Ժ. Չ.
2015ը, հայութեան համար Մեծ Եղեռնի հարիւրամեայ ոգեկոչումի տարին էր։ Նաեւ խորքին մէջ վերապրողին տարին։ Վերապրողին մէջ նահատակին յիշատակը ողջ մնաց, փոխանցուեցաւ։ Ան մահուան բովէն անցաւ, այսուհանդերձ, ծնունդ տուաւ, սերունդ հասցուց, մէկ կողմէն կերտեց Հայաստանի հանրապետութիւններ, միւս կողմէն հարիւր տարի դիմացաւ ցրօնքին։ Սակայն, հարիւր տարի ետք լինելութեան նոյն կէտին է դեռ։
Հայաստանի մէջ վերապրողներու շառաւիղները թէեւ արտաքնապէս սովետական վարչակարգէն ձերբազատեցան, բայց հոգեպէս անկարող մնացին ազատագրուելու անոր քաղաքական ու մշակութային ժառանգութենէն. վարչակարգերը եղան զուրկ՝ Հայաստանցին իր հայրենիքին մէջ պահելու, նոր սերունդին լուսաւոր ապագայ մը խոստանալու կարողութենէն։ Արցախի անլոյծ պատերազմը եւ տարեվերջի ռուս-թրքական ռազմական լարումը, ռուս-ամերիկեան մրցակցութեան ենթախորքին վրայ, չեն միտիր իրավիճակի բարելաւման։ Իսկ Սփիւռքը, արդէն տասնեակ տարիներ է կը տառապի Միջին Արեւելքի արիւնալի պատերազմներու հետեւանքներէն՝ գաղթ, ներգաղթ, արտագաղթ, հաւատքի, լեզուի, մշակոյթի կորուստ։
Հայութիւնը միջազգայնացած հաւաքականութիւն է, կախեալ է միջազգային քաղաքականութեան վերիվայրումներէն, առանց կարենալու որեւէ կերպով ազդեցութիւն ունենալ իրողութեանց կամ զինք յուզող հարցերու կարգաւորման վրայ։ Իսկ երբ աշխարհին տիրող մեծագոյն ուժերը սկսելով՝ Միացեալ Նահանգներէն, պատերազմ կը հրահրեն բռնկալից Միջին Արեւելքի մէջ, ուր դեռ Բ. աշխարհամարտէն ի վեր անլոյծ կը մնայ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, այսօրուան իրադրութիւնը զարմանալի չի թուիր։ Դեկտեմբեր 24ի երեկոյեան, թերեւս առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի պատմութեան մէջ, եկեղեցիներու մէջ Ծնունդը տօնուեցաւ զինուորական հսկողութեան տակ։
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼԵՑՈՒՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Այլապէս 2015 տարին Հարիւրամեակի ոգեկոչումներու եւ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուած բազմազան ձեռնարկներով լեցուն տարի մըն էր։ Ֆրանսայի տարածքին 2015 տարուան ամբողջ տեւողութեան անհամար էին տեղական կառավարման մարմիններէն սկսեալ մինչեւ հայկական կազմակերպութիւններու, արուեստագէտներու ու անհատական նախաձեռնութիւնները։
Տարին սկսաւ CCAF-ի ճաշով, որուն գլխաւոր հիւրն էր Ֆրանսայի նախագահը։ Ան յարգեց իր խոստումը Ապրիլ 24ին ներկայ գտնուելով Ծիծեռնակաբերդ։ Սակայն, դեռ իրենց բարի լուծումին կը սպասեն ժխտողականութիւնը պատժող օրինագիծը եւ Փարիզի մէջ հայկական յիշողութեան կեդրոնի մը հիմնադրումը։ Յիշատակի արժանի էր Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի կողմէ Փարիզի քաղաքապետուհիին ներկայութեամբ, Կոմիտասի արձանին մօտ, 100 վարդենիներու տունկը եւ Ֆրանսայի տարածքին տարբեր քաղաքաներու մէջ յիշատակի ծառատունկերը։ Ինչպէս նաեւ Փոնփիտու մշակութային կեդրոնին առջեւ հայ կիներու կիրակնօրեայ ջահավառութիւնը ժամը 19.15էն 20.15, յաջորդական եօթը շաբաթ։ Կը նշենք յատկապէս Կապոյտ Խաչինը, որովհետեւ հաւաքական կեանքին զարկ տուող, հանրութիւնը սպառող-դիտողի վիճակէն դուրս բերող, անոր գործօն մասնակցութիւնը պահանջող արարք էր։
Միջազգային ակնոցով շատ կարեւոր ձեռնարկներ էին Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ հիւրընկալուած Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսը եւ Շոայի թանգարանին մէջ տեղի ունեցածը. նաեւ Mission-2015ի կազմակերպած Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովը։
