31.1.14

Մանուշեանի որմնանկարը պղծուած է հակասեմական գրութիւններով Փարիզի մէջ

Ֆրանսական «Մեթրոնիւզ» թերթը Յունուար 22ին հաղորդած է, որ ֆրանսական դիմադրութեան շարժումի մասնակից, Ֆրանսայի ազգային հերոս հայազգի Միսաք Մանուշեանի որմնանկարը, որ կը գտնուի Փարիզի 20-րդ թաղամասին մէջ, պղծուած է Ֆրանսայի մէջ արգիլուած հակասեմական երգիծաբան Տիէօտոնէի ներկայացումներէն մէջբերուած գրառումներով:
Որմնանկարին ստորին հատուածին մէջ արքայախնձոր մը (անանաս) նկարուած է եւ գրուած՝ «Շոա Նանա» («Ողջակիզումի սիրուհի»):
Նկարը եւ գրութիւնը ուղղակի քաղուած են երգիծաբան Տիէօտոնէի վիճայարոյց սքէչէն, որուն համար ան դատի ենթարկուած եւ 8000 եւրոյի տուգանքի դատապարտուած էր` «զրպարտութեան, վիրաւորանքի, ատելութեան եւ ցեղապաշտական խտրականութիւն սերմանելու համար»:
Իշխանութիւններ Յունուար 22ին յայտնաբերած են որմնանկարին վրայի գրառումները, թէեւ հաւանական է, որ գրառումները կատարուած ըլլան նախորդ շաբաթը:
20-րդ թաղամասի բնակիչները թաղապետուհի Ֆրետերիք Քալանտրային լուր տուած էին գրառումներուն մասին: Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ 2012ին տեղադրուած Մանուշեանի որմնանկարը վանտալականութեան զոհ կը դառնայ: Տարեսկիզբին 7րդ թաղամասին մէջ նմանօրինակ գրութիւններ կատարուած էին։
Մանուշեանի խումբը, որ այդպէս կոչուած էր ի պատիւ անոր ղեկավար՝ բանաստեղծ ու հանրային գործիչ Միսաք Մանուշեանի (1906-1944), բաղկացած էր հիմնականին մէջ օտարականներէ, որոնք մասնակցած էին Դիմադրութեան: Անոնք մահապատիժի ենթարկուած էին Փետրուար 21, 1944ին Մոն Վալերիեն ամրոցին մէջ նացիներու կողմէ:
«Այսպիսի խորհրդանիշի պղծումը համազօր է հանրապետութեան վրայ յարձակելու», նշած է թաղապետ Քալանտրա:

No comments:

Post a Comment