30.1.16

Օքսֆորտ համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» թեմայով գիտաժողովը

Ժ. Չ.
 
Անցնող 21-23 Յունուարին Օքսֆորտ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնին նուիրուած «Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն» գիտաժողովը «աւանդական» գիտաժողով չէր։ Աշխատանոցային էր, ուր մասնակիցներու զեկուցումներուն յատկացուած բաժինը սահմանափակուած էր, հաւաքական քննարկումներուն եւ փորձառութիւններու փոխանակումին աւելի տեղ տալու համար։
Հրաւիրուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Հայաստանէն արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամլոյ գործիչներ եւ հրատարակիչներ, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի Հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական օժանդակութեամբ։

Ժողովի կազմակերպիչներն էին՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հայագիտութեան ամպիոնի դասախօս եւ Գրիգոր Նարեկացիին, Գրիգոր Մագիստրոսին, Կոստանդին Երզնկացիին եւ Հայոց պատմութեան ու գրականութեան այլ երախտաւորներու նուիրուած կարգ մը աշխատութիւններու հեղինակ Թէօ Վան Լինտ, եւ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի դասախօս դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան։
Հինգշաբթի, Յունուար 21ին Օքսֆորտի «Փեմպրուք» գոլէճին մէջ գիտաժողովին բացումը կատարեց դոկտ. Չիլինկիրեան, որ անդրադառնալով սոյն հաւաքի կազմակերպման նպատակներուն ու դրդապատճառներուն, ընդգծեց թէ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամն է որ արեւմտահայերէնին նուիրուած նման հաւաք մը կը կազմակերպուի։ Ան մաղթեց որ այսպիսի ձեռնարկներ շարունակական ըլլան, տրուած ըլլալով արեւմտահայերէնի անկումին վտանգները։
Այնուհետեւ Թէօ Վան Լինտ ներկայացուց բանախօս Վալենթինա Գալցոլարին, որ Ժընեւի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչն է եւ միաժամանակ դասախօս՝ նոյն համալսարանի Միջերկրականի, սլաւոնական ու արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու բաժանմունքին։ Վերջինս խօսեցաւ արդի հայերէնի խնդիրներուն շուրջ, մեկնելով Մխիթարեան ուխտէն Հայր Այտընեանի (1825-1902) «Քնարական քերականութիւն աշխարհաբարի կամ արդի հայերէն լեզուի» գիրքի երկարապատում յառաջաբանէն, որմէ փոխ առած էր նաեւ իր բանախօսութեան խորագիրը՝ «Ներկան անցածով լուսաւորելու է»։ Բանախօսը օրինակներ մէջբերելով անդրադարձաւ հայերէնի ներկային ու անցեալին, լեզուի նորոգութեան խնդիրը շարունակականութեան մէջ դիտարկելով։ Խօսեցաւ արեւմտահայերէնի զարգացման փուլերուն մասին, որուն մէջ սկզբնական կարեւոր դեր ունեցած է Սրբուհի Տիւսաբի գրականութիւնը։ Վերջաւորութեան ան կարդաց Զարեհ Խրախունիէն բանաստեղծութիւն մը։
Բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ թեմակալ առաջնորդ Յովակիմ Եպիսկ. Մանուկեան։
Ուրբաթ, Յունուար 22ի առաւօտեան սկսան գիտաժողովի գործնական նիստերը, զորս կը վարէին դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Թէօ Վան Լինտ։ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան բացման խօսքին մէջ դիտել տուաւ որ «լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը»։
Առաջին օրուան համար նախատեսուած էին երեք նիստներ.
- Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը». աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթի ներկային ու գալիք տասնամեակներուն վրայ. (օրինակ՝ Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ արեւմտահայախօս համայնքներու դիմագրաւած բարդ մարտահրաւէրները)։ Նիստը կը վարէր Հրաչ Չիլինկիրեան։
- Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ (ա) գրողին/ստեղծողին համար. (բ) ընթերցողին/ունկնդիրին համար (նիստի վարիչ՝ Թէօ վան Լինտ)։
- «Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները» խորագրեալ նիւթը, թէ ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են գալիք 10, 20, 30 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար։ Նիստը կը վարէր Ռազմիկ Փանոսեան։
Քննարկումներու առաջին բաժնին մէջ հիմնական խնդիր էր Միջին Արեւելքի մէջ, քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով, արեւմտահայախօս համայնքներու քայքայման հարցերը եւ մօտիկ ապագային մնացորդացին՝ ինչպէս Լիբանանի ճակատագրին առընչուած մտավախութիւնները եւ մասնաւորապէս լեզուային եւ ժողովրդագրական հետեւանքները։ Պոլսոյ պարագան շատ իւրայատուկ է։ Ան ձեւով մը պաշտպանուած ըլլալով հանդերձ կը մնայ հարցական, անցեալի հայերէնախօսներու Թուրքիայէն գաղթին պատճառով։ Ուրեմն, լուրջ հարց էր արեւմտեան ափերը հասած միջին արեւելքցիներուն համարկումը, եւ արեւմտահայախօսութեան նոր քարտիսա-
գրութեան պատկերին գծագրումը։ Այս վերլուծումներէն ու հաստատումներէն մեկնած՝ ինչպիսի՞ կենսունակացման քայլեր, լեզուն ամուր հիմքերու վրայ խարսխելու համար, սկսելով դպրոցներու եւ կրթական կառոյցներու «աւանդական» եւ նորարար գործունէութենէն մինչեւ հայ գրողներու, ընթերցողներու, հետազօտող համալսարանականներու աշխատանքները նոր թափ տալու լեզուի զարգացման աշխատանքին։
Անշուշտ կարեւոր նիւթերէն մէկն էր արագ ընթացող թուայնացած աշխարհը եւ անոր հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ պայմանները։ Նոյնպէս այս բոլորին առընչուած տնտեսական մտահոգութիւնները, ռազմավարական մտածողութեան մշակումը։ Կարեւոր թեմա էր նաեւ լեզուի տարբեր մակարդակները գործածող եւ զանազան հետաքրքրութիւններու եւ ճաշակի տէր հայախօսները բաւարարելու անհրաժեշտութիւնը։
Շաբաթ, Յունուար 23ին՝ գիտաժողովի գ. օրը, մասնակիցները քննարկեցին «Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալիքները» (նստավար՝ Թոմ Սամուէլեան), ինչպէս նաեւ «Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլի (ելեկտրոնային ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները» խորագրեալ նիւթերը (նստավար՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան)։
Շատ յատկանշական են ու հրատապ, հրատարակչական հարցերը եւ էական անոնց առաջքը առնելու, լուծումներ գտնելու մտահոգութիւնը։ Հայերու աշխարհագրական տարածումը նոր հրատարակութիւնները ցրելու լուրջ մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ։ Եւ ահա թէ ինչո՞ւ՝ առաջարկներ եղան թուայնացած գիրքերու հրատարակութեան անհրաժեշտութեան եւ արդիական տպագրական նոր հնարաւորութիւնները իւրացնելու, որ ըստ պահանջի՝ փոքրաքանակ գիրքեր հրատարակելու կարելիութիւնը կ՚ընձեռէ։ Այստեղ լայն տեղ տրուեցաւ Ամազոն-ի նման համացանցային ցրուիչներու գործելակերպին եւ անոնց դիմելու, անոնց ծառայութիւններէն օգտուելու առաւելութիւններուն եւ անպատեհութիւններուն։
Արեւմտահայ մամուլի քննարկումը առաջ բերաւ հետաքրքրական հարցադրումներ՝ բանավէճերու բացակայութեան խնդիրը, Սփիւռքի կուսակցութիւններու միջեւ բարի համակեցութեան դրութեան հաստատութեան պատճառով։ Ուշադրութեան առարկայ էր կուսակցական մամուլի ծաւալն ու դերակատարութիւնը։ Մամուլի լեզուն եւս հարցական էր։ Էջերուն մէջ լեզուի տարբեր մակարդակներու գործածութեան պակասն ալ։ Ընդգծուեցաւ մամուլը՝ լեզուն կենսունակ դարձնելու իբր խթան ընկալելու հարցը, անոր ամէնօրեայ հրատարակութեան բերումով։ Պատանիներու եւ մանուկներու յատուկ մամուլի անհրաժեշտութիւնն ալ յիշուեցաւ։

