27.7.14

Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին՝ տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան

ԹՈՎՄԱՍ ԹԵՐԶԻԵԱՆ
 
Կարգ մը աղբիւրներ իբրեւ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին կը յիշեն տոքթ. Սաֆիյէ Ալի Քրեքելերի (1894-1952) անունը, որ բժշկագիտութիւն ուսանած էր 1921ին Գերմանիոյ Ուիզպուրկ քաղաքը: Տոքթ. Սաֆիյէ կարելի է առաջին թուրք բժշկուհին համարել, բայց ոչ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին: Այդ տիտղոսին կ՛արժանանայ իրմէ շատ աւելի կանուխ, 1903 թուականին տոքթ. Զարուհի Սերովբէ Գաւալճեանը: Այս վերջինը ծնած է 1877ին Բիւթանիա (Ատափազար): Հայրը՝ տոքթ. Սերովբէ Գաւալճեան 1875ին աւարտած է Պոսթընի բժշկական հիմնարկը: Այդ թուականէն մինչեւ 1915 ծառայած է Ատափազարի եւ Պարտիզակի մէջ:
Գալով Զարուհի Գաւալճեանին՝ 1898ին կ՛աւարտէ Բիւթանիոյ Ամերիկեան աղջկանց քոլէճը եւ բժշկութիւն ուսանելու համար կը ղրկուի Իլինոյի համալսարանը, ուրկէ 1903 տարուան շրջանաւարտներու ցանկին մէջ իր անունը նշուած է «Գաւալճեան Զարուհի, բժշկուհի, Ատափազարը, Թուրքիա» ձեւով: Զարուհի Գաւալճեան բժշկագիտական դպրոցը աւարտելէ տարի մը ետք կը վերադառնայ երկիր, բայց կը հարկադրուի որպէս օգնական հօրը մօտ աշխատիլ, որովհետեւ Ապտիւլհամիտ Բ.ի օրով արգիլուած էր կիներուն բժշկութիւն ընել: Ան միաժամանակ վարած է Ամերիկեան քոլեճի կենսաբանութեան ուսուցիչի պաշտօն:
Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Գաւալճեան աշխուժօրէն մասնակցած է մարդասիրական կազմակերպութիւններու օգնութեան ու խնամքի ծառայութիւններուն: Բիւթանիոյ Ամերիկեան քոլեճը 1921ին Սկիւտար փոխադրուելով, ան ալ տեղափոխուած է Իսթանպուլ եւ տարրաբանութեան, կենսագիտութեան նման նիւթեր դասաւանդելու կողքին «տոքթ. Գաւալ» անունով բժշկութիւն ըրած է Սկիւտարի մէջ:
Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան 30 Յունիս 1969ին մահացաւ Սկիւտարի մէջ, մարմինը հողին յանձնուեցաւ Ֆերիգիւղի Հայ բողոքականաց գերեզմանատունը: Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի ինչպէս կենսագրութիւնը, շիրիմին յայտնութիւնն ալ կը պարտիմ սիրելի բարեկամի մը՝ Շերեֆ Էթքերին: Մահուան տարելիցին առթիւ շիրիմը այցելելու գաղափարն ալ ինք յղացած էր, եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մենք երկուքս 30 Յունիս Երկուշաբթի օր այցելեցինք շիրիմը եւ աղօթքներ մրմնջեցինք իր հոգւոյն խաղաղութեան համար:
Մեր կարծիքով տոքթ. Զարուհին արժանի էր մամլոյ գործիչներու, գիտնականերու, հոգեւորականներու եւ համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յիշատակուելու: Թէեւ անցեալ տարի «Ս. Փրկիչ» ամսաթերթին մէջ ալ հրատարակուած էր այս մասին, բայց ապարդիւն մնացին տոքթ. Գաւալճեանի հաւանական ազգականները գտնելու մեր ջանքերը, ինչպէս նաեւ անխնամ վիճակի մէջ գտնուող շիրմաքարը նորոգելու մասին ալ խօսակից մը չենք կրցած գտնել: Այս տողերն ալ կը գրենք մի գուցէ որոշ հետաքրքրութիւն առթելու եւ գոնէ յառաջիկայ տարի աւելի արժանավայել կերպով յիշատակելու նպատակով այս եզակի անձնաւորութիւնը:

«Ակօս», Յուլիս 4, 2014

No comments:

Post a Comment