24.11.10

Մշակութային քաղաքականութիւն

Այս երկու յղացքներու դրացնութիւնը հազուագիւտ երեւոյթ է մեր մօտ։ Բառերը մաշած գունատած գորգերու պէս կորսնցուցած են իրենց ճշգրտութիւնը, ինկած են շրջուն վաճառորդներու ուսերուն։ Այնպէս որ այսօր «մշակոյթ» գաղափարը կը զուգադիպի գլխաւորաբար գրականութեան հետ, ժանանակակից հայ գրականութիւնը, այդ կոճկուած, ինքնիր շուրջ դարձող, անուշահոտ գործածող տարիքոտ ամուրին որուն կը հանդիպինք քոնսէրներու միջնարարին։ Մեր մէջ, գրականութիւնը շատ ալ տարբեր չէ գրականութեան մասին դասախօսութենէ, տարբեր չէ այդ դասախօսութեան մասին թերթի ղրկուած թղթակցութենէ։ Մշակոյթի կը կարծենք ծառայել երբ անցեալի վարկով (յաճախ խնդրական...) կը ծպտուինք, կը փորձենք մենք մեզ խաբել կամ ուշադրութիւն գրաւել միջազգային սակարանի մէջ։ Աստուած չընէ որ օտար մը գովէ մեր ժողովուրդի ձգած հետքը պատմութեան ճամբուն, երկու անուշ խօսք ընէ մեր մասին – կը ծռինք կօշիկին փոշին կ՚առնենք...։ Մշակոյթը դեռ հոմանիշ է Կովկասեան պարի, էսթրատային երաժշտութեան, կէս-ականջ պատարագին, նոյնիսկ ամավերջի հանդէսին...։ Եթէ այս բոլորը իրար խառնենք ու հասարակաց յայտարարի զարնենք, երեւան կու գայ կրաւորական ու ցեղակեդրոն նկարագիրը մեր ըմբռնումին։
«Քաղաքականութիւն» գաղափարն ալ նոյն այլասերած ճակատագրով վիրաւոր է։ Քանի քանի՛ իմաստ ու երանգ – մոլուցքէ մինչեւ քոքթէյլ ու ճառ, անցնելով ցոյցէն ու սգահանդէսէն։ Վտանգաւորն ու անվնասը իրար խառնող խաղ է ան։ Ու ինչքան ամբոխային ակամայ մղումներ, ամլութիւն ծածկելու ինչ ճիգ՝ որ իրար դէմ կը նետէ քաղաքական ու դասակարգային մոլեռանդութեամբ զինուած խմբաւորումներ, որ Հայ Դատը կը վերածէ սուգի, վրէժի պոռոտախօսութեան դաշտահանդէսի մը ուր կը կոխկռտուի պուտ մը խելքը որ դեռ մնացեր է մեր անցեալի իմաստութենէն։ Ինչքան մաղձ՝ մեր խօսքերուն ու լռութիւններուն տակը, որ նոյնիսկ չի վարանիր նախատել անոնք որոնք հայրենիքի գաղափարով մեռան կէս դար առաջ։ Մարդ սոսկումով կ՚անդրադառնայ որ մեր կեանքի գրեթէ բոլոր երեւոյթները դեռ ախտալի ստորադասութեան մը կնիքին տակը կը մնան։ Հինգ դար տեւող ստրկութեան թոյնը ազգային խառնուածքին մէջ մտած է ու ոչ քսանհինգ տարի ըմբոստական հապճեպ զգայնութիւն, ոչ ալ կէս դար ազատ, անդորր կեանքի փորձառութիւն՝ կրցած են մաքրել մեր արիւնը։ Դեռ շղթայուած ենք այդ դարերուն, թուրքի՛ն. դեռ անոր յաճախանքն է որ կը ձեւաւորէ մեր դատումները, մեր զգացումները։ Դեռ պէտք ունինք թուրքին, ըստ երեւոյթին, պէտք ունինք զայն ատելու, անոր հակադրուելու՝ որպէսզի շեշտուի մեր ինքնութիւնը։ Ետ դէպի գերութիւն...