ցած է եւ վեր­­ջին ձայ­­նապնակ­­ներն ալ մեր տու­­նը կը գտնուին։ Վեր­­ջին դա­­սարա­­նի աշա­­կերտ էի, երբ օր մը շրջուն վա­­ճառա­­կանի մը քով տե­­սայ մե­­րինին նման ձայ­­նապնակ­­ներ։ Սկիզբնե­­րը իմ աշա­­կեր­­տա­­­կան քսա­­կով սա­­կաւա­­թիւ ձայնապնակներ կը գնէի։ Հետզհե­­տէ անոնց հա­­մար յատ­­կա­­­ցուած գու­­մա­­­րը շա­­տացաւ ու ես առանց անդրա­­դառ­­նա­­­լու հա­­ւաքա­­րար դար­­ձայ։ Իսկ 2000-էն այս կողմ ար­­դէն որոշ ընտրու­­թիւննե­­րով է որ ձայ­­նապնակ­­ներ կը գնեմ։ Օրի­­նակի հա­­մար կ՚ընտրեմ որոշ ընկերու­­թիւննե­­րու կող­­մէ թո­­ղար­­կուած ձայ­­նապնակ­­ներ։ Տե­­ղական ար­­տադրու­­թիւն մըն է «Օր­­ֆէօն» ըն­­կե­­­րու­­թեան հրա­­տարա­­կած­­նե­­­րը։ Յե­­տոյ ին­­ծի հա­­մար կա­­րեւոր չա­­փանիշ մըն են օր­­ֆէօթօ­­նիք ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Այ­­սինքն այն ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը, որոնք արձանագրուած են ինչպէս որ հնչած են։ Ելեկտրա­­կան կամ ելեկտրոնային բո­­լոր միջամտութիւննե­­րէն զերծ ձայ­­նագրու­­թիւններ են անոնք, որոնք ձայ­­նագրուած են 1925 թուակա­­նէն առաջ։ Ու­­րիշ հե­­տաքրքրու­­թեան չա­­փանիշ մըն է օս­­մա­­­նեան ժո­­ղովուրդնե­­րու կող­­մէ սփիւռքի մէջ ձա­­յնագ­­րուած­­նե­­­րը։ Այ­­սինքն՝ օս­­մա­­­նեան երկրէն գաղ­­թած հրեանե­­րու, հա­­յերու եւ յոյ­­նե­­­րու Ամե­­րիկա­­յի մէջ կա­­տարած երաժշտու­­թեան օրի­­նակ­­նե­­­րը։ Ես աւե­­լի զար­­տուղի մնա­­ցած ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րով հե­­տաքրքրուած եմ։ Գա­­ւառ­­նե­­­րու մէջ կատարուած ձայ­­նագրու­­թիւններ, Ակ­­նայ եր­­գեր, կին եր­­գիչնե­­րու եր­­գածնե­­րը եւ այլն։ Եւ գնչու­­նե­­­րը ան­­շուշտ։ Գնչու­­նե­­­րը այս նիւ­­թին մէջ շատ կա­­րեւոր են, որով­­հե­­­տեւ մին­­չեւ 1920-ական թուական­­ներ մուսուլման կի­­ներուն եր­­գե­­­լը անըն­­դունե­­լի է։ Հա­­զիւ այդ թուակա­­նէն վերջ է որ խտրա­­կանու­­թիւնը կը վե­­րանայ։ Մին­­չեւ այս թուակա­­նը կնոջ ձայները հնչած եմ քրիս­­տոնեանե­­րու եւ գնչու­­նե­­­րու կո­­ղմէ։

Վ.Է.- Իսկ ուրկէ՞ կը ճա­­րէք ձայ­­նապնակ­­նե­­­րը։
Ե.Թ.- Եթէ կա­­նոնա­­ւոր հա­­ւաքա­­րար մըն էք, որոշ աղ­­բիւրով մը չէք կրնար սահմանափակուիլ։ Ամե­­նաանսպա­­սելի վայ­­րե­­­րէն նմոյշներ կրնաք գտնել։ Օրի­­նակի համար, ես Ու­­կանտա­­յի մէջ Հա­­միտեան շրջա­­նի թիկ­­նա­­­պահ­­նե­­­րու գունդի քայ­­լերգնե­­րը գտած եմ։ Պոս­­նիա կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թեան մը ժա­­մանակ, երբ կը շրջէի պալ­­քա­­­նեան երաժշտու­­թեան հան­­դի­­­պելու յոյ­­սով, իմ գնած ձայ­­նապնակ­­նե­­­րու հա­­մարեա բո­­լորը Հարաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յի մէջ ձայ­­նագրուած էին։ Միացեալ Նա­­հանգնե­­րէն, Եւ­­րո­­­պայէն մանաւանդ ալ Ֆրան­­սա­­­յէն շատ փլաք­­ներ առած եմ։ Փլաք­­ներ հա­­ւաքե­­լու գոր­­ծին մէջ շատ օգ­­տուած եմ այս մար­­զէն ներս կա­­րեւոր մաս­­նա­­­գէտ մը հա­­մարուած Կէօք­­հան Այա­­յէն, որուն անու­­նը այս առ­­թիւ յատ­­կա­­­պէս շեշ­­տել կ՚ու­­զեմ։

