2.7.11

Պոլիսը Սփի՞ւռք է, թէ՞ ոչ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
 
Սփիւռքի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի Պոլիս այցելութեան ստեղծած փոթորիկը գաւաթ մը ջուրի մէջ շահեկան չէ իր անմիջական ալիքներով, որքան որ անոր ետին գտնուող տեսական հարցով։

Երբ նախարար Յակոբեան Մայիսին մրցանակներ կը յանձնէր պոլսահայ զանազան անձնաւորութիւններու, ըստ երեւոյթին «մրցանակ ստացող դէմքերէն ոմանք առարկեցին Սփիւռքի մաս համարուելու մասին, քանի որ իրենց նախահայրերուն բնիկ հողերուն վրայ կ՚ապրին», գրած է լրագրողուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուն «Հիւրրիյէթ» Մայիս 9ի թիւին մէջ (անգլերէն)։ Պոլսահայ ծանօթ արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանը, օրինակ, յայտնած է, թէ «Հայաստանէն ոեւէ նախարար կրնար ըլլար, բայց պիտի նախընտրէի, որ Սփիւռքի նախարար մը Թուրքիա չգար։ Իմ ապրած տեղս հոն է, ուր ապրած եմ հազարաւոր տարիներ. Սփիւռք չեմ։ Ասիկա ահաւոր հեգնանք մըն է»։ Ի դէպ, կ՚արժէ յիշատակել, որ Մարկոսեանը ծնած է Տիգրանակերտ ու 1950ական թուականներուն փոխադրուած է Պոլիս։
Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանը «Ազգ»ի Մայիս 11ի թիւին մէջ, «Շարքային թրքական ապատեղեկատուութիւն» խորագրին տակ, «որոգայթ» նկատած է այս լրատուութիւնը եւ գրած է (առանց յիշատակելու Զիֆլիօղլուի անունը). «ԹուրքականՀիւրիէթթերթը անդրադառնալով Սփիւռքի նախարարի այցին` նշել է, թէ իբրեւ պոլսահայ համայնքի շատ ներկայացուցիչներ վրդովուած են նախարարի այցից եւ յանձնած մեդալներից, քանի որնախարարը նրանց համարել է սփիւռքահայ, մինչդեռ պոլսահայերը իրենց չեն համարում սփիւռքահայ, քանի որ ապրում են իրենց նախնիների երկրում”»։ Դիտել տանք, որ «Հիւրրիյէթ»ի անգլերէն տարբերակին մէջ ո՛չ այդ միտքը վերագրուած էր Հ. Յակոբեանին եւ ո՛չ ալ «նախարար» բառը կար։ «Սփիւռքի մաս համարուիլը», ի վերջոյ, կրնայ բխիլ նախարարին հանգամանքէն, ո՛չ թէ անպայման որեւէ յայտարարութենէ։ Ըստ Մելքոնեանի, «համայնքի հետ հանդիպման ժամանակ Հրանոյշ Յակոբեանը յստակ նշել է, որ ինքը Պոլսի հայ համայնքին չի համարում Սփիւռք, աւելին՝ նրանց դիտում է իբրեւ Սփիւռք ստեղծած համայնք, ինչը իրաւացի է, քանի որ հենց Թուրքիայի հայութեան փրկուած բեկորներից է գոյացել Սփիւռքը»։ Մելքոնեան նաեւ մէջբերած է Հ. Յակոբեանին ընկերացած թրքագէտ Աշոտ Սողոմոնեանի վկայութիւնը, թէ այդ խօսքերը շատ լաւ ընդունուած են համայնքին կողմէ։
