9.10.12

Նամակ՝ «Ազգ» օրաթերթի խմբագրութեան

Յարգելի՛ պրն խմբագիր,
Անձնապէս «Ազգ»ի ընթերցող մը չեմ: Ե-նամակի ճամբով բարեկամէ մը ստացայ 3/10/2012ի թիւը եւ զարմանքի ու արգահատանքի խառնուրդ զգացումով կարդացի յունահայ գաղութին նուիրուած գրութիւն մը` ապշեցուցիչ խորագրով.- Հայի «պատերազմ» հայի դէմ:
Զարմացայ, անոր համար, որ յօդուածագիրըՙ քաղած իր մակերեսային ու անճիշդ տեղեկանքը եւ կատարուած նոյնքան անճիշդ ու մակերեսային վերլուծումները, հրամցուցած է ընթերցողներուն եւ յունահայ գաղութը ներկայացուցած շրջուած պատկերով մը, որ ժխտումն է մանաւանդ վերջին առնուազն քսանհինգ-երեսուն տարիներու իրականութեան: Այնպէս կը թուի, որ տեղեկատուին ու... ձեր թերթին համար ժամացոյցը ցանկալի է որ կեցած ըլլար աւելի քան յիսուն տարի առաջուան տխուր իրադարձութեանց վրայ: Յօդուածագրին համար ըսելիք չունիմ, քանի որ յայտնօրէն լսածները պարզ արտագրող մը եղած է ան: Գաղութ մը ներկայացնելու համար փնտռած ու գտած է... գաղութին անծանօթ կամ նոր ծանօթացող հոգեւորական մը, որ չեմ գիտեր ուրկէ եւ որմէ լսածները իրեն փոխանցելով ստանձնած է (թերեւս «անմեղօրէն») տխուր դերը ապատեղեկացնող տեղեկատուի:
Սփիւռքի գաղութները ներկայացնելու այլապէս գովելի ձեր նախանձախնդրութիւնը պիտի արժեւորուէր, եթէ միեւնոյն նախանձախնդրութեամբ արձագանգէիք ժխտական երեւոյթներու կողքին,- ինչ որ բոլորս կը վրդովէ,- նաեւ դրականին, իրագործումներուն: Գաղութներով հետաքրքրուող խմբագրութիւնդ զարմանալի է որ չի գիտեր, թէ յունահայ գաղութը այն քիչերէն է, թերեւս միակը, որ հակառակ իր փոքր թիւին, ունի ազգային ու եկեղեցական, միութենական ու կուսակցական հոծ գաղութի մը բոլոր գործօնները,- հայերէն օրաթերթ, շաբաթաթերթ, յունարէն պարբերաթերթ, ամէնօրեայ չորս մանկապարտէզներ, երեք նախակրթարաններ, քսան տարիէ ի վեր` նաեւ միջնակարգ վարժարան, հեռաւոր քաղաքներու մէջ` շաբաթօրեայ: Կը պահէ առաջնորդարան յարակից մարմիններով, եկեղեցիներով ու քահանայական դասով: Ունի 70-80 անդամ-անդամուհիներ հաշուող պարախումբ, սիրողական թատերախումբ (տարեկան մէկ ներկայացումով) մարզական ու սկաուտական խումբեր, ակումբներ, եւայլն, որոնք կը պահուին շնորհիւ ազգայիններու կամաւոր աշխատանքի տրամադրուածութեան, եւ անոնց բարոյական ու նիւթական զոհողութիւններուն, եւ ոչ թէ` հայի «պատերազմ» հայի դէմ» ով...
Ինչ կը վերաբերի Անթիլիաս-Էջմիածին թեմական անբաղձալի իրավիճակին, յայտնեմ, որ գաղութի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող այսօրուան ազգայիններուն ճնշիչ մեծամասնութիւնը, չըսելու համար` գրեթէ բոլորը, թեմական այդ վէճերու ծագման ու տխուր իրադարձութեանց օրերուն ծնած իսկ չէին կամ հազիւ նորածին, որով գաղափար ալ չունին ատոնց դրդապատճառներուն մասին, հետաքրքրուած ալ չեն: Իրենց գլխաւոր խնդիրը նորածին հայ երեխան հայ եկեղեցւոյ միւռոնով մկրտելու հարցն է եւ ոչ թէ միւռոնին ուրկէ եկած ըլլալը, Էջմիածնէն թէ Անթիլիասէն: Այնպէս որ, ուրկէ՞ եւ ինչո՞ւ այն կարծիքը, թէ թեմական տարբերութիւնը իրարու դէմ ոխակալութեամբ լեցուցած ըլլայ նոյնիսկ ամէնէն մոլեռանդները (եթէ մնացած են անոնցմէ), որպէսզի ոեւէ անձ գաղութին համար համարձակի հրատարակութեան տալ սա անհեթեթութիւնը. «Հապա ո՞ւր է հայապահպանութիւնը, չկայ, միայն թշնամութիւն ու ատելութիւն է...»: Նոյնպէս, անհեթեթութիւն է եւ խառն ամուսնութիւն կնքողի հարազատներուն դառնութիւնն ու ներքին լուռ տառապանքը աւելի կը խորացնէ մտացածին ձաբռտուքը, թէ` «այսօր էլ գնում են աղջիկ ուզելու, դա դաշնակցականի տղայ է, մենք նրան աղջիկ չենք տայ...»ն:
Յարգելի՛ պրն խմբագիր,
Ինքզինքիս չկրցայ բացատրել, թէ ինչի կը ծառայէր հրատարակութիւնը եւ թէ ի՞նչ էր միտք բանին` պատուէրով թէ առանց պատուէրի գրուած յօդուածի մը, որ յունահայ գաղութի այսօրուան իրականութեան, անոր դիմագրաւած տնտեսական թէ ազգային լրջագոյն դժուարութիւններուն կամ փոքր ու մեծ իրագործումներուն, ներկայ պատկերին կամ ապագայի պատկերացումներուն հետ որեւէ ձեւով կապ չունի: Ոմանց մօտ նոր օրերու մէջ հինի կարօ՞տը արդեօք: Թեմական վէճերու վերարծարծո՞ւմը թերեւս: Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յունահայ գաղութի մէջ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած անտեղեակ երիտասարդ եկեղեցականին հոգին պղտորած է եւ միտքը թունաւորած` 40-50 տարուան հնութիւն ունեցող եւ արդէն մոռցուած տխուր դէպքերով, ահաւոր զրպարտութիւններով եւ սուտ վերագրումներով հանդերձ: Մինչդեռ ներկայի ազգային պայմանները կը թելադրեն քաջալերել ի հոգեւորս ծառայող ոեւէ եկեղեցականի, որ վանէ ամէն նախապաշարում ու կանխակալ տրամադրութիւն եւ գործէ նոր օրերու մէջ նորոգ տեսիլքով ու թռիչքով: Ահա նաեւ թէ ինչու զարմանքիս խառնուած արգահատանքի զգացումս մարդոց նկատմամբ, որոնք նոր օրերու մէջ հինին վերադառնալու սին յոյսով կ՛ապրին:
Գիտեմ, որ լրագրողներ զգայացունց վերնագիրներ կ՚ընտրեն, որպէսզի ընթերցողին ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն թերթին կամ թղթակցութեան մը վրայ: Խմբագրութիւնդ աւելի լաւ գիտէ, որ կան նաեւ ընթերցողներ, որոնք կարգ մը վերնագիրներուն վրայ աչք մը կը նետեն միայն եւ կը մնան վերնագրի թողած տպաւորութեան տակ: Յօդուածը կարդացողներուն վրան ալ մեծապէս կ՛ազդէ խորագիրը: Տուեալ թղթակցութեան պարագային սակայն, կ՛արդարանա՞յ այդպիսի զգայացունց խորագիր, ինչպիսին է «Հայի պատերազմ հայի դէմ», զոր ընտրած է թղթակիցը եւ խմբագրութիւնդ ալ իր օրհնութիւնը տուած:
Խմբագրութենէդ պատասխանի սպասողը չեմ: Հաւանաբար իրաւունքն ալ չունիմ նման ակնկալութեան, քանի «Ազգ»-ի ընթերցող մը չեմ եղած անցեալին, չեմ նաեւ հիմա: Բայց անտեղի չեմ նկատեր ոեւէ ազգայինի ակնկալութիւնը ոեւէ խմբագիրէ, որ սփիւռքեան գաղութները իր ընթերցողներուն ներկայացնելու նախանձախնդրութեան կողքին` ցոյց տայ նաեւ որոշ առարկայականութիւն եւ կառուցողականութիւն:
Յարգանօք`
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ, Աթէնք

