23.8.13

Քիչ մը ցեխ

Gagik Kristian
 
Հայաստանցիներ Սփիւռքը մէկ միատարր հաւաքականութիւն ըլլալ կը կարծեն: Սփիւռքահայու կերպարը հայաստանեան ժողովուդի լայն հատուածի համար միասնական է, ըլլայ այդ սփիւռքահայը ամերիկահայ, ֆրանսահայ, լիբանանահայ, պոլսահայ կամ արժանթինահայ: Տարբերութիւն չկայ: Ի հարկէ, երջանկութիւն պիտի ըլլար, եթէ այդպէս ըլլար, բայց պիտի ընդունինք, որ իրականութիւնը քիչ մը տարբեր է:
Բնական է որ մենք՝ արեւմտահայ մշակոյթի կրողներս, կարգ մը ընդհանրութիւններ ունենանք, եւ նաեւ բնական է որ կարգ մը տարբերութիւններ ունենանք, ապրելով տարբեր երկիրներու մէջ եւ կրելով այդ երկիրներու մշակութային եւ կենցաղային ինչ-ինչ ազդեցութիւններ: Կը կարծեմ որ այս հանգամանքը կարեւոր ըլլալու է սփիւռքահայը ճանչնալու համար:
Մինչեւ օրս ինծի նման հարցումներ կ՚ուղղեն.
- Ուրկէ՞ ես:
- Պոլիսէն:
- Պոլիս ո՞րն է:
- Իսթանպուլ:
- Թուրքիա՞՞:
- Յամէնայն դէպս, մինչեւ վերջին ատեննիս Իսթանպուլ Թուրքիոյ մէջ էր…
- Թուրքիա հայե՞ր կան (հայեացք մը որ խօսակցիս ապշանքը կ՚արտայայտէ):
- Այո, մօտ 60 հազարնոց գաղութ մը ունինք…
- Բա չէ՞ք վախնար, բա ձեզ չե՞ն կոտորեր…
Եւ այլն: Կը հասկնաս, որ դիմացինդ ոչինչ գիտէ Թուրքիոյ կամ պոլսահայ համայնքի մասին: Կը բացատրես, կը պատմես, եւ յաջորդ օր իրմէ այսպիսի արտայայտութիւն կը լսես.
- Սփիւռքահայ ես, մոլի դաշնակցական ըլլալու ես…
Հիմա եկուր բացատրէ անոր, որ Պոլսոյ մէջ մեր ազգային կուսակցութիւնները չկան: Եկուր բացատրէ մարդոց, որ Սփիւռքի մէջ մարդիկ առտուընէ մինչեւ գիշեր եկեղեցիի մէջ հայրենասիրական երգեր չեն երգեր, որ պայման չէ որ բոլորին տուներուն մէջ Արարատի գծանկարը ըլլայ, որ Սփիւռքի մէջ բոլորը չէ, որ դաշնակցական են…
Ծանօթներ ունիմ որ կ՚ըսեն. «Ես չեմ սիրեր սփիւռքահայերը»: Ծանօթներ ալ ունիմ որ անբացատրելի սիրով եւ ինքնամոռացութեամբ մը «կը սիրեն սփիւռքահայերը», եւ բնական «ինչո՞ւ համար» հարցումին ի պատասխան կ՚ըսեն. «Որովհետեւ իրական հայրենասէրը դուք էք»: Համմէ՞: Եւ ի վերջոյ՝ ի՞նչ կը նշանակէ սիրել կամ ոչ սփիւռքահայը: Նորէն բացատրէ որ հայ ըլլալէ առաջ Սփիւռքահայը մարդ է, մարդկային ցեղին յատուկ թուլութիւններով, թերութիւններով, առաքինութիւններով կամ ատոնց բացակայութեամբ, որ ինչպէս Հայաստանի մէջ նոյնպէս եւ Սփիւռքի մէջ կան բազում խնդիրներ, մանր կիրքեր, տեղային զարգացումներ, եւ ամէնէն խայտառակը՝ պզտիկ թշնամութիւններ գաղութներու միջեւ:
Օ՜հ, սա վերջինը իրաւամբ ամէնէն զազրելին է, երբ, ըսենք, լիբանանահայը (խօսքս, հարկաւ, չի վերաբերիր գաղութի գիտակից եւ մտաւորական հատուածին) սուրիահայը «գիւղացի» կ՚անուանէ, պոլսահայը՝ «գոռոզ», կամ սուրիահայը իր հերթին լիբանանահայը «գոռոզ» կ՚անուանէ եւ պոլսահայը՝ «թուրք»: Խայտառակ սա երեւոյթը, հարկաւ, Հայաստանի մէջ ալ կայ, երբ երեւանցին «չի սիրեր» ղարաբաղցին, ղարապաղցին «չի սիրեր» գիւմրեցին, գիւմրեցին «չի սիրեր» երեւանցին... Մէկ խօսքով՝ բոլորը կը սիրեն ոչ մէկը, իրենցմէ զատ: Մինչեւ ե՞րբ: Կա՞յ արդեօք սա հարցումին պատասխանը:
Եւ խայտառակագոյն սա «սիրել-չսիրել»ները ի վերջոյ պատճառ կ՚ըլլան ներազգային պզտիկ բայց զազրելի թշնամութիւններու: Արդեօք սփիւռքահայ ընտանիք մը գիտէ՞ք, մէկ-երկու բացառութիւններէ զատ, որ հայաստանցի տղայի մը «աղջիկ տուած» ըլլայ…
Գիտեմ որ զիս պիտի մեղադրեն Սփիւռքի մեր ներքին թերութիւնները այսպէս բացէ ի բաց ըսելու համար, բայց ի վերջոյ պէտք է ճանչնանք զիրար: «Մէկ ազգ-մէկ մշակոյթ» յիմար յանկերգը պատճառ դարձաւ որ նոյնիսկ չուզենք ալ ճանչնալ զիրար: Մէկ ազգ ենք, այո, բայց արդեօք մէկ մշակո՞յթ ունինք: Վստահաբար մէկէ եւ նոյնիսկ երկուքէ ալ աւելի մշակոյթ ըլլալու է: Ութը տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակիմ, օր մը, վայրկեան մը նոյնիսկ ինքզինքս հայաստանցի չզգացի, 8 տարուան մէջ օտարութեան զգացումս չվերացաւ: Պատճառը հոն չէ որ հայաստանցիներ գէշ են, ես լաւ եմ, կամ ես գէշ եմ, հայաստանցիներ՝ լաւ են: Պատճառը տարբեր ըլլալն է:
Կ՚ուզեմ ճիշդ հասկցուիլ: Նպատակս հաւաքականութիւններու մէջ սեպ խրելը չէ: Ճակատագրին հեգնանքով կամ Աստուծոյ կամօք, ով ինչպէս կ՚ուզէ թող ձեւակերպէ, ցրուած ենք աշխարհի չորս ծագերը եւ տարբեր մշակոյթներու կրողներ ենք: Բայց ինչպէս կ՚ըսեն՝ ամէն մետալ երկու երես ունի, եւ կը կարծեմ, որ տարբեր մշակոյթներն ալ մեր մեծագոյն հարստութիւնը ըլլալու են, պարզապէս ատոնք ճանչնալ պէտք է եւ չփորձել բռնի կերպով խոթել «մէկ ազգ-մէկ մշակոյթի» շրջանակներու մէջ:

gagik-kristian.blogspot.ae, Օգոստոս 17, 2013

No comments:

Post a Comment