8.1.14

Մահ հայրենի արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանի

«Հետք»ը կը հաղորդէ, որ այսօր՝ Յունուար 8ին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է հայրենի տաղանդաւոր արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանը։
Քաղցկեղէ տառապած Խեչոյեանը բուժումի ենթարկուած էր Գերմանիոյ մէջ, որմէ ետք բժիշկներու խորհուրդով ետ ղրկուած էր Հայաստան։
Լեւոն Խեչոյեան ծնած էր Դեկտեմբեր 8, 1955ին, Ախալքաղալի շրջանի Բարալէթ գիւղը։ 1983ին աւարտած է Լենինականի (այժմ՝ Գիւմրի) մանկավարժական հիմնարկի բանասիրական ճիւղը։ 1987էն ի վեր կ՚՚ապրէր եւ կը ստեղծագործէր Հրազդան քաղաքը։ Մասնակցած է արցախեան ազատամարտին։ Առաջին հատորը («Խնկի ծառեր») հրատարակած է 1991ին։ 1999ին «Սեւ գիրք, ծանր բզէզ» վէպի համար արժանացած է «Ոսկէ եղէգն» պետական մրցանակին: Տպագրուած է շարք մը արտասահմանեան ամսագրերու մէջ։ 
Հանգուցեալ գրագէտին հետ վերջին հարցազրոյցը կարելի է ունկնդրել այստեղ.
 

No comments:

Post a Comment