5.10.17

Ինքնագլուխ ձեռնարկ մը


ՎՌԱՄՇԱՊՈՒՀ ՆԱՐԵԿԵԱՆ
 
Պետրոս Դուրեանի շիրիմը, որ կը գտնուի Պոլսոյ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ, կատարուած նորոգութեան աշխատանքներէ ետք պիտի բացուի Շաբաթ կատարելի ոգեկոչման հանդիսութեամբ մը։ 1898-ին մեծ բանաստեղծի եղբօր՝ Եղիշէ Դուրեան պատրիարքի միջոցներով իր վերջին տեսքին բերուած շիրիմը, որ 1950-ական թուականներուն կատարուած ճանապարհաշինական աշխատանքներուն հետեւանքով փոխադրուած էր իր այսօրուան տեղը, վերստին կը զբաղեցնէ հայ մտաւորականներուն օրակարգը։
Պոլսահայ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան այս նիւթին շուրջ յօդուած մը գրի առած էր «Ակօս»ին մէջ, ուրկէ կը տեղեկանանք, որ Դուրեանի շիրմասիւնին ճիշդ առջեւը, այսինքն հոն ուր կը ննջէ մեծ քերթողը, տեղադրուած է մարմարիոնէ հսկայ քարակոյտ մը։ Դուրեանի շիրմին նրբութեան հետ անհամաչափ ու աններդաշնակ այդ զանգուածին վրայ քանդակուած է «Իմ մահը» բանաստեղծութեան բնագիրն ու թրքերէն թարգմանութիւնը։ Տէյիրմենճեանի համաձայն, պատմական յուշարձան մը նկատուող շիրիմը տեղադրուած այս հսկայ քարակոյտով աղաւաղուած է եւ վայրը, որ նիւթ հայթայթած է մեր դասական գրականութեան հեղինակներուն, օտարացած է այլեւս իր այցելուներէն։ Տէյիրմենճեան նաեւ կը նշէր, թէ «Իմ մահը» քերթուածին վերջին քառեակը շիրմին ետեւի կողմը քանդակուած էր 1898-ին, Եղիշէ Դուրեանի կողմէ։ «Աչ­քէ հե­ռու տեղ մը, հասանե­լի միայն անոնց, որոնք աւե­լի հե­տաքրքրուած՝ պի­տի մօ­տենա­յին շիրիմին, պի­տի դառ­նա­յին շուրջը եւ պի­տի զար­մա­նային՝ սիւ­նի ետեւ կարդալով բա­նաս­տեղծու­թեան վեր­ջին տու­նը, պի­տի ու­րա­խանա­յին իրենց գիւ­տով։ Իսկ հի­մա նոյ­նիսկ ան­կա­րելի է դառ­նալ շիր­մին շուրջը, ուր մնաց կար­դալ Եղի­շէ Դու­րեանի կող­մէ քան­դա­կուած քա­ռեակը», կը յայտնէ յօդուածագիրը։ 

Հարցին շուրջ զրուցեցինք Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Պայծառ Սոլաքի հետ։ Նշենք, որ Սկիւտարի գերեզմանատան պատասխանատուութիւնը կը պատկանի այս թաղային խորհուրդին։ Մեր զրուցակիցը յայտնեց, թէ Պալեան գերդաստանի շիրիմի նորոգութենէն ետք, բարերար Հրաչ Անուշաւան Քըրմըզեան կը շրջէր գերեզմանատունը ու, տեսնելով Դուրեանի շիրիմը, որոշեց նորոգել տալ։ Աւելի ետք, թրքահայ ճարտարապետներու «Հայճար» միութեան ու բարերարին միջեւ հաստատուեցաւ կապ մը եւ արդիւնքին ի յայտ եկաւ այժմ կատարուած աշխատանքը։ Պատասխանելով մեր հարցումին, պատասխանատուն յայտնեց, թէ հարկ եղած տեղեկութիւնները տրուած են նաեւ պատրիարքարան, Արամ արք. Աթէշեանի փոխանորդութեան շրջանին։
«Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Էօզքարակէօզ ալ յայտնեց, թէ բարերար Քըրմըզեանի առաջարկին ընդառաջելով պատրաստած են Դուրեանի շիրիմին նորոգութեան նախագիծը, որուն հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Այնալը։ Աշխատանքի ընթացքին նորոգած են շիրիմը, ամրացուցած են զայն, կատարած են բարեկարգում, մաքրած են մարմարիոնը։ Քարակէօզի նկատառման յանձնեցինք այն հանգամանքը, որ Դուրեանի գերեզմանը իրաւական որեւէ ժառանգորդ չունի, հետեւաբար պատասխանատու մարմինէ մը արտօնութիւն առնուա՞ծ է նախքան շիրիմին ամբողջականութիւնը եւ պատմական դիմագիծը աղաւաղող քարակոյտի տեղադրումը։ Ան յայտնեց, թէ տեղադրուած քարակոյտին մասին ոեւէ մէկէ արտօնութիւն չեն առած, պաշտօնական որեւէ մարմինի կամ մասնագէտի հետ չեն խորհրդակցած, այլ պարզապէս տեղեակ պահած են թաղի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը։ Իսկ պատրիարքարանը իրաւասու չէ նման արտօնութիւններ տալու։
Խօսեցանք նաեւ շիրիմին նորոգութեան բարերարին՝ Հրաչ Քըրմըզեանին հետ։ Ըստ իրեն, նման քարակոյտի մը տեղադրմամբ իրենք շիրմին վրայ որեւէ փոփոխութիւն կատարած չեն համարեր, այլ պարզապէս ուզած են նման յաւելում մը կատարելով ցոյց տալ որ կը յիշեն մեծ բանաստեղծը։ Իրեն եւս հարցուցինք, թէ ոեւէ մասնագէտի կամ մարմինի հետ խորհրդակցաբար առնուած քա՞յլ մըն է ասիկա։ Քըրմըզեան յայտնեց, թէ տեղեակ պահած են եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, սակայն ոեւէ մասնագէտի կամ մարմինի հետ չեն խորհրդակցած։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպսկ. Մաշալեան հաստատեց, թէ գերեզմանատուներու մէջ կատարուելիք նորոգութիւններու պարագային պատրիարաքանը որեւէ իրաւասութիւն չունի։ Ան ըսաւ, թէ Դուրեանի շիրիմին նորոգութենէն ինք եւ տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան տեղեակ չեն եղած։ «Դուրեանի եւ նման անձերու գերեզմանները ուխտատեղիներու վերածուած են եւ նախքան զանոնք որեւէ փոփոխութեան ենթարկելը նկատի պէտք է ունենալ մասնագէտներու, մտաւորական շրջանակներու կարծիքները եւս», ըսաւ Սահակ եպիսկոպոս։
Ըստ երեւոյթին, ինքնագլուխ կատարուած աշխատանք մը կայ մէջտեղը, ինչ որ աններելի զանցանք մը կարելի է նկատել երբ նիւթը կը վերաբերի Պետրոս Դուրեանի նման համազգային նուիրականութեան մը։

No comments:

Post a Comment