16.12.15

Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ իր երկրորդ հարիւրամեակի սեմին


ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Վերջին տասնամեակին, վերականգնումի եւ վերանորոգումի տենդը վարակած է Նիւ Եորքի հնագոյն՝ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին, ինչպէս եւ անոր շուրջ բոլորուած համայնքը։ Ս. Լուսաւորիչը, որ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին Մայր Եկեղեցին եղած է եւ այդ մակդիրը պահած՝ մինչեւ օրս, դարձած է աշխոյժ փեթակ մը, ուր կիրակնօրեայ պատարագներու կողքին, անոր հովանաւորութեան տակ կը գործեն կիրակնօրեայ ու շաբաթօրեայ դպրոցներ, անընդհատ տեղի կ՚ունենան կրօնական, մշակութային ու ընկերային ձեռնարկներ։ Մէկ խօսքով՝ այս դարակիզբին խարխուլ վիճակի մատնուած եկեղեցին, որուն ականատես եղած էինք մեր Ամերիկա հաստատուելու առաջին տարիներուն, այժմ լիովին կերպարանափոխուած է թէ՛ իր տեսքով եւ թէ՛ իր էութեամբ։
Կերպարանափոխման այս գործընթացը, բարեդէպ զուգադիպութեամբ, իր հիմնական հանգրուանը բոլորեց 2015ին՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 100ամեակի առիթով։ «Եկեղեցւոյ ամէն մէկ բաժին հայոց պատմութեան վկան է, ամերիկահայ պատմութեան պայծառ թէ խռովեալ դէպքերուն», գրած է Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան՝ հիմնադրութեան հարիւրամեակին նուիրուած իր օրհնութեան գիրին մէջ։ «Մայր Եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ այն բացառիկ ու ազգային տունը եղաւ, որ իր սրբազան կամարներուն տակ հոգեւոր սնունդ ջամբեց Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած պանդուխտ հայորդիներուն եւ դարձաւ հայրենասիրութեան, հիւրընկալութեան եւ ծառայութեան օրրանը»։
Ամերիկայի մէջ առաջին պատարագը մատուցած է Յովսէփ վրդ. Սարաֆեան (հետագային՝ Ամերիկայի թեմի անդրանիկ առաջնորդը) Նիւ Եորքի մէջ, 22 Սեպտեմբեր 1889ին, քաղաքին պատմական «Կրէյս» եկեղեցիին մէջ, որ կը պատկանի Եպիսկոպոսական Եկեղեցիին։ Այնուհետեւ, Նիւ Եորքի հայութիւնը քառորդ դար իր եկեղեցական կեանքը զարգացուցած է վարձու եկեղեցիներու մէջ, իսկ 1910ական թուականներուն արդէն կը վարձէր Իսթ 27րդ փողոցի թիւ 138ի եպիսկոպոսական եկեղեցին։ 1913ին հիմնուած է շաբաթամիջեայ վարժարան մը նոյն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Օգոստոս 1914ին տեղի ունեցած հանրաժողովի մը՝ հազար հոգիի մասնակցութեամբ, կ՚որոշուի ժողովրդային հանգանակութեան դիմել՝ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին սեփական շէնքով օժտելու համար։ 1915ին կանխավճար տրուած է Մեթոտիստ յարանուանութեան պատկանող Իսթ 27րդ փողոցի թիւ 221ի եկեղեցիին համար, սակայն պատերազմի պայմանները թոյլ չեն տուած անմիջապէս գնումի ձեռնարկել։ Միայն Հոկտեմբեր 1920ին կարելի եղած է եկեղեցւոյ եւ յարակից շէնքին կալուածաթուղթերը արձանագրել ազգին անունին։ Եկեղեցւոյ պարտքը փակուած է 1943ին։
Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցած է 17 Ապրիլ 1921ին։ Նոյն թուականին, Ամերիկայի Թեմին Առաջնորդութիւնը իր նախորդ նստավայրէն՝ Ուստրէն (Մասաչուսեց) կը փոխադրուէր Նիւ Եորք, եւ նորօծ եկեղեցին կը դառնար առաջնորդանիստ մինչեւ 1933ի բաժանման ծանօթ դէպքերը։
Յաջորդ քառորդ դարուն, Մայր Եկեղեցին մնացած է կեդրոնը ամերիկահայ համայնքի այն հատուածին, որուն ներկայութիւնը ուրացուած է եկեղեցական վերին իշխանութեան կողմէ։ Ան կեդրոնը դարձած է Բ. Աշխարհամարտէն ետք Ամերիկա ժամանած՝ Գերմանիայէն ու Արեւելեան Եւրոպայէն նախկին հայ ռազմագերիներուն, իսկ 1950ական թուականներուն՝ ռումանահայ, պուլկարահայ եւ այլ գաղթականներուն, որոնք հոն գտած են իրենց առաջին օթեւանը՝ Նիւ Եորք ոտք դնելէ ետք։
