29.3.14

Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսելու մասին թրքական զրոյցին գաղտնալսումը

ՈՉԽԱՐԸ՝ ԳԱՅԼԻ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՈՎ...
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու անդրադարձած է Թուրքիան ցնցած գաղտնալսման հրապարակումին, ուր ինք եւ ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները գաղտնի կը խօսին Սուրիոյ ընդդիմութիւնը զինելու, սուրիական կողմէն Թուրքիոյ դէմ սադրանք իրականացնելու եւ Սուրիոյ դէմ պատերազմի սկսելու մասին:
Համացանցի վրայ յայտնուած ձայնագրութեան խօսակցութիւնը կատարուած էր Սուրիոյ հարցով գաղտնի խորհրդակցութեան ընթացքին, որուն Տաւութօղլուի կողքին մասնակցած են գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը, թրքական բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ Եաշար Կիւլերը եւ Արտաքին Գործոց նախարարութեան փոխքարտուղար Ֆերիտուն Սինիրիօղլու։
Մարտ 27ին գաղտնալսման հրապարակումէն ետք, «Եութիուպ»-ը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ տարածքին:
Տաւութօղլու յայտարարած է, որ գաղտնալսման հրապարակումը կարելի է համեմատել թրքական պետութեան դէմ պատերազմ յայտարարելուն: Պետութիւնը ամէն կարելին պիտի ընէ` այդ արարքին մեղաւորները գտնելու եւ պատժելու համար: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ ուժային կառոյցները գաղտնալսելը երկրին դէմ ուղղուած լրտեսութիւն է:

... ԵՒ ԳԱՅԼԸ՝ ՈՉԽԱՐԻ ԿԵՐՊԱՐԱՆՔՈՎ
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը Մարտ 27ին հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հերքած է Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումին ժամանակ Թուրքիոյ տարածքը օգտագործելու եւ Թուրքիոյ կողմէ զինեալներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու մասին տարբեր պնդումները` զանոնք որակելով իբրեւ քաղաքական նպատակներով քարոզչութիւն:
«Որոշ շրջանակներու պնդումները, որով Քեսապի շրջանին մէջ տեղի ունեցող դէպքերու եւ անցեալի որոշ ցաւալի իրադարձութիւններու միջեւ զուգահեռներ կը գծուին, կը դիտարկենք իբրեւ քաղաքական քարոզչութիւն եւ կը դատապարտենք», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Թրքական կողմը նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իբրեւ մարդասիրական մօտեցում Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապաստան տրամադրելու եւ պաշտպանութեան տակ առնելու յատկապէս Քեսապի բնակիչները, եւ այս առնչութեամբ դիմած է ՄԱԿ-ի կառոյցներուն: Կը հաղորդուի, որ սուրիահայերու կարիքներու ապահովման համար անհրաժեշտ քայլեր պիտի առնուին:
Նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կապ հաստատած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ եւ պիտի շարունակէ բանակցութիւնները: «Ինչպէս միւս սուրիացի գաղթականներուն, այնպէս ալ սուրիահայերուն պահանջները բաւարարելու համար անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկուին», յայտնած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիւանը Մարտի 25ի յետմիջօրէին հեռաձայնով կապ հաստատած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանի հետ:
Տեսակցութեան ընթացքին հաղորդուած է, որ Տաւութօղլու կը հետաքրքրուի վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ պատահած դէպքերով: Սուրիահայերու դժնդակ կացութենէն տեղեակ ըլլալով, Տաւութօղլու ըսած է, թէ նախարարութիւնը Միտեաթի մէջ հայեր ընդունելու տրամադրութիւն ունի, եթէ կան անձեր, որոնք կը փափաքին Թուրքիա ապաստանիլ: Արամ արք. շնորհակալութիւն յայտնած է Տաւութօղլուին, որ հետաքրքրուած է սուրիահայերու հարցով:

«Ազդակ», Մարտ 27 եւ 29, 2014

No comments:

Post a Comment