Քանի որ մեր խմբագրատան մէջ են Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացքներու դասարանները, յաճախ առիթը կ՚ունենանք մասնակիցներուն հետ զրուցելու։ Կը զրուցենք նաեւ իրենց դասախօսներուն՝ Նարեկի, Սարինի, Սեւանի հետ։ Թէ՛ մասնակիցները եւ թէ՛ դասախօսները ոգեւորուած են շարունակուող աշխատանքէն։