8.7.13

Արա Սանճեան. «Տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կրնայ էական դերակատարում ունենալ գիտութեան զարգացման ուղղութեամբ»

ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
 
Վերջին շրջանին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, գիտական հանրութեան մէջ, նաեւ` պարզապէս հայաստանեան հասարակութեան մէջ, մեծ քննարկում յառաջացուցած է ցեղասպանութիւնը գիտական՝ ցեղասպանագիտական հողի վրայ դնելու թեման։ Կը խօսուի Հայոց Ցեղասպանութիւնն, ի վերջոյ, աշխարհի վրայ գիտական լեզուով բարձրաձայնելու անհրաժեշտութեան, նաեւ` հրամայական պահանջի մասին, կը կազմակերպուին մրցանակաբաշխութիւններ՝ խրախուսելու եւ խթանելու այդ թեմայով գիտական յօդուածներու տպագրութիւնը։ 
Այս եւ նման հարցերու շուրջ զրուցեցինք դոկտոր Արա Սանճեանի հետ։
Թէեւ Արա Սանճեան յայտնի է ե՛ւ որպէս հայագէտ, ե՛ւ որպէս պարզապէս հայ մարդ, որ երբեք անհաղորդ չէ Հայաստանի ու հայութեան հետ կապուած որեւէ հարցի, այնուամենայնիւ, աւելորդ չեմ համարեր մէկ անգամ եւս յիշեցնել. Արա Սանճեան ծնած է Լիբանան, համալսարանական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս՝ աւարտելով պատմութեան ֆակուլտէտը, որմէ ետք ան ուսումը շարունակած է Լոնտոնի համալսարանին մէջ, ուր եւ ստացած է պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան (Ph.D.)։ Մինչեւ 2005 թուականը դասաւանդած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այժմ ան ԱՄՆ–ի Տիրպորն քաղաքին մէջ գտնուող Միշիկընի համալսարանի մասնաճիւղէն ներս պատմութիւն կը դասաւանդէ` միաժամանակ ղեկավարելով համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնը։

-Պարոն Սանճեան, ինչպէ՞ս կը գնահատէք «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի եւ «Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» (ՊԳՖԱ) ֆէյսպուքեան նախաձեռնութեան համատեղ ջանքերով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, ազդեցութեան գործակից ունեցող կամ ինդեքսաւորուող միջազգային պարբերականներու մէջ հայաստանցի եւ օտարերկրեայ քաղաքացիներու կողմէ այդ թեմայով գիտական յօդուածներու տպագրութեան առնչութեամբ կազմակերպուած մրցանակաբաշխութիւնը։
-Այս մրցանակաբաշխութիւնը կը գնահատեմ շատ դրական այն առումով, որ Հայաստանի մէջ վերջին տարիներուն յառաջ եկած տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կամաց-կամաց սկսած է հետաքրքրութիւն ցուցաբերել գիտութեան, այս պարագային` հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտին նկատմամբ։ Յոյսով եմ, որ «Տաշիրը» յառաջիկային կը խորացնէ իր ներգրաւուածութիւնը, իր գործունէութիւնը կը դարձնէ աւելի բազմակողմանի, եւ միաժամանակ` այս ուղին կ’որդեգրեն նաեւ նմանատիպ այլ հիմնադրամներ։ Ցանկութիւնս է, որ Հայաստանի ներկայ եւ հետագայ իրերայաջորդ կառավարութիւնները փոփոխութիւններ մտցնեն երկրի հարկային օրէնսդրութեան մէջ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծեն, որ բարձր հարկեր վճարող անհատներն ու հիմնարկները իրենց հարկերուն մէկ մասը կարողանան յատկացնել իրենց նախընտրած ոչ-շահութաբեր ուսումնական, գիտական, արուեստի կամ բարեգործական հաստատութիւններուն։ Այդպիսի մեքանիզմ կայ, օրինակ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարկային օրէնսդրութեան մէջ եւ անկէ կ’օգտուի նաեւ Միշիկընի համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնը։