Թերեւս, ճանաչման կարեւորագոյն քայլը Փրանկիսկոս Պապին կողմէ առնուածն էր, որ Վատիկանի տաճարին մէջ պատարագ մատուցեց մէկ ու կէս միլիոնի յիշատակին եւ միաժամանակ Նարեկացի սուրբը ճանչցաւ իբր տիեզերական վարդապետ։ Առաջնակարգ կարգ մը երկիրներ, յատկանշական քայլեր առին, ինչպէս Գերմանիան եւ Պելճիքան, սակայն ճամբուն կէսին մնացին։
ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հարիւրամեայ ոգեկոչումը յատկանշուեցաւ նաեւ հարիւրամեայ ժխտողականութեամբ։ Մասնաւորապէս Փէրինչէքի դատավարութիւնը Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Ատեանին կողմէ, որուն թրքանպաստ կողմնորոշումը միջազգային արդարադատութեան մասին շատ դրական պատկեր մը չի ցոլացներ։ Միւս կողմանէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացած դատը, առաջինն էր իր տեսակին մէջ, որ հայկական Սփիւռքին կողմէ պաշտօնապէս դատ կը բացուէր Թուրքիոյ դէմ, Թուրքիոյ մէջ։
Իսկ թրքական պետութեան ժխտողականութիւնը իր ամբողջական կարողականութեամբ գործի անցած էր, առաջին հերթին Տարտանէլի պատերազմին թուականը Ապրիլ 24 տեղափոխելով։ Երկրորդ, իր թելադրանքով եւ մեղսակցութեամբ, «Իսլամական Պետութեան»՝ ՏԱՀԷՇ-ի եւ Ճէպհաթ ալ-Նուսրայի նման այլ ծայրայեղական խմբաւորումներու յարձակումով Քեսապի վրայ, Հալէպի հայաշատ շրջաններու եւ պատմամշակութային խորհրդանշական վայրերու եւ եկեղեցիներու, ինչպէս մասնաւորապէս Տէր Զօրի Նահատակացի քանդումով…
Պոլսահայութեան եւ թրքահայութեան պարագան եւ այնտեղ կատարուող տեղաշարժերը ամենէն հետաքրքրականներն են անշուշտ։ Ճանաչումի գործընթացին մէջ թուրք մտաւորականներու եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ընդգրկուիլը թուրք հանրութեան առջեւ բացաւ իր իսկ պատմութիւնը ճանչնալու, գնահատելու նոր էջ մը։ Հրանդ Տինքի դատավարութիւն, Տինք հիմնարկի գործունէութիւն, Թուզլայի Արմէն ճամբար, Նոր Զարթօնք, կալուածներ վերստանալու պայքար, պատմական Հայաստանի մէջ իսլամացած Հայերու կողմէ ընկերակցութիւններու կազմութիւն… Եւ թրքական ընտրութիւններէն ետք նոյն շրջաններու մէջ մարդորսութիւն, հայորսութիւն, քրտորսութիւն…
Այս բոլորին կողքին, պէտք է նշել նաեւ իբր երեւոյթ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրբադասումի նախաձեռնութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ցեղասպանութեան ազգային յանձնախումբի հռչակագիրը։ Եղան բազմաթիւ համագումարներ, գիտաժողովներ, Հայ Դատի յանձնախումբերու ամէնօրեայ պահանջատիրական արշաւներ եւ գործարքներ։ «Երկիր եւ Մշակոյթ»ի «Հատուցում 2015»ի իր տեսակին մէջ եզակի պահանջ-յայտարարութիւնը։
Պէտք չէ մոռնալ արուեստագէտներու ներդրումը, նկարիչ-երաժիշտ-պարող-դերասան-բեմադիր-շարժանկարիչ, որոնց ամենէն ցայտուն արտայայտութիւնն էր Վենետիկի Biennale-ի Հայկական տաղաւարի ցուցադրութիւնը, ուր ժամանակակից տասնհինգ արուեստագէտներ, «Armenity» խորագրին տակ, Ս. Ղազար կղզիին վրայ իրենց գործերը ներկայացուցին։
Խորհրդանշական կարեւոր երեւոյթ էր Ֆրանսայի մէջ կրթական գետնի վրայ, Դպրոցասէրի Լը Ռուա-Աղաբէկեան մանկապարտէզի եւ Ալֆորվիլի Արապեան կրթահամալիրի կառուցումը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ Թարգմանչաց վարժարանի միացումը։ Ֆրանսայի մէջ, այս դրական երեւոյթներուն դիմաց, Միացեալ Նահանգներու մէջ երկու դպրոցներու փակումը, մասնաւորապէս Հոլիվուտի շրջանի Արշակ Տիգրանեան վարժարանինը՝ խոշոր ապտակ մըն էր Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան դպրոցներու կարեւոր դերակատարութեան հաւատացողներուն։
