Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Ապրիլ 3, 2014ին իր հրաժարականը
ներայացուց: Վարչապետին ներկայացուցած հրաժարականը Հանրապետական Կուսակցութեան նիստին ընթացքին քննարկուելէ ետք ընդունուեցաւ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ներկայացուցած է
հրաժարականի դիմում», յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան
բանբեր Էդուարդ Շարմազանով: Ան նշած է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ
վարչապետը իր հրաժարականը կը ներկայացնէ:
Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան բանբերը նշած է նաեւ, որ վարչապետը իր հրաժարականը ներկայացուցած է անձնական նախաձեռնութեամբ:
Տիգրան Սարգսեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակած է
հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, որ հրաժարականի որոշումը
«հասունցած էր եւ խորապէս գիտակցուած»:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնց հետ աշխատած եմ, նախ`
հանրապետութեան նախագահին, որ վարչապետի բարձր պաշտօնը ինծի վստահեցաւ: Նոր
կառավարութեան կը մաղթեմ հայրենանուէր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք», գրած է
վարչապետը:
Տիգրան Սարգսեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է 9 Ապրիլ 2008-ին, իսկ 2 Յունիս 2012-ին վարչապետ վերանշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան
նախագահին հրամանագրով:
«Ազդակ», Ապրիլ 4, 2014
No comments:
Post a Comment