Միացման բոլոր փորձերը ձախողած ըլլալով, իր գոյութիւնը պահպանած թեմական կառոյցը (Ազգային Երեսփոխանական Ժողով եւ Ազգային Վարչութիւնը) 1957ին դիմած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, խնդրելով ընդունուիլ անոր նուիրապետութեան կազմին մէջ որպէս առանձին թեմ։ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջած է այս խնդրանքին, ու այնուհետեւ ծայր առած է Ազգ. Առաջնորդարանի կազմակերպութիւնը, որուն կեդրոնը պիտի մնար պատմական Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին՝ իրերայաջորդ թեմակալ առաջնորդներու (Հրանդ արք. Խաչատուրեան, Գարեգին արք. Սարգիսեան, Մեսրոպ արք. Աշճեան) գործունէութեան օրօք։
Այստեղ կարեւոր է նշել, որ 1930ական թուականներուն համայնքը՝ նիւթական դժուարին պայմաններու ժամանակ, կորսնցուցած էր եկեղեցւոյ յարակից վեց յարկանի շէնքը։ Հոգաբարձութեան եւ յատուկ յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ, շէնքը վերստին գնուած է 1974ին եւ ան մինչեւ այսօր կը մնայ եկեղեցւոյ սեփականութիւնը՝ կարեւոր գումար մը ապահովելով անոր պիւտճէին։
1910էն մինչեւ այսօր 24 եկեղեցականներ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը կատարած են, որոնց կողքին՝ սարկաւագներ, դպիրներ, նուիրեալ ազգայիններ ու բարերարներ սատար կանգնած են եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի ծաղկումին։ Ինչպէս գրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. հարիւրամեակին նուիրուած իր կոնդակին մէջ, «մեր ուսանողութեան տարիներուն Նիւ Եորքի մէջ, յաճախակի առիթներով աղօթակից եղած ենք մեր հաւատացեալներուն նոյն եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ եւ քաջ գիտենք թէ՝ հսկյա աշխատանք ու ամբողջական նուիրում կ՚ենթադրէ եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութիւնը Նիւ Եորք քաղաքի այնքան դժուար պայմաններուն մէջ»։
Նոյեմբեր 2005ին եկեղեցւոյ այժմու հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը ստացած է իր եկեղեցական օծումը եւ անցած՝ իր պաշտօնին գլուխը, ուր պիտի գտնուէր դժուարին առաքելութեան մը դէմ յանդիման։ Վերակառուցման կրկնակի գործողութեան մը պահանջը դրուած էր. անհրաժեշտ էր վերակառուցել թէ՛ շինարարական անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցին եւ թէ՛ կազմալոյծ վիճակի մէջ գտնուող համայնքը։ Շնորհիւ իր անխոնջ աշխատանքին ու անբասիր նկարագրին, Տ. Մեսրոպ քհնյ. իր տասնամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին ո՛չ միայն յաջողած է այդ կրկնակի առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակել, այլեւ ապագայ բարգաւաճման հիմքը դնել։
Խորհրդանշական է, որ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հարիւրամեակը կը զուգադիպի Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին։ Եկեղեցին՝ ekklesia բառի բուն իմաստով, ժողովումի վայրի հիմնական դերը կը կատարէ։ Եղեռնի պատճառով աշխարհացրիւ հայութիւնը համախմբումի նման վայրերու ներկայութեան կարօտ եղած է ու է՛ միշտ։ Անոնք, իրենց կարգին, պէտք է պատկառազդու եւ միաժամանակ՝ հիւրընկալ ըլլան։ Իր պատկառելի անցեալով ու հիւրընկալ ներկայով, Նիւ Եորքի այս հնագոյն եկեղեցին գրաւական մըն է, որ կարելի է վստահութեամբ վաղուան նայիլ։


No comments:

Post a Comment