Վ.Է.- Իսկ որո՞նք են ձե­­զի հա­­մար ամե­­նաար­­ժէ­­­քաւոր նմոյշնե­­րը։
Ե.Թ.- Շատ ոգե­­ւորուած էի գտնե­­լով Լազ Օս­­ման Էֆէն­­տիի քէ­­մէն­­չէի ընկ­­երակցութեամբ կա­­տարած պոն­­տե­­­րէն եր­­գե­­­րը։ 1912-1913 թուական­­նե­­­րուն ձայ­­նագրուած է։ Օրի­­նակ կրնամ տալ նաեւ օս­­մա­­­նեան շրջա­­նին կա­­տարուած քրտե­­րէն ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Նախորդ դա­­րաս­­կիզբին Իս­­թանպու­­լի, Էտիր­­նէի եւ Թե­­սաղո­­նիկէի մէջ ձայ­­նագրուած Հայիմ Էֆէն­­տիի, Սո­­լոմոն Էֆէ­­նտիի եւ Ալ­­կա­­­զի Էֆէն­­տիի Սա­­ֆարատ հրեանե­­րու բարբառով կա­­տարած ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Անոնց կող­­քին պէտք է յի­­շել 1905-1914 շրջանին «Կրա­­մաֆօն Քամփնի», «Օտէօն», «Զօ­­նօֆօն», «Ֆա­­վօրի» եւ «Օր­­ֆէօն» ընկերութիւննե­­րու Իզ­­մի­­­րի մէջ թո­­ղար­­կած յու­­նա­­­րէն ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Ան­­շուշտ պէտք չէ մոռ­­նալ մէտ­­տահնե­­րու քա­­ղաքա­­կան բնոյ­­թով կա­­տարած հեգնականները։ Կա­­րեւոր են նաեւ օս­­մա­­­նեան քա­­րոզ­­չութեան բնոյ­­թով ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Նոյնպէս ին­­ծի հա­­մար շատ յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի 1908-1914 թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ հրա­­պարակ ելած օս­­մա­­­նեան հա­­յերու յե­­ղափո­­խական քայ­­լերգե­­րը։ Օրի­­նակի հա­­մար «Ֆա­­վորի» ըն­­կե­­­րու­­թեան թողարկած «Դաշ­­նակցու­­թեան քայ­­լերգը» կամ «Դա­­տարա­­նի դաշ­­տում» եր­­գը։

Վ.Է.- Կայսրու­­թեան մէջ երաժշտա­­կան տար­­բեր մշա­­կոյթնե­­րու գո­­յու­­թիւնը, ի՞նչ տե­­սակ ազ­­դե­­­ցու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ ձայ­­նապնակ­­նե­­­րու շու­­կա­­­յի զար­­գացման վրայ։
Ե.Թ.- Ան­­շուշտ այն ատեն ալ ան­­սահման խօս­­քի ազա­­տու­­թիւն մը գո­­յու­­թիւն չու­­նէր, չէիր կրնար ամէն ու­­զածդ ըսել։ Բայց միւս կող­­մէ մշա­­կոյթնե­­րու վրայ սահ­­մա­­­նափա­­կում մըն ալ չկար։ Աւե­­լի կա­­րեւոր գոր­­ծօ­­­նը շու­­կա­­­յի պա­­հանջներն էին։ Պէտք էր ար­­տադրուած գոր­­ծը սպա­­ռող ալ ու­­նե­­­նար։ Այ­­սինքն 1900-ական թուական­­նե­­­րու սկիզ­­բէն մին­­չեւ Հանրապետութեան հռչա­­կու­­մը ձայ­­նապնակ­­նե­­­րու ար­­ձա­­­նագ­­րութեան հա­­մար գու­­նա­­­գեղ աշ­­խարհ մը գո­­յու­­թիւն ու­­նէր։

