Քեսապի ուղղութեամբ Մարտ 21էն ի վեր իրականացուող ներթափանցման
զինուորական գործողութիւնները, անկախ իրենց հետապնդած ռազմավարական
առաջնային նպատակներէն, աղէտալի հետեւանքներ կ՛ունենան տեղւոյն հայ
ազգաբնակչութեան համար:
Թրքական անցակէտերէ նման թափանցումի հաւանականութիւնը
սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն գոյութիւն ունէր հայկական կողմին համար, նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացայայտ զինական եւ ֆինանսական օժանդակութիւնը զինեալ խմբաւորումներու։ Ասիկա պատճառ հանդիսացաւ որ դէպի Լաթաքիա իրականացած քանի մը
հանգրուանով տարհանման (evacuation) գործողութիւնները, հակառակ ծանր
բախումներուն, ռմբակոծումներուն, հրացանաձգութիւններուն եւ բնակավայրերու
ուղղութեամբ արձակազէններու արձակած կրակահերթերուն, անցան առանց մարդկային
վնասներու:
Միւս կողմէ, սակայն, ամբողջ գիւղի մը հայկական թաղամասերու ամայացումը
յոռեգոյն յուսահատական գոյներով պարուրեց ոչ միայն շրջանի հայութիւնը, այլ
նաեւ հայկական աշխարհը: Քեսապի հայութեան արմատները մինչեւ 10-րդ դար կ՛երկարին: Երկու օրուան արագ ամայացումը եւ մինչ այժմ նաեւ գիւղի եւ
հայկական կառոյցներու ճակատագրին անորոշութիւնը մխիթարական հեռանկարներ չ՚ընծայեր հայրենիքի սահմանամերձ գաղութներու
հեռանկարին:
Լաթաքիա ապաստան գտած քեսապցիներուն մէկ մասը տեղաւորուեցաւ իր հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ՝ Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ
յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ
անոնց նկատմամբ:
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ծովափի հայութեան (Լաթաքիա-Քեսապ) շտապ
օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր Մահիկը, պետական կառոյցները,
հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական
քեսապահայերուն օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին,
ծածկոցներ եւ ամէն տեսակի կենսական նիւթեր:
Մարտ 24ին, Քեսապի շրջանին մէջ բուռն բախումները շարունակուեցան: Թէեւ
Սուրիական Ազատ Բանակը յայտարարեց, որ Քեսապը առած է իր ամբողջական
վերահսկողութեան տակ, սակայն Սուրիական Մարդկային Իրաւանց Հսկողութեան
կեդրոնը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները իրենց վերահսկողութեան
տակ առած են հայաշատ քաղաքի երեք քառորդը եւ հասած են Քեսապի հրապարակը:
«Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը Լաթաքիայէն
յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Քեսապ` զինեալներուն յառաջխաղացքը կասեցնելու
համար: Ներկայ դրութեամբ զինեալները տիրած են Թուրքիոյ հետ Քեսապի
սահմանային անցքին:
Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Հսկողութեան Կեդրոնը հաղորդեց, որ
սպաննուած է Ազգային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար Հիլալ Ասատ, որ ըստ
կեդրոնին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ազգականական կապ ունի, սակայն
անոր հօրեղբօրորդին չէ, ինչպէս նախապէս հաղորդուած էր:
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր»
լրատու կայքը, կը հաղորդէ, որ Իրան անհանգստութիւն յայտնած է սուրիական
ռմբաձիգին Թուրքիոյ կողմէ վար առնուելուն պատճառով երկու երկիրներուն միջեւ
ծագած լարուածութեան առնչութեամբ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան երկու
երկիրներուն կոչ ուղղած է «սառնասիրտ» ըլլալու: «Զինուորական մօտեցումները
ոչ միայն չեն կրնար օգնել լուծելու սուրիական խնդիրը, այլ նաեւ` աւելի պիտի
բարդացնեն կացութիւնը», ըսած է ան:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ սուրիական օդանաւը վար առնելը
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ընտրական յաւելեալ կէտեր
կ՛ապահովէ` մեղմացնելու համար անոր ժողովրդականութեան անկումը, սակայն նոյն
ատեն անոր մեծ պարտութիւն պիտի պատճառէ:
«Մայատին» հաղորդեց, որ երէկ Սուրիա – Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի
ունեցած է մեծ պայթում մը, որուն պատճառը կը կարծուի ըլլալ ականուած
ինքնաշարժ մը, որ կը պատրաստուէր մուտք գործել սուրիական հողամասեր:
«Ազդակ», Մարտ 24, 2014
«Ազդակ», Մարտ 24, 2014
No comments:
Post a Comment