Խմբ. կողմից. - Մեր լրագրող Յասմիկ Յարութիւնեանիՙ  21 օր Աթէնքում անցկացրած ժամանակահատուածում տեսածը, լսածն ու զգացածը չի կարող կոչուել պատուէր: Չի կարելի իրականութեան արտացոլումն անուանել պատուէր: Անշուշտ, այսօր, բարեբախտաբար, իրավիճակն Աթէնքում այն չէ, ինչ տասնամեակներ առաջ, սակայն այդ ատելութեան եւ թշնամանքի շորշոփն այսօր էլ ակնյայտ է: Գուցէ ներսի հայեացքի համար այդքան ակնառու չէ, սակայն դրսից փոխադարձ անվստահութեան մթնոլորտը խիստ ցայտուն է:
Բացի դրանիցՙ թղթակիցը հանդիպել է երկու կողմերի հոգեւորականներին, զրուցել նրանց հետ, Տէր Նարեկն էլ իր խօսքում ներկայացրել է տեսակէտը:
Ինչ վերաբերում է համայնքի կեանքին, ապա յառաջիկայում թերթը կ'անդրադառնայ նաեւ յունահայ համայնքում գործող թերթերին, դպրոցներին ու թատրոնին:

«Ազգ», Հոկտեմբեր 9, 2012

No comments:

Post a Comment