23.1.15

Յայտարարութիւն՝ ԱՄՆ գաղթով հետաքրքրուած սուրիահայերուն

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնի (Syrian Armenian Relief Fund, ՍԱՐՖ/SARF) գործադիր մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակած է, որ լոյս տեսած է «Ասպարէզ»ի Յունուար 23ի թիւին մէջ, ուր ի մասնաւորի նշուած է.
«Վերջին շաբաթներուն ընթացքին, կարգ մը յայտարարութիւններ եղած են հանրութեան, թէ Միացեալ Ազգերու Գաղթականներու Գերագոյն խորհուրդը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նախաձեռնած են սուրիացիներու վերաբնակեցման ծրագիրի մը, օգնելու համար անհատներու եւ ընտանիքներու, որոնք տեղահանուած են երկրին անապահով վիճակի շարունակման հետեւանքով:
Վերոյիշեալ յայտարարութիւնները առ այժմ չեն հիմնաւորուած եւ հետեւաբար անճիշդ ձեւով (խեղաթիւրուած) կը ներկայացնեն ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ սուրիացի գաղթականները երկրէն ներս ընդունելու համար փաստաթուղթերու գործընթացը. որոշ անհատներ սկսած են առաջարկելու իրենց "ծառայութիւնները" ի դիմաց մեծ գումարներու, սկսելու համար ներգաղթի գործողութիւններուն, որոնք չեն որոշուած իսկ նոյնինքն ԱՄՆի կառավարութեան կողմէ:
Հետեւաբար, մենք կը զգուշացնենք հանրութիւնը, որ զգուշաւորութեամբ մօտենայ նմանօրինակ ծառայութիւններու դիմելէ առաջ:
Սուրիոյ հայ գաղութին ամէնօրեայ պէտքերուն հասնելու համար հանգանակային արշաւներ կատարելէ բացի, ՍԱՐՖը շարունակաբար կը հետեւի նոր զարգացումներուն եւ կը հանդիպի պատկան մարմիններու հետ, ձեռք բերելու համար համապատասխան տեղեկութիւններ՝ Սուրիոյ տեղահանուած ժողովուրդի ներգաղթին ու գաղթականներու իրավիճակին առնչութեամբ»:

No comments:

Post a Comment