Եզրափակիչ պահը

Վերջին պահը յատկացուած էր գործնական առաջարկներու։ Իւրաքանչիւր մասնակիցէ խնդրուեցաւ երկու օրուան քննարկումներէն ետք երկու հիմնական առաջարկներ ներկայացնել։ Ներկաները չորս խումբի բաժնուած՝ շուրջ կէս ժամուան խորհրդածութիւններէ ետք, հաւաքուեցան եւ ներկայացուցին իրենց առաջարկները։
Բնականաբար կարելի չէ լրատըւութեան մը սահմաններուն մէջ անդրադառնալ Օքսֆորտ համալսարանին մէջ ներկայացուած բոլոր նիւթերուն, մանաւանդ որ համաժողովին արտայայտուած գաղափարներու եւ առաջարկներու հիման վրայ յղկուած «ատենագրութիւն» մը որպէս տեղեկագրութիւն պիտի հրապարակուի մօտ ապագային։
Երեւոյթը եզակի էր իր տեսակին մէջ։ Աշխարհի տարբեր անկիւններէն քով քովի եկած մտաւորականներ, մասնագէտներ, միասին աշխատելու առիթներ ունեցան։ Նպատակը՝ մէկ օրուան մէջ գեղեցիկ ծրագիր մը ածելը չէր, որքան հաւաքական խորհրդածութեան եւ փոխանակումի հարթակ մը ստեղծելը, որ միտք եւ ուժականութիւն ներմուծէ արեւմտեան եւ արեւելեան ափերու մէջ կայք հաստատած եւ թմրութեան մատնուած հայ ընկերութիւններուն։

«Նոր Յառաջ», 30 Յունուար 2016

No comments:

Post a Comment