ԻՍԿԱԿԱՆ ԹԻՐԱԽԸ՝ ԿՐԹԱԿԱՆԸ, ԼԵԶՈՒԱՅԻՆԸ, ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆԸ
Այո, Հարիւրամեակին կեդրոնական նպատակը եղաւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը։ Սակայն, իսկական պայքարը կը մնայ կրթականը, մշակութայինը, լեզուականը։ Նոր սերունդի դաստիարակութիւնը։ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու քանդումով, արեւմտեան ափերու հայութիւնը նոր դիմագիծ, բազմամշակութային, բաց, նոր ինքնութիւն նուաճելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուի, որու համար հայկական մշակոյթը չի կրնար գոհանալ մականունի՝ «եան»ի, խոհանոցի սուճուխ-պասթրմայի եւ տաշ-տուշ երաժշտութեան սահմաններուն մէջ մնալով։
ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԾՐԱԳՐԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒՄ
Մշակութային փոփոխութիւնը նաեւ ծրագրային ռազմավարութեան փոփոխութիւն կ՚ենթադրէ՝ երկարատեւ ծրագիրներ, յստակ իրագործելի նպատակակէտեր եւ կայուն դրամային ներդրումներ։ Այս տեսակէտէն Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հնգամեայ ծրագիրը ի նպաստ արեւմտահայերէնին, որ Ցեղասպանութենէն սփիւռքահայութեան մնացած միակ ժառանգութիւնն է, կը մնայ Հարիւրամեակին մշակութային կարեւորագոյն ծրագիրը։ Կիւլպէնկեանի հնգամեայ այս ծրագիրը կը խախտէ Սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններու սիրողական մօտեցումը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կալուածի մը՝ լեզուայինին մէջ։ Կ՚արծարծէ որոշ շրջանակներու, յատկապէս Սփիւռքի մարդասիրական ու մշակութային մեծագոյն կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու եւ նոյնիսկ եկեղեցիին կողմէ անտեսուած, երկրորդական, ուրիշներու կողմէ երրորդական կարգի նետուած կալուած մը։ Կիւլպէնկեանի այս ներդրումին շնորհիւ տեղի ունեցան միջազգային գիտաժողովներ գրականութեան եւ դաստիարակչական նորարարութեան։ Այս շարժումը նաեւ մղիչ ուժը հանդիսացաւ 2015ին, անակնկալ կերպով, Հայաստանի մէջ եւս հայերէն լեզուաճիւղերու եւ հիմնախնդիրներու մասին գիտաժողովներու կազմակերպութեան։
Դեկտեմբերին Սահմանադրական ընտրութիւնները ցոյց տուին որ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ կան հիմնական երկու կալուածներ, որոնք մնացած են անփոփոխ՝ անժողովրդավար ընտրութիւնները եւ իշխանաւորներու անպարտութիւնը, հակառակ 25 տարուան անկախութեան զարգացումներուն։ Սակայն քաղաքականէն անդին, Կիւլպէնկեանի հայկական բաժնի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները տեսականօրէն վերարծարծեց, հարցադրելով Հայաստանակեդրոն մտայնութեան աննպատակայարմար, չըսելու համար անհեռատես հանգամանքը։ Սփիւռքի ապակեդրոնացած դիրքը ունի իր առաւելութիւնները, որոնք լրջօրէն չեն ուսումնասիրուած։ 2015 տարին, գաղափարական հարցադրումի առումով եղաւ աղքատիկ, եթէ նկատի չունենանք Կիւլպէնկեանի ներդրումը։
ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ
Վերջին կէտ մըն ալ նշելու համար «Յառաջ» թերթին երկարամեայ տնօրէն-խմբագիր Արփիկ Միսաքեանի մահը։ «Նոր Յառաջ» կը յաջորդէ «Յառաջ»ին, իբրեւ կրտսերագոյնը սփիւռքահայ հայատառ լրատու մամուլին։ Հարիւրամեակին կարեւոր է յիշել եւ պահպանել այն լրագրական ժառանգութիւնը, որ «Յառաջ»ի միջոցաւ պատմական Հայաստան՝ Կարինի (Էրզրում) մէջ հիմնադրուելէ եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ շրջագայելէ ետք, Փարիզ կայք հաստատած է ու ծառայած՝ ֆրանսահայ եւ սփիւռքահայ հասարակութեան։
«Նոր Յառաջ», 31 Դեկտեմբեր 2015
No comments:
Post a Comment