8.9.12

Տղայ մը, որ կ՚երազէր բանաստեղծ ըլլալ

ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆ

Նորոգ հանգուցեալ գրագէտին այս յօդուածին հետեւեալ հատուածը լոյս տեսած է «Ազդակ» օրաթերթի Օգոստոս 13, 2011ի թիւին մէջ։ Ճակատագրի դառն հեգնանքով, ան կ՚ոգեկոչէր իր կայացումին չհասած բանաստեղծ Ա. Երազենցը եւ 1950ականներու Հալէպը, մինչ հազիւ տարի մը ետք կը պարտաւորուինք խոնարհելու Պետրոս Հաճեանի թարմ յիշատակին առջեւ։ Կ՚արտատպենք այս էջը ի յուշ իրեն եւ «երազային Հալէպ»ի։
… Վերոյիշեալ այդ «ամայութեան» մէջ է որ երեւան եկաւ ինքնուս եւ համարձակ տղայ մը` Ա. Երազենց (երբեմն նաեւ` Աւետիս Մատեան), որ հրատարակելով «Կանթեղ» պարբերաթերթը, փորձեց հանդէս մը ըլլալ գրականութեան եւ արուեստի, յաջորդել ա՛լ Հալէպէն արտագաղթած  «Նայիրի»ին, եւ աճումի ու կազմաւորումի ածու մը ըլլալ… «նոր գրողներու», ինչ` որուն համար շատ խիստ, շատ պահանջկոտ,  անմատչելի գագաթ մըն էր Անդրանիկ Ծառուկեանի թերթը, եւ որուն հանդէպ գրեթէ անտարբեր էին Հալէպ հրատարակուող «Արեւելք»ն ու  այլեւս դադրած «Եփրատ»ը:
Եթէ ուշի-ուշով պրպտենք «Կանթեղ»ի հրատարակուած երեք թիւերը (1953, 1954  մարտ, 1954 յունիս, բացառիկ) դիւրութեամբ պիտի հաստատենք հետեւեալ իրողութիւնները.-
ա) «Կանթեղ»ը իր շուրջ համախմբեց սկսնակ գրողներու փունջ մը եւ անոնց ծաղկումին համար եղաւ մատչելի հող մը.- Յարութիւն Ձորեցի, Զուլալ Գազանճեան, Սարգիս Համպոյեան, Երուանդ Տեմիրճեան, Պետրոս Հաճեան, Յարութիւն Ստեփանեան, Արաքսի Պասմաճեան, Գրիգոր Վարդգէս, Սամուէլ Մկրտիչեան, Հայկազ Պետրոսեան, Պետրոս Գալուստեան, Արմեպիլ: Չեմ ըսեր, որ անպայման տեղ հասան այս բոլոր տղաքը եւ անպայման օժտուած էին գրական տաղանդով, կ՛ուզեմ  ընդգծել  միայն, որ բոլորին համար կը բացուէր բեմ մը, ուր անոնք կրնային լծուիլ իրենց կազմաւորումին եւ կատարելագործումին, բեմ մը, որ կը բացակայէր գոնէ հալէպահայ կեանքի մէջ: Ամէն պարագայի տակ` վերի խումբէն մենք ունեցանք հայ բանաստեղծութեան ինքնատիպ դէմքերէն մէկը` Զուլալ Գազանճեանը: Երուանդ Տեմիրճեան, որ  շնորհալի եւ տաղանդաւոր տղայ մըն էր, փոխանակ զարգացնելու իր գրական ընդունակութիւնները, ինքզինք նուիրեց հրապարակագրական հռետորութեան, Ձորեցի երբեք չկրցաւ ձերբազատուիլ Պոլսոյ նախաեղեռնեան շրջանի գրելաոճէն, Սարգիս Համպոյեան լքեց գրականութիւնը եւ նուիրուեցաւ խմբավարութեան, Սամուէլ Մկրտիչեան գրական չափանիշներէ դուրս կը շարունակէ գրել հայ կեանքի մարզական-կազմակերպական ախորժներուն մասին, Արմեպիլ (Արմենակ Պիլէզիկճեան, Տիգրան Թոսպաթի «Այգ»ի երբեմնի լրագրող ), որ հատոր մը հրատարակեց Թէքէեանի եւ Ծառուկեանի խառնուրդով շաղախուած բանաստեղծութիւններու, կորսուեցաւ հրապարակէն:  Օժտուած տղայ մըն էր Յարութիւն Ստեփանեանը, որուն մասին բացարձակ տեղեկութիւն չունիմ այժմ, ինչպէս եւ միւսներուն: Իսկ Պետրոս Հաճեանը կա՛յ ինչպէս որ կայ:
