21.12.12

Իսկապէ՞ս «իմ տունն այստեղ է»

ՅՈՎՍԷՓ ԱՐԹԻՆԵԱՆ (*)

«Իմ տունն այստեղ Է» վերնագրեալ տեսաֆիլմի խտասալիկ մը լոյս ընծայուեցաւ վերջերս, Հայաստանի մայր ԲՈՒՀի (Բարձրագոյն Ուսումնական Հաստատութիւն)՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի (ԵՊՀ) 90ամեակին առիթով, ուր կը պատմուի համալսարանին անցած ուղիին մասին՝ հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր:
Մէկ ժամէ աւելի տեւող այս տեսանիւթին մէջ կը ներկայացուին Համալսարանին հիմնադրութեան պատմութիւնը եւ անցած հանգրուանները, որ ներկայ Հայաստանի պատմութեան հետ զուգահեռ կ՚ընթանայ, Ա. հանրապետութեան ընթացքին համալսարան հիմնելու որոշում՝ բայց դժուարութիւններու պատճառով անոր իրականացումը կը կայանայ խորհրդային իշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին, ապա քայլ առ քայլ Համալսարանի յառաջացում եւ ընդլայնում, որմէ կը տարանջատուին գիտագործնական մասնագիտութիւնները ուսուցանող բաժինները այլ ԲՈՒՀերու հիմնումով, այդպիսով ԵՊՀին արժանիօրէն տալով մայր ԲՈՒՀ կոչումը:
Այս բոլորը շատ լաւ, բայց դժբախտաբար միեւնոյն հարցը կը ծագի, թէ մի՛շտ հայկական կիսատ-պռատութիւնը պիտի տիրէ այսպիսի աշխատանքի մը մէջ եւ մեր հրճուանքը կիսա՞տ պիտի մնայ:
Հարցը այն է, որ սպասեցինք այս տեսանիւթին մէջ խօսք մըն ալ լսել Հայաստանի մայր ԲՈՒՀին սփիւռքահայ եւ արտասահմանցի ուսանողներուն ու շրջանաւարտներուն մասին, որոնց մեծամասնութիւնը հայկական Սփիւռքի մէջ հայապահպանման ու Հայաստան¬Սփիւռք կապերու սերտացման գծով իրենց վաստակը ունին, ինչպէս նաեւ այն օտարները (մանաւանդ նախկին ընկերվարական երկիրներէն), որոնք ԵՊՀի մէջ ուսանած կամ մասնագիտացած են եւ արտասահմանի մէջ կը գործեն իրենց մասնագիտութեանց ծիրէն ներս ու ընդհանրապէս հայասէր են եւ հայոց հարցերու կողմնակից:
Այս առընչութեամբ ոչ մէկ խօսք: Բայց հարցը այսպէս բանաձեւենք՝ չէ՞ որ այդ երեւոյթն ալ Հայաստանի եւ հայոց արդի պատմութեան ու ներկային մէկ անուրանալի մասնիկն է. հետեւաբար ինչո՞ւ բառ մը անգամ չըսուիր այդ մասին: Այսպէ՞ս կը նշուի Հայաստանի մայր ԲՈՒՀին ներդրումը Սփիւռքի գոյատեւման պայքարին մէջ: Ինչ պատճառաբանութիւն ալ փորձուի տրուիլ այս երեւոյթին՝ արդարանալու տեղ չկայ: Գործուածը մեծ սխալ մըն է եւ աններելի:
Այս առիթով այլ ցաւալի հարց մը արծարծենք, մատը ուղղակի ոչ թէ վէրքին վրայ դնելով՝ այլ կոխելով:
Խօսքը ԵՊՀի հայկական բանասիրական բաժանմունքի (ֆաքուլթեթի) հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ, դոկտորական կոչումով Լեւոն Եզեկեանի մասին է: Համալսարանին նախագահէն (ռեքթորէն) մինչեւ զանազան բաժիններու տնօրէններու (տեքաններու) խօսքերը կը տրուին այս տեսանիւթին մէջ, ներառեալ Լեւոն Եզեկեանինը, որ քանի մը անորոշ արտայայտութիւններէ անդին չ՚անցնիր:
Ինչպէս Հայաստանի մէջ շատ կը կրկնեն եւ հայաստանեան արբանեակային հեռատեսիլի կայաններէն ալ շատ կը լսենք այս արտայայտութիւնը՝ ցաւօք սրտի, այստեղ կրկնելով ըսենք, որ ցաւօք սրտի Հայաստանի մայր Համալսարանի հայկական բանասիրական բաժնի հայոց լեզուի ամպիոնի այս վարիչը, իր գլխաւորած բաժնին մէջ անգիր օրէնք հաստատած է, որ հոն որեւէ դոկտորական թէզ չի պաշտպանուիր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ, որուն փաստը այդ ամպիոնէն արեւմտահայերէնով որեւէ դոկտորական աստիճանի չտրուիլն է տասնամեակներէ ի վեր, իսկ ան արեւմտահայերէնը սփիւռքահայերէն կ՚անուանէ…:
