ԲԱԲԿԷՆ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (*)
Թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Շարժումի կառուցումը պարզ գործ չէ։ Հակակշիռէ դուրս բազմաթիւ ազդակներ կան, սայթաքումի բազմաթիւ առիթներ, բազմաթիւ անյայտներ։ Ուսուցողական ձեռնարկ գոյութիւն չունի։ Յաճախ, նոյնիսկ յստակ գաղափար չկայ՝ վերջնական արդիւնքի առնելիք ձեւին մասին։
Այս պատճառով, շարժումի մը երկարաժամկէտ յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է անոր ինքնավերլուծման կամ փրաքսիսի՝ տեսութեան եւ գործադրութեան համատեղումի կարողութենէն։ Ինչ որ այսօր ականատես ենք Երեւանի մէջ՝ աննախադէպ է։ Անթերի չէ, ինչ որ հարց չէ։ Որոշ բաներ արդիւնաւորուեցան, եւ լաւ կերպով։ Նուազ քան մէկ շաբթուան միջոցին, հանրակառքի ուղեվճարի յաւելումը յետս կոչուեցաւ (գէթ առժամաբար)։ Բայց ասիկա շարժումի մը ծնունդը չէ։ Աւելի կարեւոր քան ծնունդը՝ շարժումի մը հասունացումն է։ Շարժում մըն է, որ աւելի փորձառու եւ աւելի ինքնավստահ կը դառնայ իւրաքանչիւր քայլով։ Հանրակառքի ուղեվճարի 50 առ հարիւրի յաւելումը կասեցնելու յետնախորքին, կազմակերպելու եւ շարժում կառուցելու նոր կերպեր կը ձեւաւորուին, ու ասոր հետ՝ դիմադրութեան եւ համերաշխութեան նոր մշակոյթ մը, որոնք համակարգային ընկերային փոփոխութեան հիմնաքարերն են։ Վերջին յաղթանակի լոյսին տակ, ինքնավերլուծումը տեղին եւ խոհեմ կը թուի։