Արդար է յայտնել, թէ Զիֆլիօղլուի յօդուածը առաւելապէս ո՛չ թէ պոլսահայերու յայտնած վերաբերմունքին, այլ՝ պոլսահայութեան սահմանումին մասին էր. ան սփի՞ւռք է, թէ՞ ոչ։ Այդ առթիւ, քաղուածաբար բերուած է անգլիահայ պատմաբան Արա Սարաֆեանի կարծիքը, թէ ինչո՞ւ շքանշանի տուչութեան ժամանակ մարդիկ այդ հարցը չեն յարուցած (թերեւս հարցը ձեռնարկին ընթացքին բացայայտօրէն նշուած չէ), եւ թէ Հայաստանը որքանո՞վ կը ճանչնայ պոլսահայերը, «որոնք աշխարհասփիւռ հայ մշակոյթի մղոնաքարը կը ներկայացնեն»։ Անոր աւելցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի տեսակէտը, թէ պոլսահայ համայնքը Սփիւռքի մաս պէտք չէ նկատուի, մինչ հալէպահայ լրագրող Յարութ Էքմանեանը դիտել տուած է հակառակը. «Կրնանք ըսել, թէ իսթանպուլահայերը փաստօրէն սփիւռք են, բայց եթէ իրենք տիգրանակերտցի կամ մալաթիացի են, մարդ չի կրնար առարկել, թէ սփիւռք են»։
Մայիս 19ին «ArmeniaNow»ի լրագրողուհի Գայանէ Աբրահամեանի յօդուածին կորիզը կը կազմէր Վ. Զիֆլիօղլուի հետ հարցազրոյց մը, ուր ան պատասխանած է ապատեղեկատուութեան մեղադրանքներուն եւ քննադատած՝ հայրենի մասնագէտներու ու պաշտօնատարներու վերաբերումը պոլսահայութեան հանդէպ։ Վերջինիս սահմանումին մասին, ան ըսած է (կը մէջբերենք նոյնութեամբ).
«Պոլիսը սփիւռք չէ, Հայաստանը սա պէտք է հասկնայ, աւելին` սփիւռքը կրնանք անուանել Հայաստանը, բոլոր աշխարհքի մէջ ապրող հայութիւնը, բայց բնաւ ոչ պոլսահայութիւնը: Ինչպէս կրնաս անուանել սփիւռք Չարենցի, Մեծարենցի, Դուրեանի շունչն առած ու ապրած հողերը»:
Պոլսահայութեան սփիւռքային հանգամանքը մերժող կեցուածքին մասին տարբեր առիթներով լսած ենք, սակայն, մեզի յայտնի միակ տեսաբանական վերլուծումը շուէտացի գիտնական Ulf Björklundի յօդուածն է, Աթէնքի եւ Պոլսոյ հայութեան բաղդատականով,Global Networks” հանդէսի Յուլիս 2003ի համարին մէջ, որ հիմնուած էր անոր դաշտային հետազօտութեան վրայ։ Այլ առիթի ձգելով հոն յայտնուած տեսակէտներուն քննարկումը, պիտի գոհանանք քանի մը հպանցիկ դիտողութիւններով։
Ինչպէս գիտենք, «սփիւռք»ի դասական հասկացողութեան (հրէական, հայկական, յունական) սահմանումը վերջին երկու-երեք տասնամեակներուն զգալիօրէն փոխուած է՝ «Սփիւռք»ի եւ «անդրազգայնութեան» (transnationalisme) հասկացութիւններուն լայնատարած վերլուծումներուն եւ կիրարկումներուն շնորհիւ, որոնց մէջ քիչ դեր ունեցած չէ Խաչիկ Թէօլէօլեանի խմբագրութեամբ ու «Զօրեան» Հիմնարկի հրատարակութեամբ 1991էն ի վեր լոյս տեսնող «Տիասփորա» անգլերէն գիտական հանդէսը։