։ Ու որքան կրկնենք թուրքին անունը ու հրահրենք ժխտական զգացումներ՝ այնքան աւելի կը խրինք անոր անդոհանքին մէջ։ Թէ այս հոգեբանութիւնը ջարդերու սարսափէն առաջ կազմուած էր այն դարերուն երբ մեզի համար ապրիլը մեռնելու հոմանիշ էր՝ բան չի փոխեր մեր վիճակէն։ Տեղ մը ըսուած է որ աղէտներէ առաջ ժողովուրդներ կը մահանան իրենց ոգիէն ու խելքէն...։
Այս է կացութիւնը։
Զոր կամաց կամաց, խելքով ու լրջութեամբ, լարուած ռումբ մը քակելու զգուշութեամբ, փորձելու է բարեփոխել։ Հասկցնելու է թէ այսօր մշակոյթ երեւոյթը քաղաքակրթութեան մը մէկ երեսն է, թէ քսաներորդ դարուն ապրող Հայութիւն մը որ անցեալի արուեստէն աւելի ընելու ատակ չէ՝ ինքզինքը լոկ կը խաբէ երբ այդ արուեստով կը փառաբանուի։ Գեղեցիկ բան է, օրինակ, հայ ճարտարապետութիւնը վկայ բերել, Չարենց ու Վարուժան թարգմանել, օտար պարբերաթերթերու մէջ պարագայական յօդուածներ գրել հայ մշակոյթի մասին, գեղջուկ երգերն ու պարերը ոճաւորելով քաղքենի հասարակութիւններու հրամցնել – այս ամբողջը լաւ, սակայն ո՜ւր է մեր օրերու արուեստը, ո՜ւր է հայ արդի մշակոյթը որ ագուցուած ըլլայ արդի քաղաքակրթութեան։ Մոմով փնտռելու է։ Բարեբաղդաբար որ նկարչութիւնն ու երաժշտութիւնը ու թատրոնը կը փրկեն մեր պատիւը։ Անուրանալի է անշուշտ Հայաստանի նպաստը այս կալուածին մէջ։ Բայց, ամէն պարագայի, թող սոփեստներ չպոռան մեր երեսին թէ հող չունինք մեր ոտքին տակը, թէ տակաւ լեզու մը պիտի չունենանք մեր բերնին մէջ։ Ատիկա մենք լաւ գիտենք։ Այդ չէ սակայն հարցը։ Մեզի համար աւելի կարեւոր է որ մեր արուեստի մարդիկ հասկնան թէ ազգային անջատ մշակոյթ յղացքը ժամանակավրէպ է ներկայիս, թէ պէտրք է ստեղծեն՝ եթէ կը յաւակնին ծառայել ազգային յատուկ մշակոյթին, ժամանակակից չափանիշերու, տագնապներու ցանցին մէջ։ Արուեստը միջազգային լեզուի կը փոխուի ու արուեստագէտը, մեծ թէքնոքրաթներու նման, կը յեղաշրջուի դէպի ինքնութիւն մը որ դուրս է ազգային ծիրէն։ Այսօր արուեստը յեղափոխական զէնք ու արարք է նոյն ատեն ու մեծագոյն վտանգը՝ բռնատիրական մտայնութեան ու կարգերու։
Աւելի վտանգաւոր ուժանակ է քաղաքականութիւնը։ Ամաթէօրներու ձեռքը ու խուժանային տրամադրութիւններու քմայքին տակ՝ աղէտի կրնայ տանիլ մեզ ազգովին, անցեալով ու ներկայով։ Պետութիւններու ձեռքը սակայն, քաղաքականութիւնը ընտանի գազան մըն է, սանձուած ու օգտակար անոր որ բռնած է սանձը...։
