15.11.12

Յարգա՛նք եւ զարմա՛նք այդ սերունդին

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցեալները բարեկամ մը կը խօսէր, թէ հեռաւոր Արժանթինի մէջ վաստակաւոր կրթական մշակ մը (՚՚*)  իր մահկանացուն կնքելէ առաջ խնդրած է անմիջական իր բարեկամներէն, որ Դաշնակցութեան դրօշով ծածկուի իր դագաղը…
Յիշենք, որ տասնութ տարիներ առաջ նոյն այս մտաւորականը իր տասնեակ տարիներու ծառայութենէն ետք, կուսակցական պատիժ ստացած եւ հեռացուած էր շարքերէն: Սակայն հաւատարիմ իր կուսակցութեան, անցնող տասնամեակին միշտ ալ կարգապահ հայու իր ընթացքով եւ տարիներու իր փորձառութիւնը միշտ նորահաս սերունդին տրամադրութեան տակ դրած` ձեւով մը մղիչ ուժ մըն էր:
Այս դէպքը ալեկոծեց հոգիս եւ միտքս. սկսայ մտածել այն սերունդին մասին, որ ամբողջ տարիներ կուսակցութեան ճամբով ծառայութիւններ ըրած է ժողովուրդին, ազգին, Հայ դատին եւ բոլոր ժամանակներուն ալ տարբեր պատճառներով հեռացուած են կուսակցութենէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն դասալիք համարուեցան բոլոր արտագաղթողները եւ կուսակցական շարքերէն հեռացուեցան: Այդ տղոց մէջ կային կեդրոնական կոմիտէէն մինչեւ ամէնէն պարզ շարքայինը: Բոլորը անխտիր հեռացուեցան, շատ քիչեր հակադրուեցան կուսակցութեան, սակայն մեծամասնութիւնը յարգեց որոշումը եւ կարգապահ շարքայինի մը պէս մնաց լուռ: Աւելի՛ն. ութսունական եւ իննսունական թուականներուն խումբ մը շարքայիններ հեռացուեցան կուսակցութենէն. այս բոլորը, սակայն, կուսակցութեան գաղափարախօսական, մարտական եւ ռազմավարական հզօրացումի նպաստեցին:
Յաճախ կը մտածեմ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը եթէ արտագաղթողները չպատժուէին եւ կազմակերպուած մարդուժի դասաւորում ըլլար գաղութներէն ներս, արդեօք մենք աւելի հզօր գաղութներ չէի՞նք ունենար թէ՛ Գանատայի, թէ՛ Եւրոպայի, թէ՛ Ամերիկայի եւ թէ՛ Աւստրալիոյ մէջ:
Այսօր Արժանթինէն հասած բօթը իսկապէս ցնցած է հոգիս, այն իմաստով, որ տակաւին սերունդի մը վերջին «մոհիկաններ»-ը մեծ հաւատքով եւ նուիրումով կը հաւատան կուսակցութեան դրօշով թաղուելու գաղափարին: Տակաւին սերունդ մը կայ շարքերէն ներս թէ դուրս, որոնց արիւնին մէջ է Դաշնակցութիւնը, անոնք ըլլան շարքային թէ ոչ:
Դժբախտաբար նոր սերունդին մէջ այս կապուածութիւնը չենք տեսներ ո՛չ թէ միայն կուսակցութեան, այլ` եկեղեցիին, դպրոցին, տունին, թաղին… Մեքենայացած եւ մակերեսային դարու «բարիք»-ներէն է, որ անպայման տեղ մը մենք ալ իբրեւ հայ ազդուած ենք:
Յարգա՛նք եւ զարմա՛նք այն սերունդին, որ հակառակ տարիներու իրենց նուիրումին եւ հաւատքին` կարգապահ նուիրուածութեամբ փափաքը ունին Դաշնակցութեան դրօշով թաղուելու…

 «Ազդակ», Նոյեմբեր 9, 2012
 

(*) Խմբ. «Հայկականք»ի. Արժանթինահայ կրթական ու հանրային գործիչ եւ գրագէտ Պետրոս Հաճեան մահացած է Սեպտեմբեր 4, 2012ին Պուէնոս Այրէսի մէջ (տե՛ս «Ազդակ», Սեպտեմբեր 6, 2012)։

1 comment:

  1. Անշուշտ, այն հաստատումը, թէ 1980ական եւ 1990ական թուականներուն «խումբ մը շարքայիններ»ու (իրականութեան մէջ՝ շատ աւելի, քան «խումբ մը»)հեռացումը նպաստած է «կուսակցութեան գաղափարախօսական, մարտական եւ ռազմավարական հզօրացումի»ն՝ շատ ջուր կը վերցնէ։ Կը բաւէ վերջին 20-30 տարիներուն իրատես հաշուեկշիռը ընել եւ պատկերը շատ պարզ կը դառնայ...։

    ReplyDelete