Ինչ կը վերաբերի Պոլսոյ հայութեան սահմանումին, այստեղ «Պոլիս»ը կարելի է բաժնել երկու տարբեր ըմբռնումներու. բիւզանդական Պոլիսը եւ թրքական Պոլիսը։ Արդեօք երբեմնի Բիւզանդիոնը կամովին կամ բռնի ուժով դարերու ընթացքին փոխադրուած հայ ազնուականութիւնն ու զինուորականութիւնը պէտք է նկատել սփի՞ւռք («գաղթավայր», «գաղօճախ», «համայնք» հնարաւոր տարբերակներով), կամ իր պատմական հողերուն վրայ գոյութիւն ունեցող էթնիք ու մշակութային կազմ։ Հարցումը կրնայ ծիծաղելի թուիլ, եթէ չմտաբերենք, որ անոր հիմքը նոյն տրամաբանութիւնն է, որ կ՚առաջնորդէ ներկայ պոլսահայերը իրենք զիրենք սփիւռք չնկատելու։ Օրինակ՝ 867-1056 թուականներուն բիւզանդական գահը բազմած «մակեդոնական» հարստութիւնը, որ հայկական ծագում ունէր (ներառեալ՝ հարստութեան չպատկանող ու գահը յափշտակող կայսրերը), իրաւունք ունէ՞ր –եթէ իր հայկականութեան գիտակցութիւնը կը պահէր-- ինքզինքը նկատել իր պատմական հողերուն վրայ ապրող։ Չէ՞ որ բիւզանդական կայսրութիւնը նաեւ կը ներառնէր պատմական Հայաստանի մէկ մասը։ Յովհաննէս Չմշկիկ (Jean Tzimisces) կայսրը, որուն ծագումը Չմշկածագէն էր, ինքզինքը ի՞նչ պիտի նկատէր։
Մեհմէտ Բ.ի նուաճումով 1453ին սկսած Պոլսոյ թրքական հանգրուանը ի՞նչ տարբերութիւն բերած է։ Դարերով գաւառին կռնակը տուած Պոլիսը, որ կ՚արհամարհէր 1850ական թուականներէն ետք եկած պանդուխտը, ի՞նչ ձեւով պատմական Հայաստանի մէկ մասը կը նկատէր ինքզինքը։ Երբ քսաներորդ դարասկիզբի պոլսահայ մտաւորականները գաւառի գրականութեան ու «վաղուան գրականութեան» անհրաժեշտութիւնը կը յայտնէին, իսկ 1911ին հայերէն լեզուի մասին «Ազատամարտ»ի հարցախոյզը լեզուն գաւառի լեզուի հարստութեամբ պատուաստելու տագնապը կը յայտնէր, արդեօք յայտնի չէ՞ր դառնար, որ մինչ այդ Պոլիսը «ուրիշ» բան կը նկատէր ինքզինքը։
Անկասկած, Պոլիսը արեւմտահայութեան ոստանն էր մինչեւ Աղէտի օրերը։ Արեւմտահայ քաղաքային ու գրական մշակոյթն ու լեզուն հոն հասած են իրենց բիւրեղացումին։ Թիֆլիսը միեւնոյն դերը խաղացած է արեւելահայութեան համար մինչեւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան կարճատեւ գոյութիւնը եւ Խորհրդային Հայաստանի սկզբնաւորութիւնը։
Արդ, եթէ ներկայ պոլսահայութիւնը նկատենք Թուրքիոյ այժմու տարածքին վրայ արեւմտահայութեան վերջին կազմակերպ շառաւիղը (պահ մը մէկդի ձգելով Փոքր Ասիոյ կամ Արեւմտեան Հայաստանի ներքին գաւառներուն մէջ ապրող հայերը, իսլամացած կամ ոչ), ասիկա իրաւունք կու տա՞յ զիրենք նկատելու Պատմական Հայաստանի կամ Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը։ Նոյն սկզբունքով, պէտք չէ՞ որ ներկայ թիֆլիսահայութիւնը նկատուէր Պատմական Հայաստանի կամ Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասը։
Բնականաբար, պատմական ու աշխարհագրական իմաստով, երկու պնդումներն ալ հիմք չունին, թէեւ Թիֆլիսը շատ աւելի մօտ է պատմական Հայաստանի հիւսիսային սահմանագծին, քան Պոլիսը՝ Եփրատ գետին...։