-Որքանո՞վ կը կարծէք թէ այս մրցանակաբաշխութիւնը պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ միջազգային հետաքրքրութեան աճին եւ նորանոր ուսումնասիրութիւններու հանդէս գալուն։
-Որքան ինծի յայտնի է, այս մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կրկնուի նաեւ յաջորդ երկու տարիներուն։ Առաջին տարուան յաջող փորձէն ետք, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան արդէն իսկ գործող կառուցուածքի մասին աւելի լայն իրազեկման պարագային, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ արտասահմանի մէջ, յառաջիկայ երկու տարիներուն դիմորդներուն ու մրցանակի արժանացողներուն թիւը հաւանաբար աւելի մեծ ըլլայ։ Եթէ հաշուենք զերոյէն, միջազգային չափանիշերով Հայոց ցեղասպանութեան կամ հումանիտար ու հասարակագիտական որեւէ լուրջ թեմայի շուրջ գիտական յօդուած հրատարակելու համար երկու տարին շատ երկար ժամանակ չէ։ Բայց եթէ այս ծրագիրը շարունակուի 2015 թուականէն ետք ալ, ապա այդ պարագային անիկա կրնայ նոյնիսկ խթան հանդիսանալ, որ նորանոր երիտասարդներ ընդգրկուին Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ոլորտէն ներս։
Ինծի համար, սակայն, այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան եւ առհասարակ ցեղասպանագիտութեան մակարդակը միջազգայինին հասցնելու մտահոգութիւնն ու այդ ուղղութեամբ կատարուելիք աշխատանքներն են։ Այդ առումով, վերջերս իրականացած այս մրցանակաբաշխութիւնը աւելի ընդգրկուն ու համակարգուած աշխատանքի մը միայն մէկ հատուածը կրնայ ըլլալ։

-Իսկ ինչպէ՞ս կը կարծէք թէ հնարաւոր կ’ըլլայ ցեղասպանագիտութիւնը Հայաստանի մէջ հասցնել միջազգային մակարդակի։
-Ցեղասպանագիտութիւնը հումանիտար կամ հասարակագիտական ինքնուրոյն գիտակարգ չէ։ Անիկա միջգիտակարգային մասնագիտութիւն է։ Լաւ ցեղասպանագէտ ըլլալ անխուսափելիօրէն կը նշանակէ ցեղասպանութեան հարցերով զբաղող լաւ պատմաբան, գրականագէտ, ընկերաբան, հոգեբան, ազգագրագէտ կամ այլ գիտակարգի մասնագէտ ըլլալ։ Արտասահմանի մէջ շատ տարածուած է այն սովորոյթը, երբ ուսանողը բակալաւրեատի համար կ’ընտրէ վերոյիշեալ աւանդական գիտակարգերէն մէկը եւ միայն այդ գիտակարգի հիմնարար սկզբունքները իւրացնելէ ետք, մագիստրատուրայի ժամանակ, կ’ընտրէ միջգիտակարգային մասնագիտութիւն մը, որոնց շարքին` ցեղասպանագիտութիւնը կամ սփիւռքագիտութիւնը։ Ուրախ եմ, որ այդ ուղին որդեգրած է նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական Հետազօտութիւնների Ինստիտուտի եւ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի համատեղ ջանքերով շուտով սկիզբ առնելիք «Ցեղասպանագիտութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը։
Ի վերջոյ, ցեղասպանագէտ-պատմաբանը կ’ուսումնասիրէ կա՛մ Հայոց ցեղասպանութեան, կա՛մ անոր հետեւանքները վերացնելու, կա՛մ անոր միջազգային ճանաչումը ապահովելու համար հայ քաղաքական ու հասարակական հոսանքներու մղած պայքարի պատմութիւնը։ Ցեղասպանագէտ-գրականագէտը կ’ուսումնասիրէ Հայոց ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը հայ գրականութեան յետագայ զարգացման վրայ կամ այդ թեմայի արծարծումը միջազգային գրականութեան մէջ, եւ այլն։ Ի հարկէ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր ցեղասպանագէտները կ’օգտուին իրարու փորձէն, բայց անոնց ուսումնասիրութիւնները կը մնան առաւելաբար մէկ գիտակարգի շրջանակներէն ներս։ Այս պատճառով ալ ցեղասպանագիտութեան համընդհանուր մակարդակի բարձրացումը կրնայ տեղի ունենալ միայն իր բաղկացուցիչ գիտակարգերու մակարդակին բարձրացման հետ զուգահեռ։ Շատ դժուար է պատկերացնել, որ Հայաստանի մէջ հնարաւոր է ունենալ ցեղասպանագիտական միջազգային չափանիշերով բարձրամակարդակ համակարգ` երբ ցեղասպանագիտութեան մէջ ընդգրկուած վերոյիշեալ կամ այլ գիտակարգերը` իւրաքանչիւրն իր ոլորտէն ներս, համաքայլ չեն միջազգային փորձին հետ։

