27.10.12

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը սկսաւ աշխատանքի

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Լիբանանի անդամները Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարած նիստի ընթացքին առին հետեւեալ որոշումները.-
ա) Վերջնական ձեւ տալ Յանձնաժողովի աշխատանքային ուղեգիծին յատուկ ենթայանձնախումբի մը ճամբով, Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ
գտնուող իր անդամներու կատարած առաջարկներու լոյսին տակ:
μ) Արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող լեզուական եւ ուղղագրական սխալները ճշդելու ձգտող կատարուած աշխատանքի առաջին բաժինը որոշուեցաւ քննել եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ լծուիլ գործնական աշխատանքի:
գ) Յանձնաժողովը որոշեց լծուիլ մասնագիտական բառերու առձեռն բառարան մը պատրաստելու աշխատանքին:Յանձնաժողովը իր աշխատանքը պիտի կատարէ հանգրուանային կերպով եւ առաւելագոյն չափով ունենալով ոչ միայն իր անդամներուն տեսակէտներն ու մասնակցութիւնը, այլ նաեւ՝ կարծիքները այն բոլոր մտաւորականներուն, որոնք մտահոգութիւն մը կամ գործնական առաջարկ մը ունին այս ուղղութեամբ:
Յայտնենք, որ Յանձնաժողովի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ մարզերուն վրայ.- 1) գործածուող արեւմտահայերէնի սրբագրում, 2) անոր գործածութեան տարածում, 3) մասնագիտական բառերու ժողովրդականացում: Այս ուղղութեամբ անոնք, որոնք կ՚ուզեն առաջարկ ներկայացնել, կրնան կապ պահել Յանձնաժողովի քարտուղար տիար Սարգիս Կիրակոսեանի հետ (edu@armenianorthodoxchurch.org):
Ստորեւ՝ Յանձնաժողովի անդամներուն ամբողջական ցանկը.-
Երուանդ Փամպուքեան՝ ատենապետ (Լիμանան)
Պէպօ Սիմոնեան՝ ատենապետ (Լիμանան)
Սարգիս Կիրակոսեան՝ Քարտուղար (Լիμանան)
Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան (Փորթուկալ)
Վրէժ Արմէն Արթինեան (Գանատա)
Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան (Լիբանան)
Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան (Կիպրոս)
Գերպ. Հայր Լեւոն Զէքիեան (Իբալիա)
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (Լիբանան)
Ռոպէր Հատտէճեան (Թուրքիա)
Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան)
Լեւոն Շառոյեան (Սուրիա)
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (Ֆրանսա)
Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան)
Դոկտ. Գրիգոր Պլըտեան (Ֆրանսա)
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան (Սուրիա)
Դոկտ. Երուանդ Քասունի (Լիբանան)
Նազարէթ Պէրպէրեան (Յունաստան)
Կարօ Յովհաննէսեան (Լիբանան)
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (ԱՄՆ)
Ժիրայր Դանիէլեան (Լիբանան)
Սարգիս Մահսէրէճեան (ԱՄՆ)
Պարոյր Աղպաշեան (Լիբանան)
Յակոբ Պալեան (Ֆրանսա)
Դոկտ. Յակոμ Կիւլլիւճեան (ԱՄՆ)

«Ազդակ», Հոկտեմբեր 8, 2012

No comments:

Post a Comment