Եզրակացութիւն.— Հասկցնելու է, առ որ անկ է, թէ Հայ Դատի քաղաքական բնոյթը կը պահանջէ որ խելքով, լրջութեամբ, ծրագրուած ու մանաւանդ գաղտնի եղանակով արծարծուի, հետապնդուի։ Եւ ոչ թէ վերածուի աղմուկ հանելու, թուրքը հարուածելու, մարդկութեան խիղճը ցնցելու հրապարակային մարզանքներու՝ որոնց հետեւանքները անկարելի է նախատեսել։ Այսինքն, միանգամընդմիշտ անջատելու ջարդերու հարցը, սուգը, վրէժը ու թուրքը ու ասոնք ամբողջ զգացական բովանդակութիւնը՝ հայ հողերու, Հայ Դատի պարունակէն որ զուտ քաղաքական բան մըն է։ Ժամանակ չունինք այլեւս երկու օրը անգամ մը թուրք խաղցնելու, անոր ոճրային բնոյթը հազարերորդ անգամ կրկնելու ու անոր հանդէպ մեր անզօր ատելութեամբ սերունդներ թունաւորելու։ Ձգելու է որ նորագոյնները գոնէ առողջ մեծնան։ Աւելի կարեւոր գործեր կան – Սփիւռքեան ինքնութիւնը, սփիւռքեան լինելութիւնը, մեր արուեստը, 20-րդ դա՛րը, ամբողջ կոյս ապագան։
Այսպէս է որ մշակութային քաղաքականութեան մը գաղափարը կը յստականայ։ «Ան որ չի ծրագրեր իր ապագան, ապագայ իսկ չունի»։ Մշակոյթի մարդիկ պէտք է հասարակաց լեզու մը գտնեն ու մագլցին իրենց հատուածական բոլոր հաւատարմութիւններէն վեր տեղ մը, կարենան մտածել միասին մեր ազգի տագնապներու մասին, ապագայի մասին։ Քաղաքականութիւն մը վարելու չափ լուրջ, մասնագիտական գործ է ասիկա։ Ու չի բաւեր վկայական, կրթութիւն, տաղանդ ու հայրենասիրութիւն այս արարքին համար։ Մշակոյթի մարդը ասոնցմէ աւելի բարոյական կորովի ու խելքի պէտք ունի, արժեցնելու համար իր կարողութիւնները, իր պատրաստութիւնը ու յեղափոխական կոչումը։
«Յեղափոխական» բառը կը գործածենք որովհետեւ չի բաւեր միայն խելքն իսկ։ «Ժողովուրդները կը զարգանան ոչ թէ պահպանողական կղզիացումով, այլ յորդող, յարձակող յուզումներու հսկայ գրոհով», կ՚ըսէ Օշական «Մնացորդաց»ի մէջ, թուրք փաշայի բերնով։ Ոչ մէկ կասկած թէ կայ այդ ուժը մեր մէջ, տակաւին։ Յեղափոխական ուժը արուեստի ու արուեստի մարդուն։ Կը մնայ միայն շղթայազերծել զայն խելքին հետ ու խելքէն վեր նոյնիսկ։ Թուրք փաշան անշուշտ կ՚ակնարկէր բնազդային, տարերային ուժերու։ Մեր պարագային՝ ոգիին ու արուեստին ուժն է նաեւ երեսուն դարերու կտակած ու տեղ մը կորսուած բնազանցական իմաստութիւնը որ երեւան պիտի գայ երբ թօթափենք կամ զգուշութեամբ մաքրագործենք թուրքին ձգած ստրկային հոգեբանութիւնը։ Ասիկա գործը պիտի ըլլայ մշակոյթի մարդոց։
Ազնիւ բան է ազգին համար, իտէալի մը սիրոյն զոհուիլ, հերոսանալ։ Սակայն յաճախ աւելի դժուար է չհերոսանալ, պարզապէս ՄԱՐԴ ըլլալ, բառին բովանդակ իմաստով։ Այդ է «մշակութային քաղաքականութեան» նպատակը։
ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ
15 Ապրիլ, 1973
(«Երիտասարդ Հայ», թիւ 74, 21 Ապրիլ 1973)

No comments:

Post a Comment