11.11.12

Նշմարներ Հալէպի առօրեայէն (Ա.)

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

«ԶՀԱՑ ՄԵՐ ՀԱՆԱՊԱԶՈՐԴ ՏՈՒՐ ՄԵԶ ԱՅՍՕՐ»։ Տէրունական աղօթքին մէջ Աստուծոյ փառաբանութենէն ետք յիշուած այս աղերսանքը որեւէ ժամանակէ աւելի իմաստալից հառաչանք մըն էր հայկական թաղերու մէջ, Հալէպ քաղաքի ծանօթ դէպքերու առաջին օրերուն. ընդհանրապէս ամէն տեղ հացի չնախատեսուած տագնապ մը կար, որուն չէր պատրաստուած քաղաքացին:
Արտասահմանէն հարազատներ եւ բարեկամներ յաճախ երբ կապ կը հաստատեն մեզի հետ, մեր որպիսութիւնը եւ ապահովութիւնը ստուգելէ ետք, իրենց երկրորդ հարցումը կ՛ըլլայ` «Հաց ունի՞ք… ուտելիք ունի՞ք…»:
Սուրիան պատմութեան ընթացքին առատութեան երկիր եղած է, երբ մանուկ էի, լուսահոգի մեծ մօրս ամէնօրեայ յանկերգը` «Այս երկիրը պերեքեթի երկիր է», կ՛ըսէր, երբ տունէն ներս ուտելիք մտնէր:
Օր մը երբ հարցուցի այս արտայայտութեան պատճառը, ըսաւ, որ երբ Պոլիսէն Ռումանիա, ապա Յունաստան մնացինք նախքան Հալէպ հաստատուիլը, Աթէնքի Ֆիքս գաղթակայանին մէջ եւ ընդհանրապէս Յունաստանի ժողովուրդը ձմրան միայն չամիչ եւ ձիթապտուղ ունէր որպէս սնունդ:
Իսկապէս պերեքեթի երկիր է Սուրիան, որովհետեւ պետական տեղեկութիւններու հիմամբ, փառք Աստուծոյ, երկրի այս տարուան ցորենի բերքը բնակչութեան հինգ տարուան հաց կը հայթայթէ:
Ուրեմն ալիւրի կամ ցորենի հարց չկար, այլ` վառելանիւթի տագնապ եւ փուռերու աշխատաւորներու բացակայութիւն, որոնք չկարողացան հեռաւոր թաղերէն մեր շրջանը հասնիլ դէպքերու գրեթէ առաջին շաբթուան ընթացքին:
Հայկական թաղերու մէջ հարցը երկրորդ օրը լուծուած էր արդէն` շնորհիւ մեր աննման «ՏՂՈՑ», որոնք իրենց այլ «ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»-ներու շարքին հեռաւոր եւ վտանգաւոր շրջաններէն հաց հայթայթեցին, եւ տօնական օրերու նման մեր դուռերը թակեցին… պահ մը քարտաբաշխում յիշեցնելով, մեզի «ՀԱՑ» հասցուցին:
***