Կարեւորը այստեղ  իր կարգին սկսնակ  Ա. Երազենցի ճիգն է:
բ) «Կանթեղ»ը յաջողեցաւ ապահովել աշխատակցութիւնը ժամանակի ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն շատերուն, որոնք իրենց ստորագրութիւններու բնագիրով ներկայ են յատկապէս 1954-ի բացառիկին մէջ.- Նշան Պէշիկթաշլեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Եդուարդ Պօյաճեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Արսէն Երկաթ, Վահէ Օշական, Յ. Գեղարդ, Վարդան Գէորգեան, Կարօ Փօլատեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Արամ Երեմեան, Արամ Գառօնէ,  Նուպար Չարխուտեան, Հ. Վահան Յովհաննէսեան, Հ. Եփրեմ Տէր Ղազարեան:
Աշխատակիցներու վերեւի շքախումբով, ինչպէս եւ նիւթերու այլազանութեամբ, սկսնակ գրողներու յատկացուած բաւարար էջերով եւ ուշադրութեամբ`  Ա. Երազենցի «Կանթեղ»ը կրնար հալէպահայ գաղութին մէջ ըլլալ գրական-մշակութային շարժումի խթան մը, եթէ երրորդ իր քայլափոխին, այսինքն` բացառիկի հրատարակութենէն  վերջ չընկրկէր…  «գինովի մը թուղթերէն», եւ վերջնականապէս հրաժեշտ չառնէր հրապարակէն…: Այս կէտը արդէն ուրիշ պատմութիւն  է, ուրի՛շ վրդովում:
գ)  «Նայիրի»ի  Լիբանան մեկնումով` կը վերահաստատուէր մտաւոր-մշակութային կապը ընդմէջ հալէպահայ գաղութի եւ սփիւռքեան այլ շրջաններու: Տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծագործող հայ գրողները հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէին հալէպահայ ընթերցողներու հետ, ուրեմն Հալէպ քաղաքը կը շարունակէր օղակներէն մէկը մնալ սփիւռքահայ գրականութեան:  «Կանթեղ»ի հրատարակութեամբ Հալէպ վերստին  կ՛ունենար գրականութեան ու արուեստի նուիրուած հանդէս մը: Անշուշտ ճիշդ չ՛ըլլար մտածել, որ Ա. Երազենցի պարբերաթերթը կու գար փոխարինելու Ծառուկեանի ամսաթերթը, ո՛չ ալ  անոր  ներկայութիւնը համազօր էր «Նայիրի»ի ներկայութեան:
Բայց «Կանթեղ»ը նոր բեմ մըն էր, աւելի ճիշդ` նորածին մը, որ հասուննալու եւ արդիւնաւորապէս գործելու համար պէտք ունէր  հոգածութեան եւ խնամքի, որ դժբախտաբար չունեցաւ, ընդհակառակը, ուրեմն աւելի քան տրամաբանական եղաւ կանխահաս իր վախճանը:
Վերջերս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռի հովանիին տակ գործող «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» գրական հիմնադրամի գնահատելի որոշումով լոյս տեսած է Ա. Երազենցի խմբագրած պարբերաթերթին երեք թիւերուն միացեալ հատորը, ներառեալ` ողբացեալ խմբագրին ուղղուած նամակները: Աչք մը նետելով այս հրատարակութեան` կրնանք վերահաստատել մեր տպաւորութիւնը ինչ կը վերաբերի վերեւ մատնանշուած կէտերուն: Առաւել` արձանագրելով խմբագրական որոշ հասողութիւն մը (բոլորովին անփորձ եւ սկսնակ խմբագրի մը կողմէ) իր ճաշակաւոր աշխատելակերպով  եւ անզգոյշ… գրելակերպով: Բաներ կամ խարխափումներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնային բարեկարգուիլ, բարելաւուիլ, հանրային ընդունելութեան  ուղղութիւն ստանալ:
Ամէն պարագայի տակ, «Կանթեղ»ը էջ մըն է հալէպահայ գրական տարեգրութեան մէջ: Ուսանելի էջ մը:
Ես կ՛ուզեմ այս յօդուածս փակել անգամ մը եւս յիշելով  «Կանթեղ»ի հրատարակութիւնը եւ ցկեանս դադարումը:
Աւետիսին հայրը սափրիչ էր, եւ լաւ սափրիչ` ինչպէս կ՛ըսէին իր յաճախորդները: Իր սափրիչի խանութը կը գտնուէր Քարէն Եփփէ Ճեմարան առաջնորդող Նոր Գիւղի  երկրորդ պողոտայի անկիւնադարձին, փոքր վարձակառքերու կայանին, Սահակի սրճարանին եւ լրագրավաճառ Լեւոնին կրպակին մօտերը:
Որքան գիտեմ` սափրիչը անգրագէտ էր, եւ երբ Աւետիս  ձեռնարկեց պարբերաթերթի հրատարակութեան, անշուշտ նիւթական յանձնառութեան տակ մտնելով, հայրը սոսկալի բարկացաւ  իր զաւկին այս… արկածախնդրութենէն եւ տեւաբար կը ձաղկէր զայն, կը յանդիմանէր եւ անոր գլխուն կը տեղացնէր հայհոյանքներու թրքերէն ճոխ հաւաքածոյ մը:
- Գետինը անցնի այդ… «կենթաղ»ը, եւ կը շարունակէր  իր պատկերազարդ հայհոյանքները… գործի՛դ նայէ, լակո՛ տ, մա՛րդ եղիր, փոր չեն կշտացներ ատ բաները …կը գանգատէր ան:
Սափրիչ  Կարապետին ցանկութիւնը շուտով իրականացաւ: Որոշ չափով, թերեւս նաեւ լրիւ չափով, իրաւացի էր ան, երբ կը յայտարարէր, թէ «ատ բաները փոր չեն կշտացներ»:
Եւ փոր չկշտացնող «Կենթաղ»ը գետնին տակը անցաւ»:
Ճիշդ չէ անշուշտ նոյն ըսելաոճը գործածել նորոգ հանգուցեալի մը դագաղին առջեւ եւ նոյնինքն հանգուցեալին ակնարկելով, բայց ըսելաոճի միտք բանին եւ գաղափարը նոյնն  է` մէկուն գերեզման իջնելը, վերջնական անհետացումը:
Այս պահուն, գերեզման իջած-անհետացած է Աւետիս Պարմագսզեանը:
«Կանթեղ»ի խմբագիրը` գրական ծածկանուններով Աւետիս Երազենց կամ Աւետիս Մատեան, սափրիչ Կարապետի  անդրանիկ որդին, գետնին  ա՛յս կողմը չէ այլեւս, իր հարազատներուն, բարեկամներուն, մերձաւորներուն թէ գործակիցներուն քովն  ի վեր, այլ գետնին մի՛ւս կողմը, այսինքն` անհետացումի առաջին հանգրուանին` գերեզմանի մէջ, որուն առջեւ եթէ հարազատները կու լան ու կ՛ողբան, մերձաւորներն ու բարեկամները` հին թէ նոր, բարոյական ու մարդկային պարտք ունին  կենդանի պահելու յիշատակը մէկուն, որ ծառայութեան փոքր վաստակ մը ունեցաւ ի խնդիր հայ գրականութեան, ի խնդիր հայ գրականութեան նուիրուելու պատրաստուող սկսնակներուն, հոգ չէ թէ տերեւ  մը ըլլայ այդ ծառայութիւնը, երբ գիտենք, որ առանց տերեւի բոլորովին մերկ ու տկլոր կը մնայ ծառը:
Ոչ եւս է Ա. Երազենց` Հալէպի 50-ական թուականներու գրական սկսնակներուն Աքելլան:
Ափսոս եւ շնորհակալութիւն, սիրելի՛ Աւետիս:

No comments:

Post a Comment