Կայ նաեւ երկրորդ հարց մը. մերօրեայ պոլսահայութեան կարեւոր մէկ մասը չակերտաւոր «պոլսահայութիւն» մըն է, քանի որ յաճախ այս կամ նախորդ սերունդը Պոլիս փոխադրուած է ներքին գաւառներէն։ Պոլսոյ մալաթիացի, տիգրանակերտցի, համշէնցի կամ մուսատաղցի մերօրեայ բնակիչները, որոնք պատմական Հայաստանի այս կամ այն անկիւնէն արմատախիլ եղած են ու փոխատնկուած՝ օսմանեան երբեմնի մայրաքաղաքը, ի՞նչ են, եթէ ոչ, հին բառով, «պանդուխտ», նոր բառով՝ սփիւռքացած շառաւիղներ, որոնք միեւնոյն ժամանակ Գանատա, Լիբանան կամ Արժանթին փոխադրուած իրենց համաքաղաքացիէն միայն կը տարբերին իրենց բնակութեան այժմու վայրով։ Պոլիսէն անցած կամ չանցած, բայց այսօր Աւստրալիա ապրող մալաթիացին սփիւռքահայ է, որովհետեւ Թուրքիայէն դուրս ելած է, իսկ պոլսաբնակ մալաթիացին՝ ոչ-սփիւռքահա՞յ։ Այո՛, Թուրքիայէն ելած չէ, բայց Արեւմտեան Հայաստանէն ելած է։ (Իսկ մենք կը խօսինք հայկական Սփիւռքի մասին, ո՛չ թէ թրքական սփիւռքի մասին)։ 1915-1923ին «Սփիւռք ստեղծած» համայնքը եւ 2011ի համայնքը նոյնակա՞ն են։ Կարելի չէ՞ ըսել, թէ Պոլիսը սփիւռքացած է քսաներորդ դարու ընթացքին։
«Չարենցի, Մեծարենցի, Դուրեանի շունչն առած ու ապրած հողերը», բնականաբար, մեծ տարբերութիւն կը մատնանշեն։ Կարսը կամ Ակնը՝ Չարենցի ու Մեծարենցի ծննդավայրերը, մէ՝կ բան են՝ Արեւմտեան Հայաստանի երկու շրջաններ, իսկ Պոլիսը՝ Դուրեանի ծննդավայրն ու գերեզմանը, բոլորովին տարբեր բան։ Եթէ ասիկա Պոլիսը Սփիւռք չնկատելու, իսկ անոր փոխարէնը Հայաստանը կամ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը Սփիւռք դարձնելու միակ պատճառաբանութիւնն է, չափազանց թոյլ է, չըսելու համար ծիծաղելի։ Ոչ ոք Կարսը կամ Ակնը «սփիւռք» պիտի կոչէր, բայց Պոլի՞սը։
Եթէ, ինչպէս Յ. Էքմանեան թելադրած է «Հիւրրիյէթ»ի Վ. Զիֆլիօղլուի յօդուածին մէջ, Պոլիսը սփիւռք չնկատելու կեցուածքը քաղաքական զգուշութեան փորձ մըն է, որ կը հետեւի, կամայ թէ ակամայ, թրքական քաղաքականութեան տասնամեակներու դիրքորոշումին՝ Սփիւռքը «սատանայացնելու», ատիկա հասկնալի է։ Թալին Սուճեանի եւ Այտա Էրպալի վերջերս ստորագրած անգլերէն շահեկան ուսումնասիրութիւնը (“A Hundred Years of Abandonment”, The Armenian Weekly, Ապրիլ 24, 2011) ընդարձակօրէն ցոյց կու տայ այդ պարտադրուած ու ինքնապարտադրուած մեկուսացումին հիմքերն ու բացատրութիւնը։ Բայց ինչ ալ նկատուէր Պոլիսը հարիւր տարի առաջ, այսօր ակնյայտ է, որ Դուրեանն ու Մեծարենցը կը հանգչին օտարութեան մէջ։
«Նոր Յառաջ», 30 Յունիս 2011




No comments:

Post a Comment