Հալէպ քաղաքը ամէնօրեայ օրաթերթ եւ հայկական ռատիոժամ չունենալուն պատճառով եկեղեցիներու ու ազգային միութենական հաստատութիւններու մուտքերուն եւ հայաշատ թաղերու անկիւնները մահազդներ կը փակցուին հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, հինէն եկած սովորութիւն մը, որ անցեալին հայկական տպարաններու մէջ աշխատող հայ գրաշարներու շնորհիւ` անսխալ եւ անթերի մահազդներ կը տպուէին:
Այսօր համակարգիչի դարուն մահազդ տպագրողները բազմաթիւ են, երբեմն տեղացիներն ալ հայատառ մահազդ  կը մեքենագրեն, սակայն ընդհանրապէս մերօրեայ մահազդները կը գուժեն նաեւ հայոց լեզուի անթերի եւ անսխալ տպագրութեան հրամայականին մահազդը, ուր նկատելի է ջախջախուած ուղղագրութիւն եւ անկապ նախադասութիւններ:
Սովորական օրերուն անցորդները անտարբեր են այդ մահազդներուն հանդէպ, ընդհանրապէս հետեւողները տարեցներն են, որոնք յաճախ ծանօթներու մահուան գոյժը կ՛առնեն:
Տագնապի եւ մահասփիւռ մթնոլորտի այս օրերուն մահազդ փակցուած վայրերուն մօտ մարդիկ կը խճողուին` կարդալու համար նահատակներու մահազդները:
Գուժերը տեսակաւոր են, ընդհանրապէս նահատակ զինուորներ` իրենց գարուն հասակին, որոնք պարտադիր բանակային ծառայութեան մէջ կը գտնուին, երբեմն` դամասկահայ, քեսապահայ եւ հալէպահայ:
Ուրիշներ կամովին զինուորագրուողներ` պետական ուժերու կողքին կռուելու:
Ժողովրդային խաւին մէջ աննպատակ եւ թիրախը անյայտ նետուած ռումբերու աղէտին զոհ կ՛երթան երբեմն նոյն ընտանիքէն մէկէ աւելի անդամներ, տեղւոյն վրայ մահացողներ կամ երբեմն ալ ոմանք յաջորդ օրուան ծանր վէրքերու պատճառով կը մահանան:
Ամէնէն ահաւորը այս բոլորին մէջ դիպուկահարներու կողմէ զոհ գացողներն են, որոնք իրենց վտանգուած տան կամ գործատեղիին շրջանը կ՛երթան ստուգելու իրենց ինչքին ճակատագիրը, եւ արձակազէնի գնդակը «կ՛որսայ» զիրենք:
Նկատելի է նաեւ պայթումի պատճառով վախի կամ սրտի տագնապի պատճառով կեանքերնին վրայ տուողներ:
Մահազդներու մահագոյժ պատերուն առջեւ խմբուած քաղաքացիները իրենց կարգին մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն, շատերուն անծանօթ նահատակը այդ պահուն բարեկամի կը վերածուի, հայերէն մահազդներն ալ կը թարգմանուին հետաքրքիր տեղացիներուն:
Մահազդ կարդացող արարածը չի գիտեր սակայն, թէ նախախնամութիւնը ի՛նչ ճակատագիր տնօրինած է իրեն, մտքին ծայրէն կ՛անցնի նաեւ, թէ արհաւիրքի այս օրերուն կրնայ ինք ըլլալ այդ մահազդներուն նիւթը:

***
Սուրիացի այրերը առհասարակ ծանօթ են զէնքերու եւ մարզուած անոնց գործածութեան` երկրին մէջ պարտադիր զինուորական ծառայութեան օրէնքին պատճառով, օրերու շաբաթներու, ապա եռամսեայ երկարութեամբ, այս կամ միւս կողմին գործածած թեթեւ թէ ծանր զէնքերու անունները, ժողովուրդի բերնին մէջ առօրեայ բառամթերքին վրայ աւելցան:
Աւելի՛ն. կիներ եւ աղջիկներ սկսան կռահել, թէ այս «հաուըն»-ի ռումբը ո՛ր կողմերը ինկաւ, կամ` փոխհրաձգութիւնները ո՞ր փողոցին մէջ տեղի կ՛ունենան: Օդանաւը ո՞ր ուղղութեամբ կը հարուածէ եւ իր արձակած որոտում-կայծակի նման ձայներու թիրախը ո՞ր շրջանն է, ուղղաթիռը սկսաւ շրջիլ եւ վերէն ծանր գնդացիրով կրակ բացաւ ըմբոստ ուժերու ո՞ր թաղի դիրքերուն վրայ:
Թնդանօթի կամ հրասայլի արձակած արկը կը տարբերի այլ ձայներէ, որովհետեւ արձակման ցնցումի ձայնին կը յաջորդէ ինկած վայրին որոտումը:
Փողոցները, տուներէն ներս, հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, նիւթերու կարեւոր մէկ բաժինը պատերազմական այս մթնոլորտն է հալէպցիին մօտ:
Երեխաները տուներէն ներս իրենց խաղալիք զէնքերու գործածութեան նոր կերպեր սորվեցան, տան անցքերուն մէջ բարձերով աւազի տոպրակներու կոյտեր շինեցին եւ սկսան տնեցիներուն անցարգելի հարցումներ ուղղել:
Զարմանալին… մեր տան դիմացի դրացիին պատշգամի խելացի թութակն է, որ սկսաւ իր սուլոցներով կեղծել այդ զէնքերէն արձակուած ձայները:

                                           ***
Հալէպի մէջ ունինք հինգ առաքելական եկեղեցիներ, որոնցմէ չորսին մէջ ամէնօրեայ ժամերգութիւն կը կատարուի եւ մնայուն երեք կամ չորս քահանայ հայրեր իւրաքանչիւր եկեղեցիէ ներս իրենց հօտին կը ծառայեն:
Հինգերորդ եկեղեցին Սրիան քեմփի Ս. Յակոբ եկեղեցին է, կողքին` «Արամեան» ծխական վարժարանը, երկուքն ալ եօթանասունականներու սկզբնաւորութեան փակուեցան շրջանի հայաթափումին պատճառով:
Վերջին տարիներուն եկեղեցիին մէջ հինգշաբթի օրերը Ս. պատարագ կը մատուցուի, եւ Ս. Յակոբ Մծբնացի տօնին առիթով ուխտաւորներ իրենց այցելութեամբ կը ճոխացնեն շրջանը:
Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանի դիմաց, աւելի քան հինգ հարիւրամեայ պատմութիւն ունի, շրջափակին մէջ կը գտնուի շուրջ հարիւր քսանհինգամեայ Ազգ. Հայկազեան երկսեռ վարժարանը, Սալիպէ թաղամասին մէջ:
Ս. Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները յետեղեռնեան կառոյցներ են, Նոր Գիւղի մէջ, առաջինը ծայրամասին` նախկին «Աճուր թարլա» այժմ «Սլէյման Հալապի» կոչուած թաղամասի հարեւանութեամբ, երկրորդը` Նոր Գիւղի սրտին վրայ Զարեհ Ա. փողոցին ծայրը Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ Ազգ. Սահակեանի վարժարանի շարքին, ժողովրդային երկու համալիր շէնքերու միջեւ` «Կիլիկիա» եւ նորաշէն «Սիս»:
Մեր եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն վերջինին` Ս. Խաչի տօնի կիրակին վերոնշեալ եկեղեցիները փակ մնացին իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նախորդ շաբթուան բուռն բախումներուն պատճառով:
Նոր Գիւղի կարգ մը թաղերու բնակիչները գաղթականի պայուսակները շալկած` լքած էին տուն ու տեղ, ոմանք, այնքան փափուկ սիրտեր, չէին մոռցած տան մէջ պահուած թռչունը, եւ վանդակը բռնած` կը փոխադրուէին հարազատի մը կամ բարեկամի մը աւելի ապահով բնակարանը, այլ թաղի մը մէջ:
Այդ ճնշիչ եւ տագնապալի կիրակին` Ս. Խաչի տաղաւարի տօնը Հալէպի մէջ կատարուեցաւ Սուլէյմանիէի Վիլլաններու շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որ համեմատաբար աւելի ապահով վայր մըն է:
Հաւատացեալ հալէպահայութիւնը բոլոր կողմերէն փութացած էր այդ օր ներկայ գտնուելու կիրակնօրեայ Ս. պատարագին:
Օրուան արարողութեան կը հանդիսապետէր առաջնորդ սրբազան հայրը` ներկայութեամբ բոլոր եկեղեցիներու մէջ ծառայող կղերական դասուն:
Պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը յորդորեց ներկայ ժողովուրդը եւ թելադրեց չլքել պատմական Հալէպ քաղաքը` հաւատալով, թէ երկնքի հրեշտակները միշտ պահակ պիտի ըլլան իր սիրեցեալ հօտին, աղօթելով եւ մաղթելով, որ մօտ օրէն միւս եկեղեցիները վերստին կը բանան իրենց դռները հաւատացեալներուն առջեւ:
Ս. Խաչի տօնի աւանդական ռեհանի օրհնութիւնը, որ կը կատարուէր երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, այդ օրը տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք:
Մեր եկեղեցւոյ տօնախմբութիւններուն գլուխ-գործոց «Անդաստան»-ի արարողութենէն եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող` խաչին եւ անոր շուրջ ռեհանի օրհնութենէն ետք, կատարուեցաւ Ս. Խաչի փառաբանութեան աղօթքը, ներկայ կղերական դասը` Հալէպ քաղաքի չորս եկեղեցիներու մէջ ծառայող տասնչորս քահանայ հայրերը, երկու վեղաւորաւոր միաբաններ`  Վահան ծ. վարդապետ եւ նորաօծ  Գարեգին աբեղայ, սարկաւագներ ու դպիրներ խիտ շարքերով ծունկի եկան խորանին դիմաց, դասին մէջ եւ միաձայնութեամբ երգեցին
«Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմ» շարականը, մինչ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպիսկոպոս բուրվառով կը խնկարկէր եւ կ՛օրհնէր զանոնք` խորանին դիմաց շրջելով:
Այս հոգեպարար մթնոլորտը իր գագաթնակէտին հասաւ արարողութեան աւարտին, երբ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը միաձայնութեամբ երգեց «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա». ներկաներուն սրտերուն խորերէն արձակուած այս մաղթերգը, վստահ եմ, իւրաքանչիւրի հոգիին աչքերուն առջեւ, ծաղկուն Հալէպի բոլոր եկեղեցիներու եւ դպրոցները դռները բացուած երեւեցան:

«Ազդակ», Հոկտեմբեր 12, 2012

No comments:

Post a Comment