16.5.13

Թրքատեացութեան թոյնը կը շարունակէ թունաւորել

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒՔԵԱՆ

Այս [Ապրիլ 24ի] շաբթուան օրակարգը բնականաբար, կամ մի գուցէ ինքնաբերաբար, մեզ կը պարտադրէ խորհրդածել հայկական խնդիրներու մասին։ Արդէն իսկ ամէն օրուան համար միջոցառումներ կը կազմակերպուին, որոնց կը մասնակցինք մերթ ատենախօս, մերթ թղթակից ըլլալով։ Պարտինք յայտնել, որ ի տարբերութիւն սփիւռքահայութեան, մեր երկրին մէջ կազմակերպուած այդ բնոյթի միջոցառումներուն կազմակերպիչը կամ մղիչ տարրը՝ տեղւոյն հայութիւնը չէ, այլ երկրի ո՛չ հայ ժողովուրդները։ Դարձեալ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի հրապարակային հանրահաւաքները ծաւալած են դէպի երկրի այլ քաղաքները։ Ցարդ մեզի հասած լուրերուն համաձայն՝ հանրահաւաքներ եւ երթեր կազմակերպուեցան Իսթանպուլէն զատ, Անգարա, Իզմիր, Պրուսա, Տիարպէքիր, Ատանա, Մալաթիա, Պոտրում, Տէրսիմ եւ այլ քաղաքներու մէջ։

Հասարակութեան մէջ կը տարածուի այն միտքը, թէ ցեղասպանութեան 98-ամեակին այս խնդիրը, հայերուն չափ, առնչուած է նաեւ Թուրքիոյ հասարակութեան հետ։ Այս միտքը կը ծագի այն համոզումէն, թէ անպատիժ մնացած բոլոր յանցագործութիւնները տեղի կու տան կրկնութեան։ Իրաւացի մեկնաբանութիւն մըն է այս, քանի որ 1915-էն ետք, եթէ ոչ նոյն տարողութեամբ, բայց նոյն բնոյթով բազմաթիւ կոտորածներ, թալաններ կամ, աւելի տեղին խօսքով, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարուեցան Թուրքիոյ մէջ։
Բոլոր այդ  տարիներուն ընթացքին դժուար չէր որոշ թրքատեաց յանկերգ մը կրկնել, քանի որ մենք ունէինք մեր ընկալումը եւ յետամնաց Թուրքիոյ համայնապատկերն ալ կ՚արդարացնէր այդ ընկալումը։ Բայց վերջին տարիներուն, օրըստօրէ կը դժուարանայ Թուրքիան յետամնաց երկիրներու կարգին դասելու սովորութիւնը։ Այս ալ ամբողջովին տակնուվրայ կ՚ընէ մեր արմատացած համոզումները։
Թերեւս այս հակասութեան մէջ պէտք է դիտել Պուէնոս Այրէսի փողոցներուն վրայ Թուրք ՚Օդային Գիծերու որմազդներուն դէմ արժանթինահայոց յարձակումը։ Յարատեւ բարգաւաճման ուղի մը որդեգրած Թուրքիոյ Օդային Գիծերու ընկերութիւնը վերջերս Սան Փաւլոյի վրայէն թռիչք կատարեց դէպի Պուէնոս Այրէս (*)։ Ընկերութիւնը ահա այդ թռիչքն է որ կը ծանուցէր որմազդներու միջոցաւ։ Բայց արժանթինահայերու համար խիստ վիրաւորական թուեցաւ այդ զարգացումը։ Փորձեցին պատռել կամ վրան ուրիշ բաներ փակցնելով անընթեռնելի դարձնել զայն։
Նման բողոքի ալիք մը գոյացած էր՝ երբ նոյն ընկերութիւնը Լոս Անճելըսի ուղիղ թռիչքներէն ետք ուզած էր գովազդներու մէջ պասկէթպոլի հանրածանօթ աստղ՝ Քոպի Պրայընթի կերպարէն օգտուիլ։ Այս մէկն ալ հանդիպած էր ամերիկահայ հաւաքականութեան բուռն հակազդեցութեան։ Անոնք արշաւ կազմակերպած էին, որպէսզի Պրայընթ հրաժարի Թրքական ընկերութեան գովազդին մաս կազմելէ։
Ափսո՛ս որ որմազդներ փառատող կամ գործընթացներ խոչընդոտող հայկական սփիւռքը ըսելիք խօսք չունեցաւ, երբ ամօթահար դիրքի մէջ երկրորդ անգամ սնանկացաւ Հայաստանի Օդային Գիծերու ծառայութիւնը։
Անգամ մը եւս սրտի կսկիծով յիշենք Հրանդ Տինքը, որ հայաշխարհին խորհուրդ կու տար ազատիլ զինք թունաւորող թրքատեացութենէն եւ իմաստուն միջոցներ որոնել նորանկախ Հայաստանի զարգացման սատարելու համար։ Ափսո՛ս որ տակաւին բաւական հեռու ենք այդ գիտակցութենէն։

«Ակօս», Ապրիլ 25, 2013

(*) Թրքական ընկերութեան Պոլիս-Սան Փաւլօ-Պուէնոս Այրէս-Սան Փաւլօ-Պոլիս ուղին բացուած է Դեկտեմբեր 2012՝ շաբաթական չորս թռիչքներով։ Մայիս 16, 2013ին հաղորդուած է, որ այդ թռիչքները ամէնօրեայ պիտի դառնան Յուլիս 2013էն սկսեալ («Հայկականք»)։

No comments:

Post a Comment