Վ.Է.-Ի՞նչ տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ նա­­խաեղեռնեան եւ յե­­տեղեռ­­նեան շրջան­­նե­­­րու մի­­ջեւ։
Ե.Թ.- Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը իր ետին աւե­­րակ մը թո­­ղուց։ Ան­­շուշտ որ 1915-էն ետք ալ ձայնագրու­­թիւններ կա­­տարուեցան, բայց այս ան­­գամ Իս­­թանպու­­լի հայ երա­­ժիշտնե­­րու գրե­­թէ բո­­լորն ալ թրքե­­րէն եր­­գեր եր­­գե­­­ցին։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը յա­­րատեւ ըն­­թացք մըն է, եղաւ, ան­­ցաւ, լմնցաւ ըսե­­լիք բան մը չէ։ Թուրքիոյ մէջ հայ մշա­­կու­­թա­­­յին ար­­տադրու­­թիւնը ան­­դա­­­մալոյծ եղաւ։ Բայց միւս կող­­մէ ու­­րիշ պատ­­մութիւն մը սկսաւ։ Սփիւռքի մէջ մշակութա­­­յին եւ երաժշտա­­կան ար­­տադրու­­թիւնը ա՛լ աւե­­լի ճո­­խացաւ։

Վ.Է.- Հայ երաժշտու­­թիւնը ին­­չո՞վ կը տար­­բե­­­րի Օս­­մա­­­նեան երկրի միւս ժո­­ղովուրդնե­­րու երաժշտու­­թե­­­նէն։ Կո­­միտա­­սի արեւմտեան երաժշտու­­թեան հա­­կու­­մը ի՞նչ դեր ու­­նե­­­ցած է։
Ե.Թ.- Նախ կ՚ու­­զեմ յայտնել թէ Կո­­միտա­­սը հայ երաժշտու­­թեան ծի­­րէն ներս իմ վաղ ժամանակ­­նե­­­րու մե­­ծագոյն սէրն է։ Հե­­տեւո­­ղական աշ­­խա­­­տու­­թեամբ փնտռե­­ցի 1912-ի Փարիզեան ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը եւ անոնցմէ շատն ալ գտայ։ Օս­­մա­­­նեան շրջա­­նի հայկական ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը դի­­տելով կը տես­­նենք արեւմտա­­կանաց­­ման շատ յստակ հո­­սանք մը։ Ան­­շուշտ որ այնտեղ Կո­­միտա­­սի կա­­րեւոր ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը կայ։ Օրի­­նակի համար, բո­­լոր երգե­­­րը դաշ­­նա­­­մու­­րով կը սկսին, մինչդեռ քրտա­­կան եր­­գե­­­րուն մէջ նման բա­­նի մը չենք հան­­դի­­­պիր։ Յու­­նա­­­րէն ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րու մէջ ալ աւե­­լի յա­­ճախ կը տեսնենք տե­­ղական ձայ­­նագրու­­թիւննե­­րը։ Իսկ հայ­­կա­­­կան երաժշտու­­թեան մէջ կը տեսնենք հայ­­կա­­­կան եղա­­նակի մը արեւմտեան կա­­ղապար­­նե­­­րու յար­­մարցնե­­լու մար­­մա­­­ջը։ Սա­­կայն ասի­­կա միայն Կո­­միտա­­սով սահ­­մա­­­նափա­­կելն ալ ճիշդ չէ։ Այս ուղղու­­թեամբ ընդհա­­նուր հո­­սան­­քի մը մա­­սին կրնանք խօ­­սիլ։

Վ.Է.- Իսկ սփիւռքի մէջ երե­­ւոյ­­թը ի՞նչ է։
Ե.Թ.- Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն առաջ սփիւռքի մէջ մեծ հա­­մեմա­­տու­­թեամբ կը հան­­դի­­­պինք խար­­բերդցի­­ներու ազ­­դե­­­ցու­­թեան։ Ան­­շուշտ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն ետք այդ բնակ­­չութիւ­­նը ա՛լ աւե­­լի կ՚աճի եւ այն ինչ որ մար­­դիկ չէին կրցած ընել օս­­մա­­­նեան երկրի մէջ, այստեղ կ՚ընեն աւե­­լի ազատ պայ­­մաննե­­րու տակ։ Այս ան­­գամ կը հան­­դի­­­պինք Խար­բերդի, Վա­նի, Տիգրանակեր­տի բար­բառներով երգուած երգերու։ Ապա Ամերիկայի մէջ կը տեսնենք ուրիշ երեւոյթ մը եւս։ Կազմուած են բազմաթիւ ձայնագրութեան ընկերութիւններ, որոնց մէջ կը հանդիպինք հայկական ընկերութիւններուն ալ։

«Ակօս», 18 Փետրուար 2016

No comments:

Post a Comment