Այսպիսի անձի մը երեւիլը այս տեսանիւթին մէջ եւ ոչ մէկ բառ չըսուիլը այնտեղի անցեալի եւ ներկայի (եթէ կան) սփիւռքահայ ուսանողներու մասին, արդէն հարցերը տարբեր ուղղութեամբ կը տանին՝ տակաւին չխորանալու համար արեւմտահայերէնի մահը ազդարարող հայ թէ օտար կաչաղակներու յետին միտքերուն մասին…:
Եւ ինչպէս միշտ, անխուսափելիօրէն քաղաքականութիւնն ալ կը մտնէ այսպիսի երեւոյթի մը մէջ: Նշեալ տեսանիւթին վերջաւորութեան Հայաստանի այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու կարգին կ՚երեւի ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը --որ ի դէպ Երեւանի Ճարտարագիտական (Փոլիթեքնիք) համալսարանի (նախապէս ինսթիթութ (հիմնարկ) կարգավիճակով) աւարտական է--, ապա ներկայի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հեռակայ կարգով ուսանած եւ աւարտած է ԵՊՀի հայկական բանասիրական բաժինը եւ այժմ Համալսարանին հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, իսկ ոչ մէկ խօսք կայ Հայաստանի Հանրապետութեան  առաջին նախագահ, ԵՊՀի հայկական բանասիրական բաժնի շրջանաւարտ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մասին, որուն գիտական աշխատութիւնները լաւագոյն փաստն են իր ունեցած գիտելիքներուն, իսկ ԵՊՀի ներկայի շքեղ գրադարանը, որ տեսաֆիլմին մէջ ալ կ՚երեւի, անոր օրով կառուցուած է այն տարիներուն, երբ Արցախեան պատերազմը կար եւ երկրին մէջ ելեկրտրականութեան սուր տագնապ կը տիրէր…:
Այս իրողութիւնը կ՚ուզեմ, որ քաղաքականօրէն չընկալուի, որովհետեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շատ մը քաղաքական հայեացքներուն եւ մօտեցումներուն համաձայն չեմ: Բայց այդ մէկը չի նշանակեր, որ անոր քաղաքական հակառակորդը ըլլալու պատճառով՝ պէտք է անոր ըրածը դուրս ձգել տեսանիւթէ մը, որ հայրենի ակադեմական հաստատութեան, այդ ալ տեղեկատուութեան (ինֆորմաթիքայի՝ ինչպէս կը սիրեն ըսել Հայաստանի մէջ անցեալէն եկած ոչ բարի սովորութեամբ) այս դարուն: Բայց պէտք է մտածել, թէ իրենցմէ յետոյ ալ ուրիշներ պիտի գան իշխանութեան: Իսկ եթէ՞ անոնք ալ նոյն ձեւով վարուին…: Թէ ոչ արդէն ինձմէ վերջ ջրհեղեղի միտումն է, որ կը գործէ:
Ճիշդ այսպիսի ենթակայական եւ կողմնակցական մօտեցումներու պատճառով է, որ հայրենի հայագիտութիւնն ու հայերէնաիմացութիւնը ողբալի աստիճանի հասած են՝ հայրենի մասնագէտներու իսկ վկայութեամբ (հայաստանեան արբանեակային հեռատեսիլի կայաններու հաղորդումները ապացոյց), դեռ չենք խօսիր արեւմտահայերէնի իմացութեան եւ Սփիւռքի տարածքին Հայաստանի այս իրականութեան ձգած ժխտական ազդեցութեան՝ Արեւմուտքի համալսարաններուն մէջ հայագիտական ամպիոններուն վրայ, որուն մասին վերջերս աւելի մանրամասնօրէն տեղեկացանք բանասէր Սեդա Տատոյեան-Պարսումեանի տուած դասախօսութենէն:
Յուսանք, որ այս նկատողութիւնները տեղ կը հասնին եւ յօդս չեն ցնդիր ու ամենակարեւորը հոն նշուած թերիները կը սրբագրուին: Ըսուածը ցանկատեսութիւն չէ այլ իրատեսութիւն՝ ի սէր հայոց լեզուին անաղարտ պահպանման հոն թէ հոս (Հայաստան եւ Սփիւռք):

-----
(*) Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական բանասիրական բաժանմունքի
1982ի շրջանաւարտ։

«Զարթօնք», Դեկտեմբեր 20, 2012

No comments:

Post a Comment