-Հայաստանի մէջ տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը կրնա՞յ դեր ունենալ առհասարակ գիտութեան եւ մասնաւորապէս ցեղասպանագիտութեան մակարդակի աճ ապահովելու մէջ։
-Վստահաբա՛ր։ Համաշխարհային առումով, տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը իրենց համապատասխան երկիրներու կրթութեան ու գիտութեան մակարդակի բարձրացումով սկսաւ շահագրգիռ դառնալ յատկապէս 19-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն` այսպէս կոչուած Երկրորդ Արդիւնաբերական Յեղափոխութեան ժամանակ։ Գիտութեան ու արհեստագիտութեան կտրուկ յառաջընթացը անհրաժեշտութիւն յառաջացուց մասնագիտական հմտութիւններ ունեցող անձերու ընդգրկումը արտադրութեան եւ անոր կառավարման մէջ։ Համապատասխանաբար, տնտեսութեան մասնաւոր հատուածը սկսաւ պետական համակարգէն աւելի ու աւելի պահանջել, որ մասնակցի հանրային տարրական ու բարձրագոյն կրթութեան կազմակերպման գործին, ինչպէս նաեւ` երբեմն ինքն իր սեփական միջոցներէն սկսաւ ներդրումներ կատարել գիտութեան ու կրթութեան ոլորտներուն մէջ։ Օրինակ, ինքնաշարժներու արտադրութեան «Ֆորտ» ընկերութիւնն առանցքային դեր ունեցած է Միշիկընի Համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղի ստեղծման մէջ, 1950-ական թուականներու երկրորդ կիսուն։ Թուրքիոյ մէջ, Քոչ եւ Սապանճը գործարար ընտանիքները 1993-ին ու 1994-ին համապատասխանաբար ստեղծեցին իրենց անուններով կոչուող մասնաւոր համալսարաններ։ Ասոնցմէ Սապանճը համալսարանն աչքի կ’իյնայ հայ մշակոյթի եւ նոյնիսկ Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկման պարագային պետական կաշկանդումներէն որոշ չափով հեռու, իր համեմատաբար ազատ ու յարգալից մթնոլորտով։
Եթէ ճշգրիտ գիտութիւններու, արհեստագիտութեան եւ գործարար կառավարման ոլորտներու պարագային, մասնաւոր հատուածի շահագրգռութիւնն ակներեւ է, ապա կարեւոր է նշել, որ մասնաւոր հատուածն արտասահմանի մէջ նաեւ կը հետաքրքրուի հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտներով, որովհետեւ այդ մասնագիտութիւններու զարգացումն անխուսափելիօրէն կը նպաստէ իւրաքանչիւր երկրի մէջ ժողովրդավարութեան, դատա-իրաւական համակարգի, զանգուածային լրատուութեան մակարդակի զարգացման, եւ այս բոլորն անհրաժեշտ են գործարար առողջ միջավայրի յառաջացման եւ ամրապնդման համար։
Մասնաւոր հատուածի շահագրգռութիւնը հումանիտար ու հասարակագիտական ոլորտներով կրնայ յառաջ գալ նաեւ անոր հայրենասիրական մղումներէն։ Ի վերջոյ, ազգի ու պետութեան մտահոգութիւնները միջազգային հարթակներու վրայ արդիւնաւէտ բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է ունենալ միջազգային լաւագոյն չափանիշերով կրթութիւն ստացած դիւանագէտներ, փորձագէտներ ու լրագրողներ։

«Եռագոյն» (yerakouyn.com), Յունիս 19, 2013

No comments:

Post a Comment