Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը 3 Օգոստոսին նամակ յղած
է Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին: Նամակին մէջ ան «ճակատագրական
սխալ քայլ» նկատած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ
Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարականի ընդունման վերաբերեալ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին որոշումը:
«Կարծեմ, երբ օդակայանին մէջ, կարեւոր չեն ներկաները, դուք պահանջեցիք
Նորվան սրբազանէն վերահաստատել տէր Վաչէ կոչեցեալ քահանան իր պաշտօնին մէջ,
երկիցս կրկնելով՝ "Եթէ մինչեւ Յուլիս 1 զինք պաշտօնի չկոչես, այլեւս Մայր
աթոռի հետ գործ չունիս", արդէն ճակատագիրը որոշած էիք:(*)
Վեհափառ Տէր, եթէ թոյլ տաք եղբայրաբար պիտի ըսէի, թէ սպառնալիքը չի՛
պատշաճիր կրօնականին, նամանաւա՛նդ բարձրաստիճան՝ "Ամենայն հայոց
հայրապետին", որմէ կ՛ակնկալուի իբրեւ իրա՛ւ ՀՕՐՄԷ ու ներողամիտ ՄԵԾԱՒՈՐէ
սիրով ու ներողամիտ ոգիով վերաբերիլ իր զաւակներուն եւ կամ ստորադասներուն
հետ եւ նկատմամբ: Ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցւոյ իշխանաւորն անտեսել ի հաշիւ
պարզ քահանայի մը, որ նոյնիսկ եթէ իսկապէս որոշ արժանիքներու տէր անձ մըն
է, այդ պարագային թելադրելի էր որ Մայր աթոռին ծառայէր», նշուած է նամակին
մէջ։
«Եթէ չեմ սխալիր, յառաջիկայ Նոյեմբերին Նորվան սրբազանի առաջնորդական
շրջանը կ՚աւարտէր, եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի պատկեր-անդամները կրնային
ա՛յն ատեն "ընդունիլ" իր հրաժարականը: Միթէ Ձեր «Շինարար կաթողիկոս»ի
համբաւը իսկապէ՞ս կ՚՚ուզէք կարգալոյծ հռչակուածներու շարքը երկարելով …
ջնջել», գրած է Երուսաղէմի պատրիարքը:
Ան նաեւ դիտել տուած է, թէ տարիներ ետք համոզուած է, որ Վեհափառ Հայրապետը
հետաքրքրուած է յատկապէս արտաքինով ու նիւթականով: «Անկարելի է, որ վախի
եւ սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ առողջ սերունդներ հասնին, բան մը որուն
պատճառով պիտի տուժեն մեր ժողովուրդը եւ Մայր Եկեղեցին, որոնք ամէն
ժամանակէ աւելի կարիքը ունին մաքրակրօն, զարգացած եւ իրա՛ւ եկեղեցականներու
եւ ո՛չ թէ գարշապար լիզողներու», հաստատուած է նամակին մէջ:
Նամակը եզրափակելով, Նուրհան արք. գրած է. «Հետեւաբար, սոյն գրութեամբ կու
գամ Վեհիդ յայտնելու, թէ ի մտի ունենալով ներկայ լարուածութիւնը մեր
եկեղեցական կեանքէն ներս, որոշած եմ Սեպտեմբեր 21-28 տեղի ունենալիք
Եպիսկոպոսական Ժողովին չմասնակցիլ: Թէեւ Արիս արք. Շիրվանեան ներկայ պիտի
գտնուի, սակայն ան չի ներկայացներ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը»:
Միւս կողմէ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Վահրամ
քհնյ. Մելիքեան պատասխանելով «Երկիր Մեդիա»յի այն հարցումին, թէ Էջմիածինը
ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ նամակին՝ ըսած է, թէ Մայր Աթոռը նամակ չէ ստացած։
«Ասպարէզ», Օգոստոս 6, 2013
(*) Նուրհան Պատրիարքը յիշողութեան վրէպ մը ունեցած է։ Նորվան արք.ի իր Յուլիս 1, 2013ի նամակին մէջ առ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս գրած է. «. . . [Հ]ետեւեալ բառերով Ձեր
յանկարծական յարձակումը վրաս, սարսափ պատճառեց.- "Եթէ, Տէր Վաչէ Քահանայ
Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ
Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դու գործ չունես այլեւս": Պահ մը
այլայլած ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք.- "Այո, դու Մայր Աթոռի հետ
գործ չունես այլեւս"» («Հայկականք»)։
No comments:
Post a Comment